Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Ա –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ԴԵԼԼԱԼ ՊԵՏՐՈՍ

Մայիս 6-ի՝ Լիբանանի Նահատակաց տօնին առթիւ մեր թերթերէն մէկը գրած էր. «104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան… արաբական զարթօնքի մունետիկները»:
Քմծիծաղով մը հարց տուի ես ինծի, թէ ո՞վ ինչ հասկցաւ, քանի մունետիկին ի՛նչ ըլլալը գիտցող մնացա՞ծ է, մանաւանդ մունետիկ տեսնող եղա՞ծ է այս սերունդին մէջ, եւ եթէ այո՛, հապա ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, քանի անոնք՝ մարդկային այդ տեսակը շատ երկար ատենէ ի վեր անհետացած է մեր առօրեայէն:
Մեր մենաշնորհն էր այդ, անցած-գացած մենաշնորհ մը, որ այլեւս վայելող պիտի չըլլայ:

* * *

Իմ մանկութեանս Պետրոս անունով կոյր մունետիկ մը կար Պուրճ-Համմուտի Թրատ թաղին մէջ, որ, թոռնիկին ուսէն բռնած, սովորաբար նպարավաճառ մուխթար Թաւուքճեանին ապրանքներուն գիները կը յայտարարէր զիլ ձայնովը, կամ քաղաքապետական որոշում մը, կամ կորսուած մանուկի մը տուեալները՝ այսքան պարգեւ խոստանալով գտնողին, կամ Դատաստանական խորհուրդի մէկ կոչը՝ անյայտացած ամուսինի մը կամ կնոջ մը հասցէին, կամ մահազդ մը՝ իր տուեալներով, կամ աճուրդ մը եւ այլն: Ան ծանօթ էր «դելլալ Պետրոս» անունով, — որովհետեւ «մունետիկ» բառը տակաւին մուտք չէր գործած Պուրճ-Համմուտի բառարանին մէջ, թող որ նման անուն մը շատ ալ պիտի չվայելէր այդ մարդուն. ո՜ւր է դելլալ-ը եւ ո՜ւր է մունետիկ-ը, — եւ այդ անունով ալ մտած էր ան մեր ամենօրեայ բարքերուն մէջ: Եթէ մէկը բարձրաձայն խօսէր, ուրիշ մը իսկոյն կը սաստէր. «Դելլալ Պետրոսին պէս մի՛ պոռար»: Իսկ եթէ պատահէր, որ մէկը շատ ցած ձայնով խօսէր, եւ ուրիշ մը խնդրէր քիչ մը բարձրացնել ձայնը, իսկոյն կը հասնէր պատասխանը. «Ի՞նչ է, ես դելլալ Պետրո՞սն եմ»: Կամ մէկը բազմիցս կրկնէր խօսքը ու լսող չունենար, «դելլալ Պետրոսէն գէշ եղայ», — կ՚եզրակացնէր դառնացած:
Դելլալ Պետրոսը բարձրահասակ ու թիկնեղ էր, իսկական աժդահայ մը, ձայնը զիլ, որ «մինչեւ եօթը փողոցէն կը լսուէր», ինչպէս կը բնորոշէին զայն մեր չափահասները: Ի ծնէ կոյր, կը շրջէր օգնութեամբը ուրիշի մը, որ սովորաբար թոռնիկն էր: Անոր երեւումը իսկական տօն մըն էր մանուկներուս համար, որ ընդհանրապէս փողոցը կը խաղայինք, քանի տուներուն մէջ տեղ չկար: Իսկ ձայնը կը կանխէր անոր երեւումը, եւ մենք, մեր խաղերը ձգած, կը պատրաստուէինք պատշաճօրէն դիմաւորելու զինք:
Իր յայտարարութիւնները թրքերէն կ՚ընէր, քանի հայերէն չէր գիտեր, իսկ շրջապատին մէջ թրքերէն գիտցողները շատ աւելի էին, քան հայերէն: Հազիւ հասած կ՚ըլլար, եւ արդէն կը շրջապատէինք զինք ու որոշ տեղ մը կ՚ընկերանայինք իրեն՝ երբեմն խնդրելով թոռնիկէն, որ մե՛նք բռնենք ձեռքը: Մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ, ո՛ւր էր այդ ընկերակցութեան հաճոյքը:
Ունէր գունագեղ բառամթերք մը, որ տարիներու ընթացքին ճոխացուցած ու զարգացուցած էր եւ շարադրելու պատկերազարդ ոճ մը, այնպէս, որ իւրաքանչիւր յայտարարութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ պարգեւ մը, որմէ պէտք չէր զրկուիլ: Այսպէս, օրինակ, այնպիսի քնքուշ բառերով կը նկարագրէր Թաւուքճեանի ընդեղէնը՝ ցորենը, ձաւարը, բրինձը, լուբիան, ոսպն ու սիսեռը, որոնք միշտ ալ «նոր հասած, թարմ, համով ու եփուն» կ՚ըլլային, այնպէս որ տանտիկինները չէին վարաներ իսկոյն ուղղուելու խանութ՝ չզրկուելու համար այս եզակի առիթէն: Մինչ չար լեզուները չէին վարաներ հաստատելու, որ «մուխթարը նորէն որդնոտած ապրանքները կը քշէ կոր…»: Է՜հ, փիլիսոփայ ըլլալու պէտք ալ չկար՝ այդքանը գիտնալու համար: Եթէ մուխթարին ապրանքը այնքան ընտիր ըլլար, ինչպէս կը ներկայացնէր դելլալ Պետրոսը, ա՛լ ինչո՞ւ մուխթարը 50 դահեկան պիտի զոհէր ու դելլալ վարձէր…
Մէկ մէկ ալ երկու կ՚ընէ, չէ՞…
Հիմա մունետիկ մնացած չէ այլեւս, ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը, չհաշուած թերթերը, անոր գործը կը կատարեն աւելի տարողունակ ու յաջող սփռումներով, իսկ բառը մնացած է…գիտցողներուն համար, սակայն ոչ իր բուն իմաստով, այլ փոխաբերական: Իսկ այդ փոխաբերական կոչուած իմաստը բնաւ ալ դրական բաներ չի նշանակեր այլեւս, ալ ո՛ւր մնաց, որ անով կարելի ըլլայ բնորոշել «արաբական զարթօնքի»-ին համար իրենց կեանքը կախաղանի վրայ զոհ բերած նահատակները:
Եթէ արդի հայուն ըսես՝ «Թորոսը Մարկոսին մունետիկն է», — այդ կը նշանակէ՝ Թորոսը մարկոսին չունեցած արժանիքները կ՚ուզէ կլլեցնել շրջապատին, ճիշդ ինչպէս դելլալ Պետրոսը մուխթարին որդնոտած ընդեղէնը կը կլլեցնէր ժողովուրդին:
Բառերն ալ հոգի մը ունին եւ կ՚ապրին իրենց այդ հոգիով:

ԹԵՐԹԱՎԱՃԱՌ ՊԱՐԳԵՒ

Մեր մանկութիւնը գունազարդող ու զուարթացնող դէմքերէն մէկն ալ հայ թերթավաճառ մըն էր՝ Պարգեւ անունով: Ճիշդ չէ զինք «թերթավաճառ» անուանել, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար «թերթի շարժական կրպակ» կոչել, վասնզի իրօք շարժական կրպակ մըն էր ան:
Կազմով կարճահասակ էր, լայնկեկ ու ժայռի պէս տոկուն:
Եւ այդ տոկունութեան շնորհիւ ալ կը յաջողէր մեծաքանակ շալկել իր ժամանակի բոլոր հայկական թերթերը, որոնք շատ աւելի էին այն օրերուն, քան հիմա: Ձեզմէ քանի՞ն կը յիշէ «Ժողովուրդի ձայնը», «Ազդարար»-ը եւ ուրիշներ, որոնց անունները ինքս ալ մոռցած եմ եւ որոնք խաղաղ կը գոյակցէին անոր մարմինին շուրջ կապուած եւ ուսերէն կախուող տրցակներովը «Արարատ»-ին, «Ազդակ»-ին ու «Զարթօնք»-ին: Այս բոլորին մէջ դժուար էր տեսնել դէմքը եւ ականջներուն հասնող պեխը՝ à la Staline, սակայն ինք կը տեսնէր իր շուրջը եւ անսայթաք կը յառաջանար առանց յոգնութեան նշան ցոյց տալու:
Պատերազմի տարիներն էին եւ Կարմիր բանակի յաղթական սլացքին…
Այս մասին ամենէն աւելի կը գրէր «Ժողովուրդի ձայնը», որ հայ համայնավարներու պաշտօնաթերթն էր եւ հացի պէս կը ծախուէր, քանի ամեն մարդ կ՚ուզէր գիտնալ Կարմիր բանակի սխրանքներուն մանրամասնութիւնները, որոնք վերջին հաշուով կը վերաբերէին նաեւ հայկական բանակին:
Պարգեւ ինք եւս սովորաբար վերերէն՝ Ծերանոցի կողմերէն կը յառաջանար դէպի վար: Ան կանգ կ՚առնէր իւրաքանչիւր թաղի բերանը եւ նոյնքան զիլ ձայնով մը, որքան դելլալ Պետրոսինն էր, կը սկսէր մանրամասնօրէն տալ «Ժողովուրդի ձայն»-ին՝ գրեթէ բոլոր լուրերը, — եւ չէր վախնար, որ այդ բոլորէն ետք մարդիկ հրաժարէին թերթ գնելէ, — եւ ամեն անգամ ալ կ՚աւարտէր նոյն խոստումով. «Կամիր բանակը պիտ մտնէ Պերլի՜՜՜ն…», — այս վերջինը կ՚երկարէր մինչեւ որ մարէր ձայնը, իսկ լսողները կը կարծէին, թէ ուր է՝ պիտի պայթի ան: Եւ ահա գնորդները կը սկսէին հասնիլ «գունդ առ գունդ», ու թերթի տրցակները կամաց-կամաց կը թեթեւնային:
Է՜հ, աշխարհի լաւ ատենն էր, եւ ընթերցողի պակաս չկար, քանի ո՛չ հեռատեսիլ կար, ո՛չ ձայնասփիւռ կար, ո՛չ համակարգիչ կար, ո՛չ ալ հեռաձայն ու բջիջային:
Ապա կ՚անցնէր յաջորդ թաղը, որուն մուտքին կը վերսկսէր նոյն բեմադրութիւնը տառացի հաւատարմութեամբ եւ այսպէս շարունակ:
Պարգեւը կ՚անցնէր-կ՚երթար, տեղը մենք կը գրաւէինք՝ կրկնելով իր տուած լուրերը կամ ինչ որ անոնցմէ կրնար կորզել մանուկ մը, ու կը ծախէինք զանոնք նոյն արարողակարգով, շարժումներով, նուիրումով ու համոզումով՝ եզրակացնելու համար, թէ… «Կարմիր բանակը պիտի մտնէ Պերլի՜՜՜ն»՝ փորձելով իրեն պէս երկարել այս խորհրդաւոր անունը, որմէ ոչինչ կը հասկնայինք:
Բայց ահա օրերը կ՚անցնէին, մենք ակնդէտ կը սպասէինք, բայց արի տես, որ Կարմիր բանակը «չէր մտներ Պերլին», ինչպէս կը խոստանար Պարգեւ, իսկ մենք անհամբեր էինք իմանալու այդ մուտքը, որ մղձաւանջ մը դարձած էր որքան իրեն, նոյնքան ալ մեզի համար:
Օր մըն ալ սովորականին պէս լուրերը տուաւ, թերթերը ծախեց եւ սկսաւ ուղղուիլ յաջորդ թաղին բերանը, որ մօտաւորապէս 25-30 մեթր անդին կը գտնուէր, եւ մենք գրաւեցինք իր տեղը՝ սկսելով մե՛ր լրատւութիւնը, երբ մեզմէ մէկը կոկորդը պատռելու չափ բարձրաձայն եզրակացուց.
— Կարմիր բանակը մտաւ Պերլի՜՜՜ն…
Պարգեւ, որ բաւական յառաջացած էր, ամբողջ զանգուածովը վերադարձաւ՝ թեթեւոտն մանուկի մը հեզասահ ընթացքով եւ տագնապահար, աչքերը լայն բացած ու դողդղացող ձանով մը հարցուց.
— Ո՞վ ըսաւ, ուրկէ՞ լսեցիք…
Կը հեւար, կ՚ակնկալէր գոհացուցիչ լուսաբանութիւն մը քաղել մեզմէ, — չէ՞ որ կարեւոր գաղտնիքները փոքրիկներէն պէտք է առնել, — սակայն մեր ծիծաղն ու փախուստը փարատեցին այդ յոյսը եւ վերադարձուցին զինք առօրեայ տաղտկալի ու մռայլ իրականութեան եւ համազգային մեծ ու անորոշ սպասումին, որ չէր վերջանար եւ առաձիգ պիտի երկարէր դեռ ատեն մըն ալ…

ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՄՈՒՏԸ

Պուրճհամմուտցի ամեն մանուկ եռալեզու դարձած կը դիմաւորէր գիտակցական տարիքը. ան իւրացուցած կ՚ըլլար արդի հայերէնը, որ մասնաւորաբար դպրոցին մէջ կիրարկուողն էր, բարբառ մը, որ յատուկ էր տան մէջ ապրող մեծհօր մը կամ մեծմօր մը, եւ թրքերէնը, որուն մենք նոյնքան կը տիրապետէինք, որքան հայերէնին, երբեմն նոյնիսկ աւելի լաւ: Կային տղաք, որոնք միայն դպրոցը հայերէն կը խօսէին, իսկ ժամանակին մնացեալ մասը թրքերէն կը հաղորդակցէին թէ՛ տան մէջ, թէ՛ փողոցը, մանաւանդ եթէ կու գային թրքախօս ընտանիքէ:
Ուրեմն կային նաեւ հայախօս ընտանիքներ եւ թրքախօս ընտանիքներ:
Իմս հայախօս էր, եւ չեմ յիշեր որեւէ առիթ, ուր հայրս կամ մայրս կամ մեծմայրս թրքերէն դիմած ըլլային մեզի: Սակայն հակառակ ասոր՝ մենք՝ հինգ քոյր-եղբայր, սահուն կը խօսէինք թրքերէնը, որուն կը տիրանայինք փողոցը եւ մեր շուրջը գտնուող թրքախօս հասակակիցներէ, հիւրերէ, խանութպաններէ, փերեզակներէ, արհեստաւորներէ, պատահական անցորդներէ, քիչ մը բոլորէն:
Գալով բարբառներուն, ամեն ընտանիք ունէր իրը, որ կը գործածէր միայն տան մէջ՝ մեծհօր կամ մեծմօր հետ, երբեմն մինչեւ իսկ հօր ու մօր հետ, ու հոն ալ կը մնար ան: Բացառուած չէր, որ մեզմէ ոմանք յաջողէին սորվիլ նաեւ անմիջական դրացիին տան մէջ խօսուող բարբառը:
Ժամանակին հետ այդ բառբառները հետզհետէ կորսուեցան, երբ զանոնք խօսող երէցները չմնացին. այսօր ամբողջ սփիւռքի մէջ որոշ կենսունակութիւն ունի Մուսալեռի բարբառը միայն՝ Անճարի մէջ, իսկ արեւմտահայ միւս բարբառները անհետացան: Մօտաւորապէս նոյն ընթացքին հետեւեցաւ թրքերէնը, թէեւ զայն խօսողներ, մանաւանդ գիտցողներ, բաւական կը գտնուին մինչեւ հիմա ալ:

* * *

Մեծ բացական արաբերէնն էր, քանի մեր առօրեայէն բացակայ էին իրենք՝ արաբները եւս: Ամբողջ Պուրճ-Համմուտի մէջ կ՚ապրէին երկու արաբ ընտանիքներ՝ քաղաքապետարանի քարտուղարինը եւ Մար-Եուսեֆ եկեղեցւոյ ժամկոչինը: Մնացեալները մենք էինք ու մերոնք եւ կ՚ապրէինք մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով, ուր բոլոր նիւթերը հայերէն կը դասաւանդուէին, խանութներով եւ արհեստանոցներով, ուր ծառայողները գրեթէ միայն հայեր էին՝ դերձակներ, կօշկակարներ, ատաղձագործներ, երկաթագործներ, դարբիններ, բրուտներ, մինչեւ անգամ… պայտարներ, այո, պայտարներ, — նոյնիսկ հեռաւոր ու մեզի անծանօթ շրջաններէ տեղացիներ իրենց գրաստները կը բերէին եւ Պուրճ-Համմուտի մէջ լուսնել կու տային: Ես մինչեւ հիմա ալ չեմ մոռնար անոնցմէ մէկը, որ Լեւոն կը կոչուէր:
Չոր, նիհար մարդ մարդ մըն էր ան, հաւանաբար 50-ի շուրջ, ունէր տարեկից օգնական մըն ալ: Այս վերջինը կը վառէր կաւաշէն փոքրիկ քուրան, որուն մէջ վարպետը կը դնէր մետաղեայ ձող մը, մօտաւորապէս մէկ թիզ երկարութեամբ: Աշկերտը քուրային կրակը յարատեւ կ՚արծարծէր փքոցով մը, եւ ահա երկաթը հետզհետէ կը շիկանար: Լեւոն մետաղեայ երկարակոթ ունելիով մը կը բռնէր զայն, կը դնէր սալին վրայ, որ հաստատուած կ՚ըլլար կոճղի մը գագաթը, մօտ 70-80 սանթիմ բարձրութեամբ, ու կը սկսէր նախ կիսաշրջանակ ոլորել զայն: Մէջընդմէջ երկաթը կը վերադառնար դէպի քուրայ ու կը վերաշիկանար: Ապա կամաց-կամաց կը տափակցնէր զայն, եւ այսպէս կը ձեւանար պայտը: Որմէ ետք դուրի մը օգնութեամբ, դա՛րձեալ շիկացնելով զայն, կը բանար զանազան ծակեր:
Պատրաստ պայտերը կը կախուէին պատին վրայ:
Եւ ահա կու գար գրաստատէր մը, ընդհանրապէս ձիապան մը:
Օգնականը կ՚անշարժացնէր ձին, կ՚ոլորէր անոր առջեւի ոտքերէն մէկը, եւ վարպետը խոշոր աքցանով մը կը քաշէր մաշած պայտին գամերը, որոնք շատ դժուար դուրս կու գային սմբակէն: Ապա կ՚անցնէր միւսին…: Քակուած պայտերուն տեղը ձիուն եղունգը սեւցած ու մաշած կ՚ըլլար. Լեւոն կիսաշրջանակաձեւ դանակով մը կը քերթէր եղունգին այդ մասը, որ շերտ-շերտ գետին կը թափէր: Այդ շերտերէն ոմանք երբեմն մինչեւ 7-8 սանթիմ երկայնք կ՚ունենային եւ աւելի քան կէս սանթիմ հաստութիւն:
Երբ լման հեռացնէր մաշած եղունգը, խոշոր խարտոցով մը կը յղկէր տեղը, կը հարթէր զայն, որպէսզի հանգիստ նստի նոր պայտը, որմէ ետք կը սկսէր յարմար չափի մը ընտրութիւնը: Ասոնք ալ պատրաստելէ ետք կը հասնէր ամենասոսկալի արարը, որ էր պայտերու ամրացումը սմբակին վրայ:
Այդ մէկը տեղի կ՚ունենար շնորհիւ խոշոր գամերու, մօտ 8-10 սանթիմ քառանկիւն սեպեր, մատիտի տրամագիծով, խոշոր գլուխներով, որ նոյնպէս պայտարը պատրաստած կ՚ըլլար: Ահա այս գամերն է, որ պարտէր մխրճել ծակերուն մէջ: Ես սոսկումով կը դիտէի այս վերջին գործողութիւնը, քանի ամեն վայրկեան կը կարծէի,— հակառակ փորձառութեանս,— որ ան պիտի մխրճուէր անասունի միսին մէջ, մինչ ան անտարբեր կ՚ենթարկուէր վարպետի հարուածներուն:
Սմբակը կոնաձեւ ըլլալուն՝ գամերուն ծայրերը յաճախ մէկ-երկու սանթիմի չափ դուրս կու գային անկէ. վարպետը կը կտրէր այդ մասերը, խարտոցով կը հաւասարեցնէր եղունգին եւ կ՚աւարտէր գործը. խորունկ շունչ մը կ՚առնէի ու կը հանգստանայի, ինծի հետ ալ ձին, որ լիաթոք կը խրխնջէր:
Նոր պայտ ունեցող ձին կարծես աւելի առոյգ, աւելի աշխոյժ ու կենսունակ երեւոյթ մը կը մատնէր եւ ոտքերով կայտառօրէն կը դոփէր գետինը՝ նոր կօշիկ ստացած մանուկի գոհունակութեամբ:

* * *

Եւ վերջապէս Պուրճ-Համմուտի պղնձագործները…
Արդի հայը որոշ չափով պատկերացում ունի վերոնշեալ արհեստներուն մասին, սակայն չեմ կարծեր, թէ ձեզմէ մէկը գիտնայ՝ ի՛նչ է պղնձագործը: Այս արհեստը կիրարկողներու երկար շարք մը հաստատուած էր Արաքս թաղի կռնակը՝ աջին, որ անցած դարու յիսունականներուն ազատ տարածութիւն մըն էր մինչեւ գետը: Պղնձագործները կ՚ունենային ընդամենը երկթակ մուրճ մը եւ պողպատեայ սալ մը, որ գետնէն հազիւ թիզ մը բարձր հաստատուած կ՚ըլլար: Անոնք գետինը նստած կ՚աշխատէին, եւ անոնց միակ ատաղձը պղնձեայ թերթերն էին՝ զանազան հաստութեամբ: Այդ թերթերը շրջանակաձեւ կը կտրէին ու կը սկսէին ձեւաւորել՝ սալին վրայ ծեծելով զանոնք: Երկա՜ր ու տաժանագին աշխատանք մըն էր այս, որուն շնորհիւ անդուլ թակուող պղնձեայ սկաւառակը մեր ապշահար աչքերուն առջեւ կամաց-կամաց ձեւ կը ստանար՝ դառնալու համար բաժակ մը, սրճաման մը, պնակ մը, տապակ մը, սան մը, խալկին մը, փարչ մը, կաթսայ մը, տաշտ մը, սկուտեղ մը կամ որեւէ այլ ընդունարան: Ասոնք բոլորը կը ղրկուէին քիչ անդին գտնուող կլայագործներուն, որոնք բորբ կրակին վրայ լաւ մը կը տաքցնէին զանոնք, ապա անագով կ՚օծէին անոնց ներքին մակերեսը միայն, յետոյ քուրջով մը կը շփէին զայն, եւ կաս-կարմիր պղինձը կը գունափոխուէր ու կը սկսէր երեսիդ ժպտիլ պսպղուն հայելիի պէս, որուն մէջ կրնայիր պատկերդ տեսնել:
Ափսո՜ս, քանի մը տարի ետք այդ արուեստն ալ կորսնցուց իր հմայքն ու թափը, երբ ալումինիումէ պատրաստ սպասները ողողեցին շուկան՝ մանաւանդ կանխելով թունաւորումի հաւանականութիւնն ալ, որ պղինձին մէկ մնայուն վտանգն էր:
Յատուկ յիշատակութեան արժանի են նաեւ հայ շինարարները՝ իրենց վարպետներով ու ճարտարապետներով: Անոնց մեծ մասը կ՚ապրէր խրճիթներու մէջ. սակայն համեստ օրապահիկի մը սիրոյն կը ծառայէին տեղացիներու քարաշէն բնակարաններու, դղեակներու եւ պանդոկներու կառուցումին: Աւելի ուշ է որ անոնք իրենց տեղը զիջեցան սուրիացի բանուորներուն եւ ուրիշ օտարականներու:

* * *

Պուրճ-Համմուտի մէջ կը գործէին չորս մարդասիրական հաստատութիւններ:
Ասոնցմէ մէկը դարմանատուն մըն էր, Մեսրոպեան վարժարանին կից, որ կը տնօրինէր ֆրանսացի քոյր մը՝ MՌre Blanche անունով. միջին տարիքի, լեցունկեկ, յաղթանդամ, սնդիկի պէս շարժուն եւ եռանդուն, համակ ժպիտ ու քաղցրութիւն՝ ան բոլորիս հոգածու հրեշտակն էր, անունին տէրը՝ իսկական մայր մը:
Միւսը Գարակէօզեան հիմնարկն էր, որ նախախնամական դեր ունեցաւ հայ մանուկներու սնունդի եւ առողջապահական կարիքներու մատակարարման մէջ:
Ապա՝ Ծերանոց-այրիանոցը եւ Կուրանոցը, Նոր Սիսի եւ Նոր Ատանայի հատման կէտին վրայ, որոնց հիմնադիրները, մատակարարները եւ երկսեռ անձնակազմի վերին շերտը զուիցերիացիներ էին, որոնք սակայն… մաքուր հայերէն կը խօսէին: Այս աւանդոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ այն օրը, ուր զուիցերիացի վերջին հայախօս տնօրէնը՝ Մր. Ցիգլերը, հեռացաւ Լիբանանէն՝ իր հետ տանելով հայ կինն ու հայախօս զաւակները:

ԱՌԱՋԻՆ ԴՊՐՈՑՍ

Պուրճ-Համմուտցի մանուկին համար դպրոցական ընտրութեան շատ տեղիք չկար, քանի ան ձեւով մը կանխորոշուած աւանդոյթ էր. ամեն փոքրիկ ենթադրուած էր յաճախելու իր թաղային վարժարանը, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. ասոնք միասնաբար կը կազմէին մէկ կալուած:
Այսուհանդերձ այս կարգը կը խախտէր ի նպաստ կաթողիկէ եւ որոշ չափով աւետարանական դպրոցներուն, ուր կը յաճախէին նաեւ առաքելական ընտանիքներու զաւակները, մինչ հակառակ շարժումը գրեթէ գոյութիւն չունէր: Այսպէս էր, որովհետեւ աւանդականօրէն կը տիրէր այն համոզումը, թէ այդ վարժարաններու շրջանաւարտները աւելի լաւ կը տիրապետէին, կաթողիկէներու պարագային՝ ֆրանսերէնին, իսկ աւետարանականներու պարագային՝ անգլերէնին: Այս մտայնութիւնը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, եւ այդ դպրոցներու աշակերտութեան մեծամասնութիւնը միշտ ալ կազմած են առաքելական դաւանանքի զաւակները:
Ոչ-հայկական՝ այլադաւան կամ պետական դպրոց յաճախելու հարց չէր դրուեր մինչեւ անցած դարու 50-ականները: Հետագայ տասնամեակներուն է որ ծնունդ առաւ այդ երեւոյթը:
Ուրեմն իմ պարագայիս յստակ էր, որ պիտի յաճախէի իմ թաղային վարժարանս, որ կը կրէր Ազգային Աբգարեան անունը՝ ի յիշատակ Ատանայի համանուն վարժարանին: Անոր կառուցումին նախաձեռնողներն ալ եղած էին Նոր Ատանայի բնակիչները, որոնք կը գրաւէին մերինին կից թաղամասը:
Պատերազմը տակաւին չէր դադրած, սակայն անոր անմիջական վտանգը արդէն բաւական նուազած եւ հեռացած ըլլալ կը թուէր:
1944-ի հոկտեմբերի առաւօտ մը եղբայրս զիս եւ քոյրս դպրոց տարաւ ու արձանագրել տուաւ օրուան շատ ծանօթ տնօրէնին, որ Գէորգ Տէր Անդրէասեան կը կոչուէր, մեզի թաղակից, շատ գեղեցիկ, տպաւորիչ ու յարգուած անձնաւորութիւն մը, որ ինծի համար նշանակեց 15, իսկ քրոջս համար՝ 25 լիբանանեան ոսկի տարեթոշակ, որ համազօր էր 13 տոլարի:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան կարգ մը գնումներ՝ գիրք, գրատախտակ, մատիտ եւ այլն, որ դրի մօրս կարած եւ ուսէս կախ պարապ պայուսակիս մէջ, ու առաջնորդուեցայ մանկապարտէզ, այսինքն՝ եկեղեցիին սրահը, քանի յատուկ կառոյց մը գոյութիւն չունէր իբր այդպիսին: Այստեղ, չորս անկիւնները շարուած էին նստարաններ, որոնց իւրաքանչիւր խումբը կը կազմէր դասարան մը:
Օրուան մանկապարտիզպանուհին՝ տիկ. Արմէնուհին, հիմնուելով հասակիս ու կազմիս վրայ, կարգադրեց, որ նստիմ կոկոն դասարան, որ էր մանկապարտէզի երրորդ կարգը: Ընկերներս հերթով կը կարդային հատուած մը, մինչեւ որ կարգը հասաւ ինծի, իսկ ես ոչ մէկ տառ կը ճանչնայի: Ուսուցչուհին գայթակղեցաւ, առանց բառերը ծամծմելու արտայայտեց իր արհամարհանքը եւ բիրտ շարժումներով զիս տարաւ տիկին Արմենուհիին քով: Կարճ խորհրդակցութենէ մը ետք անոնք որոշեցին զիս դնել բողբոջ դասարան, ուր բոլորն ալ անգրաճանաչ էին ինծի պէս: Ուրեմն տեղս գտած էի: Սակայն ո՛չ հասակակիցներս:
Կը զգայի, որ ես քիչ մը աւելի մեծ եմ ընկերներէս: Այդպէս էր, քանի եղած եմ հիւանդոտ մանուկ մը, եւ ծնողքս որքան կարելի է խուսափած են զիս «աչքերնէն հեռացնելէ» եւ ուշ ղրկած են դպրոց: Այս աններդաշնակութիւնը՝ իմ եւ դասընկերներուս միջեւ, մինչեւ վերջ ալ տիրած է. ես ընդհանրաապէս մէկ տարի աւելի մեծ եղած եմ դասընկերներուս տարիքային միջինէն, թէեւ հատուկենտ պատահած է, որ ունենամ ինձմէ աւելի տարիքոտ դասընկեր ալ՝ կրկնողներ, դպրոց փոխողներ եւ այլն: Տարիքային այդ տարբերութիւնը պատճառ դարձած է, որ ընկերներէս աւելի դիւրին իւրացնեմ տրուող դասերը, եւ այս առաւելութիւնը պահած եմ երկար ու ձիգ ուսանողութեանս ամբողջ տեւողութեան:

* * *

Մէկուն համար, որ առաջին անգամ կ՚այցելէր մեր մանկապարտէզը, ան կրնար թուիլ բաբելոնեան խառնարան մը, ուր անկիւն մը ընթերցում կը կատարուէր, ուրիշ անկիւն մը՝ կ՚երգէին, երրորդ անկիւն մը պատմութիւն կը պատմէին, իսկ չորրորդ մը՝ կրաքարէ անձնական փոքրիկ գրատախտակի վրայ մեսրոպեան տառերը կը դրոշմուէին:
Եւ կը կերտուէին… ապագայ հայ սերունդները:
Ասով չէր վերջանար այդ մանկապարտէզին իւրայատկութիւնը:
Այնտեղ, ճիշդ խորանին տակը, կը գտնուէր խոռոչ մը, որուն մէջ պահ դրուած էր աղքատներուն վերապահուած դագաղ մը: Մէջ ընդ մէջ այդ դագաղը դուրս կը բերուէր՝ յուրախութիւն մեզի, քանի գիտէինք այլեւս, որ քիչ ետք մեզ բակ պիտի հանէին, եւ եկեղեցին լեցուէր… յուղարկաւորներով. շուտով կը հասնէին դագաղակիրները եւս՝ քահանային ու քանի մը դպիրներու երգեցողութեամբ: Արարողութեան ամբողջ տեւողութեան, որ կը վերջանար «Ի վերին Երուսաղէմ»-ով, մենք կուշտուկուռ կը խաղայինք, ըսել կ՚ուզեմ՝ կը զբօսնէինք բակին մէջ, ի վերջոյ դժկամակութեամբ «դասարան» մտնելու համար:
Մէկ-երկու ժամ ետք կը վերադառնար պարապ դագաղը՝ խաղալիքի մը պէս թեթեւ ու անվնաս, կը զետեղուէր նոյն խոռոչին մէջ, որուն մուտքը ծածկուած էր փոքրիկ վարագոյրով մը: Այս բոլորին մենք այնքան ընտելացած էինք, որ գրեթէ անտարբեր կը դիտէինք անցած-դարձածը՝ իսկոյն մոռնալու համար եւ հանգիստ կը տրուէինք մեր զբաղումներուն՝ անոր հանապազօրեայ մտերմութեան մէջ, եթէ…
Եթէ չըլլային մուկերը:
Արդարեւ, մեր ուսուցչուհիները, մանկապարտիզպանուհիի գլխաւորութեամբ եւ զինուած օրուան մանկավարժական զէնքերով, մեզ համոզած էին, որ այդ նոյն խոռոչին մէջ կը բնակէին…մուկեր, եւ անօթի մուկեր, որոնք ակնդէտ զոհի կը սպասէին: Եւ ամենայարմար զոհը, ոչ աւելի, ոչ պակաս, մե՛նք էինք, թարմ ու մատղաշ մատաղցուներ, եթէ… ծուլութիւն եւ չարութիւն ընէինք:
Եւ որովհետեւ անկարելի էր ծոյլ կամ չար չըլլալ, ահա մէջ ընդ մէջ կը հաւաքէին նմանները, եւ իբրեւ ազդարարութիւն՝ կը շարէին խորանէն, — իմա՝ մուկերու խոռոչէն, — երկու մեթր ասդին, մետաղեայ վանդակին կից:
Ա՛լ լացողներ, պոռչտացողներ, տակերնին թրջողներ…
Յաջորդ քայլը, եթէ յանցանքը կրկնողներ ըլլային, անոնց ցուցամատին կը քսուէր յատուկ ձէթ մը, որ շատ կը գրաւէր մուկերը. այլ խօսքով՝ իբրեւ ախորժաբեր մուկերուն՝ քիչ մը աւելի գրգռելու համար անոնց ախորժակը… որուն պիտի յաջորդէր անշուշտ բո՛ւն յօշոտումը…
Ցերեկը ականատեսն էինք այս բոլորին, իսկ գիշերը՝ երազողը:
Ճիշդ է, որ այդ վերջնական քայլը որեւէ ատեն չառնուեցաւ, եւ որեւէ մանուկ այդ չարաշուք խոռոչին մէջ չթխմուեցաւ, այսուհանդերձ անոր սպառնալիքը մանկապարտէզի ողջ տեւողութեան՝ այդ եկեղեցւոյ մէջ, մեր գլխուն վերեւ, կախուած մնաց իբրեւ դամոկլէսեան սուր մը, որուն կրնայինք որեւէ ատեն զոհ երթալ:

* * *

Մանկապարտէզը ունէր հաճելի պահեր ալ:
Ամեն շաբաթ, ժամը 11-ի շուրջ, դասերը կանգ կ՚առնէին, նստարանները կը վերադասաւորուէին, եւ կը սկսէր հանդէսը, ուր փոքրիկները ցոյց կու տային իրենց շնորհները. կ՚երգէին, կը պարէին, կ՚արտասանէին, մինչեւ իսկ թատերական փոկրիկ պատկերներ կը ցուցադրէին:
Առաջին մէկ օրէն ինծի բաժին ինկաւ Յովհ. Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»-էն հատուած մը, որ կարծեմ դասագիրքիս մէջ ալ կը գտնուէր.
Քշեց գառները մեր հովիւ հսկան,
Ելաւ Սասմայ սարերն աննման.
Հէ՜յ ջան սարեր,
Սասմայ սարեր…

Եւ կը թուի, թէ յաջող կ՚արտասանէի, քանի որ այնուհետեւ, մանկապարտէզ իմ կեցութեանս երեք տարիներուն, բազմիցս արտասանել տուած են զայն ինծի: Եւ երբ պատահէր, որ ուսուցչուհին անունս տար եւ ես ուղղուէի դէպի բեմ, իմա՝ խորանին առաջամասի փոքրիկ տարածութիւնը, կռնակս երկու մեթր անդին պահ դրուած դագաղին դարձուցած, ընկերներս աջէն-ձախէն կը փսփսային.
— Սասունցի Դաւիթն է…
Այդ մակդիրով ալ կամաց-կամաց դարձայ գրաճանաչ ու աւարտեցի մանկապարտէզի երեքամեայ շրջանս:

(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *