ՓԱՆՋՈՒՆԻԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ — Պատմաբանները, ռազմագէտներն ու քաղաքագէտները յաճախ կը նշեն պիւռոսեան յաղթանակներու մասին, ի պատիւ հին Յունաստանի զօրավարներէն ոմն Պիւռոսի, որ իր ճակատամարտները յաղթական կ՚աւարտէր՝ ռազմադաշտին կը տիրէր, սակայն ինք հակառակորդէն աւելի վնաս կրելով։ Իսկ մենք, ըլլալով իւրայատուկ ազգ, ունինք նաեւ յաղթանակի տեսակ մը, որ կը կոչուի մեր գրական մեծերէն Երուանդ Օտեանի անմահ հերոսի՝ Բ. Փանջունիի անունով։ Ընթերցողին կը ներկայացնենք անոր Ծապլվարեան նամականիի վերջին նամակը, ուր, ինչպէս կ՚ըսեն, մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։

ՄԱՇԿԵՐՏ, 27 փետրուար, 1909

Սիրելի ընկերներ,
Յաղթութի՜ւն, յաղթութի՜ւն։ Վերջապէս մեր կորովի գաղափարային ազնիւ պայքարը անպայման տարաւ յաղթանակը, անկեղծ յեղափոխական սկզբունքը փրկուեցաւ, թէեւ Ծապլվար կործանեցաւ։- Ափսո՜ս, ի՞նչ անել, կարելի չէ ձուազեղ եփել առանց հաւկիթ կոտրելու, Continue reading “ՓԱՆՋՈՒՆԻԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ”

ԽՄԲԱԳԻՐԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

Կարճուկ, շա՜տ կարճուկ մարդ մը։ Քառակուսի։ Կատարելապէս քառակուսի դէմքով մը, որուն ճակատը թուշին կը միանայ ուղիղ, բացարձակապէս ուղիղ գծով մը։ Քիչ մը պեխ, աղտոտ հագուստներ, պզտիկ շուն մը ետեւէն, ու ահա նոյն ինքն է պարոն Զաքէոս։
Զինքը ճանչցայ պալքանեան պետութեան մը քաղքին, մեղա՜յ, մայրաքաղաքին մէջ։
Երբ իրեն հետ տեսնուելու պատիւն ունեցայ, արդէն խմբագրութեան սկսած էր եւ իր թերթին, «Համերաշխութիւն»-ի, երկրորդ թիւը շարելու վրայ էր։ Ա՜խ, այդ գիրերը շարելու գործողութիւնը… ի՜նչ տանջանքներ տուած էր իրեն։ Հազիւ յաջողած էր գտնալ նախկին դերասան մը, որ Continue reading “ԽՄԲԱԳԻՐԸ”