Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորի Բ. հրատարակութիւնը

Երկրորդ հրապարակումով լոյս տեսած է Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորը՝ ճոխացած է հետեւեալ վեց յօդուածներով, որոնք ակամայ դուրս էին մնացած 2022-ի առաջին տարբերակէն.
— «Հողը»,
— Ձեզի հետ տարէք,
— «Ինծի գիրք մը տուր», Continue reading “Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորի Բ. հրատարակութիւնը”

«Մեղր ու լեղի աշխարհ»

Ս.Ա.Յ.

Այս գարնան լոյս տեսաւ «Մեղր ու լեղի աշխարհ» խորագրով արձակագիր, թարգմանիչ, «Հորիզոն գրական»-ի վաղեմի աշխատակից, բանասիրական գիտութիւններու դոկտ., փրոֆ. Դիանա Համբարձումեանի նոր վէպը։
«Մեղր ու լեղի աշխարհ»-ը Համբարձումեանի հինգերորդ վէպն է։ Գանատայի հայ գրասէր հասարակութիւնը անձամբ ծանօթացած է հեղինակին երբ ան հրաւիրուած էր որպէս հիւր գրող Val David-ի Continue reading “«Մեղր ու լեղի աշխարհ»”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ»-Ը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը, 1954-ի մայիսէն մինչեւ 2023-ի մարտ ամիսը։ Այնտեղ ի մի բերուած են տարբեր բնոյթներու իր գրածները՝ 22 թերթերու եւ պարբերաթերթերու, յատկապէս իր գլխաւոր հարթակներուն մէջ լոյս տեսածները,– «Յուսաբեր»-ի (1955 – 1966), «Հայաստան»-ի (1964 – 1968), «Հայրենիք»-ի (1966 – 1981), «Դրօշակ»-ի (1985-էն մինչեւ օրս) եւ «Հորիզոն»-ի (հիմնադրութեան Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ»-Ը”

Խղճի խոստովանութի՞ւն, ճակատագի՞ր, թէ պարզապէս սիրավէպ

ՎՈՎԱ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մարդու էութեան ամենախորքային բացայայտումների նպատակադրմամբ պէտք է բացել հայ ժամանակակից եզակի կին արձակագիրներից Մարգարիտ Տէրանցի «Սէր լուսնեզրին» վէպը: Հեղինակի գրիչը պրպտում է մարդկային ճակատագրերի լուսանցքներում, ձեւաւորում ինքնուրոյն մտածողութիւն եւ հաղորդում հետաքրքիր կառուցուածքային բովանդակութիւն: Արձակագիրը չի վախենում երեւոյթների մեծութիւնից, դրանց ներկայացնելու ինքնատիպ կարողութիւնն իսկապէս իր գրականութեան կարեւոր հիմնասիւներից է: Մարգարիտ Տէրանցն իր արձակի համար կարեւորում է ժամանակը, իրավիճակը եւ խորութիւնը: Հէնց այս երեք Continue reading “Խղճի խոստովանութի՞ւն, ճակատագի՞ր, թէ պարզապէս սիրավէպ”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 17 – ԳՐՔԱՊԱՏՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԸ

Լոյս տեսաւ, 2022-ի դեկտեմբերին, Վրէժ-Արմէնի առցանց նոր հատորը, որ 65 տարուան վրայ գրուած յօդուածներու ժողովածու մըն է՝ կեդրոնացած գրքերու վրայ։ Հատորը ունի 67 գրութիւններ, երկուքը անտիպ՝ բաժնուած հինգ գլուխներու՝ ժամանակագրական խմբաւորումներով։ Համագումար՝ 400 էջ։
Իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, որ «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը վարած օրերուն ան գրած է յատկապէս երկու տեսակի Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 17 – ԳՐՔԱՊԱՏՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԸ”

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ — Խոկումներ/Գրիգոր Նարեկացիի »Մատեան Ողբերգութեան«ի Ընթերցմամբ, Ա. Տետր

Հեղինակ՝ Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Մոնթրէալ, 2022, մեծադիր 48 էջ:

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Նոր լոյս տեսած ու ճաշակաւոր տպուած այս տետրը չորրորդն է Արժ. Տ. Գառնիկի տետրաձեւ հրատարակութիւններուն: Նախկիններն են՝ «Արամ Ա./Հայ Աստուածաբանական Մտքի Վերանորոգման Համար» (Մոնթրէալ, 2005, Հորիզոն Յաւելուած), Ալեքսանդր Շմեմանի «’’Հայր մեր’’/Բացատրութիւն» (Մոնթրէալ, 2020), եւ «Հաւատքի Հանգանակ (Բացատրութիւն)» (Մոնթրէալ, 2021): «Խոկումներ»ը ձօնուած է Continue reading “ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ — Խոկումներ/Գրիգոր Նարեկացիի »Մատեան Ողբերգութեան«ի Ընթերցմամբ, Ա. Տետր”

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԴԱՍԵՐԸ

Կարդալով Վարդան Դեւրիկեանի՝ վերջերս հրատարակած «Վասպուրականի արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» արժէքաւոր հատորը

Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Ուսուցիչ լինելու գաղտնիքը ամեն օր սովորելն է, որ չկորցնես սովորեցնելու իրաւունքը։ Փա՜ռք Աստծոյ, փնտրողը միշտ գտնում է…
Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեանի (1874-1939) բնորոշմամբ՝ «խորապէս հոգեւորական եւ ջերմօրէն աւետարանական ոգի» Մկրտիչ Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը (1820-1907), մեր պատմութեան, ազատագրական պայքարի մշտական ներկան է, սերունդների անխոնջ դաստիարակը եւ ՀԱՅի ոգին կենդանի պահող հոգեւոր ակունքը։ Continue reading “ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԴԱՍԵՐԸ”

Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ

«Սիփան» հրատ., Պէյրութ, 2022, 216 էջ

Խմբագրութեան կողմէ. Ընթացիկ տարուան մայիսին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեանի «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» ուշագրաւ ուսումնասիրութիւնը։ Ստորեւ կու տանք հեղինակի բացատրականը՝ հատորի շահեկանութիւնը ընդգծող։

Կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը սերտօրէն առնչուած է զանոնք Եկեղեցւոյ Continue reading “Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ”

Մուսալեռցի Պետրոս Աբաջեանի յուշագրութիւնը

Ս.Ա.Յ.

2022ի գարնան, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Հորիզոն գրականի աշխատակից՝ Պետրոս Աբաջեանի յուշերը «Յուշեր իմ մասին կամ մի մուսալեռցի հայի կեանքի պատմութիւնը» խորագրին տակ։ 120 մեծադիր եւ լուսանկարներով յագեցած էջերու մէջ Աբաջեան հաճելի պատումով ընթերցողին կը փոխանցէ իր կեանքէն ապրումներ։ Որպէս նախաբան իր յուշերուն, Աբաջեան համեստօրէն ընթերցողին ներողամտութիւնը կը խնդրէ, թէ այս հրատարակութեան մէջ ինք գրի Continue reading “Մուսալեռցի Պետրոս Աբաջեանի յուշագրութիւնը”

Բժիշկ Թապաքեանի նոր հատորը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Օհան Թապաքեան, «Սարէն ձորէն», Մոնրթէալ, 2021, 214 էջ

Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Սարէն ձորէն» գիրքը, վերջերս Մոնթրէալի մէջ հրատարակուած, ձօնուած է հայրենիքի պաշտպան հայոց քաջարի բանակին եւ Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն ու կամաւորներուն անթառամ յիշատակին:

214 էջերէ բաղկացած գիրքը, ինչպէս գիրքին խոհագիրը կը յուշէ, կը բովանդակէ այլազան նիւթեր. հեղինակը յառաջաբանին մէջ անոնց մասին կը նշէ հետեւեալը. «Սոյն հատորին գրութիւններէն մէկ քանին լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթին կամ «Հորիզոն գրական»-ի Continue reading “Բժիշկ Թապաքեանի նոր հատորը”