Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Բ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Աքիլլէսի կրունկ
Աքիլլէսը յունական դիցաբանութեան մեծագոյն հերոսներէն էր, որ դաշնակից այլ թագաւորներու հետ արշաւեց Տրովադա՝ ետ դարձնելու գեղեցիկ Հելենը, որ առեւանգուած էր տրովադացի իշխան Բարիսի կողմէ: Աքիլլէս ճանչցուած էր իբրեւ անխոցելի մարտիկ մը, որովհետեւ անոր մայրը զինք վաղ մանկութեանը թաթխած էր Ստիքս գետի ջուրին մէջ, որ ունէր մարդկային մարմինը անխոցելի դարձնելու յատկութիւնը:

Այս թաթախումէն զուրկ մնացած էր, սակայն, մանուկ Աքիլլէսի կրունկը, ուրկէ մայրը բռնած էր զինք եւ որ չթրջուեցաւ, ուրեմն շարունակեց մնալ խոցելի: Արդ, Բարիս ծանօթ էր այս գաղտնիքին, եւ Տրովադայի մէկ հրապարակին վրայ, մենամարտի մը ընթացքին, ան այդ կէտէն ալ վիրաւորեց Աքիլլէսը, որ մահացաւ ստացած վէրքէն: Ասկէ ալ յառաջացած է «Աքիլլէսի կրունկ» կամ «Աքիլլէսի գարշապար» (Talon d’Achille) դարձուածքը, որ կը նշանակէ տկար, խոցելի կէտ մը կամ կողմ մը:

Բաբելոնեան խառնակութիւն
Ջրհեղեղէն ետք,— երբ Աստուած հաշտուած էր մարդկութեան հետ՝ անոր շնորհելով նաեւ ծիածանը՝ իբրեւ ներումի երաշխաիք,— մարդիկ վերստին բազմացան, բայց նաեւ չարացան ու գոռոզացան՝ հեռանալով իրենց տրուած պատուիրաններէն: Անոնք որոշեցին կառուցել քաղաք մը՝ հանդերձ աշտարակով, որուն գագաթը պիտի երկինք հասնէր. «եւ արասցուք մեզ անուն յառաջ քան զսփռել ի վերայ երեսաց ամենայն երկրի» (Ծնունդք, Ժա/4):
Աստուած նման ծրագիր մը խանգարելու լաւագոյն միջոց նկատեց՝ խառնակել լեզուն մարդոց, որոնք մինչ այդ նոյն բարբառով կը խօսէին, կը հաղորդակցէին ու համերաշխ կ՚աշխատակցէին իրարու հետ: Ու այդպէս ալ ըրաւ: Իսկոյն սկսաւ յառաջանալ ահաւոր շփոթ մը, ուր մարդիկ այլեւս չէին կրնար հասկնալ զիրար ու չէին կրնար հաղորդակցիլ: Խանգարուեցաւ նաեւ անոնց աշխատանքին ներդաշնակութիւնը, եւ անոնք սկսան կամաց-կամաց հրաժարիլ աշտարակաշինութենէն ու ցրուեցան աշխարհով մէկ: Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն, որ կը յառաջանայ հին եբրայերէն բառէ մը եւ կը նշանակէ «խառնել, խառնաշփոթել»:
Այդ փորձէն մնացին աւերակոյտ մը եւ դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ համատարած խառնակութիւնն ու անհասկացողութիւնը: Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն:
Կ՚ըսուի նաեւ «բաբելոնեան աշտարակաշինութիւն»՝ նոյն իմաստով եւ կը բնորոշէ անկարգութիւն, խառնաշփոթ, քաոս:

Բարթուղիմէոսեան գիշեր
Այսպէս կը կչուի պատմական այն կոտորածը, որ Ֆրանսայի կաթողիկէները ի գործ դրին բողոքականներու դէմ 1572-ի օգոստոսի 24-ի գիշերը՝ ս. Բարթուղիմէոսի տօնի նախօրէին. ան տեւեց քանի մը օր: Կոտորածի հրահանգը տուած էր Շառլ 9-րդ թագաւորը իր մօր՝ Կատարինէ Մետիչիի (Catherine de Mռdicis) եւ Գիզ դուքսի (duc de Guise) դրդումով: Զոհուեցան աւելի քան 3.000 բողոքականներ, որոնց մէջ գտնուեան դաւանափոխ դարձողներ՝ փրկելու համար իրենց կեանքը:
Այս կոտորածը պատճառ դարձաւ կրօնական պատերազմներու, որոնք արդէն սկսած էին 1562-ին, սակայն աւելի հրահրուեցան այնուհետեւ՝ պատճառելով քաղաքական այլազան ոճիրներ, որոնց շարքին դուքս Գիզիի եւ Հանրի Գ. թագաւորի սպանութիւնը: Անոնք տեւեցին մինչեւ 1598 եւ վերջ գտան Հանրի Դ. թագաւորի շնորհիւ:
«Բարթուղիմէոսեան գիշեր» դարձուածքը կը խորհրդանշէ անպաշտպան մարդոց դաժան ջարդ ու կոտորած:
Ուշադրութի՛ւն. իբրեւ պատմական դրուագի անուն՝ ան կը գլխագրուի՝ Բարթուղիմէոսեան գիշեր, իսկ իբրեւ դարձուածք՝ կը գրուի փոքրատառով:
— Մեզի անծանօթ պատճառներով՝ արեւելահայերը Բարդուղիմէոս-ը դ-ով կը տառադարձեն: Աստուծաշունչը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, ունին միայն Բարթուղիմէոս. Աճառեան նմանապէս գրած է թ-ով (Անձնանունների բառարան): Յունարէնը զայն կը գրէ θ-ով, որ խուլ-շնչեղ է ու կը համապատասխանէ մեր թ-ին:

Գորդեան հանգոյց
Ըստ յունական աւանդութեան՝ փռիւգիացի Գորդիոսը,— որ համեստ գիւղացի մըն էր եւ պատահաբար թագաւոր դարձաւ,— Զեւսի տաճարին կը նուիրէ իր եզին կառքը, որուն լուծը քեղիին, այսինքն՝ յառաջամասի ձողին, կապուած էր այնպիսի հնարամտութեամբ մը, որ կարելի չէր հանգոյցի ծայրերը գտնել ու անջատել լուծը կառքէն: Իսկ ան, որ յաջողէր քակել այդ հանգոյցը, պիտի տիրէր ամբողջ Ասիային:
Դարեր անցան այսպէս , եւ այդ հանգոյցը մնաց անլուծելի:
333-ին, Աղեքսանդր Մակեդոնացին, իր աշխարհակալական արշաւանքին սկիզբը, ազատագրեց Փռիւգիան պարսիկներէն, մտաւ յիշեալ տաճարը եւ փոխանակ հանգոյցը քակել փորձելու՝ սուրի հարուածով մը խորտակեց զայն, ինչ որ կը խորհրդանշէր Աղեքսանդրի՝ ուժին վերագրած գերակայութիւնը միտքի վրայ:
Այս դրուագը ծնունդ տուած է երկու դարձուածքի.
ա) «Գորդեան հանգոյց», որ կը նշանակէ անլուծելի, կնճռոտ խնդիր:
բ) «Աղեքսանդրեան լուծում», որ կը նշանակէ որեւէ անելի առկայութեան՝ տրուած արագ ու խիզախ լուծում:

(Շարունակելի)

One Reply to “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Բ.”

  1. Նոյն կերպ անհասկանալի է նաեւ Դաւիթ անուան մէջ «դ-թ» տառադարձութիւնը: Շատ հետաքրքիր տեղեկութիւն էր. յուսամ՝ կը համալրուի նոր նիւթերով:

Leave a Reply to Գագիկ Ղազարեան Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *