ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ — Վստահ եմ, որ օր մը պիտի հանդիպինք, որովհետեւ մեր պատմութիւնը վերջ չունի

ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ(*)

Սիրելի հայ զինուոր,
Դուն զիս չես ճանչնար եւ ես քեզ չեմ տեսած, բայց վստահ եղիր, որ ես քու հետդ յարաբերութեան մէջ մտած եմ։ Տարիներ շարունակ սպասեցի այդ օրը, որ քու պաշտպանած հողին վրայ քայլ մը նետէի եւ վերածնէի։ Երբ այդ առիթը ստեղծուեցաւ, անգիտակցօրէն մեր կապը զօրացաւ։
Ծնած եմ օտարութեան մէջ, մեծցած եմ հայրենիքէն հեռու, բայց ամբողջ կեանքս ապրած եմ Հայաստանի կարօտով։ Կրնա՞ս պատկերացնել կարօտնալ տեղ մը առանց նախապէս այցելած ըլլալու։ Սակայն հողը տեսնելէն աւելի, Հայաստանին պէտք ունէի ի՛մ ինքնութիւնս փնտռելու եւ ժողովուրդս գտնելու համար։ Իմ նպատակներս հայրենի հողին վրայ ո՛չ թէ միայն իրականացան, այլեւ դարձան ամբողջովին հիմնական։ Իմացիր, հայ զինուոր, ես այսօր ունիմ աշխոյժ կապ մը իմ արմատներուս հետ։ Continue reading “ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ — Վստահ եմ, որ օր մը պիտի հանդիպինք, որովհետեւ մեր պատմութիւնը վերջ չունի”