ՆԱՄԱԿ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ — Վստահ եմ, որ օր մը պիտի հանդիպինք, որովհետեւ մեր պատմութիւնը վերջ չունի

ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ(*)

Սիրելի հայ զինուոր,
Դուն զիս չես ճանչնար եւ ես քեզ չեմ տեսած, բայց վստահ եղիր, որ ես քու հետդ յարաբերութեան մէջ մտած եմ։ Տարիներ շարունակ սպասեցի այդ օրը, որ քու պաշտպանած հողին վրայ քայլ մը նետէի եւ վերածնէի։ Երբ այդ առիթը ստեղծուեցաւ, անգիտակցօրէն մեր կապը զօրացաւ։
Ծնած եմ օտարութեան մէջ, մեծցած եմ հայրենիքէն հեռու, բայց ամբողջ կեանքս ապրած եմ Հայաստանի կարօտով։ Կրնա՞ս պատկերացնել կարօտնալ տեղ մը առանց նախապէս այցելած ըլլալու։ Սակայն հողը տեսնելէն աւելի, Հայաստանին պէտք ունէի ի՛մ ինքնութիւնս փնտռելու եւ ժողովուրդս գտնելու համար։ Իմ նպատակներս հայրենի հողին վրայ ո՛չ թէ միայն իրականացան, այլեւ դարձան ամբողջովին հիմնական։ Իմացիր, հայ զինուոր, ես այսօր ունիմ աշխոյժ կապ մը իմ արմատներուս հետ։
Մենք երբեք չենք հանդիպած իրարու, բայց մէյ մը, որ դուն տեղ գտար մտքիս մէջ, երբեք չաներեւութացար։ Ինծի համար դարձար մնայուն աղբիւր մը հպարտութեան եւ քաջութեան։
Ես քու մասիդ շատ երազած եմ։ Շատ անգամ փաստած ես, որ քաջութիւնը գիտութենէն չի գար, այն քու հետդ կը ծնի, ինչպէս մեր այբուբենը։ Քեզի հարցուցած եմ քու անվախութեանդ մասին։ Քեզի հարցուցած եմ նաեւ քու հայրենասիրութեանդ մասին։ Առանց գիտնալու դուն տուած ես ինծի շատ աւելի յոյս եւ զօրութիւն, քան երբեւէ կրնայի բացատրել քեզի։
Ես քու մասիդ շատ կարդացած եմ։ Այս վերջին շաբաթներու ընթացքին քու դէմքդ արդէն ամեն տեղ է։ Քու անունդ աշխարհը իմացաւ։ Երանի գիտնայիր, թէ քանիներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցած ես։ Արդեօք, երբ ռազմադաշտի աղմուկը կը դադրի, մեր ձայները կը լսե՞ս։ Փոքրէն մինչեւ տարեցը, մենք լուռ չենք կեցած քեզի հանդէպ։ Հայ երեխաները քեզ կ՚երանեն, իսկ չափահասները քեզի հոգի կու տան։
Ես քու մասիդ շատ մտածած եմ։ Գէշ օրերուն՝ աղօթած եմ քու ապահովութեանդ համար, աղաչելով Աստուծոյ, որ դուն մեզի հետ մնաս։ Լաւ օրերուն՝ աղօթած եմ քու հանգստութեանդ համար, փափաքելով, որ երբեք ընտանիքէդ չբաժնուիս։ Ինչպէս մեծ քոյր մը իր եղբօրը կը հոգայ, ես ալ քեզի, ո՛վ քաջ զինուոր։
Վստահ եմ, որ օր մը պիտի հանդիպինք, որովհետեւ մեր պատմութիւնը վերջ չունի։ Յետագայ սերունդները պիտի կարդան քու մասիդ եւ պիտի ապրին քու վկայութիւններովդ։ Մեր կապերը վերջ չունին, դուն ալ վստահ եղիր, ժամանակի ընթացքին պիտի ամրանան եւ փոխանցուին սերունդէ սերունդ։ Ըլլանք սփիւռքէն կամ հայրենիքէն, մեր զգացումները տարբեր չեն եղած բնաւ։ Այո, մենք ենք մեր սարերը։
Ո՛վ քաջ զինուոր, այսօր դուն կը գտնուիս խրամներու մէջ, խաւար երկինքներու տակ եւ հարազատներէդ հեռու, վախի եւ ցաւի դիմաց։ Կ՚աղօթեմ, որ ամբողջ հայ ազգին զգացումներուն սաստկութիւնը ձայն հանէ սրտիդ մէջ։ Կ՚աղօթեմ նաեւ, որ դուն ունենաս ամեն ինչ, որ այսօր պէտք ունիս ռազմադաշտին վրայ, իսկ յետագայ տարիներուն՝ երբ սիրելիներուդ հետ ըլլաս։
Մնաս միշտ ուժով եւ հայրենիքի սիրով։
17 հոկտեմբեր 2020

*) Գայանէ Տումանեան մաս կը կազմէ մեր աշխատակից Նորա Պարութճեանի վարած «Ծիծեռնակ» պլոկի (https://dzidzernag.wordpress.com) երիտասարդական խումբին։ Ծնած է Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը, ուր հայերէն գրել-կարդալ սորված է տեղւոյն Կապոյտ Խաչի միօրեայ վարժարանին մէջ։ Մասնագիտութեամբ հոգեբան է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *