ՀԱՅԵԼԻ

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

—Բարե՛ւ, հայելի՛:
—Ինչպէ՞ս ես:
Այդ առաւօտ շատ աճապարանօք էր երեւի: Նոյնիսկ չանդրադարձաւ, թէ որքա՜ն յոգնած ու կքած է: Նկատեցի՞ր՝ ինչպէ՛ս երեսը կը լուար. արա՛գ, վայրենաբա՛ր…: Ափերուն մէջ պա՛ղ ջուրը կը հաւաքէր ու կը հարուածէր դէմքին, նկատեցի՞ր: Ան երեսը չէր լուար…: Յետոյ, տեսա՞ր ինչպէս ձեռքերը կռթնեցուց մարմարեայ քարին վրայ, երկա՜ր շունչ մը քաշեց ու վիզը կամա՜ց մը վեր հանեց: Երբ դէմքը քեզի հանդիպեցաւ, երկվայրկեան մը դիտեց դէմքէն վար հոսող պաղ ջուրին եւ տաք ու աղի արցունքներուն կաթիլները ու հեռացաւ…:
Այս որքա՛ն քարսիրտ ու դիմացկուն ես դուն, հայելի՛: Ինչպէ՞ս կը դիմանաս, ինչպէ՞ս չես ճաթիր, երբ այսքան ցաւի ու տառապանքի ականատես կը դառնաս: Բայց, հայելի՛, դուն նաեւ շա՜տ բախտաւոր ես: Միայն դուն եւ ուրիշ ո՛չ ոք քեզմէ զատ կը տեսնէ անկեղծ արտայայտութիւնը անոր դէմքին ու անկաշկանդ զգացումներուն ցոլացումը: Կը հանդիպիս իր էութեան, իր իսկութեան, ինչպէս որ է ան, առանց դիմակներու, առանց դերերու, առանց ընկերային սահմանափակումներու:
Հրաշալի ես դուն, հայելի՛, որովհետեւ կ՚ապահովես իր անձին հետ ըլլալու, իր ներաշխարհին, իր ապրումներուն, յոյզերուն, կիրքերուն, հեշտագին երեւակայութիւններուն, յայտարարուած ու թաքուն երազներուն հետ ըլլալու միջավայրը: Դուն ես, որ առանձի՛ն, բայց ո՛չ մինակ ըլլալու հրճուանքը կը պատճառես: Դու՛ն ես, որ կը վայելես իր հոգեկան մերկութիւնը ու այդ մերկութեան առեղծուածային գեղեցկութիւնը:
Պատմէ՛, հայելի՛, ի՞նչ կը կարդաս անոր յոգնած բայց լուսափայլ դէմքին, լայն ճակատին, արտայայտիչ աչքերուն, գրաւիչ շուրթերուն վրայ: Կը զգա՞ս մատներուն հպումները, հայելի՛: Կը փորձե՞ս գտնել այն թաքուն խորհուրդները, զորս իր բիբերը կ՚արտացոլեն ամեն օր: Կը փորձե՞ս չարչրկուած գլուխը շոյել, հանգստացնել, խաղաղեցնել ալեկոծուած ու փոթորկախառն միտքն ու հոգին: Այստե՛ղ շուրթերը անխօս կ՚արտայայտեն այն ինչ որ զսպուած է դուրսի աշխարհին մէջ, ա՛յն շուրթերը, որոնք չեն յագենար սիրոյ ու կենաց գինիէն, այն շուրթերը, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը շարունակեն ժպտիլ, ժպտիլ ոչ անպայման առ ի երջանկութիւն ու գոհունակութիւն, այլ առ ի հեգնանք ու դատապարտում՝ չարին, կեղծիքին, անարդարութեան: Գիտե՛մ, ցաւ ու տագնապ, մտահոգութիւն, կսկիծ ու կարօտ կայ անոնց ետին, կան նաեւ համամարդկային նպատկներ, անխախտ սկզբունքներ, մեծ ձգտումներ, լաւատեսութիւն, անսասան կամք, աւելին իրագործելու վճռակամութիւն, ջանասիրութիւն:
Բայց այս բոլորէն անդին, աւելի խորը կրնա՞ս սուզուիլ, աւելի հեռուն… կրնա՞ս թափանցել իր անսահման ու անծայրածիր ներաշխարհը, նե՛րսը, ուր միայն ի՛նքն է, ի՛ր աշխարհը, գիտակցութիւնն ու անգիտակցութիւնը…:
Խօսէ՛, հայելի՛, խօսէ՜:

Վիեննա
25 հոկտեմբեր 2016

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ ծնած է Հալէպ։ Շրջանաւարտ է Սուրիոյ պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինէն, ապա ուսումը կատարելագործած է Լոնտոնի մէջ։ Այժմ կը բնակի Վիէննա, ուր պաշտօնավարած է ՄԱԿ-ի կարգ մը յանձնախումբերու մէջ, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու որպէս ներկայացուցիչ զեկուցած է ՄԱԿ-ի կարգ մը խորհրդաժողովներուն: Հայկական կազմակերպութիւններու մէջ բազմիցս վարած է պատասխանատու պաշտօններ:
Իր ընկերային նիւթերով յօդուածները յաճախ լոյս կը տեսնեն Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *