ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սոյն համառօտ անդրադարձը Նիկոլ Աղբալեանի վաստակին՝ իբրեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար, պարզապէս ուրուագիծ մըն է՝ տրամադրելի տպագիր փաստաթուղթերու եւ լրագրական հաղորդումներու հիմամբ, այդ ժառանգութեան քանի մը էջը թարմացնելու նպատակով։ Թերեւս կ՚արժէ յիշել, որ աւելի քան յիսուն տարի՝ 1890-ականներէն մինչեւ մահը (1947), Աղբալեան զարգացուցած է իր բազմակողմանի անհատականութիւնը իբրեւ փորձառու դաստիարակ, արեւելահայ լաւագոյն գրական քննադատներէն, հմուտ բանասէր ու լեզուաբան, կուսակցական խղճամիտ գործիչ եւ կոփուած հրապարակագիր ու խմբագիր։ Յովհաննէս Թումանեանին ուղղուած նամակի մը մէջ, 29-ամեայ Աղբալեանը 1904-ին Աւետիք Իսահակեանի տողերը կը մէջբերէր («Սազը չի թողնում, որ հայդուկ դառնամ, / Սուրը չի թողնում, որ աշուղ դառնամ»)՝ իր սեփական մեկնաբանութիւնը աւելցնելու համար. «Հիմի իմն է դառել. դասը չի թողնում, որ գրող դառնամ. գիրը չի թողնում — հացատէր դառնամ…»(2)։ Նոյն 1904-ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամակցած Աղբալեանը յայտնի պիտի դառնար իբրեւ կարգապահ գործիչ եւ օժտեալ բեմբասաց։ Աւելի քան տասնամեակ մը իր կրթական, մտաւորական, հանրային ու խմբագրական գործունէութիւնները զուգընթաց պիտի ընթանային, մինչեւ որ Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդի անդամը, որուն ձեռագրով գրուած էր անկախութեան յայտարարութիւնը, օգոստոս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհուրդի (խորհրդարանի) անդամ կ՚ընտրուէր։
Մասնագիտացման եւ լեռնակուտակ վկայականներու այս դարուն, նշենք, թէ Աղբալեանի ուսումնական ձեռքբերումներու հանրագումարը կազմած են Թիֆլիսի Ներսիսեան ճեմարանի շրջանաւարտ ըլլալը եւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի աշակերտութեան երկու տարիները։ Այլապէս, ան դասընթացքներու հետեւած է Մոսկուայի (1899-1900), Լօզանի եւ Փարիզի (1906-1907) համալսարաններուն մէջ, բայց առանց վկայուելու։ Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադրութեան ծրագիրը իր աւարտին հասցնող (փաստօրէն՝ հիմնադրող) Աղբալեանը իր ծաւալուն կրթական փորձառութիւնը, վարչական հմտութիւնը եւ հանրագիտարանային գիտելիքները վաւերացնող համալսարանական վկայական մը չունէր։ Սակայն, յունիս 1919-ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան ու Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան համախոհական կառավարութեան լուծարումէն ետք, ան լաւագոյն թեկնածուն էր Հանրային կրթութեան ու արուեստի նախարար դառնալու՝ մինչեւ մայիս 1920-ի բոլշեւիկեան ապստամբութեան վաղորդայնը։ Այդ օրերուն, Կարս ուղարկուած էր, ուր բանախօսի ու կազմակերպիչի անոր ձիրքերը կանխեցին արիւնահոսութիւնը։ Բիւրօ-կառավարութեան իշխանութեան գլուխը գալէն ետք, ան խորհրդարանական իր աթոռին կը վերադառնար, առանց բնաւ տատամսելու իր կոչումին հետ անյարիր գործեր ընելէ, ինչպէս բրինձի եւ լքուած գոյքերու հաւաքումի վերահսկողութիւնը Շարուրի մէջ(3) եւ ցորենի գնումը՝ Խնամատարութեան եւ Հանրային կրթութեան նախարարութիւններու կարիքները գոհացնելու համար(4)։
Աղբալեան իր կարողութիւնները նախարարական արդիւնաւէտ պաշտօնավարութեան մը ի սպաս դրած էր։ Անոր գործունէութիւնը ընդգրկած է կրթական առկայ համակարգին բարենորոգումն ու ծաւալումը, ինչպէս եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու հովանաւորութիւնն ու զարգացումը։
Պատերազմական վիճակին հետեւանքով, դպրոցական կեանքը կանգ առած էր 1917-1919-ին։ 1919-ին Հայաստանը 135 տարրական եւ 10 երկրորդական դպրոց ունէր՝ 14 000 աշակերտութեամբ եւ 500 ուսուցիչներով։ 1920-ի թիւերով, կտրուկ յառաջընթաց մը արձանագրուած է. 420 տարրական ու 22 երկրորդական դպրոցներ, 43 162 աշակերտներով եւ 1.283 ուսուցիչներով։ Այս թիւերը չեն ընդգրկեր շուրջ 60 փոքրամասնական (մահմետական, ռուսական եւ յունական) դպրոցներ(5)։ Ապրիլ 1920-ին, Աղբալեան կրթական բարենորոգումի կը ձեռնարկէր, հին ծխական դպրոցները փոխարինելով վեցամեայ տարրական համակարգով մը, որ հիմնուած էր աշխարհիկ յառաջդիմական մօտեցումի մը վրայ։ Տարրական դպրոցի ծրագիրը պիտի ընդգրկէր հայերէն, թուաբանութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, բնական գիտութիւններ, առողջապահութիւն, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, մարզանք եւ ձեռային աշխատանքներ(6)։ Անշուշտ, միջոցներու սուր պակասը եւ ենթակառուցային վիթխարի անպատեհութիւնները մեծ արգելքներ կը ներկայացնէին, բայց Աղբալեան հաշուի առած էր գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու աջակցութիւնը, որոնց տեւաբար դիմած է բազմաթիւ պահանջներով՝ ուսուցիչներու չնչին աշխատավարձերը բարձրացնել եւ անոնց մեծ մասը զինուորական ծառայութենէ զերծ պահել(7), որբ աշակերտներու թոշակներ ու պիտոյքներ հայթայթել եւ աղքատ դպրոցականներու նախաճաշ մատուցել կարգ մը հեռաւոր շրջաններու մէջ։ Ան նաեւ ուսուցչանոց մը բացած է հոկտեմբեր 1919-ին(8)։ Աղբալեան նկատի ունեցած է Հայաստանէն դուրս, յատկապէս Թիֆլիս ու Պաքու գտնուող հայկական դպրոցներուն վիճակը, եւ անոնց կատարած է 1 500 000 ռուբլիի յատկացում մը, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուած է դեկտեմբեր 1919-ին(9)։
Չափահասներու դպրոցական ուսումի պակասի եւ անգրագիտութեան դէմ պայքարելու նպատակով, Աղբալեան ձեռնարկեց հանրային դաստիարակութեան արշաւի մը, որուն մաս կը կազմէին հայերէնի ու թուաբանութեան վեցամսեայ դասեր, որոնք տեղի կ՚ունենային երեք մակարդակներու վրայ՝ շաբաթը չորս օր եւ շաբաթական վեց ժամ, եւ երեկոյեան անվճար դասախօսութիւններ բազմապիսի նիւթերու մասին՝ հայ գրականութենէն ու հայոց պատմութենէն մինչեւ իրաւունք եւ առողջապահութիւն։ Դասախօսական շարքերը տեղի կ՚ունենային տասը քաղաքներու մէջ, եւ խորհրդարանի ներկայացուած օրինագիծը կը յստակացնէր, թէ «դասընթացներին կարող է յաճախել ամեն ոք առանց կրօնի, ազգի եւ սեռի խտրութեան»(10)։ Ի դէպ, նախարարութիւնը նաեւ հովանաւորած է հաշուապահական դասեր, որոնց կը մասնակցէին առնուազն միջնակարգի 4-րդ դասարանի վկայական ունեցողները(11)։
Աղբալեանի նախորդը՝ Գէորգ Մելիք-Կարագէօզեան (ՀԺԿ), նախարարաց խորհուրդին նախագիծ մը ներկայացուցած էր՝ Երեւանի համալսարանը չորս ճիւղերով հաստատելու համար, որ վաւերացուած էր մայիս 1919-ին։ Աղբալեան հայագիտութեան եւ իրաւաբանութեան ճիւղերու անմիջական բացումը ծրագրած էր սեպտեմբեր 1919-ին. Համալսարանի տեսուչը պիտի ըլլար իրաւաբան Իւրի Ղամբարեանը, որ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններ վարած էր Փարիզի ու Թիֆլիսի մէջ(12)։ Սակայն, յարմար շէնքերու չգոյութեան պատճառով բացումը ուշացաւ(13), ինչ որ պարտադրեց ժամանակաւոր փոխադրութիւն մը Ալեքսանդրոպոլ(14), ուր պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 31 յունուար 1920-ին։ Բացման իր ճառին մէջ, Աղբալեան բաւականաչափ իրապաշտ էր՝ «Չնայած որ մեր երկիրն աւերուած է, մեր ժողովուրդը աղքատութեան մէջ, մենք հիմնում ենք բարձր կրթարան», բայց եւ միշտ լաւատես. «Մենք վերաշինում ենք մեր տունը եւ հիմնում կրթութեան տաճարներ՝ առանց խորհելու, թէ ի՞նչ են մտածում մեր մասին մեր թշնամիները, որոնք միշտ քանդել են մեր շինածը. մեր մէջ հաւատ կայ, որ այս անգամ հայոց ազգի նաւը դուրս կը գայ փոթորկից անփորձանք»։ Ինչպէս հանրապետութեան դժուարին իրավիճակը ցոյց կու տար՝ արթնամտութեամբ վարուելու անհրաժեշտութիւնը, կը յայտարարէր Աղբալեան, պէտք է զուգադրուէր կեանքի հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութեան հետ. «Դեռ մեզ համար բոլոր վտանգներն անցած չեն, դեռ մեր ձեռքում սուր պիտի ունենանք, բայց արդէն ժամանակն է, որ միւս ձեռքում գրիչ բռնենք»(15)։ Դասերը սկսան յաջորդ օրը՝ ութը դասախօսներով եւ 200 ուսանողներով։ Համալսարանը Երեւան փոխադրուեցաւ 1920-ի աշնան(16)։
Աղբալեանը միեւնոյն անկոտրում կամքը կը ցուցաբերէր, երբ կը հետապնդէր ցարական շրջանի յետամնաց ծայրամասը մշակութային յառաջընթացը։ Շատ մը ձեռնարկներ տակաւին նորածինի դողդոջուն քայլեր առած էին խորհրդայնացումի պահուն, բայց այս փորձառութիւնը խորհրդային շրջանի հաստատութենական զարգացումի հիմքը դարձաւ, թէեւ ըստ էութեան չճանչցուած կամ թերագնահատուած՝ յայտնի պատճառներով։ Աղբալեանի շարք մը նախաձեռնութիւնները հիմք դարձան հետագայ գործունէութեան, ինչպէս ազգագրական հետազօտութեան հիմնարկ ու թանգարան(17), ազգային գրադարան(18), հնութիւններու բաժանմունք(19), ազգային երաժշտանոց(20), արուեստի ցուցահանդէս՝ իբրեւ ազգային պատկերասրահի սկզբնաւորում, եւ ազգային թատրոն ու թատերական աշխատանոց։ Աղբալեան 1919-ին դերասան ու բեմադրիչ Օվի Սեւումեանը Կ. Պոլիս կ՚ուղարկէր, որպէսզի նոր դերասաններ հաւաքէր ու մարզէր ազգային թատրոնին համար եւ նոր աշակերտներ բերէր թատերական աշխատանոցին։ Աղբալեան Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի աջակցութեան դիմեց այս ծրագրի յաջողութեան համար(21)։ Դժբախտաբար, Սեւումեանը իր մահկանացուն կնքեց 1920-ին՝ իր առաքելութեան ընթացքին։
Շահան Նաթալի Միացեալ Նահանգներէն Երեւան ժամանած էր՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թ. Ընդհ. ժողովին մասնակցելու համար։ Այդ առիթով, Աղբալեան նամակ կը գրէր անոր (6 նոյեմբեր 1919), օգնութիւն խնդրելով, որպէսզի կարելի ըլլար ձեռք բերել իրաւունքի, պատմութեան, լեզուի ու գրականութեան գիրքեր համալսարանին համար, հայերէն հրատարակութիւններ՝ պետական գրադարանին համար, գիտական գիրքեր՝ հայերէնի թարգմանելու համար, դպրոցավարութեան գիրքեր, լուսանկարչական նիւթեր՝ յուշարձաններ լուսանկարելու համար եւ այլն(22)։ Ան նաեւ գրեց Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին՝ Նաթալիի աջակցութիւնը ապահովելու համար եւ օժանդակութեան կոչ մը ըրաւ ամերիկահայութեան(23)։
Ցարական շրջանի յատկանիշերէն մէկն էր ռուսերէնի գերակայութիւնը կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Հանրապետութեան կառավարութեան լեզուական քաղաքականութիւնը ուղղուած էր հայերէնը պարտադրելու դիւանատուներու մէջ եւ անոր օգտագործումը ծաւալելու հանրապետութեան տարածքին։ 5 յուլիս 1919-ին, Հանրային կրթութեան նախարարութիւնը հայերէնի երկամսեայ երկսեռ դասընթացք մը հաստատեց կառավարութեան բոլոր պաշտօնեաներուն համար(24)։ Նախարարաց խորհուրդի խնդրանքով, հոկտեմբերին Աղբալեան նախագիծ մը ներկայացուց՝ հայերէնի միամեայ դասընթացներու, շաբաթական չորս անգամ (հայերէն եւ գեղագրութիւն), շաբաթը վեց ժամ, կառավարական պաշտօնեաներու եւ ապագայ թեկնածուներու համար, չորս մակարդակներու վրայ՝ ըստ մասնակիցներու լեզուական հմտութեան(25)։ Ան կառավարական դահլիճին առաջարկեց նաեւ թարգմանիչներու յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որուն գործը պիտի ըլլար հայերէնի վերածել խորհրդարանին ներկայացուած օրէնքի նախագիծերը եւ նախարարութիւններու հրապարակած փաստաթուղթերը, ինչպէս եւ պաշտօնական լեզուի միասնական եզրաբանութեան արտադրութիւնը։ Շահեկան է մէջբերել այս նախագիծին հիմնաւորումը, ուր նաեւ կը խօսուէր արեւմտահայերէնի փորձառութեան մասին.
«Եթէ նկատենք, որ գերմանցոց գրական լեզուն դուրս է եկած պաշտօնեաներից, որ մեր արեւմտահայ լեզուն համեմատական հարստութիւն եւ կանոնաւորութիւն ունի աւելի քան 60 տարի ազգային պաշտօնատներում գործածուելու եւ մշակուելու հետեւանքով — այն ժամանակ կը պարզուի այն մեծ նշանակութիւնը, որ ունի պաշտօնական լեզուի մշակութիւնն ու կանոնաւորումը ոչ միայն պետական, այլեւ հանրային կեանքի եւ գրականութեան համար»(26)։
Շատ տարօրինակ պիտի ըլլար, եթէ Աղբալեան գրականութիւնը չառնէր իր հովանաւորութեան տակ։ Թիֆլիսաբնակ Լէոյին ուղղուած նամակի մը մէջ, 31 հոկտեմբեր 1919-ին ան կը գրէր. «Ես աշխատում են հնար եղածին չափ մի պաշտպանութիւն ապահովել գրականութեան։ Առաջիկայ տարուայ նախահաշուի մէջ մտցնում եմ մի համեստ վարկ վաստակաւոր եւ յուսատու գրականներին տեւական օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով եւ այն հաշուով, որ նրանց տարեկան չոր հացն ու բնակարանն ապահով լինեն կամ, ուրիշ հաշուով երեք ամիս տարուան մէջ կարողանան ազատ աշխատել։ Այդ գրականների մէջ Դուք անշուշտ առաջինը կը լինէք»(27)։
Երկու շաբաթ առաջ, 16 հոկտեմբերին, Հայաստանի գրական ընկերութեան երկրորդ ձեռնարկին, Աղբալեանը, որ անոր պատուոյ նախագահն էր, կատարած էր իր յայտնի բանախօսութիւնը՝ «Եղիշէ Չարենց իբրեւ նորագոյն բանաստեղծ», ուր 22-ամեայ անծանօթ բանաստեղծին գրական արժանիքները վեր հանած էր(28)։ Շարունակութիւնը ծանօթ է. հոկտեմբերի վերջերուն, Չարենցը, որ Կարսի շրջանի գիւղերէն մէկը ուսուցչութիւն կ՚ընէր, լսելով այս դասախօսութեան մասին, Երեւան կը հասնէր։ Աղբալեանին ներկայանալով, նախարարը պաշտօն կու տար անոր՝ համեստ աշխատավարձ մը տրամադրելով, որ պիտի թոյլատրէր Չարենցին ստեղծագործական աշխատանքը շարունակել։
Իր պաշտօնին աւարտէն ետք, յունիս 1920-ին Աղբալեանը կրկին կը դասախօսէր Գրական ընկերութեան ձեռնարկի մը մէջ։ «Հայ գրականութեան ապագան» նիւթով բանախօսութեան մէջ, ան կը մատնանշէր հայ գրականութեան երկրորդ դասակարգի դիրքը ռուսական տիրապետութեան շրջանին, աւելցնելով. «Ներկայ սոսկալի պայմաններում հայ գրականութեան ապագան աւելի յուսալից է, քան այն ժամանակուայ նորմալ պայմաններում, որովհետեւ այսօր գոյութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար մի նուիրական սեփական պետութիւն, որի հետ նա կապուած, ստեղծում է ոչնչից իր համար արժէքներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը մի հոգածու ուժ է, որ մտածելու է հայ ժողովրդի բարիքների մասին եւ ստեղծելու է հայոց գրականութեան ապագայի համար յուսալից պայմաններ»(29)։
Վեց ամիս ետք, Հայաստանի անկախութիւնը իր աւարտին կը հասնէր։ Խորհրդային Հայաստանը պիտի ստեղծէր, ըստ ամբողջատիրական ծաւալներ ունեցող պաշտօնական գաղափարախօսութեան արժեչափերուն, կրթական ու մշակութային ծաղկումի պայմաններ, բայց միաժամանակ Աղբալեանն ու իր ժառանգութիւնը մոռացութեան պիտի դատապարտէր՝ խորհրդային վարչակարգի փլուզման նախօրեակին միայն յարութեան դժուարին ճանապարհը վերագտնելու համար։ Այդ ճանապարհը շարունակուած է վերջին քառորդ դարուն։ Սակայն, Աղբալեանի իրագործումները՝ սակաւ միջոցներով ու անխոնջ աշխատանքով, ինչպէս եւ այդ գործին ետին կանգնած մարդկային որակը, դեռեւս ներշնչումի աղբիւր կրնան ըլլալ։ Ճակատագրական այս պահուն, երբ նոր ազգային զարթօնք մը, 1965-ի եւ 1988-ի շարունակութիւն մը, հսկայական ներուժով կը փթթի, թերեւս հարիւրամեայ դասերը ուսանելի ըլլան։
Նիւ Ճըրզի

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1 Այս յօդուածին անգլերէն բնագիրը՝ “Education and Culture First: Nikol Aghbalian’s Legacy” խորագրով, իբրեւ զեկուցում կարդացուած է Հայաստանի առաջին անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած ու մայիս 11-12-ին Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին։
2 Նիկոլ Աղբալեան, Նամակներ, պաշտօնական գրութիւններ, խմբ. Գառնիկ Անանեան, Երեւան, Հայաստան հրատարակչութիւն, 2003, էջ 40։
3 Սիմոն Վրացեան, «Գրչի խաղեր (Նիկոլ Աղբալեանի սիրելի յիշատակին)», Ակօս, 3, 1949, էջ 28։
4 «Լրատու», Յառաջ, 8 հոկտեմբեր 1920։
5 Richard Hovannisian, The Republic of Armenia, vol. II: From Versailles to London, 1919-1920, Berkeley, Los Angeles and London, University of California Press, 1982, p. 310.
6 Աղբալեան իր կրթական մօտեցումներուն մէկ բանաձեւումը տուած է Հայաստանի գրական ընկերութեան ութերորդ գրական երեկոյին (13 դեկտեմբեր 1919), ուր բանախօսած է «Դեմոկրատիկ կրթութիւն» նիւթին շուրջ։ Ընդարձակ ամփոփումին համար, տե՛ս Ռ., «Նիկ. Աղբալեանի դասախօսութիւնը», Յառաջ, 16 դեկտեմբեր 1919։
7 «Ուսուցիչներու զօրակոչը», Հայաստանի ձայն, 10 հոկտեմբեր 1919։
8 «Ուսուցչական սեմինար», Ասպարէզ, 18 նոյեմբեր 1919։
9 «Նախարարական Խորհրդի որոշումներից», Յառաջ, 31 դեկտեմբեր 1919։
10 Աղբալեան, Նամակներ, էջ 218-219։
11 «Հաշուապահական դասընթացներ», Յառաջ, 28 դեկտեմբեր 1919։
12 «Հայաստանի անդրանիկ համալսարանը», Ասպարէզ, 12 սեպտեմբեր 1919։
13 «Երեւանի համալսարան»ի ընդունելութիւնը արդէն կը ծանուցուէր նոյեմբեր 1919-ի սկիզբներուն (տե՛ս ծանուցումը՝ Հայաստանի ձայն, 2 նոյեմբեր 1919)։
14 «Հայաստանի համալսարանը», Հայաստանի ձայն, 19 հոկտեմբեր 1919։ Տե՛ս նաեւ «Նախարարական խորհրդի որոշումներից», Յառաջ, 11 դեկտեմբեր 1919։
15 «Հայաստանի համալսարանի բացումը», Յառաջ, 5 փետրուար 1920։
16 «Համալսարանի տեղափոխումը», Հայաստանի ձայն, 6 օգոստոս 1920։
17 Աղբալեան, Նամակներ, էջ 238։
18 Անդ, էջ 207։
19 «Հրաման», Յառաջ, 24 դեկտեմբեր 1919։
20 Աղբալեան, Նամակներ, էջ 217։
21 Անդ, էջ 205։
22 Անդ, էջ 223-224։
23 Անդ, էջ 224-226։
24 «Հայագիտութեան դասընթացք», Ասպարէզ, 29 օգոստոս 1919։
25 Աղբալեան, Նամակներ, էջ 214։
26 Անդ, էջ 210։
27 Անդ, էջ 222։
28 Յ. Ս., «Հայաստանի գրական ընկերութեան Բ. գրական երեկոն», Հայաստանի ձայն, 30 հոկտեմբեր 1919։
29 Յ. Ս., «Գրական երեկոյ», Ժողովուրդ, 12 յունիս 1920։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *