Վկայել՝ մարդկութեան համար

Abel Manoukian, “Bearing witness to humanity, Switzerland’s humanitarian contribution during the Armenian Genocide in the Ottoman Empire, 1894-1923” — 2018, 606 pp..

Հայաստան հայրենիքն է հայ ժողովուրդին։ Հայոց ազգային աւանդութիւնը եւ գիտութեան ձեռք բերած արդի բազմաթիւ տուեալները անհերքելի կերպով կ՚ապացուցեն, որ Փոքր Ասիոյ արեւելեան տարածաշրջանը՝ մինչեւ կովկասեան լեռներուն լանջերը, Կուր գետի բնական սահմանագիծով, եղած է հայ ժողովուրդի բազմադարեան օրրանը։ Հայ եւ օտար գրականութեան մէջ «Հայկական Բարձրաւանդակ» անունը աշխարհագրական տարածուած եւ ընդունուած ըմբռնում մըն է բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Այս բառակապակցութիւնն իսկ կը մատնանշէ, որ սոյն անուանումը սկիզբէն ի վեր պայմանաւորուած է այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող հայ ժողովուրդի գոյութեամբ։ Հայը հարուստ մշակոյթի տէր եւ աւելի քան 5.000 տարուան անցեալ ունեցող ժողովուրդ մըն է, որ դեռեւս Ուրարտական թագաւորութեան սկզբնաւորումով՝ աշխատած է միշտ ստեղծել իր պետականութիւնը, հակառակ պատմութեան ընթացքին իր շուրջ ստեղծուած դժնդակ պայմաններուն։ Բազմաթիւ ցեղեր եւ նուաճող ազգեր աւերած ու գրաւած են իր երկիրը։ Անոնք խրած են իրենց նիզակներն ու տէգերը բազմաչարչար հայութեան արիւնաքամ սրտին մէջ, չեն յաջողած սակայն ստրկացնել զայն, անկախանալու եւ ուրոյն պետականութիւն մը վերստեղծելու իր ձգտումը չեն յաջողած խեղդել նոյնիսկ իր իսկ արեան մէջ։
Հիմնուելով պատմագիտական տուեալներու վրայ, առկայ հատորը բաւական ընդարձակ ներածութեամբ մը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ, յատկապէս օտար ընթերցողներուն, կազմելու լաւ պատկերացում մը հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ, որուն ընդմէջէն կարմիր թելի պէս կ՚անցնի հիմնական պատգամ մը. հայ ժողովուրդը այլոց նման եկուոր ցեղ մը չէ Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ, այլ` ընդոծին է, իսկ աշխարհագրական այդ կենսատարածքը` իր սեփականն է։
1453 թուականին Կ. Պոլսոյ անկումը եւ յետագային Արեւմտեան Հայաստանի զաւթումը օսմանեան ուժերուն կողմէ՝ յատկապէս հայութեան համար ունեցաւ ճակատագրական հետեւանք։ Սուլթան Սելիմ Ա.-ի օրերուն (1512-1520), Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական շրջաններուն՝ Վանի, Կարնոյ, Սեբաստիոյ եւ այլ տարածքներուն մէջ, քաղաքական նպատակներով իրենց բնակութիւնը հաստատեցին պարսկական եւ Միջագետքի քրտական տարածքներէն բերուած սիւննի դաւանանքի տէր քիւրտ ցեղեր, որոնք ուռճանալով՝ կողոպուտի, աւարառութիւններու եւ սպանութիւններու ճամբով հետզհետէ թուաքանակով նսեմացուցին հայ ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ, դարձան ուղղակի պատուհաս քրիստոնեայ խաղաղ բնակչութեան համար, եղան նաեւ ազդու զէնք մը սուլթաններու ձեռքին։
Համիտեան համատարած կոտորածները 1894-1896 թուականներուն, նոյն միտումը կը հետապնդէին հայկական գաւառներուն մէջ` մահմետական տարրին համեմատութեամբ հայութիւնը վերածել կորսուող փոքրամասնութեան մը, արեան մէջ խեղդել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը` ոչնչացնելով ենթական, վերացնելով նաեւ անոր հետ պայմանաւորուած եւ դիւանագիտական միջազգային մակարդակի բարձրացած Հայկական Հարցը։ Հայ եւ օտար ցեղասպանագիտութեան մէջ այսօր յստակ ու մեկին է, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ համիտեան կոտորածները կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին փուլը։
Այս միջոցին էր, որ քրիստոնեայ ազգեր,_ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ,_ մարդասիրական կազմակերպութիւններ ստեղծեցին՝ օգնութեան փութալով հայ ժողովուրդի կարեվէր զաւակներուն։ Երբ հայանպաստ օժանդակութիւնները եւ որբախնամութեան զանազան աշխատանքները Արեւմտեան Հայաստանի շատ մը գիւղերուն, քաղաքներուն եւ հայաշատ կեդրոններուն մէջ կը զարգանային, իրականացաւ Երիտթուրք եռապետութեան՝ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներու հայութեան դէմ մշակած համաբնաջնջման ծրագիրը։ Ան իրագործուեցաւ Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատները ստոյգ դէպի մահ առաջնորդող համատարած տեղահանութիւններով, հիւծումէ, սովէ ու տարաբնոյթ հիւանդութիւններէ յառաջացած հազարաւոր աքսորեալներու մահով, առեւանգումներով, բռնի մահմետականացումներով, նաեւ ուղղակի անզէն ծերունիներու, կանանց եւ մանուկներու դէմ գործադրուած վայրագ ոճիրներով։
Օտարազգի շարք մը միսիոնարներու հետ, Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Միջագետքի եւ Սուրիոյ զանազան վայրերուն մէջ կը գտնուէին նաեւ զուիցերիացի մարդասէր գործիչներ, որոնք այդ ժամանակ ականատեսն ու ակամայ վկան դարձան հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուող ցեղասպանութեան։
Առկայ հատորը, հիմնուելով ցարդ չհրապարակուած արխիւային եզակի փաստաթուղթերու վրայ, կը ներկայացնէ զուիցերիական հայանպաստ կազմակերպութիւններու եւ զուիցերիացի առանձին անհատներու ծաւալած գործունէութեան պատմութիւնը՝ 1894-էն մինչեւ 1923 թուականները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *