ԿԱՐՃԱՏԵՒ ՀԱՄԲԱՒ

ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ

Հիւանդացած էր ծեր առիւծ արքան,
Չունէր ախորժակ եւ թոյլ էր այնքան՝
Որ ալ կարող չէր նման առաջուայ,
Վարել անտառի գործերն առօրեայ։

Բժիշկներն ըսին թէ երկու ամիս,
Պէտք չէ աշխատի եւ ուտէ շա՛տ միս։
Համաձայնեցաւ արքան վատառողջ,
Մտքով չափչփեց վարքերն անասնոց,
Եւ որպէս չարքաշ նկարագրի տէր,
Փոխանորդ կարգեց էշն աշխատասէր։

Խաղաղութեան մէջ օրերը անցան,
Անհաճոյ դէպքեր չպատահեցան,
Ուտելով միսեր թարմ ու համադամ,
Ապաքինեցաւ վեհաշուք արքան…
Ու երբ վերստին գլխուն դրաւ թագ,
Հարց տուաւ իշուն զարմանքով անյագ.
— Շնորհակալ եմ ու երախտապարտ,
Ծառայութեանդ համար անաղարտ,
Սակայն կայ հարց մը հանելուկային,
Որու չգտայ լուծման բանալին։
Քու մասին որմէ որ առի կարծիք,
Լսեցի միայն գովք ու դրուատիք։
Արդեօք իրա՞ւ է որ մէջն անտառի,
Չկայ քեզ ատող գէթ մէ՛կ թշնամի։

Էշը վայրկեան մը աչքերը փակեց,
Զինք ատողներու բանակը կազմեց,
Ապա բանալով դռներն ուղեղին,
Տուաւ պատասխան դիպուկ ու տեղին.
— Իմ մասին լսած խօսքերդ, արքայ,
Լոկ փրփուրներ են, անցեալս վկայ,
Ճիշդ է վաթսուն օր եղայ փոխարքայ,
Ու միայն գովեստ տեղաց իմ վրայ,
Վա՛ղն իսկ երբ դառնամ կեանքիս պարզունակ,
Եւ ալ չմնամ վեհիդ շուքին տակ,
Միայն ա՛յն ատեն դուք, անտարակոյս,
Կ՚իմանաք թիւը թշնամիներուս։
* * *
Խնկարկուներդ կ՚ըլլան բիւրաւոր,
Երբ ունիս բարձր պաշտօն ու աթոռ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *