Հայոց սիզիֆեան երթին մեծատաղանդ երգիչը՝ Վահան Թոթովենց (1889-1937)

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ արդի գրականութեան արձակ բանաստեղծութեանց ոսկեմատեանին մէջ իր անմահ տեղը ունի «Ստուերները» խորագրով խռովիչ էջ մը, որ կը պատգամէ հայոց սերունդներուն.

Գեղեցկութիւնները ծածկուած են ստուերներով. ստուեր կայ կեանքի ամէն երեւոյթի վրայ։
Արշալոյսները ստուերներու ծոցէն կը պատռին, ինչպէս շուշանները՝ կոկոններէն։

Սրտերը կծկուած են թանձր ստուերներու տակ, ինչպէս երազող աչքերը, որոնք գոցուած են, բայց կը տեսնեն։
Կեանքը շատ տափակ եւ կեանքի երգը շատ գռեհիկ պիտի ըլլար, եթէ ստուերներու խորհուրդը չըլլար։ Լեռները, անտառները այնքան յաւիտենական եւ աստուածային չպիտի ըլլային, եթէ մեծութեան ստուերը չըլլար անոնց վրայ։
Ահաւասիկ ոսկեսափորը ուսերնին՝ հարսներ, որոնք դէպի արշալոյսը կը քալեն, անոնք երկրպագելի չպիտի ըլլային, եթէ համեստութեան ստուերը չծածկէր անոնց կուրծքերը, եթէ ոչ՝ անոնց վարդակարմիր ժպիտը պիտի ըլլար փրփուրը զզվանքի եւ ատելութեան։
Միայն մա՛հը ստուեր չունի։ Մթութի՛ւնը ստուեր չունի։ Մահը ինքնին ստուերն է կեանքին։
Ստուեր կայ հանճարի ճակատին, ստուեր կայ մանկան անբծութեան վրայ։
Տիեզերքի բոլոր գանձերը ծածկուած են հող-ստուերին տակ։ Ծովերը ստուերներ են անհուն հարստութեանց։ Կեանքի հսկայ մտածումները ծածկուած են գանգերու մէջ։ Սուրը պատեան ունի։ Վրէժը կ՚աճի լռութեան ստուերներուն մէջ։ Սէրը խորն է սրտերուն։ Կոյսերը կը ճառագայթին սրսկապաններու ետին։ Օ՜, գեղեցկութիւնը՝ քողերու խորհրդաւորութեանը մէջ…
Աշխարհը ծածկուած է անհունութեան ստուերով։
Ժամանակը մեծ ստուերն է սերունդներու պատմութեան։

Մարդուն եւ Աշխարհին նուիրուած իմաստասիրական այս գեղանկարին հեղինակը հայ գրականութեան անմահ տաղանդներէն Վահան Թոթովենցն է, որուն ծննդեան 130-ամեակն է այս տարի։
Իր ակունքներով Ակն քաղաքէն սերած եւ 1889-ին Խարբերդ գաւառի Եփրատի ափին գտնուող Մեզրէ քաղաքը ծնած էր Հայկեան Տաղանդին այս ճառագայթող դէմքը, որ հայ ժողովուրդին ընծայաբերելու դեռ շատ բան ունէր, բայց խորհրդային խորշակը չորցուց եւ ոչնչացուց հասուն հասկը նաեւ Թոթովենցի։
Թոթովենցի մարտիրոսացաւ 82 տարի առաջ։ 1937-1938 տարիներու ստալինեան մշակութասպանութեան, Եղիշէ Չարենցի ու Ակսէլ Բակունցի, Աղասի Խանջեանի եւ Զապէլ Եսայեանի տարողութեամբ Մեծերու՝ հայ ժողովուրդի սերուցքը կազմող փաղանգին մէջ, նոյնպէս Թոթովենց սեփական կեանքով վճարեց գինը «Խելագարուած ամբոխներուն» հաւատալու իր… ջերմեռանդութեան։
Թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան արհաւիրքը ցմրուր ճաշակած այդ սերունդը դժուար է մեղադրել «պոլշեւիկեան այգաբաց»ին հաւատալու իր փորձութեան համար։ Մանաւանդ որ իր ճակատագրակիցներուն պէս, Թոթովենց իր կարգին շատ արագ հիասթափուեցաւ Կարմիր Յեղափոխութենէն, որ Նորը կառուցելու արնաներկ դրօշով աւելի շատ ուժ, եռանդ ու արիւն վատնեց Հինը քարուքանդ աւերելու, հայոց բազմադարեան հոգեմտաւոր հարստութիւնը հողմացրիւ կործանելու մոլորանքին ու մոլեռանդութեան վրայ։
Բայց խորհրդային եղեռնագործութիւնը չկրցաւ, Թոթովենցներու ֆիզիքական ոչնչացումով հանդերձ, մեր ժողովուրդի մտքէն ու հոգիէն արմատախիլ պոկելու կենսատու ծառը ազգային մեր ինքնութեան ու ինքնաճանաչողութեան, խաղաղասիրութեան ու ազատաենչութեան, բարեպաշտութեան եւ արդարամտութեան, արաչագործութեան ու շինարարութեան։
Իսկ հայ ժողովուրդի անկորնչելի այդ արժէքներուն վերանորոգման մէջ իր անզուգական ներդրումը ունեցաւ Վահան Թոթովենց, որ իր գրականութեամբ եւ մտածողութեամբ, իր արուեստով ու յուզաշխարհով բազմերանգ խճանկարը մարմնաւորեց նոր ժամանակներու հայութեան՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ, սփիւռքահայ թէ խորհրդահայ իր ժառանգութեամբ։
Թոթովենցի արժէքն ու մեծութիւնը կը կայանան, ամէն բանէ վեր, իրա՛ւ արուեստագէտի եւ վաւերական բանաստեղծի իր տաղանդին մէջ, որ յատկապէս արձակագրութեան մէջ իր ուրոյն բարձունքը նուաճեց՝ համով ու հոտով, պարզ ու գեղեցիկ, խորաթափանց եւ սրտայոյզ պատումներով հայոց սերունդներուն փոխանցելով «Կեանքը՝ հին հռովմէական ճանապարհին»…
19րդ դարավերջին Խարբերդը կ՚ապրէր աննախադէպ տնտեսական եւ մշակութային զարգացման փուլ։ Գաւառի տարածքին կը գործէր «Եփրատ» Քոլէճը իր բարձրագոյն վարժարաններով, իսկ Թոթովենցի ծննդավայր Մեզրէի մէջ՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը։ Պսակ վարդապետի, Երուխանի, Սիմոն Յակոբեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Թլկատինցիի եւ այլ վաստակաւոր դէմքերու անձնուէր ջանքերով՝ Կեդրոնականը դարձած էր հռչակաւոր կրթութեան օճախ, ուր եւ Վահան ընդունուեցաւ 1897ին։
Թոթովենց կանուխ տարիքէն փարեցաւ հայերէնին ու հայ գրականութեան. սկսաւ գրել ոտանաւորներ, որոնք լոյս տեսան վարժարանի ձեռագիր ամսաթերթի էջերուն՝ մօրական Գույումճեան ազգանուան տակ։ Վահանը իր ուսման վերջին տարին յաճախակի այցելեց Խարբերդ գտնուող Թլկատինցիի «Կարմիր դպրոց» անհատական վարժարանը, ուրկէ եւ ստացաւ իր գրական ուղղութիւնը։ Այդ տարիքին Թոթովենց խորապէս տարուած էր Դուրեանի ու Մեծարենցի քնարով։
Աւարտելով տասնամեայ վարժարանը, 1908ին, Վահան մեկնեցաւ Պոլիս, ուր նոյն տարին լոյս ընծայեց իր «Աւերակ» գրքոյկը, իսկ տարի մը անց՝ «Սրինգ» ժողովածուն։ 1909-ին Թոթովենց ուղղուեցաւ դէպի Փարիզ, հոնկէ ալ՝ Նիւ Եորք, ուր 1912-ին ընդունուեցաւ Վիսքոնսինի համալսարանը եւ հետեւեցաւ գրականութեան, պատմութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացքներու։ Սորվեցաւ նաեւ անգլերէն ու ֆրանսերէն՝ մօտէն ծանօթանալով համաշխարհային դասական գրականութեան հետ։ Ուսանողական տարիներուն, ապրուստը ապահովելու համար, ստիպուած կատարեց տարբեր բնոյթի բանուորական աշխատանքներ, հիմնական աշխատանք գտնելով մօրեղբօր արեւելեան գորգի վաճառատան մէջ։
1915-ին միացաւ ամերիկահայ կամաւորականներու ջոկատին եւ ուղեւորուեցաւ դէպի կովկասեան ռազմաճակատ, ուր Հայ Կամաւորական Շարժման միանալով՝ մասնակցեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան կռիւներուն։ Աշխոյժ գործակիցը դարձաւ Յովհաննէս Թումանեանի՝ ի նպաստ հայ գաղթականութեան պատսպարման եւ հոգատարութեան թափուած ճիգերուն մէջ։
1917-1918-ին, Թիֆլիս, խմբագրեց «Հայաստան» թերթը։ Մասնակցեցաւ Անդրկովկասի, Կ. Պոլսոյ եւ հայաշատ այլ կեդրոններու մշակութային վերաշխուժացման աշխատանքներուն։
1916-1920-ին Թոթովենց հրատարակեց «Իմ հօրաքոյրը» (1916) եւ «Տօնոն» (1917) ընկերային հիւսուածքով վիպակները, «Ողբ անմահութեան» (1916) եւ «Արեւելք» (1918) երկարաշունչ բանաստեղծութիւնները, «Դոկտոր Բուրբոնեան» (1918) երգիծական վէպը, արձակ բանաստեղծութիւններ, բանասիրական ու գրականագիտական յօդուածներ, որոնց մէջ արտայայտուած է Թոթովենցի մտահոգութիւնը հայ ժողովրդի ազգային-քաղաքական ճակատագրով։
Այդ շրջանին է, նաեւ, որ ի տես Հայկական Հարցին նկատմամբ եւրոպական պետութեանց խոստմնադրուժ վարքագծին, Թոթովենց սկսաւ փայփայել պոլշեւիկեան յեղափոխութեան եւ Խորհրդային Ռուսաստանի հայանպաստ քաղաքականութեան նկատմամբ անհիմն յոյսեր։ Այդ պատրանքէն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին մասին իր քանդակած հետեւեալ պատկերը.
«Լինում է, չի լինում, մի փոքրաթիւ եւ հին ժողովուրդ է լինում, որ ապրում էր Վանայ ծովից մինչեւ Միջերկրականը, Բաղդադից մինչեւ Բիւզանդիոնը: Լինում է այդ հին ժողովուրդը հողագործ, աղքատ, արհեստաւոր, մտաւորական, վաճառական, կալուածատէր, բանկիր, պետական բարձր պաշտօնատար, փողոցների կեղտը հաւաքող, ծառայ, ճորտ եւ այլն: Այդ ժողովրդին սիրաբորբոք սիրում են իր հարուստ ցեղակիցները՝ նրա սահմաններից դուրս. սիրաբորբոք սիրում էին նրանց եւ արեւմտեան պետութիւնների մինիստրները, որովհետեւ այդ ժողովուրդն ունէր սեւ ու սիրուն աչքեր եւ տարածում էր կուլտուրա ողջ խաւար Արեւելքում: Սիրաբորբոք սիրուց մղուած՝ իր հարուստ ցեղակիցները եւ արեւմտեան մինիստրները հրում են այդ ժողովրդին դէպի կռիւ իր հարեւանների դէմ, հարեւաններ, որոնք տարբեր էին կրօնով, արիւնով եւ կուլտուրայով, ունէին սուրեր եւ զրահ, զօրք, ռազմատորմիղ եւ գերակշիռ թիւ: Լինում է, չի լինում, մեծ պատերազմ է լինում: Ողջ աշխարհը բռնում է վառօդի ծուխը, եւ արեան գետեր են հոսում: Հին այս ժողովրդի ականջին գոռում են մինիստրները եւ հարուստ ցեղակիցները. «Եկել է Ազատութեան ժամը, խփի՛ր քո հարեւանին, խփի՛ր նրա մահակին քո խաչով»: Հին այդ ժողովրդի սեւ ու սիրուն աչքերը փայլում են Ազատութեան տենչից, սկսւում է անհաւասար կռիւը, զարկում են, զարկւում. եւ հին այդ ժողովրդից մնում է միայն մի փշուր՝ իբրեւ կոշմարային յիշատակ: Ապա գերագոյն ու վսեմ ցինիզմով հռհռում են մինիստրները եւ հարուստ ցեղակիցները՝ ոսկորների եւ մոխիրների վրայ»:
1920ի Մայիսին Թոթովենց հեռացաւ Կովկասէն եւ անցաւ Պոլիս։ Իր ինքնակենսագրականին մէջ, այդ մասին գրած է. «Ապրեցի այնտեղ ընդամէնը մի քանի ամիս եւ ճանապարհ ընկայ դէպի Հարաւային Եւրոպայի կախարդական ափերը — Արշիպեղագոսի կղզիներ»։
1922-ին վերադարձաւ արդէն խորհրդային լուծի տակ ինկած Հայաստան։ Ճամբուն վրայ, Պոլսոյ մէջ, հրատարակեց «Փոթորիկին մէջ» (1922) վէպը, ուր կ՚անդրադառնայ համաշխարհային-պատմական մեծ իրադարձութեանց եւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան վերիվայրումներուն։ 1923ին, Երեւանի մէջ խմբագրեց «Շեշտ» երգիծական ամսագիրը. 1924-1926էն սկսեալ աշխատեցաւ Երեւանի համալսարանի դասախօսական կազմին եւ «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան մէջ։ Այս շրջանին լոյս տեսան խորհրդային գաղափարախօսութեան «ներշնչումով» գրուած Թոթովենցի «Մահուան բատալիոն» (1923), «Պողպատի ճաշ» (1924), «Նոր Բիւզանդիոն» (1925), «Սասմայ ծռեր» (1925), «Հրդեհ» (1927) գործերը, վիպակները, ակնարկները, պատմուածքներն ու յօդուածները։
Իսկ 1929-1936 տարիները եղան Թոթովենցի ստեղծագործական կեանքի արգասաւոր շրջանը. լոյս տեսան «Ամերիկա» (1929) պատմուածաշարը, «Աղաւնիներ» (1934) եւ «Բաց կապոյտ ծաղիկներ» (1935) պատմուածքները եւ շատ այլ գործեր։ Նաեւ՝ Անդրկովկասի տարածքին դարասկիզբի յեղափոխական իրադարձութիւնները ցոլացնող «Բաքու» (1930-1934) եռահատոր վէպը, որ կը յատկանշուի պարզ ժողովուրդի կեանքի լայն ընդգրկումով, պատմութեան, կենցաղի ու ազգային նկարագրի իրապաշտ պատկերացումով։
Թոթովենցի լաւագոյն գործերն են «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ» (1933) ինքնակենսագրական վէպը, «Հրկիզուած թղթեր» (1934), «Յովնաթան որդի Երեմիայի» (1934) վիպակները, «Երկու սուր» (1930), «Բաքու-Լոնդոն», «Մոխրակոյտ» (1936) թատերգութիւնները։
Թոթովենցի ողբերգական վախճանին մասին խորհրդահայ աղբիւրները լուռ մնացին մինչեւ վերջ. պարզապէս արձանագրեցին, որ հայ գրականութեան մեծարժէք այս Տաղանդը իր կարգին զոհ գնաց, 1937-1938 տարիներուն, «ստալինեան ռեպրեսիաներ»ուն…։
Դա՜ռն ու մռայլ ճակատագիր մը վիճակուեցաւ իր դարաշրջանն ու սերունդը ամէնէն մարդկայնական ապրումներով ընկալած Մեծ Հայուն, որ պատգամեց՝
«Հոգ չէ, թէ ո՛ւր դիմես, իմ փոքրի՛կ տղաս, դէպի մեծ ուրախութիւն կամ դէպի մեծ վիշտ, դէպի փոթորիկ եւ կամ դէպի մութ ատելութիւն, գիտցի՛ր, որ քու քայլերդ պէտք է ըլլան պայծառ։ Երբ ոտքերդ կը զարնես գետին եւ անոնք չեն թնդար, ոչ մի տեղ չես հասնիր դուն՝ ի զուր է քու նպատակդ»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *