ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքէն

Չորեքշաբթի՝ 5 ապրիլին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս (Թորոնթոյի Հայ կեդրոն) տիրող թեման սէրն էր։ Յատուկ աշխատանք տարուած էր Հաւաքին ընդմէջէն ներկայացնելու սէրը՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր գրողներու դիտանկիւնէն։
Թէ ինչպէ՞ս սէրը կը յայտնուի մեր գրականութեան էջերուն մէջ, կախում ունի գրողէն, իր ներաշխարհէն, մտածումներէն, միջավայրէն, փորձառութենէն, գրելու ոճէն…։ Continue reading “ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ”

ՍՏԱՑՈՒԱԾ ԳՐՔԵՐ — ԱՊՐԻԼ 2017

Հեղինակներէն կամ հրատարակիչներէն, այլեւ բարեկամներէ շնորհակալութեամբ ստացած ենք Հորիզոնի, Հորիզոն գրականի կամ աւագ խմբագրի անունին՝

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան, ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻՆ, հրատ. Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, Անթիլիաս 2016, 263 էջ

Աւետիս Բայրամեան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԴԱՐԱՆ, Լոս Անջելես 2012, 708 էջ

Հայկ Դեմոյեան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊՈՐՏԸ եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, Երեւան 2015, 274 էջ