Վահէ Թղլեան
Դէպի Հայրենիք առաջին այցելութիւնս չէր։
Յաճախ գտնուած եմ Հայաստան, բայց այս անգամուան նման զգացումներ ու յուշեր չեմ ունեցած։ Չեմ գիտեր ինչու այս անգամ տեսակ մը անբացատրելի շաղախուածութիւն կը զգամ Հայոց պատմութեան հետ:
Փորձենք հասկնալ ։
19 մայիս, 2022:
Նախաձեռնութեամբ Համահայկական Գրողներու Միութեան, Ջաւախքի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Դէպի Երկիր» ծրագիրը. այդտեղ Բուղաշէն գիւղաքաղաքի մէջ մրցանակ կը սպասուէր երիտասարդ գրող Սարգիս Հայենցին: Իսկ Բուղաշէնի դպրոցի տնօրէն՝ գրող Թադեւոս Պալեանին միութեան կողմէ «Վահան Տէրեան» շքանշան պիտի յանձնուէր։
Որոշեցի միանալ խումբի երթին ։
Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին՝ Համահայկակսն ԳՄը մեծապէս գնահատելի բեղուն գործունէութիւն իրագործած է Հայաստանի տարբեր մարզերու ու շրջաններու մէջ ու անտեսելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները՝ կը շարունակէ իրականացնել իր վրայ ստանձնած մշակութային ծրագիրներու առաքելութիւնը։
Երիտասարդ բանաստեղծներու եւ գրողներու ընկերակցութեամբ, Համահայկական ԳՄի նախագահ Աբգար Ափինեանի առաջնորդութեամբ ՝ խումբը մեկնեցաւ դէպի Ջաւախք։
Ճանապարհին՝ Գիւմրիի մէջ կարճ դադարէ ետք, շարունակեցինք մեր ճամբան ու հասանք Մարմաշէն։ Ուտելու ժամ էր։ Այստեղ հիւրերը կը դիմաւորեն երաժիշտ զոյգեր՝ քլարինեթով, աքորտէոնով ու «Ամպեց կորաւ լուսնկան»ով։ Մթնոլորտը շատ հաճելի էր, յոտընկայս Չարենցի կոնեակ կը վայելէինք, երբ նախապէս պայմանաւորուած՝ մօտեցայ Տարօն Գլակին որ իր իսկ գիրքը — ինք տակաւին անտեղեակ էր իր «Երկիր իմ» գիրքի տպագրութենէն — մակագրԷր ինծի համար։ Անակնկալը յաջողեցաւ, ու Տարօնի ուրախութեան ճառագայթումը մեզ ուրախացուց։
Այս փոքր տարածքին մէջ, իւրաքանչիւր քայլափոխին, շուրջդ նոր պատմութիւն ու տեսարժան վայր կայ, ակնածանքով կը դիտես շրջակայ գեղեցկութիւնը ու աչքերով կը քաղես այդ բնութեան հմայքը։ Մեր կողքին պատմական «Հեղնար աղբիւր»ն էր. յիշեցինք պատմութիւնն ու ֆիլմը, յետոյ երազանք պահելով՝ մեր ծարաւը յագեցուցինք։ Ապա մօտեցանք 10րդ դարու Մարմաշէնի պատմական հրաշակերտ վանքին։ Եկեղեցւոյ մէջ, մեր բարի ցանկութեան աղօթքը շշնչացինք առ Աստուած։
Մօտակայ կիրճէն աղմկալի շառաչով կը հոսէր Ախուրեան գետը՝ Արփաչայը։ Այստեղ Շիրազն էր , որ կը թեւածէր մեր միտքերուն մէջ ու իր հոգիի ներկայութիւնը տիրական էր։
Բանաստեղծներ Տարօն Գլակ, Սուսաննա Ղազարեան ու Սարգիս Հայենց՝ թէեւ կիսատ , բայց անմահացուցին Յովհաննէս Շիրազի «Հին Մանկութիւն» բանաստեղծութիւնը.
Մէկից մի սոխ, մէկից մի հաց գողանում,
Գնում էինք Արփաչայը լողանում… ։
Ու ես մտքով տարուած , Շիրազի մանկութիւնը կը տեսնէի։
Այս պատմական վայրին հրաժեշտ տալով, շարունակեցինք մեր ուղեւորութիւնը։
Հասած էինք վրացական սահման։ Սահմանը անցանք, ու մեր շուրջը անգլերէն ու վրացերէն ցուցանակներ են, բայց ես տակաւին ինքզինքս Հայաստանի մեջ կը զգայի. ինծի համար Ջաւախքը Հայկական հող է։
Գիշերեցինք քաղաքի կեդրոնի մօտ «Վեկաս» հիւրանոցը ։ Յաջորդ առաւօտեան գացինք շուկայ՝ ուր ճամբորդական գրասենեակ կար եւ կարիքը ունէին ծանօթներու որոնք կրնային Հայաստան վերադարձի արտօնագիրս ապահովել։ Հետաքրքրական շուկայ էր, նախապէս փակ տարածքով «Հայաստան» շուկան՝ որ քովիտի պատճառով փոխադրուած էր փողոց։ Այս շուկային մէջ ամեն իր գտանելի է՝ տան կահոյքէն մինչեւ կանաչեղէն եւ պտուղ. կը հանդիպիս պատեհապաշտ մարդոց, իսկ խաչմերուկի կիսուն՝ խորհրդաւոր մարդուն, ձեռքին բռնած տրցակով թղթադրամ. Լումայափոխն էր։
Հայաստան վերադարձի մուտքի արտօնագիրիս դժուարութիւնները լուծելէ ետք՝ (Հայաստան մուտքի visaն Թիֆլիսէն պէտք էր ստանայի) ուղղուեցանք դէպի Բուղաշէն։ Մինչեւ մեր տեղ հասնիլը , ճամբան արօտավայր դաշտեր ու ամայութիւն էր։ Ճամբան անհանգստացնող էր, բայց վերջապէս՝ ձեւով մը հասանք Բուղաշէն։
Դպրոցի մուտքին մեզ դիմաւորեց տնօրէն՝ Թադեւոս Պալեանը, ապա ուսուցիչներով միասին հաւաքուեցանք մեզի յատկացուած սրահը։ Պալեան մեզ ծանօթացուց ներկաներուն, ապա նախաբանով մը Պրն. Ափինեան ներկայացուց «Դէպի Երկիր» ծրագիրի գործունէութիւնը ու շքանշանը յանձնեց Թադեւոս Պալեանին։ Օրը պատմական դարձնելով՝ հնչեցին բանաստեղծութիւններ ու սրտի խօսքեր։ Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր, որ մեզի անունով անգամ անծանօթ Բուղաշէնի մէջ կար ներկայանալի հայկական բարձրագոյն վարժարան՝ աւելի քան 400 աշակերտներով։ Մեծ գնահատանքով պէտք է խօսիլ այս դպրոցի հայապահպանումի առաքելութեան մասին։
Հետաքրքրական անձնաւորութիւն էր Թադեւոս Պալեան։ Ան մօտէն ծանօթացած է շատ մը յայտնի անձնաւորութիւններու հետ ու կրնար այդ ծանօթութիւններուն մասին յուշագրութիւն գրել։ Քաջալերեցի զինք , որ անպայման գրի առնէ իր յուշերը։ Խոստացաւ գրել։
Ծրագիրի աւարտին Պալեան մեզ հիւրընկալեց իր տունը: Փոքր արահետով դէպի տան մուտքը զիս տարաւ մանկութիւն՝ յիշեցուց պապենական տունս: Մտերմիկ ու հարազատ այս տան մէջ, ինքզինքս օտար չէի զգար: Իսկ Չալոն դուրսը մեր ապահովութեան կը հսկէր… Տիկ. Պալեանի ճաշատեսակները համտեսելու կարիք չունէին։ Այդ կարելի էր համտեսել սեղանի ներկայացուած ձեւէն։ Բաժակովս յարգեցի այդ տան մէջ գտնուելուս ուրախ առիթը: Ուշ երեկոյան վերադարձանք քաղաք:
Երեկոյեան, ընթրիքի համար ընտրեցինք Կինտոներու տունը՝ «Յովիկի ռեստորան»։ Շատ հետաքրքրական ու հաճելի վայր։ Մուտքին մեզ դիմաւորեցին կինտոներու տարազով Ֆրունզիկի ու Վախթանգ Կիկաբիձէի արձանները: Քիչ մը համբերեցինք, մինչեւ սեղան պարպուի, մինչ Տարօնն ու Սարգիսը լրջօրէն հետամուտ իրենց նարտիի խաղին, կը զուարճանային։
Մեզ համար յատուկ սենեակի սեղանը պատրաստ էր ։
Ներսի բուրմունքը հայկական էր, իսկ օղին՝ պատուական։
Վայելեցինք հայկական ճաշակով երգեր ու յատկապէս ջաւախքցի Ջիւանիի երգերը։
* * *
Առաւօտեան աքլորականչ չկար։
Շտապ կը պատրաստուինք՝ օրը ի զուր չկորսնցնելու համար։
Մեր ազատ ժամերէն օգտուելով, գացինք պատմական Փարվանա լիճը:
Ցնցիչ տեսարան էր: Լիճը գրկած էին ձիւնածածկ Ապուլն ու Մթին սարերը։
Անոնք մշուշներուն մէջէն խորհրդաւորութեամբ կը ցոլային ու կարծես ինծի հետ կը խօսէին:
Հարազատ միջավայր, ինչպէս Սիսն ու Մասիսը, այս սարերն ալ այնքան մօտ ու հեռու էին մեզմէ…
Վերջապէս ծանօթացայ Ապուլ ու Մթին սարերուն։
Վճիտ ջուրի ձգողականութիւն, թռչուններու դայլայլ ու լիարժէք հանդարտութիւն… Անգերազանցելի գեղեցկութիւն: Զմայլանքով կրնայի ժամերով դիտել դիմացս փռուած բնութեան հիւսուած սիրունութիւնը։
Հակառակ ցուրտ ու մռայլ եղանակին, ներքին զգացում մը զիս կը մղէր վերյիշելու Թումանեանի ստեղծագործութիւնը։ Միայն վերջերս ծանօթացած էի Փարվանայի հեքեաթին ու այնքան շատ սիրած՝ որ կանգնած լճափին, վերածնունդս կ՚ապրէի.
Բարձրագահ Ապուլն ու Մթին սարեր,
Մէջք մէջքի տուած կանգնել վեհափառ…
Ահա այս տողերով էր որ Թումանեան սկսած ու հզօրացուցած էր Փարվանա լիճի ստեղծագործութիւնը ու իր բանաստեղծութեամբ յաւիտենական կեանք տուած է Փարվանային։
Տարուած էի միտքերով ու այնպիսի պահ մըն էր որ, կը սպասէի կողքէս լսուէր այդ բանաստեղծութիւնը։ Տարօնը կը կարդար բանաստեղծութիւնը, իսկ ես ինկած էի պատմութեան գիրկը,
Փարվանա լիճը մեզի հետ զրոյցի մէջ էր, ջուրի խշշոցէն կը լսուէր Փարվանա թագաւորի մարտահրաւէրը կտրիճներուն, թէ ան որ յաղթէ մրցոյթը, կը ստանսյ նուէրը՝ իր դուստրը…
«Ասում են թէ էն Փարւանա ջահելներն են սիրավառ։
Շտապելուց թեւ են առել,
Դարձել թեթեւ թիթեռներ .
Մէջն են ընկնում անհամբեր.
Ջանք է անում ամեն մինը,
Շուտով տանի տիրանայ…
Ու այրուում են, այրուոււմ անվերջ
Կտրիճները Փարվանա»…
Արեւը կը դողար, ու ես ժամանակը կանգնեցնելով, կ’ուզէի աւելի երկար վայելել բնութեան այս հրաշք անկիւնը, բայց օրուայ թելադրանքն էր մէկ ժամով բաւարարուիլ։
Յանկարծ սթափեցայ։ Մենք Ջաւախքի մէջ էինք ու ես դուրս ելայ հաճելի թմբիրէն ։
Վրաստան գտնուելով, մեր այցելութիւնը ամբողջական չէր կրնար ըլլալ, եթէ չհամտեսէինք վրացական խաչապուրին: Իսկ լաւագոյնը՝ հայերու պատրաստածն էր։
Ուրախ՝ փոխադրակառքին մէջ, տնավարի խաչապուրի կերանք։
— Ախր համն ու բոյրը անմրցելի էին…
«Դէպի Երկիր» նախագիծը հասաւ իր տրամաբանական աւարտին։
Յաջորդ օրերուն տեղւոյն մամուլը անդրադարձաւ մեր այցելութեան։
Իսկ մենք, մեր կեանքին մէջ ուրախ օր արձանագրեցինք։ Համահայկական ԳՄը, նուազեցնելով բացասականը, աւելցուց Հայրենիքի հանդէպ սէրը։
Հայրենիքին մէջ էի, բայց դարձեալ Հայաստանը կը կարօտնայի…
Թորոնթօ