ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Ե.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՁՈՒԿԻՆ ԳԼՈՒԽԸ ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆԸ ՉԷ

Բայց մենք շատ պիտի ոգեւորուէինք, եթէ փլող տունը դպրոցներէն մէկնումէկը ըլլար: Քուներնիս կը փախէր, ու քոյրերս եւ ես կը խօսէինք, թէ հիմա ո՛ր տունը դպրոց պիտի ըլլայ, Լրջենց Գալոցի՞ն տունը, Սիրականի՞ն տունը, չէ, Եարալենց Նաթանին տունը…
Ու առտու կանուխ, մութուլուսուն կը վազէինք տեսնելու համար աւերակը: Կա՛մ տանիքի մէկ մասը չոքած կ՚ըլլար, կա՛մ մէկ կողմի արտաքին պատը…Կարեւորը՝ հոն մտնել արդէն վտանգաւոր էր: Ու կը վազէինք վերի ու վարի ճամբաներուն բերանը՝ եկող աշակերտներուն գուժելու, որ մեր կամ ձեր դպրոցը փլած է…
Աշակերտներուն մէջ ողբ մըն էր, որ կը սկսէր աւերակին դիմաց…
— Հիմա ի՞նչ պիտի ընենք, պապաս չի ձգեր, որ ձեր դպրոցը գանք…
Ի հարկէ, գոնէ Թրթըռ Նանարը` Վարի Եարալեան թաղէն, յաճախ յանդիմանած էր այր մարդիկը, որ դպրոցին հոգ տանին:
— Տանիքը ապար թափել ու լողել կ՚ուզէ, ամեն տեղ ջուր կը կաթի:
— Գերան մը փտեր կախուեր է, տանիքը չոքած՝ նորը զետեղել կ՚ուզէ:
— Դուռ ու պատուհանները փոխել կ՚ուզէ, հովը սենեակին մէջ կը խաղայ:
— Պատը ուռեր է, պիտի փլի, քակել-նորոգել կ՚ուզէ:
Անշո՛ւշտ, մէկնումէկը անպայման կու գար ձեռքէն եկածը կ՚ընէր:
— Հաւատս ելաւ(1), հոգիս բերանս եկաւ մինչեւ ցուիքի քարերը ետ տեղը դրի, — այդ տունը այլեւս չ՚ըլլար, հոն պզտիկներ մտցնել չ՚ըլլար, — կ՚ըսէր հաւատէն ելած(2), բարկացած:
— Թող փոխեն դպրոցը, տո՞ւն կը պակսի, — կ՚ըսէին ուրիշներ:
Ու այսպէս՝ մեր դպրոցները ամեն ձմեռ տեղ կը փոխէին մինչեւ որ մեր թաղին մէջ ա՛լ կանգուն տուն չմնաց:
Ու յանկարծ գիւղին մէջ վլվլուք մը փրթաւ.
— Մեսրոպեան վարժարանը նոր շէնք պիտի շինէ՝ Բարեգործականը պիտի օգնէ…
— Միացեալ վարժարանը նոր սրահ պիտի շինէ՝ Օգնութեան միութիւնը պիտի օգնէ…
Ո՞վ կը հաւատար… Բայց սուտը իրաւ կը դառնար, երբ Հալէպէն կամ Պէյրութէն կամ Եգիպտոսէն պատուիրակութիւն կը ժամանէր, փողկապաւոր, ակնոցաւոր մարդիկ, քննարկում կ՚ըլլար, տեղն ու չափը կ՚որոշուէր, կանխահաշիւի տետրակ կը բացուէր…: Դպրոցի քարէ պատերը պեթոնով պիտի ամրանային, իսկ տանիքն ալ երկաթ-պեթոնէ պիտի ըլլար, պատուհաններն ու դռները՝ նոյնպէս երկաթէ… Գիւղին մէջ այսպիսի շէնքեր տակաւին չկային: Ա՛լ գիւղացիները անհոգ պիտի ըլլային… Առաստաղի տախտակներն ու գերանները փտեցան, ծածկի հողը նօսրացաւ, տանիքէն ջուր կը կաթի, ցուիքը փլաւ ըսող պիտի չըլլար, մոռցէ՛ք, այս շէնքերը յաւիտեան կ՚ապրին…
Պատուիրատուները կ՚երթային գիւղի բարիքներով լիացած պարկերով, գիւղացիներուն հոգն ու վէճը կը մնար…
Որովհետեւ մոռցուած հարց մը յանկարծ կը պղտորէր ծրագիրը.
— Ի՜նչ կարիք կայ մէկ գիւղի մէջ երեք-չորս դպրոց պահելու:
Մարդիկ կը հաւաքուէին բողոքականաց եկեղեցւոյ բակին մէջ, թթենիին տակ: Սթալին վարժապետը ամուրի մարդ էր, կ՚ապրէր բողոքականաց դպրոցի սենեակներէն մէկուն մէջ: Անպաշտօն ժողովները հոն կ՚ըլլային:
— Ի՜նչ կարիք կայ մէկ գիւղի մէջ երեք-չորս դպրոց պահելու, միանանք:
— Մերը համայնքային դպրոց է, եղբա՛յր, — կ՚ըսէր Սթալինը, մենք որո՞ւն միանանք, աջի՞ն թէ ձախին, նախ դուք միացէք, եղէք առաքելական համայնքի դպրոց՝ մենք պատրաստ ենք: Այն ատեն կաթողիկէ վարժարանն ալ, որ կայ թէ չկայ՝ յայտնի չէ, կ՚երեւի որոշէ չըլլալ…
Մենք բոլորս ալ գիտէինք որ կայ երկու ճակատ՝ Յառաջդիմական՝ որուն կ՚ըսէինք Բարեգործական, եւ Ազգայնական՝ որուն կ՚ըսէինք Դաշնակցական:
— Միանանք …
— Ինչպէս թէ…, — կը մտմտային ոմանք, — մենք՝ ուրիշ, դուք՝ ուրիշ…
— Դպրոցը ի՞նչ կապ ունի մենքի եւ դուքի հետ, — կ՚ըսէր պզտիկ մօրուքով կիսաւարտ մելքոնեանցի մը, — գիւղին բոլոր հօտերը կը մակաղեն Քորքենց սարփին տակ, յետոյ ամեն այծ իր հօտին մէջ կը մտնէ կ՚երթայ. հովիւներո՞ւ չափ ալ խելք չունինք…
— Ծամտակնիդ(3) կը տեսնէք՝ միացում չէք տեսներ, այս գործը այսպէս եկեր է, այդպէս ալ կ՚երթայ, — կ՚ըսէր անտարբեր մը:
— Ա՛լ յոգնեցանք, — կ՚ըսէր մելքոնեանցին, — յառաջդիմական, ազգայնական, ասոնց իմաստը ի՞նչ է մեր գիւղին համար, յոգնեցանք այս գաղափարական պայքարէն, մեզի ինչ, մենք մեզի նայինք, մեր զաւակներուն, եկէք մէկ դպրոց շինենք, բոլորս հաւաքուինք մեր դպրոցին շուրջ…
Բոլորը հիացումով մտիկ կ՚ընէին անկարելի երազ մը մեկնելու դէմքով:
Յետոյ ոմանք կը քաշուէին ետեւի շարքերը ու կը քմծիծաղէին.
— Կիպրոսի էշը եկեր մեզի առաջնորդ ըլլալու:
— Ո՛վ չի գիտեր որուն տղան է, ասոր տակ խաղ կայ, ականջ մի՛ կախէք, — կ՚ըսէին միւս խումբին մէջ:
— Տնօրէնի պաշտօնը ապահովել կ՚ուզէ, — կ՚ըսէր ուրիշ մը:
Այսպէս թէ այնպէս՝ գիւղին մէջ արդէն շատ բան փոխուած էր: Շատ մը ընտանիքներ արդէն Քեսապ տուն վարձեր, իրենց փոքրիկները Քեսապի դպրոցները կը ղրկէին: Վերի կարգերու տղաք ու աղջիկներ ամեն օր մէկ-մէկուկէս ժամու հետիոտն ճամբայ կտրելով Քեսապ կ՚երթային: Հոն ալ նոյնն էր պարագան, չորս դպրոց կար, բայց շատէն քիչէն 70-80 աշակերտ կար, կէսէն աւելին՝ գիւղերէն եկած, կանոնաւոր դասարաններ, դաս ու դասացուցակ…Ինչ կը փոխուէր կացութենէն՝ եթէ շէնքերը շինենք, բայց բաւարար աշակերտութիւն չունենանք…
Մելքոնեանցին տուն-տուն կը մտնէր, դպրոցական տարիքի տղաքը կը հաշուէր, մէկ դպրոցի առաջարկը կ՚ընէր, դպրոցը գիւղը կը պահէ, մէկ դպրոց չունենանք՝ գիւղն ալ կը կորսնցնենք կ՚ըսէր…
— Ձուկը գլուխէն կը հոտի, — ըսողներ ալ կային, — մենք ինչպէ՞ս կրնանք դպրոցները միացնել, երբ Քեսապի մէջ եւս նոյնն է, Քեսապի մէջ ինչպէ՞ս կրնան միանալ, երբ Հալէպի մէջ ալ նոյնն է, յետոյ Պէյրութ… յետոյ չեմ գիտեր, թէ գլուխը ո՞ւր էր, բայց հաստատ որ Գարատուրանը չէր…
— Ո՛չ, մենք այստեղէն պիտի սկսինք մաքրուիլ, — կ՚ըսէր մելքոնեանցին:
Այդպէս կ՚ըսէր, բայց բան չէր փոխուեր, միայն թէ իր մօրուքը աւելիով կ՚երկննար, նոր ծաղրանուններ կը կախէին կռնակէն, գիւղացիներուն ծաղրածուն կ՚ըլլար, նոյնիսկ վարժապետ մըն ալ ըլլալու բախտի դուռը կը փակուէր անոր առջեւ… ու խաղէն դուրս կը մնար…
Մարդիկ լաւ կը հասկնային, որ շուտով գիւղին մէջ դպրոցները պիտի մնային առանց աշակերտի, դպրոցները պիտի փլէին ներսէն, բայց շէնքը պէտք է կառուցուէր…
— Դպրոց չեղաւ՝ ակումբ կ՚ըլլայ, ակումբ չեղաւ՝ ամառնային ճամբար կ՚ըլլայ հալէպցի պզտիկներուն, անոնք ալ չեղան՝ շէնքին ինչ կ՚ըլլայ, շինենք՝ թող մնայ…
Խօսեցան, վիճեցան, չափեցին-չափչփեցին, օր մըն ալ ելան Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին հիմը ձգեցին. վերի թաղին մէջ՝ հայրենադարձի մը տունը Միացեալի դպրոց եղաւ, քովն ալ Միացեալի սրահին հիմը նետեցին «Արիւնոտ դրօշ»ով:
— Մենք շինարար ժողովուրդ ենք, — ըսին կռնակ կռնակի տուած, երբեք իրարու երես չնայեցան, իրարու ձեռք չսեղմեցին:

ԻՆՉ ԵՂԱՆՔ-ՉԵՂԱՆՔ՝
ՄԷԿ ԷԻՆՔ, ԵՂԱՆՔ ԵՕԹԸ…

— Միացում չ՚ըլլար, ժողովուրդ, ի զուր կոկորդ կը պատռէք, — կ՚ըսէր Կեկիւսիկ հալեւորը գիւղին երեք դպրոցները աւելորդ նկատողներուն, — մերը ֆրանգի հիւանդութիւն է, մոնփէրները եւ միսիոնարները մեր մէջ դրին, չէ բուժուած, պիտի չբուժուի, ժառանգական դարձաւ:
Կեկիւսիկ հալեւորը վերի թաղին մէջ, հսկայ դափնիներու բուներուն միջեւ ամառնային կացարան ունէր: Կէսօրուան տապին շատեր կու գային հոն, կը նստէին, կը զովանային ու մանաւանդ կը զուարճանային անոր սուտլիկ պատմութիւններով: Կռնակը հարիւրին տուած, գնտլիկ ծերուկ մըն էր: Անոր զիլ ձայնը հեռուները կը հասնէր: Կը կարծէր, որ մարդիկ հեռու են իրմէ, ատոր համար բարձր կը խօսէր. չէինք հաւատար, որ չի տեսներ, որովհետեւ երբ մօտենայինք բակին՝ «Որո՞ւն տղեկն է ասիկա, — կը հարցնէր, — եկո՛ւր, տղաս, եկո՛ւր, տեղ բացէք տղուն, բարձ տուէք տղուն» կը հրահանգէր ժպտուն բառերով ու կ՚ըսէր.
Կտրած ընկոյզս փուտ է,
Ամեն ըսածս սուտ է,
Ան սուտ է, ատ սուտ է,
Օձը ուղտ մը կլլեր է,
Ասի՞ ալ սուտ է:
Կ՚ըսէր ու կը խնդար;
Ոմանք կը սիրէին գրգռել իր զգացումները, քրքրել իր ապրած ու մեր չտեսած տարիներու յիշողութիւնները: Կեկիւսիկ պապուկը կը պատմէր ոտանաւոր արտասանելու պէս.
— Փրոթեսթանները եկան՝ բաժնուեցանք, կաթոլիկները եկան՝ բաժնուեցանք, լաթինները եկան՝ բաժնուեցանք…Մէկ էինք՝ չորս եղանք:
Չէ՛, այդ մէկը սուտ չէր կրնար ըլլալ: Բառամթերքը մենք գոց գիտէինք, որովհետեւ մենք ալ տակաւին, ինչպէս Կեկիւսիկ հալեւորը իր մանկութեան, մեր խաղերու վերջաւորութեան ճագար(4) կոչուող խօսքեր ունէինք: Ճագար կ՚արտասանէինք պարտուողը աւելի բարկացնելու, հաւատէն հանելու համար, որպէսզի նոր խաղը աւելի բուռն սկսի: Գիտէինք ով էրմանա է, այսինքն՝ լուսաւորչական, ով փրոթեսթան, այսինքն՝ բողոքական, ով քաթուլա, այսինքն՝ կաթողիկէ: Լուսաւորչականները բարկացնելու համար կը կանչէինք «էրմանա, կէրմէր իմանա»: Բողոքականները բարկացնելու համար կը կանչէինք «Փուրտուսթան, բուրուտ բուստան», կաթողիկէները կատղեցնելու համար «Կաթոլիկ լիկ լիկ, պիր չուալ իփլիկ»: Կարմիր եմենին աջ ու ահեակ չունեցող կօշիկն էր, ծայրայեղ յետամնացութեան նշան. բորոտ բոսթանին ինչ ըլլալը մենք ալ չէինք հասկնար, բայց բողոքականները այդ արտայայտութենէն այնպէս կը ճռնտէին, ինչպէս կովինտի(5) բզզոցը լսած մեր գիւղի նախիրը. մէկ տոպրակ դերձանն ալ հաւանաբար կաթոլիկ մոնփէրներուն մէջքին կապած ու փէշին հետ օրօրուող երկար պարանն էր…
— Բաժնուեցանք՝ լաւ եղաւ, — կ՚ըսէր դրացի Հաննան, — ծառը չի մեծնար, եթէ չճիւղաւորուի:
— Թող այդպէս ըլլայ, — կ՚ըսէր Կեկիւսիկ հալեւորը, — բայց ճիւղաւորուելով ինչ հասկցանք, մեռելները բաժնեցինք իրարմէ, եկեղեցիներ շինեցինք՝ տանիք չունեցան, դպրոցներ շինեցինք՝ աշակերտ չունեցան… Մենք այդպէս եղանք:
Հապա՜, մենք գիտէինք, որ բողոքականները առանձին գերեզմանատուն ունին, իրենց մեռելները մեր գերեզմանատան մէջ չէին թաղեր, կամ մենք չէինք արտօներ, գիտէինք թէ քանի՛ գիւղի մէջ մեծ-մեծ եկեղեցիներ անտանիք մնացած են կամ լքուած, քանի քանի դպրոց ախոռի վերածուած…
— Ըսել կ՚ուզես մենք բան չշահեցա՞նք, — կ՚ըսէր Հայկուհի լելոյը ճագար ընելու պէս…
— Ինչ պիտի շահէինք, ատելութիւն, ժառանգական ատելութիւն, — կ՚ըսէր Կեկիւսիկ հալեւորը, — հա՛, կիսատ մնացած եկեղեցւոյ տանիքը ծածկելու հոգ, դպրոցին համար աշակերտ գողնալու մտմտուք, ինչ պիտի շահէինք…
— Սո՛ւս եղիր, մարդս, — կը բարկանար պառաւը, — ինչե՛ր կը խօսիս, տղաքդ կազեթաներուն մէջ ինչ լաւ բաներ կը կարդան:
— Ես իմ տեսածս գիտեմ, ուրիշին գրածը ինծի ինչ, —կ՚ըսէր Կեկիւսիկ հալեւորը, — այնքան բան տեսայ, որ աչքերս յոգնեցան, այլեւս չեմ տեսներ, — կ՚աւելցնէր խնդալով:
Կեկիւսիկ հալեւորը նոր ամուսնացած կ՚ըլլայ, երբ գիւղի մարդիկ գիշեր մը գաղտագողի կը հաւաքուին մէկտեղ, օտարական մը հայերէն ճառ կը խօսի , ուրիշ մը կը թարգմանէ, խանդավառութիւն կը ստեղծուի, բոլորը կ՚անդամագրուին, Կեկիւսիկն ալ կը գրուի ու կը վերադառնայ տուն: Կինը դուռը չի բանար:
— Կնիկ, դուռը բաց, այսօր բան մը գրուեցայ, — կ՚ըսէ;
— Բողոքական գրուեցար… չեմ բանար դուռը, գնա՛, — կ՚ըսէ կինը:
—Չէ, կնի՛կ, ինչ բողոքական, ինչ բան…
—Կաթոլիկ գրուեցար… չեմ բանար դուռը, գնա՛, — կ՚ըսէ:
— Չէ, կնի՛կ, ինչ կաթոլիկ, ինչ բան…
— Ուրեմն լաթին գրուած ես, կորսուէ գնա, — կ՚ըսէ:
— Չէ, կնի՛կ, ինչ լաթին, ինչ բան, ուրիշ բան էր, — կ՚ըսէ:
— Մինչեւ չգիտնամ՝ չեմ բանար, — կ՚ըսէ կինը, — գնա նայէ ինչ գրուած ես:
Կեկիւսիկ փեսան կ՚երթայ վերի թաղ, Տէր Պետրոսը կ՚արթնցնէ, կը հարցնէ,
— Տէրպա՛պ, այդ մարդուն գրածը ինչ էր, ըսէք որ կինս դուռը բանայ, քովը մտնեմ, կնիկէս պիտի ըլլամ:
— Գնա կնկանդ ըսէ , ա՛լ էրմանա, քաթուլա, լաթին, փրոթեսթան չմնացին, բոլորս հայ ենք, հնչակը այդպէս կ՚ըսէ, — կ՚ըսէ տէր հայրը, — դուն հնչակ գրուեցար ըսէ կնկանդ:
Կեկիւսիկ հայ բառին ծանօթ էր Տէր Պետրոսի աղօթքներէն, թէեւ անոր ալ ինչ ըլլալը չէր հասկցած երբեք, նորը հնչակ բառն էր, որ կրկնելով-կրկնելով կու գայ տուն, դուռը կը բախէ:
— Կնիկ, դուռը բաց, — կ՚ըսէ, — ա՛լ էրմանա, քաթուլա, լաթին, փրոթեսթան չմնացին, բոլորս հայ ենք, հնչակ գրուեր եմ, հնչակ, հնչակ…
—Այդ լաւ բան մը կ՚երեւի, — կ՚ըսէ կինը ու դուռը կը բանայ, «շնորհաւոր ըլլայ, բարի ըլլայ» ըսելով:
— Այդպէս չըսի՞ր, կնիկ, — կը հարցնէր Կեկիւսիկ հալեւորը պառաւին:
— Հա՛ մարդս, հա՛, այդպէս ըսի, գիտնայի ինչ ըլլալը՝ նորէն ալ դուռը չէի բանար:
— Ու եղաւ սէր-միութիւն, ազգիս հայոց ազատութիւն, — կ՚ըսէր Հայկուհի լելոյը:
— Համբերէ, քոյրս, մի՛ աճապարեր, — կը բարկանար Կեկիւսիկ հալեւորը, — երբ հնչակ կայ՝ դաշնակ ալ պէտք է, նորէն կիսուեցանք, բաժնուեցանք, մէկը ըսաւ «Գարատուրանը ծովից ծով Հայաստանի մէջ», միւսը ըսաւ «Սթանպոլը պիտի լինի արեան ծով»: Օսմանցին տուն տուն մեծ զօրահաւաք ըրաւ, յետոյ ղրկեց աքսորի հրաման: Բողոքականները ըսին՝ «Միսիոնար Հըրթըրը ըսաւ՝ մեզի համար չէ», լատին-կաթոլիկները ըսին՝ «Փէր Սապաթինոն ըսաւ՝ մեզի համար չէ», հրամանը մնաց մեզի. Տէր Պետրոսը հաւաքեց իր ժողովուրդը՝ ըսաւ՝ «Լեռը կ՚ելլենք կը կռուինք»: Քեսապէն մեծեր եկան՝ ըսին «Ժողով ըրինք, մենք պետութեան հաւատարիմ քաղաքացիներ ենք, չ՚ըլլար լեռ ելլել»: Վերջապէս քանի բաժին էինք՝ այդքան անգամով անապատները քշուեցանք՝ զէնքերը ջրհորներուն մէջ պահելով: Առաջինները քշեցին տարին մինչեւ Յորդանան, միւսները ցրուեցին Համայէն Նապըք ու մինչեւ Թատմոր, վերջինները անհետ եղան Տէր Զօրէն անդին…
Ա՛լ մարդ հոգի չէր ունենար ճագար ընելու: Բոլորը կը լռէին: Բոլորը կը յիշէին իրենց կորուսեալները: Լռութեան մէջ Կեկիւսիկ հալեւորը կը շարունակէր իր մենախօսութիւնը:
— Փշուր-փշուր տուն դարձանք: Մնացածը-չմնացածը իրարու ձեռքէն խլելու սկսանք, տէր դառնալու համար իրարու կոկորդ սեղմեցինք, զէնքերը ջրհորներէն հանեցինք՝ իրարու դէմ ուղղեցինք… Ոմանք փախան գացին Պաղտատ, Հայֆա, Եաֆա, Սկէնտէրուն, ամենէն մօտը՝ Պէյրութները… Գացողին ետեւէն ըսինք՝ վարակ մը պակսեցաւ: Շատը գնաց Հայաստան, հոն ալ պոլշեւիկները այդ հիւանդութիւնը բերեր են, ինչ եղան չեղան՝ Աստուած գիտէ, ազգի թշնամի, հնչակ շուն, դաշնակ շուն, լրտես, գործակալ…: Ասիկա տեսակ մը ժանտախտ է, մեր մէջ մտաւ, անցաւ որդւոց որդի…
Կեկիւսիկ հալեւորը գիտէր, որ չափը անցուց: Մարդիկ եկեր են քովը խնդալու համար: Կը դառնար իր սուտլիկ հեքիաթին:
— Հա, — կ՚ըսէր, — ի՛նչ եղանք-չեղանք՝ մէկ էինք՝ կոտորուելէն կոտորուելէն եղանք եօթը, մէկը՝ կոյր, մէկը՝ խուլ, մէկը՝ թլուատ, մէկը՝ կաղ, մէկը՝ անձեռ, մէկը՝ մերկ, մէկը՝ անգլուխ. նորէն ելանք մարտի, գացինք, շատ գացինք, քիչ գացինք՝ լեռն ու ձորը համ-հարթ ըրինք, ետեւ նայեցանք՝ որ դեռ հոն ենք, ուր էինք…:
Ան սուտ է, ատ սուտ է, ասի՞ ալ սուտ է:

ԴՈՒՐՍԸ ՁԱԳՈՂ ԾԻՏԵՐԸ

Վիքի քոյրս նախակրթարանը աւարտեց, երբ տասնմէկ տարեկան էր:
Մայրս կ՚ըսէր, թէ ես քրոջմէս մէկ տարիով ու մէկ ամիսով, բայց իմ գիտցածովս ՝ չորս դասարանով փոքր էի:
Մայրս կ՚ուզէր, որ քոյրս անպայման ուսումը շարունակէ:
Քեսապ բարձրագոյն վարժարան չկար, բայց անոր կարիքը հարիւրամեակ մը հնութիւն ունէր: Գործած էին տասնամեակ մը, երկու, յետոյ խափանուած էր անոնց ընթացքը: Հիմա Միացեալ-Ուսումնասիրացը կը փորձէր գոնէ միջնակարգ մը պահել, բողոքականներն ալ կը վերաբանային, կը հասնէին մինչեւ ութերորդ-իններորդ դասարան՝ երկուքն ալ կը սմքէին, չէին կրնար գոյատեւել: Ոչ բաւարար աշակերտութիւն կրնային ապահովել, ոչ ալ կրթական համապատասխան մակարդակ, որ գոհացնէր պետութան պահանջները: Հիմա աւելի սուր կը դրուէր միացեալ երկրորդական վարժարանի մը կարիքը, բոլորը իրենց աշակերտները հոն պիտի ուղարկէին անվերապահօրէն: Բոլորն ալ նոյնը կը կրկնէին՝ «միանանք», աւելի ճիշդը՝ «միացէք ու ձեռքերնիդ քաշեցէք»: Ի հարկէ օր մը այդպէս պիտի ըլլար թերեւս, երբ համայնքներն ու ճակատները մէկիկ-մէկիկ տերեւաթափի ենթարկուէին, բայց հարց էր, թէ գիւղը ի՛նչ վիճակով պիտի հասնէր այդ օրուան. տերեւաթափը հասկցանք, ծառը չչորնար…
Տարեկան 80-100 հոգի Քեսապէն կը հեռանար ուսման համար, քանի քանի ընտանիք կը տեղափոխուէր Լաթաքիա, Հալէպ, Պէյրութ՝ զաւակներու ուսման համար, քանի քանի ընտանիք կ՚երկփեղկուէր: «Քեսապը ուսման ճամբով պիտի պարպուի» ըսողներ կային:
Իսահակ եւ Տիգրան Սարաֆեան եղբայրները տեղացի չէին, սրտցաւ հայեր էին, թերեւս իրենց կորսնցուցած հայրենիքի կարօտը Քեսապով կը մեղմէին, ով գիտէ: Մէկը քաղաքապետարանի քարտուղարն էր, միւսը՝ արաբերէնի պետական ուսուցիչ տեղւոյն հայկական վարժարաններուն: Երկու եղբայր մէկ եղան, ճարը-ճուրը գտան, իրենց ապրած շէնքին մէջ պետական երկրորդական վարժարան բացին՝ ապահովելով նաեւ հայեցի կրթութեան եւ հայերէնի ուսուցման նախապայմանները…: Այս անգամ բոլոր համայնքներն ու ճակատները մէկ դէմ ելան՝ եղածը ազգային դաւաճանութիւն համարելով…: Հապա՜…: Բոլորը աշխատեցան, որ շրջանաւարտները արտասահման ելլեն ուսման համար, ու Սարաֆեաններուն աշակերտ չմնայ…
Քրոջս հարցով մենք աշխարհի բոլոր գիշերօթիկ ճեմարանները ճանչցանք . Անթիլիասը դպրեվանք էր, Զմմառը դպրեվանք էր, Ս. Ղազարը դպրեվանք էր, Վիէննան դպրեվանք էր, Երուսաղէմը դպրեվանք էր. հա՛, հատ մըն ալ կար՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարան: Այսինքն՝ այսքան հաստատութիւն հայ տղաքը վաղուան հոգեւոր ծառայութեան կը պատրաստէին… Արդէն գիտէինք, այդ դպրեվանքերէն ելլող քեսապցի տղաքը կա՛մ տէրտէր-վարդապետ-պատուելի կ՚ըլլային, կա՛մ կարսոն-սպասեակ, կամ ալ շատ-շատ՝ վարժապետ…
— Մայրապետանոց չկա՞յ, — կը հարցնէր քոյրս:
— Այդ էր պակաս, — կ՚ըսէր մայրս, — կայ, բայց մեզի պէտք չէ:
Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեանն ալ մանչերու վարժարան էր: Ի՞նչ մնաց:
Մայրս վազեց Քեսապի պատուելիին քով. Ալեփփօ Գոլէճին Քեսապի յատկացուած տեղերը համայնքի շրջանաւարտները գրաւեր էին, Այնճարի գիշերօթիկի աղջկանց բաժնին մէջ տեղ չէր մնացած: Ցաւօք, ի հարկէ՝ կը ներես:
Վազեց Քեշիշ Միսաքին քով, Հալէպի ճեմարանը գիշերօթիկը փակելու հարց ունի. Պէյրութի Ճեմարանէն տեղեակ չէ…: Ցաւօք, ի հարկէ՝ կը ներես:
Անշուշտ, ասոնք քաղաքավար տեսակի մերժումներ էին…: Ոչ ոք պիտի ըսէր՝ մեր համայնքէն չէ, հայրը մեզմէ չէ, հայրը մէկը չէ…
— Դեռ շատ պզտիկ է, մէկ-երկու տարի ալ Քեսապի նախակրթարանը ղրկէ, նորէն հինգերորդ-վեցերորդ ընէ, յետոյ բան մը կ՚ընենք, — ըսեր են Բարեգործականէն:
Քրոջս վրայէն գնաց, այսինքն՝ առիթը չունեցաւ Քեսապի նախակրթարաններէն մէկն ալ վայելելու: Ես յետոյ Գարատուրանի նախակրթարանը աւարտելէ ետք, արաբերէնս զօրացնելու պատրուակով Քեսապ գացի, հինգերորդ նստայ, վեցերորդը աւարտեցի՝ դպրոցի բարձրագոյն միջինը բերելով: Ուրիշ բան կրնա՞ր ըլլալ…: Բայց քրոջմէս վեց դասարան ետ մնացի:
— Դպրոց գացողը իմ աղջիկս է, ան ընելիքը ըրեր է, ահա՛ վիճակացոյցը, ահա՛ վկայականը, չէք հաւատար՝ քննութիւն ըրէք, աղջկաս ճամբան մի՛ գոցէք, — պնդեր է մայրս՝ դանակը ոսկորին հասածի պէս:
Ու Կիպրոսի Մելքոնեանը ընդունեց քոյրս:
Պատրաստուեցանք ու քրոջս պայուսակը իշուկին բեռնալով մութուլուսուն ճամբայ ելանք ու միացանք Ծովու թաղէն Յովսէփ Աբոյեանին եւ անոր երկու տղոց. Սերոբը Մելքոնեան կ՚երթար՝ տասերորդ դասարան էր. Ժանոն՝ Այնճարի գիշերօթիկը: Սերոբ քրոջս կը բացատրէր, թէ եօթերորդ դասարանին ինչ նիւթեր պիտի անցնի եւ թէ հոգ չընէ՝ հիանալի ուսուցիչներ կան այնտեղ: Վարի թաղերէն, վերի թաղերէն քանի-քանի Մանասներ, Աւոներ, Յակոբներ միացան մեզի:
Հասանք Քեսապ: Գառնիկին պասը մեկնողներուն պայուսակները տանիքը կը տեղաւորէր: Որքան շատ դպրոցականներ կային, տղաք ու աղջիկներ: Բոլորին ճամբաները Լաթաքիայէն պիտի բաժնուէին, ոմանք՝ Հալէպ, ոմանք՝ ծովու ճամբով պիտի երթային Կիպրոս, ոմանք՝ Պէյրութ, անկէ ոմանք Զմմառ, Այնճար, Երուսաղէմ…
Մելքոնեանցի Շաքէ Պասմաճեանն ու Ովսաննա Փոլատեանը կը գգուէին քոյրս, մննիկ քոյրս: Այս Երկուքը մեծ օրիորդներ էին, 12-րդ կարգէն: Կը մտածէի, օ՜, տասներկուերորդ կարգ ալ կայ եղեր, ես դեռ երկրորդ եմ, դեռ ուրեմն …հաշուեցի… տասը տարի… Քոյրիկիս հաշիւը չկրցայ ընել,12-էն եօթը հանել չկրցայ…:
Ժոզէֆ Պասմաճեանն ու Ստեփան Եագուպեանը ձեռնուեցան Յովսէփ Աբոյեանին հետ ու քաշուեցան պատին տակ մտերմիկ զրուցելու: Ուսումնասիրաց վարժարանի տնօրէն Պասմաճեանը եկած էր Շաքէ դուստրը Մելքոնեան, իսկ միւս շրջանաւարտները Հալէպի եւ Պէյրութի ճեմարանները ուղեւորելու, Բարեգործականի դպրոցի տնօրէն Ստեփան Եագուպեանն ալ եկեր էր յատկապէս մելքոնեանցիները ճամբու դնելու: Հայրս կը յարգէր այդ մարդիկը:
Հանդիսաւոր քայլերով, սեւ տարազով, ամերիկեան սեւ գլխարկով եկաւ Քեսապի Պատուելին, որ այնքան շատ ուսանողներ ունէր Ալեփփօ Գոլէճ եւ Այնճար ուղարկելու համար: Հասաւ Էքիզօլուք եւ Քէօրքիւնէ եկեղեցիներու պատուելին եւս, որ տագնապած էր վաղը թէ միւս օրը իր գիւղերու ուսանողները ուղղակի Այնճար հասցնող միջոցի մը փնտռտուքով: Քանի մը տղոց հետ եկաւ նաեւ կաթողիկէներու վարդապետը:
Դիմացի մայթին կեցած էր Քալաք ամոն, հսկայ, պատի պէս մարդը, որ մեկնող տղոց հետ հաւասարէ հաւասար կը խօսէր: Իմ պապիքոյրիս ամուսինն էր: Մեր բարբառով՝ կնքահօր պապ կ՚ըսեն, իսկ պապի քրոջ՝ պապիքոյր: Լսած էի, որ Քալաք ամոն ամեն առտու կայարան կու գայ Քեսապէն մեկնողները հաշուելու, եւ երեկոյեան՝ վերադարձողները:
Քալաք ամոն մօտեցաւ ու Գառնիկին դառնալով ըսաւ.
—Ինչ է, այսօր պարապ պիտի վերադառնաս Լաթաքիայէն:
—Այս շաբաթ այսպէս է, աշակերտներ են, — պատասխանեց Գառնիկ ու յետոյ, հաւանաբար զգալով, թէ ո՛ւր կը տանի Քալաքի խօսքը՝ աւելցուց, — հոգ մի՛ ըներ, Յունիսին մէկ-մէկ բոլորը ետ կը բերեմ:
— Ասոնցմէ շատերը դուրսը ձագող ծիտեր պիտի ըլլան, — ըսաւ Քալաք ամոն ու դարձաւ երեք մարդոց, որ յայտնապէս կը սպասէին, որ Քալաք ամոն զիրենք բարեւէ:
— Ասիկա ոճիր է Քեսապի համար, — ըսաւ ան, — այսքան սերունդ դուք ճամբելու եկեր էք: Գլուխ ջարդեցէ՛ք, սա Քեսապնիս փրկեցէք: Մէյ մը նայեցէք սա հոգեւոր հայրերուն, յուղարկաւորութիւն է կարծես, նայեցէք որքան գոհ են, որ այսքան սերունդ արտասահման կը ղրկեն թաղելու:
— Սո՛ւս եղիր, — ըսաւ Յովսէփ Աբոյեանը, — այդպէս չեն խօսիր պզտիկներուն առջեւ, Աստուած հետերնին ըլլայ կ՚ըսեն, յաջողութիւն կը մաղթեն:
— Բարի վերադարձ ալ կը մաղթեմ, Յովսէփ, — պատասխանեց Քալաքը, — ու դառնալով միւսերուն՝ըսաւ.
—Հիմա եթէ այս ձագերը հոս երթային ուսման՝ դուք չէի՞ք ուրախանար, գիտեմ, հիմա արիւն կու լաք ներսէն, բայց բան մը ըրէք, վաղը ուշ պիտի ըլլայ արդէն:
Ստեփան Եագուպեանն ու Ժոզէֆ Պասմաճեանը գլուխները իրարու թեքած կը նայէին Քալաք ամոյին, իրե՞նք անճար էին, թէ՞… Թերեւս կը մեղքնային Քալաք ամոյին:
Ես կը հասկնայի՞ արդեօք, որ այս հիանալի մարդիկ ակումբի մէջ իրարու չէին կրնար հանդիպիլ, իրարու դպրոց չէին կրնար այցելել, ասիկա այն բացառիկ առիթներէն մէկն էր քով քովի գալու եւ իրենց վստահուած սերունդին ապագայով լռելու չափ տագնապելու:
Քալաքին օգնութեան հասաւ Նեւտոնը, խոշոր գլուխով մարդ մը, որ ընտանիք չունէր, բայց բոլոր քեսապցիները իր հարազատները կը նկատէր:
—Հասկցէք, — կ՚ըսէր երեք մարդոց, — ուսումն ու կրթութիւնը Քեսապի թշնամիներն են, անոնց համը առնողը Քեսապ չի վերադառնար, ո՞ւր են մեր բժիշկները, ատամնաբոյժները, ակնաբոյժները, ճարտարապետները, հիւանդապահուհիները, նոյնիսկ քահանաները Քեսապէն փախչիլ կ՚ուզեն: Գոնէ արհեստի վարժարան մը բացէք, մեզի պէտք եղող բաներ սորվին, հոս մնան աշխատին…
Գառնիկի պասը դո՜ւթ ըրաւ: Բեռնակիր Չիլփազ Ալպերթը պարանը հաւաքեց, փաթթեց մէջքին: Ողջերթի եկողները քաշուեցան պատին տակ, փղձկումներ լսուեցան: Մարդոց աչքերը տամկացան: Մայրս ձեռքի թաշկինակով բերանը գոցած էր: Պասին մէջ տեղ չկար: Մննիկ քոյրիկս Շաքէի եւ Ովսաննայի մէկական ծունկը գրաւած նստած էր ու ձեռք կը շարժէր մեզի:
Մեր գիւղերը կը պարպուէին. բոլորն ալ տխուր էին մեր գիւղական ամայացող ճամբաներուն համար: Թերեւս Սուրիոյ բոլոր գիւղերն ալ այդ ճակատագիրը ունէին այդ տարիներուն:
— Մեզի ինչ, Քեսապը գաղթակայան չէ, որ պարպենք, — կ՚ըսէր Նեւտոնը:
Քալաք ամոն ալ լուռ էր. ափով ուսս սեղմած կը հետեւէր հեռացող պասին: Ով գիտէ ի՛նչ կը մտածէր: Ունէր հինգ մանչ զաւակներ, որոնք յետոյ յաջորդաբար մեր բոլոր դպրեվանքերուն բախտ եղան, օծուեցան վարդապետ, եպիսկոպոս, քահանայ, մէկը դարձաւ երկրաչափ, բայց միայն Վրէժը վերադարձաւ հայրական տուն ու բանաստեղծութիւններ գրեց Քեսապի մասին:
Հոս եկուոր չենք մենք ուրիշ երկիրներու հայոց պէս.
Մենք մասնիկներն ենք մեր ճոխ հայրենաւանդ Քեսապի,
Որուն հպարտ լեռներուն խորհուրդին մէջ այնքան վէս
Դեռ կը փթթին լուսաւէտ մեր տենչերը գալիքի:
— Օ՞մ հէսիս (Որո՞ւն կ՚ըսես), — կ՚ըսեն քեսապցիները:

ՏԻ ԿԵՆՆԱ — ԱՍԻԿԱ ԴՐԱԽՏՆ Է

Նորանկախ երկրին մէջ ծայր առած փոթորիկին շունչը հատնելու երես չունէր: Յեղաշրջումները մէկը միւսին կը յաջորդէին: Կուսակցական հակամարտութիւնները իրենց բովին մէջ կլաներ էին բոլորը: Պատերազմ, որուն մասին կը պատմէին մեծերը, չկար, բայց աշխարհը մաղի վրայ էր. մէկ Արեւմուտքը մաղը իր կողմ կը քաշէր, մէկ Արեւելքը իր կողմ կը քաշէր. մաղին մէջ ինկողներուն միջեւ գզուըրտուք մըն էր՝ մէկ աջ, մէկ ձախ: Հոս ալ մեծեր կային ու փոքրիկներ: Թէ՛ մեծին կամքով կը խաղային, թէ՛ փոքրերը կը խաղցնէին: Մենք ալ այդ ամենէն փոքրերէն էինք. անգամ մը յառաջդիմականները կ՚ոգեւորէին մեզ, խրախճանքներ կը կազմակերպէին Չալմայի սօսիին տակ, անգամ մըն ալ պահպանողականները՝ Չինարի սօսիին տակ: Հերթական յեղաշրջումէն ետք դերերը կը փոխուէին:
Հայրս կը բարկանար, կ՚ըսէր.
— Վայ խեղճ ժողովուրդ, ամեն մարդ թակը առած ուրիշի սանդին մէջ իր հերիսային ցորենը ծեծել կը կարծէ…
— Ասոր վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, — կը հարցնէր Սարգիս հօրեղբայրս:
— Մեծերը ծեծածը պիտի տանին հերիսան վայելեն, իսկ թակերն ալ մեր գլխուն պիտի կոտրեն, — կը պատասխանէր հայրս:

Ու առտու մըն ալ տեսանք, որ Եգիպտոս եւ Սուրիա ստեղծած են Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւնը: Միութիւն: Հիմա բոլոր պզտիկներուն դերերը նոյնացեր էին: Զօրակցութեան հաւաքներուն մէջ բոլորը միատեղ ու միաբերան պէտք է ըլլային: Գզուըրտուքին՝ վերջ:
Դպրոցները յայտարարեցին, որ վաղը չէ միւս օր Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան հաստատման առթիւ Քեսապի մէջ մեծ հաւաք պիտի ըլլայ, պետական հիւրեր պիտի գան, Խոդի հրապարակը պիտի զարդարուի կամարներով, դպրոցները պիտի մասնակցին. հետեւաբար վաղը երեք դպրոցներու վերի կարգերու տղաքն ու աղջիկները ծաղկաքաղի պիտի երթան լեռները, ծաղիկներ հաւաքեն, որպէսզի Քեսապի հրապարակին մէջ մեր կամարը ծաղիկներով զարդարուի:
Որքան ուրախ էինք արձակուրդին համար:
Ու աւելի ուրախ, որ երեք դպրոցներով ծաղկաքաղի պիտի երթայինք:
Ու լեռները ինկանք: Տարուան այդ եղանակին մեր գիւղի հարաւի շղթան այնքան ծաղկառատ կ՚ըլլար, սարի ծաղիկը գորգի պէս բացուած փռուած կ՚ըլլար նեղ դարաւանդներու պատերուն տակ, հաւկտենիի թուփերը գրկելդ կու գար Եարալենց զառիթափերուն վրայ: Հովուածաղիկը, գառան դմակը, գայլածաղիկը ամեն ծերպէ քեզ աւելի բարձր տեղերը կը կանչէին: Անտառին մէջ կարմիր ծաղկած ծառերը հրդեհ ստեղծած էին հոս ու հոն: Տաուլայի կարմիր լալան առկայծ ճրագի պէս կը փայփլէր դափնիներու ծմակ պուրակներուն մէջ:
Քարայծի նմանող մեր տղոց կանչերը կը լսուէին այս կամ այն ցից ժայռի գագաթէն: Անոնք լաւ գիտէին կածանները, որովհետեւ շատերու հայրական կալուածները այս կողմերն էին: Ամրան՝ գիւղի նախիրը այս կողմերը արածելու կը բերէինք առտուընէ մինչեւ արեւմար: Քարափներու գագաթէն վարը սաւառնող արծիւներուն վրայ քար կը նետէինք: Ինչպէ՜ս կարելի պիտի ըլլար զսպել մեր վերելքը մինչեւ Կետիկի իւը(6) եւ դեռ անկէ անդին: Տղաքը կը վազէին Պառաւի ջրհորին կեչուտներուն տակ ալիք-ալիք փրփրած նարգիզ ժողվելու: Սալտրանի քարափներուն տակ մանուշակի թաւշեայ վերմակներուն վրայ նստած աղջիկները կ՚երգէին իրենց նոր-նոր սորված երգերը ու սիրուն-սիրուն կը փնջէին մանուշակները:
Ես հասեր էի Սալտրանի գագաթը: Լեռան միւս լանջէն ալ տղոց ձայներ կը լսուէին: Վարի եւ Վարի Պաղճաղազ գիւղերու դպրոցականները ըլլալու էին: Անոնցմէ մէկն ալ յայտնուեցաւ գագաթին վրայ: Ծանօթացանք: Պաղճաղազ գիւղէն Զաւէնն էր: Դասակից էինք: Ժայռի մը գագաթին վրայ ելած դիտեցինք աշխարհը: Հեռուն, ծովուն կապոյտին մէջ խրուած էր Պասիթի հրուանդանը, ահա եւ Գարատուրանի ահռելի ձորը: Զաւէնին ցոյց տուի Տունակ լերան ուղտի սապատը, մեր ծովածոցը, փորձեցի բացատրել մեր թաղին տեղը, եկեղեցին՝ կարմիր տանիքով, արեւելքին լեռներ ու լեռներ, եւ հիւսիսը՝ Կասիոսը, որ վարէն այնքան բարձր չէր երեւեր, որքան այստեղէն…: Հիմա չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ գիտէինք մենք այդ օրերուն, որ մենք մեզ պատկերացուցինք Փոքր Մասիսի գագաթին…: Իջանք, հարթութեան մը մէջ քարեր դիզեցինք իրարու վրայ, շինեցինք երկու վեղարաձեւ թումբեր, մէկը ծածկեցինք կանաչ մամուռով , իսկ մեծը՝ ճերմակ-ճերմակ քարերով:
— Ասիկա մեր Սիսն ու Մասիսը, — ըսինք, լռութեամբ դիտեցինք մեր ձեռակերտը ու բաժնուեցանք:
Ա՛լ մնացեալը չեմ յիշեր, գացի՞նք տօնակատարութեան թէ ոչ, արտասանեցի՞նք արաբերէնի ուսուցիչին մեզի սորվեցուցած լոզունգները թէ ոչ, այդ լոզունգներէն ի՛նչ մնաց Ծոցէն մինչեւ Նեղուց հասնող հայրենիքին մէջ՝ չեմ գիտեր, միայն գիտեմ, որ Սալտրանի գագաթէն Զաւէնն ու ես տեսանք, թէ ինչքան սիրուն է Քեսապ կոչուող մեր լեռնակղզին եւ մէկ ալ այն Սիսն ու Մասիսը, որ արձանացուցինք Սալտրանի գագաթին…

Ամիսներ, թէ տարի անցաւ. ամառնամուտ էր. յանկարծ տունէ տուն լուր տարածուեցաւ, որ վաղը Քեսապ պիտի այցելէ, ժողովուրդին հետ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Հանրապետութեան նախագահ Ճամալ Ապտուլ Նասերը: Դպրոցներէն լուր եկաւ, որ վերի կարգերու աշակերտներն ալ թող հաւաքուին դպրոց:
Յաջորդ առաւօտ մեկնեցանք Քեսապ: Հայրեր, մայրեր, ահագին մարդ մեզի հետ: Մեր տնօրէնները գրեթէ թեւանցուկ կ՚երթային մեր առջեւէն: Միացեալ հանրապետութեան նախագահը պիտի գար Քեսապ, հանդիպէր ժողովուրդին հետ: Ի՜նչ յոյսեր կապուած էին անոր հետ, քանի-քանի կամուրջ պիտի շինուէր գիւղերէն Քեսապ տանող ճամբաներուն վրայ, բոլոր ճամբաները պիտի ասֆալթապատուէին, ելեկտրականութիւնը պիտի փայլատակէր մեր տուներուն մէջ, կիները շալակով հեռաւոր աղբիւրներէ լուացքի ջուր պիտի չկրէին այլեւս, դուք կը հասկնա՞ք…: Ծանրագոյն հիւանդներն ու արկածեալները փայտէ պատգարակի մը կապած քանի-քանի ժամ շալկելով Քեսապ տանիլ պիտի չըլլար այլեւս: Կեանքը պիտի փոխուէր, հեռաւոր քաղաքները հասնիլը Գարատուրանէն Քեսապ երթալու պէս պիտի ըլլար, մարդիկ քաղաք պիտի չփախչէին, քաղաք ապրողը երանի պիտի տար գիւղը ապրողին:

Վերի թաղի վերջին տան ճամբեզրի պատին վրայ նստած էր Թոռուն Այսան: Ծանրօրէն կաղ ծերունի մը, որ օթոցը թեւին տակ դրած՝ արեւածագին կու գար կը նստէր այս պատին վրայ,կը նստէր մինչեւ իրիկուն ու ձեռքը ճակատին կը դիտէր, թէ ով կու գայ կ՚իջնէ իր գիւղը: Հասնողին տասնաբանեայ հարցարան ունէր՝ որո՞ւն տղան ես, հայրդ ի՞նչ կ՚ընէ, Քեսապ ի՞նչ կայ-չկայ…: Այսօր Թոռուն Այսան պատմելիք բան ունէր Քեսապ մեկնողներուն:Կը պատմէր, որ 1908-ին յեղափոխութիւն եղաւ, բոլոր ազգերուն միջեւ արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն կանչելով բոլոր գիւղերէն հայեր, թուրքմէններ, յոյներ, քիւրտեր, ալեւիներ եկան հաւաքուեցան Խոդի հրապարակ, զուռնան փչեց, թմբուկները թնդացին, գետինը դողաց կրունկներուն տակ, իսկական տօն էր: Թոռուն Այսան իր մեծ հօր՝ Այսա Մանճիկ աղային հետ կը մասնակցի տօնախմբութեան:
— Տղաս, — կ՚ըսէ մեծ հայր Այսան, — այստեղ «միութիւն ու յառաջդիմութիւն» պարեցինք թեւանցուկ, բայց վերջը լաւ չեմ տեսներ, տեսնենք, թէ այս թմբուկին կոթը որո՞ւն գլուխին պիտի կոտրի:
Տարին չբոլորած՝ Կիլիկիոյ կոտորածները կը սկսին, Քեսապն ալ մոխրակոյտի կը վերածուի:

Գալային զառիթափին մենք շարքի մտանք, իրարու սեղմուեցանք ճամբեզրէն քալող ոչխարներու հօտի պէս: Հոս արդէն Քեսապ է, փոքրիկնե՛ր, թող չըսեն Գարատուրանի արջերը Քեսապ խուժեցին: Սա Մաղարիկի դարձուածքն է: Շէնքի մը վրայ դրօշակ կար, դատաւորը հոն կը նստէր, քովը ծխախոտի Ռէժիին շէնքն էր: Հոս Գերեզմանատան դարձուածքն է, ասիկա 40 տարիէ ի վեր անտանիք մնացած Սպիտակ եկեղեցին է, առջեւը՝ Խոդը՝ Քեսապի հրապարակը:
Ծով մը մարդիկ հաւաքուած էին հրապարակին շուրջը: Վարէն եկող ճամբան զարդարուած էր քանի մը կամարներով: Մեզ շարեցին ճամբուն երկու կողմերը: Մեր պարտականութիւնն էր լոզունգներ կանչել: Քանի մը ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ չափ կու տային, կը վանկարկէին մեզի հետ:
Կը պոռայինք, կը ճչայինք… Բայց մեր երկու շարքերուն մէջ բաց մնացած ճամբայէն գացող եկող չկար: Դիմացի շարքին մէջ ես Զաւէնը տեսայ, ան ալ զիս, ձեռքով բարեւեցինք իրարու: Յիշեցինք մեր Սիսն ու Մասիսը: Ժպտացինք:
Յանկարծ ինքնաշարժ մը արագ սուրալով անցաւ ելաւ հրապարակ: Ըսին՝ Քեսապէն դիմաւորութեան գացող յանձնախումբն է: Ըսին՝ նախագահը մօտեցաւ: Յետոյ սեւ ապակիներով սեւ ինքնաշարժներու շարասիւն մը անցաւ: Մարդ չէր երեւեր: Շարասիւնը կը սահէր կ՚երթար, հասաւ հրապարակ, կլոր շրջան մը ըրաւ հրապարակին շուրջ, սահեցաւ ետ եկաւ ու գնաց եկած կողմէն: Կանչերը մարեցան կամաց կամաց՝ քարավէժէն հոսող խճաքարերու վերջին ալիքին պէս, վերջին կանչերը խեղդուեցան կոկորդներուն մէջ:
Ապտուլ Նասերը չտեսանք, ոչ ոք տեսաւ զինք, բայց Ապտուլ Նասերը Քեսապ եկաւ:
Յանձնախումբի անդամներուն բերանով պատմութիւն մըն էր, որ կը տարածուէր: Նախագահը դիմաւորելու, ապա Քեսապ առաջնորդելու համար Յանձնախումբը կը խմբուի Լաթաքիոյ ճամբուն վրայ, Տիքիլտաշ կոչուող բարձունքի դարձուածքին: Նախագահական շարասիւնը տեղ կը հասնի, կը կենայ: Նախագահը կ՚իջնէ ինքնաշարժէն ու թիկնապահներու ուղեկցութեամբ կը կենայ ճամբու եզրին, կը դիտէ Քեսապի լեռնակղզին. անկէ Սելտրանն ու Կասիոսը այնքա՜ն վեհ կ՚երեւին, ձորերէն բարձրացող ամպերը ու անտառապատ լեռնալանջերը լիզող անոնց շուքը, Պասիթի հրուանդանը, կանաչէն կապոյտին սահող ծովը: Նախագահը թեւերը կը բանայ, խորունկ կը շնչէ ու կը բացականչէ.
Տի կաննա (Ահա՛ւասիկ դրախտը):
Ապտուլ Նասերը այդ դրախտը տեսաւ, բայց իր դէմքը տեսնելէ զրկեց դրախտի բնակիչները, նոյնիսկ պատուհանէն ժողովուրդը ողջունող իր ձեռքի շնորհքը զլացաւ ցոյց տալ մեզի:
Հաւաքուած բազմութիւնը տերեւաթափի ենթարկուող տերեւներու պէս շուարած էր մէկ աջ, մէկ ձախ, կարծես կորսնցուցած՝ տուն ու գիւղ տանող ճամբաները: Մենք կը զգայինք մեծերու հիասթափութիւնը, կարծես կը կարեկցէինք մեր տնօրէններուն, որոնց շուրջ հաւաքուելով բռնեցինք վերադարձի ճամբան: Անոնց գլխիկոր լռութիւնը վարակած էր նաեւ մեզ: Մենք երբեք այսքան միասին չէինք տեսած զանոնք, երբեք այսքան միասին չէինք եղած:
Յետո՞յ… Յետոյ ի՞նչ… Ի՞նչ կ՚ուզէիք որ ըլլար…

Երեւան
(Շարունակելի)

1. Հաւատս ելաւ՝ շատ յոգնեցայ:
2. Հաւատէն ելլել՝ շատ բարկանալ
3. Ծամտակ՝ ծոծրակ
4. Բարբառով՝ ճըգգուօր, որ արաբերէն ճագար(ա) բառի Քեսապի արձագանգն է, կը նշանակէ «ի հեճուկս, ուրիշի կամքին հակառակ բան մը՝ արարք կամ խօսք»: Քեսապի մէջ կայուն ընդդիմախօսութիւններն ալ այդ բառով կը բնորոշուին:
5. Կովինտ, բարբառով՝ կուվէնտ, ճանճ մը, որմէ կովերը կը խրտչին:
6. Իւ. բարբառով՝ ծայր. լեռնաշղթայի մը երեւցող վերին ծայրի գիծը. հաւանաբար գրաբար յաւ բառն է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *