ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ա.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր անխոնջ աշխատակից Արմենակ Եղիայեան պարբերաբար կը վերլուծէ հայերէն մամուլին մէջ լոյս տեսնող ընգծելի թերիներ կամ այլապէս հայերէնի առօրեայ օգտագործման ընթացքին նկատուող անհեթեթութիւններ։ Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք անոնցմէ առաջին քաղուածք մը։

ՇՈՒՏԱԼՈՒՏ

Մամուլի մէջ կարդացինք. «Մաքրոնի շուտալուտ այցելութիւնը Լիբանան…»
— Ի զուր պիտի փնտռէք ձեր բառարաններուն մէջ այս շուտալուտ կոչուած մարգարիտը, որուն հեղինակն է արեւմտահայ շնորհալի խմբագիր մը: Շատ որոշ է անոր տրամաբանութիւնը. ինչո՞ւ մօտ կրնայ տալ մօտալուտ, իսկ շուտ պիտի չտայ… շուտալուտ: Այո՜, արեւմտահայ Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ա.)”

ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր՝ Հայաստան կեցութեան 45 օրերուն մեծ մասը Պոյաճեան երեկոն անցուց Պարոյր Սեւակի տան մէջ, ուր կը հանդիպէր զանազան գրողներու. հիմա անոնցմէ կը յիշեմ միայն Անահիտ Չարենցի անունը՝ հետեւեալ միջադէպի բերումով: Continue reading “ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Բ)”

ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1964-65 դպրոցական տարեշրջանին, — որ է ուսուցչական եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը, — միաժամանակ կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, երբ յունիսի սկիզբները հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս:
Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին:
Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի:
Որքան ալ այս այցելութիւնները բաւական սովորական դարձած ըլլային Հրաչեայ Քոչարի՝ 1961-ին Լիբանան գալուստով, — եւ ահա չորրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենային անոնք կանոնաւոր Continue reading “ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)”

Փոքրիկ Հայաստան (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
4 — Վահան Փափազեան

Իր մէջ Հայաստանէն պատառիկ մը կրէր նաեւ Վահան Փափազեանը՝ «Կոմս» վերանուանեալ, որ թէեւ ծնած էր արեւմտահայ ընտանիքի մէջ՝ ի Թաւրիզ, սակայն կեանքի առաջին տասնամեակները անցուցած ու գործած էր արեւելահայ միջավայրի մէջ, ուր պիտի վերադառնար աւելի ուշ եւս:
Ան կը բնակէր Ճեմարանի գլխաւոր դարպասին ճի՛շդ դիմացը, հազիւ տասը մեթր անդին, ծառերով շրջապատուած փոքրիկ ու հանդարտ Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան (Բ)”

Փոքրիկ Հայաստան

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
(Ա)

— Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է, — ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս:
Ու երբ հասաւ այդ օրը, նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝ դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը:

1
Սիմոն Վրացեան

Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝ տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեանը՝ Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը, ըլլալով հանդերձ միւս ճանչցածներուս մէջ ամենէն անհաղորդը:
Ան Ճեմարան եկած էր շուրջ տարի մը առաջ՝ յաջորդելու համար Լեւոն Շանթին, որ մեռած էր 1951-ի նոյեմբերին: Արդէն բաւական տարիքոտ էր, գոնէ 70-նոց մը, որուն հասնողը բնական պայմաններու մէջ պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլար, սակայն մարդկային այդ իրաւունքը կանոնագրողը վստահաբար նկատի չունէր հայու այն տեսակը, որ ինքզինք պարտաւոր կը զգայ մինչեւ վերջին շունչն ալ վազվզելու, մէկ կողմէ՝ պահելու համար իր գլուխը, միւս կողմէ՝ պահելու համար իր ինքնութիւնը: Այս իմաստով ալ՝ Շանթի տարողութեամբ ու Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան”

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
– Է –

Տարիները անցան, եւ հասաւ 1953-ի դպրոցական ամավերջը:
Մայիսի աւարտին քանի մը օր մնացած՝ Ծառուկեան բացակայեցաւ դասերէն: Նախ ըսուեցաւ, թէ Կիպրոս գացած էր՝ այնտեղ դասախօսելու Սարդարապատի հերոսամարտի 35-ամեակի առթիւ: Սակայն յունիսին սկսան տարածուիլ այլ շշուկներ, թէ «պարոն Ծառուկեանը այլեւս դպրոց պիտի չգայ»: Շատ բան չէինք հասկնար այս բոլորէն, բայց մեր մաշկին վրայ կը զգայինք անոնց այրող խարանը. ոչ միայն հայոց լեզուի դասերուն չէր մտներ, այլ իր այնքան սիրելի կերպարը չէր երեւեր դպրոցի շրջափակին մէջ եւս: Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (3)”

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (2)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
– Դ –

Հայոց լեզուի մեր նոր դասագիրքը Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ն էր, որ այդ նոյն տարին մուտք գործած էր Լիբանան ու յատկապէս Ազգային վարժարանները` փոխարինելով մինչ այդ օգտագործուող «Արագած»-ի հոյակապ շարքը, որուն հեղինակներն էին Օննիկ Սարգիսեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը:
Մեր լաւ օրերն էին, եւ Հայոց լեզուի դասագիրքերը կը վխտային. գրեթէ ամեն համայնք ու գաղութ ունէր իր դասագիրքը: Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (2)”

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
— Ա —

Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն, անգրաճանաչ գեղջուկներ էին: Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրեւ հինգ զաւակներու վերջինեկ, աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝ արդի աշխարհաբարը եւ բարբառ մը. այս Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)”

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱՐԱԲԵՐԷՆՍ

Արաբերէնը մեծ բացական էր մեր դպրոցներուն մէջ եւս, ուր միայն սկզբունքով գոյութիւն ունէր ան: Այս «սկզբունքով»-ը ըսելու խաբուսիկ ձեւ մըն է, որ որեւէ իմաստ եւ բովանդակութիւն չունէր: Դասացուցակին վրայ նշանակուած էր ան՝ ճիշդ է, դասագիրք մըն ալ ունէինք մեր պայուսակներուն մէջ՝ ա՛յդ ալ ճիշդ է, սակայն այս բոլորին իմաստը չէինք ըմբռներ: Մեզմէ առաջ այդ իմաստը չէին ըմբռներ իրենք՝ արաբերէնի ուսուցիչները, որ կրթական նախարարութիւնը կը տրամադրէր: Continue reading “Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –”

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Ա –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ԴԵԼԼԱԼ ՊԵՏՐՈՍ

Մայիս 6-ի՝ Լիբանանի Նահատակաց տօնին առթիւ մեր թերթերէն մէկը գրած էր. «104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան… արաբական զարթօնքի մունետիկները»:
Քմծիծաղով մը հարց տուի ես ինծի, թէ ո՞վ ինչ հասկցաւ, քանի մունետիկին ի՛նչ ըլլալը գիտցող մնացա՞ծ է, մանաւանդ մունետիկ տեսնող եղա՞ծ է այս սերունդին մէջ, եւ եթէ այո՛, հապա ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, քանի անոնք՝ մարդկային այդ տեսակը շատ երկար ատենէ ի վեր անհետացած է մեր առօրեայէն: Continue reading “Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Ա –”