Արմենակ Եղիայեան
Ձեզմէ քիչեր պիտի ուզէին հաւատալ, թէ դաստիարակ բառը, որ դպրոցական այնքան ազնիւ եւ յուզիչ յուշեր կ’արթնցնէ, կրնար պարսկերէն եղած ըլլալ:
Այդպէս ալ է՛, եւ բառացի կը նշանակէ «ձեռքէն բռնող»:
Այդ ի՞նչ ձեռք բռնող է, — պիտի հարց տաք աւելի զարմացած:
Ուրեմն դաստիարակը երեխաները խնամող, անոնց օգնող, զանոնք կրթող, անոնց ձեռքը բռնած առաջնորդող եւ ամեն հաւանական վտանգի դէմ պաշտպանող պաշտօնեան էր, — ընդհանրապէս իգական սեռի, սակայն ոչ անպայման, — որ կը ծառայէր պարսիկ բարեկեցիկ ընտանիքներու:
Պէտք է լաւ հասկնալ. սովորական աղախին մը կամ ծառայ մը չէր ան. անոր միակ պարտականութիւնը իրեն յանձնուած երեխային հսկողութիւնն ու կրթութիւնն էր:
Արմատն է դաստ, որ այս ձեւով կիրարկութիւն չունի մեր մէջ. կը նշանակէ «ձեռք», որով արեւմտահայերս կը ճանչնանք նաեւ դաստակ բառը, որ ձեռքին կամ թեւին ափն ու մատները, այլեւ ապարանջանը կրող մասն է: Ունինք նուազ ծանօթ կամ կիրարկելի դաստապան-ը եւս, որ կը նշանակէ բռնատեղ, սուրի երախակալ, կոթ: Դաստառակ, որ է անձեռոց, սրբիչ. յունարէնը՝ մանդիլ: Այս անունով ծանօթ է այն լաթը, որ Յիսուս երեսին քսեց՝ իսկոյն դրոշմելով անոր վրայ իր պատկերը, ու յանձնեց Աբգար թագաւորի սուրհանդակներուն, որոնք Երուսաղէմ եկած էին զինք Եդեսիա հրաւիրելու, իսկ Յիսուս ակամայ մերժեց, վասնզի օրը Աւագ չորեքշաբթին էր, իսկ ինք՝ յաջորդ օրը պիտի նուիրուէր իր Մեծ առաքելութեան՝ խաչելութեան:
Եւ վերջապէս ունինք դաստակերտ բառը, որ կը նշանակէ ձեռակերտ, ձեռաշէն. սեփական միջոցներով կառուցուած առանձնատուն, շէն, ագարակ:
Վերոնշեալներէն բացի՝ արեւելահայերը կը կիրարկեն դաստա բառռը եւս, որ կը նշանակէ «մի ձեռքում տեղաւորուող քանակութիւն, տրցակ, կապոց, փունջ». օրինակ՝ արեւելահայ գնորդը շուկան բանջարավաճառէն կ’ուզէ «մի դաստա կանաչի»:
Գրական արեւմտահայերէնը չունի այս բառը, սակայն ան շատ ժողովրդական էր ու որոշ չափով ալ է՛ տակաւին արեւմտահայերէնի մէջ. մեր ընտանիքը միշտ ալ հայախօս եղած է, սակայն այս բառը հասարակօրէն կը գործածէինք, մանաւանդ ան մնայուն մաս կը կազմէր մօրս ու մեծ մօրս բառամթերքի թրքերէն շերտին: Իսկ փողոցը ընկերներու միջեւ անկաշկանդ կը գործածէինք զայն, մինչեւ որ անդրադառնայինք… թէ թրքերէն էր ան:
Այո, քիչ մը ամեն արեւմտահայ համոզուած էր ու է՛, թէ թրքերէն է ան:
Շատ քիչեր «Արմատական» պիտի բանան ու վերահասու դառնան, թէ արեւելահայն ու թուրքը հաւասարապէս առած են զայն պարսկերէնէն, ինչպէս բազմաթիւ այլ լեզուներ:
Թուեմ հետեւեալ իւրայատկութիւնը:
Ուրեմն հոն ուր մենք դաստա(կ)-ն կ’արտասանենք իբրեւ tasda(կ), ապա թրքերէն բառը միահամուռ կ’արտասանէինք քմայնացնելով երկու այբերը՝ däsθä, այսինքն՝ արաբական ալեֆին պէս, իսկ միւս կողմէ՝ ձայնեղացնելով սկիզբի t-ն, եւ շնչեղացնելով վերջի d-ն, ինչ որ ճի՛շդ թրքերէն հարազատ արտասանութիւնն է:
Իսկ արեւելահայը կ’արտասանէ dasta` առանց քմայնացնելու:
Այլ խօսքով՝ գրաբարի ճամբով հասածը սխալ կ’արտասանէինք, մինչ թրքերէնի ճամբով հասածը՝ ճիշդ կ’արտասանէինք, պատճառը այն է, որ թրքերէնը արտասանութեան կենդանի տարբերակը թելադրած էր մեզի, մինչ գրաբարին թելադրածը անցած է արեւմտահայերէնի աղաւաղիչ բովէն ու այնպէս հասած է արդի հայուն:
armenag@gmail.com