ՈՍՏԱՅՆ — Երբ ընկերներս կը հեռանան մէկ առ մէկ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամեն անգամ, երբ ընկերներէս մէկն ու մէկր հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին, տարօրինակ զգացում մը, թախիծ մը կը պատէ հոգիս, «հերթը քո՞նն է հիմա» կ՚անցնի մտքէս, ու կը վերյիշեմ քանի մը տխուր դրուագ ։
Մէկը՝ հօրս այն ափսոսանքը, որ «շուրջս կը պարպուի, մինակ կը զգամ» այլեւս. այդպէս կը զգար մանաւանդ, յատկապէս երբ կեանքէն իրենց շնորհուած այդ վերջին տարիներուն, հետզհետէ կը մեկնէին անոնք, որոնք ծնողքիս հետ պտոյտի կ՚երթային, տօնական օրերուն մէկ սեղանի շուրջ կը հաւաքուէին, կամ այլեւայլ պատրուակներով քով-քովի կու գային։ Մինակութեան այդ զգացումն է, որ հօրս նման՝ կը թուի ուրիշ շատերո՛ւ նման, ես ալ կը զգամ, հակառակ անոր, որ բախտաւոր եմ, որ չեմ զրկուած հարազատներուս անմիջական ներկայութենէն։
Միւս տխուր դրուագները այն դամբանականներն են, որ ճիտիս պարտքը կը հանդիսանային, երբ մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուէին մեր գործունեայ ընկերները։ Այդ պարտականութիւնը կատարեր եմ ատենին, դեռ գրեթէ պատանի տարիքիս, երբ մեր վարիչներէն ոմանք անժամանակ կը մահանային։ Կատարեր եմ մինչեւ վերջերս, ոեւէ հարազատի, բարեկամի, ընկերոջ ու պաշտօնակիցի պարագային։ Ու հիմա այլեւս չեմ համարձակիր ընդունիլ նման ծանր պաշտօն, այլեւս չվստահելով անայլայլ մնալու իմ կարողութեանս, որ յաճախ դաւաճանած է ինծի նոյնիսկ երբ աւելի տէրն էի զգացումներուս դրսեւորման…
Իսկ հիմա, համաճարակի այս մէկուկէս տարուան ընթացքին, կը վշտանամ նաեւ, որ այդ մեկնողներուն յարգանքի վերջին տուրք մը տալու, անոնց յիշատակին մոմ մը վառելու առիթն ալ զլացուեցաւ մեզի։
Անոնք՝ կուսակցական կամ ոչ-կուսակցական, գործակից թէ միայն պարզ ծանօթ, նոյնիսկ մեր անմիջական շրջանակէն ալ դուրս, սակայն երկարամեայ, յաճախ դպրոցական օրերէն իսկ իրարու առնչուած՝ Ոստայնիս թելերով, այդպէս մէկ օրէն միւսը յանկարծ հեռացող սիրելիներ։
Ընկերներ, որոնց հետ նոյն դաշտերուն վրայ խաղացեր ենք մեր «խաղերը»։ Ահա ամենէն վերջինները։ Լեւոնը, Եաղճեան Լեւոնը, որ քառասնամեակ մը, եթէ ոչ աւելի երկար, եղաւ «Համազգայինի»-ի անդամ ու վարչական տարբեր մակարդակներու վրայ, որուն հետ ապրեցայ այս միութեան վերելքներն ու վայրէջքները, որուն հետ նոյն սեղաններուն շուրջ բաժակ մը սուրճ, թէյ կամ գինի խմեցի ու յաճախ ալ վիճեցայ՝ մեր ստանձնած պարտականութիւնները աւելի ու աւելի բուռն կերպով յառաջ տանելու համար, գիշերներ լուսցուցինք, երկար ճամբորդութիւններ ալ կատարեցինք ի խնդիր մեր պարտականութեան։ Տիգրանը՝ Արուշեան Տիգրանը, Հայ դատի անխոնջ մարտիկ մինչեւ կեանքին վերջին շունչը, կամ Գէորգը՝ Տեմիրճեան Գէորգը, որուն հետ տարիներ առաջ միասին մաս կազմեր էինք նոյն կրթական մարմինին։ Կամ Անահիտը, Ոսկերիչեան-Գույումճեան Անահիտը, զաւակներէս մէկուն կամ երկուքին ուսուցչուհին, մեր թատերախումբի աստղերէն, մեր անշեղ գործակցուհին։ Եւ դեռ Նաճարեան Յովհաննէսը, Մանուկեան Յակոբը, Գաթարոյեան Կարապետը, Մանուկեան Յարութիւնը, Տայեան Վերժինը եւ ուրիշներ, ամեն կիրակի առաւօտ եկեղեցւոյ բանկալը կեցող, նուիրահաւաքի զամբիւղը պտտցնող, հրապարակային քուէարկութեան տուփերուն վրայ հսկող, հանգանակութիւններ կատարող, գաղութի հոգերը վերցնող, ընկերային կարիքներուն հասնող, իրենց ժողովներէն չբացակայող եւ այլն, եւ այլն։
Դեռ չեմ խօսիր այն գրողներուն, արուեստագէտներուն ու այլ աշխատակիցներուն մասին, որոնց անսակարկ համագործակցութիւնը վայելեցի իբր խմբագիր։ Անոնց երկար ցանկին վրայէն արդէն քանինե՜ր այլեւս չեն պատասխաներ նամակներուս, նամակներս չե՛ն հասնիր անոնց։
Եւ այսպէս ուրիշներ, համեստ ընկերներ ու համակիրներ, որոնք մեր մատեան գունդը հանդիսացած են, որոնք վերցուցած են ամենէն համեստ պաշտօնները, կարեւոր ժողովներու ատեն պահակի դերով, կամ ամեն երեկոյ մեկնելէ առաջ ակումբին բոլոր դռները ստուգելու առաքելութեամբ ու նման լուռ աշխատանքներով, առանց որոնց դժուար թէ հեզասահ կարենան դառնալ մեր հաւաքական կեանքի անիւները։
Անոնց մեկնումով կը զգաս թէ բաց մը կը ստեղծուի, կը զգաս, թէ բան մը կը պակսի ոչ միայն հաւաքական կեանքէն, այլ քո՛ւ իսկ կեանքէդ։ Մարմնէդ, հոգիէդ, մտքէդ բաժին մըն է, որ քեզմէ կը բաժնուի կարծես։ Ոստայնիդ թելերէն մէկն ալ կը փրթի։ Ու չես ուզեր հաւատալ, որ կը փրթի, այլ կ՚երկարի, կ՚երկարի մինչեւ յաւիտենութիւն…
Այս թող ըլլայ մոմ մը ահա, որ կը վառեմ իրենց բոլորին յիշատակին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *