ԻՆՉՈ՞Ւ ԵԿԱՅ ՀՈՍ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Չէ, չեկայ, հոս չեմ։
Դեռ քաշքշուք կայ ինծի համար։
Չեն ձգեր որ պարարտ որսը ձեռքերնէն փախչի։ Այնքան լեցուցած են ոսկորներուն ծուծը ծառայասիրութեամբ, որ հիմա կը զարմանան, թէ ինչպէ՞ս վանդակին մէջի՛ ազատութեան հովերով շուրջանակի մռլտացող այս ոչխարը կ՚ուզէ մէկէն վանդակէն դուրսի՛ ազատութեան ելլել։
Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։

— Անշուշտ կ՚ըլլայ։ Ե՛լ հարկաւ, հեռացիր աղմուկէն, միսդ քաշէ կտուցներէն, լռութի՞ւն կ՚ուզես, կը հասկնանք անշուշտ, լաւ կ՚ընես, գնա՛։
Այնպիսի «գնա» մըն է ասիկա, որ պարանին բարակուկ թելերուն վերջինը փրթելէ կը խնայէ։ Ճարահատ մարդու երկայնամտութեան անյոյս նմոյշ՝ «կ՚ուզես կոր՝ գնա՛»։ Վերադարձը կասկածէ ձերբազատող ձեռնակապ։
Երթայ, որ գայ, խաղաղած վերադառնայ մեր բացասական ալիքներուն սա ընկալուչը։
Միամիտ … գացող անձը վերադարձա՞ծ է երբեւէ։
Բայց ես չեմ կրնար երթալ։
Մկրատը ձեռքիս, օրերով աճեցուցի առօրեայիս թելը կտրելու քաջութիւնս։ Վերջապէս ուսապարկս շալկեցի ու ճամբայ ելայ եւ անմիջապէս բախեցայ գնացքային խանգարումներու, որոնք ամեն օր ջիղ եւ մկան կ՚ուտեն ու մարդը կեցած տեղը ռետինէ գնդակի պէս վեր վար կը նետեն։
Բռնեցի ինքզինքիս կոկորդէն, պատը փակցուցի եւ քնքշօրէն ըսի, որ այսօրը ամենօրուընէ դուրս է։ Այսօր ամենօր չէ։ Այսօր պլոքի մը արձակուած զսպանակը զինք դուրս կը նետէ միւսներուն մէջէն եւ տեղը պարապ կը ձգէ։ Քիչ ետք այդ պարապը մինակը կը լեցուի ինքնակամ մտածումներով։ Բայց ես այսօր դուրս եկած այդ պլոքին վրան եմ, կախարդական գորգ, որուն վրան ե՛ս եմ միայն ու պիտի թռիմ, դո՛ւրս, ուր մինակ կ՚ըլլան։ Կը հասկնա՞ս։
— Պիտի հասկնամ, ժամանակ տուր։
Եւ կամաց-կամաց սկսայ զգալ ժամանակի չգոյութեան հաճոյքը, կտրելիք տարածութեանս անկարեւորութիւնը, անցնող վայրկեաններուն անիմաստութեան վայելքը առի։ Կարծես մէկէն բանտապահս իր գօտիէն կախուած բանալիներու տրցակը ճաղերէն ներս ինծի նետեց ու արագօրէն հեռացաւ։ Ես դեռ ներսն եմ, կ՚ուզեմ երկարել ըմբոշխնումը հասանելի վայելքին, այլեւս մատչելի, իմս՝ դեռ իմս չեղած։ Միւսներուն կը նայիմ եւ կը ժպտիմ գաղտագողի, կը մեղքնամ անոնց, որովհետեւ բաժնուեցանք այլեւս, եւ իրենք չեն երեւակայեր, թէ ներսը ըլլալովս հանդերձ ունիմ իրենց չունեցածը, տէրն եմ որոշումիս։

Գնացքին մէջ տեսայ մարդիկ, չէ՛, մրջիւններ, որոնցմէ տարբեր զգացի, քանի որ անոնք կ՚աճապարէին առանց շուրջերնին նայելու։ Մինչ ես, փրկուած՝ ժամանակին հետ մենամարտելու եւ պարտուելու հոգէն, նստած, թեթեւ-թեթեւ, իրաւունք կու տայի ինքզինքիս դիտելու, տեսնելու եւ մտածելու։ Պերճանք։ Կարծես թանգարան մը ըլլայի, ցուցահանդէսի եկած, կը դիտէի ցուցադրուածը եւ այս արուեստագէտին ներկայացուցած աշխարհը հակառակ կու գար ինծի, hostile, չէի հաւներ, ճաշակիս չէր յարմարեր, չէի զգար ու սրահը լքել-դուրս գալ կ՚ուզէի։ Նման տեսարաններ կը դիտէի շուրջս եւ առանց ջանքի կամ ամենադոյզն շարժումի, օդային թեթեւութեամբ կը փրթէի անոնց մեքենայութենէն։ Կը գտնուէի վիճակի մը մէջ, ուր անոնցմէ չէի այլեւս։ Ա՛յդ պահուն։ Կը տեսնէի եւ կը հաղորդուէի միւս կողմին հետ։ Արդէն կը նախապատրաստուէի լռութեան։ Շուրջս դեռ աղմուկ՝ ես կը մտնէի ձայնազուրկ մոլորակ։
Ո՞ւր կ՚երթայի։ Տեղ մը չէի երթար։ Տեղ մը չէի որ այլ տեղ երթայի։
Կը փախչէի չինքզինքէս՝ ինքզինքիս։
Ո՞ւր ես, ինքզինքս։ Նախ եւ առաջ՝ կա՞ս, որ փնտռեմ քեզ գտնելու։ Բայց հաւանաբար ձայնդ տեղէ մը ելած է օր մը, որ այսօր փնտռել կու տաս դուն քեզ։ Ըլլալու ես. հաւանաբար պահուըտած, ծեքծեքուն սիրահարի պէս, կ՚ուզես որ հառաչելով հասնիմ քեզի։ Կամ, արդեօ՞ք, վախուորած պպզած ես անկիւն մը եւ կորովդ չի հերիքեր մէջտեղ ելլելու եւ Սասունցի Դաւիթին պէս «Ես դեռ հոս եմ» ըսելու։ Կամ ալ՝ բանտարկուած ես ու ազատարար մը պէտք է քեզի։
Այս վերջին միտքը զիս անկեղծօրէն կը վախցնէ, քանի որ այդ ազատարարդ ես ըլլալու եմ, որ նաեւ ազատազրկողդ եղած է եւ է տակաւին։ Բայց եթէ կը վախնամ յատկապէս ա՛յս մէկէն, ուրեմն հո՛ն պպզած է ճշմարտութիւնը, եւ Սասունցիին պէս «Ես հոս եմ» ըսելով մէջտեղ ելլելու համար Ձէնով Օհան մը պէտք է, աներկբայ հաւատացող մը անոր ազատագրումին։ Բանալիին պէս ձայնը ներս նետող մը։
Ձէնով Օհան. ե՞ս։ Պատկերին շուքը անգամ հեգնանքի սեւութիւնն ունի։ Ծուռին նկատմամբ անոր պայթելիք հաւատքը փորին կաշիէ գօտիներ կապել կու տայ, որ կանչին զօրութեամբ դուրս քաշէ փոսին մէջինը, ներսինը, ինկածը, պպզած մութին մէջ։ Շրջապատին անտարբեր՝ ուղիղ դէպի ներս սլացող ձայնն է, որ դղիրդով ոտքի կը հանէ յանձնուածը։

Գնացքէն երբ իջայ, ամեն բան ուրիշ էր արդէն։ Արե՞ւ է, անձրե՞ւ, պայծա՞ռ երկինք, թէ՞ խոժոռ, ձմե՞ռ է, թէ գարուն։ Հասած տեղս այս բաները չկային։ Որով՝ չէի հասած տեղ մը։ Փոխադրութիւն մըն էր դէպի մեկնում։ Ամփոփուիլ մը մեկնումի խիստ նեղսիրտ կէտին մէջ, ուր պիտի փորձէի սեղմուիլ։ Ու ես ընդլայնած էի, խոշորցած։ Ձայներու լայնաշերտ փոշին ծեփած էր մարմինս, լլկած ծակտիկներս, կը պատռէր մորթս։
Սրբարանին մուտքը աւելորդութիւն չէր ընդուներ. — Թափթփէ վրայէդ ինչ որ քուկդ չէ, սրբէ աղմկային դէմքերուն բռնաբարած երազներդ, քերթէ վրայէդ ինչ որ չես, ցաւով թէկուզ, տանջանքով նոյնիսկ, մինակացած մտիր, դուրսէն պարպուած մուտք գործէ։ Տեղ թող բացուի արձագանգին, ու անոր զարնուելիք լեռնալանջերուն վրայ թող բազմապատկուի ունկը պատժուած։
Դիակի մը պէս, որ ջուրերը կը ձգէ, տրտնջալէն զիս լքեցին աղմկարար դեւերս։ Ուժասպառ էութեանս տեղիկ բացուեցաւ խտացեալ կէտի լայն ծովափին՝ շունչի մը չափ լեցուելու։
Եւ ընդոստ արթնցայ Ձէնով Օհանի սրբագործուած երազէն։ Դուրս, վեր։ Ոտքի՝ սկսայ կապել քառսուն կաշին փորիս շուրջ, ձայնս մարզել-խորացնել, որ հասցնեմ ուղղակի փոսին մէջը իմ յոյսիս մնացած ծուռիկ մուռիկ նստողին։

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *