«ՈՐՊԷՍ ԵՒ ՄԵՔ…»

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Եկուր քիչ մը պարապ բաներ խօսինք միասին։ Հոգ մի ըներ, դատելիք չեմ քեզ։ Որպէսզի դուն ալ քու կարգիդ զիս չդատես։
Եկուր պարապ-սարապ խօսինք միասին։ Լեցուն եմ։ Պարապին մէջ պարպել կ՚ուզեմ ինքզինքս եւ դուն պիտի ըլլաս դատարկ անտակ տոպրակ մը, որ չի լեցուիր։ Չի լեցուիր։ Բայց խօսինք։ Ես պէտք ունիմ շեղելու ճաթռտուող ոսկորներուս աղմուկը։ Պէտք չէ լսեմ ձայները, ականջս երկարեմ պարապ խօսքի արհամարհանքին ու հեռանամ, գոնէ պահ մը, ունկնդրելու հարկադրանքէն։
Եկուր, սուրճ եփեցի, միայն գիտնաս քեզի որքան պէտք ունիմ, քեզ դիմացս գամելու, որպէսզի պարապ խօսքի քամոցով պարպես, որքան կրնաս, խտացած հիւթը թիկունքէս հոսող վէրքերուս։
Ներողութիւն կը խնդրեմ նախապէս. պիտի ստեմ։ Ամբողջական կըս-կլորակ սուտ մըն է այս վայրկեանիս դիմացդ հիւրընկալ, բարի, բացսիրտ ու խիստ ազնիւ այս անձս։ Որ բազմած է սրունքիդ քով զետեղուած աթոռին։ Ան նստած չէ, կը փախչի։ Սակայն, որքա՞ն հեռու կրնայ երթալ։ Լաւ գիտէ։ Եղած տեղը շուրջանակի կը դառնայ ինքն իր վրայ։ Փախուստ, փախուստ։ Փախչելիք տեղ կը փնտռէ։ Կը հեռացնէ ընկղմումը պարապ խօսքերուն լաստով։
Չէ, դուն չէ որ պիտի խօսիս։ Դուն դատարկախօս մէկը չես. խաբուած բարեկամեցող ես այս պահուս, զոր խորանիս փլատակին ծունկի գալու կը ստիպեմ։ Ձգէ ինծի ես խօսիմ պարապ-պարապ, քանի ես եմ ապաշխարանքի ինքնակեղեք աղօթքով այրող մեղաւորը։ Ու կը վախնամ, կ՚ամչնամ, չեմ վստահիր ինքզինքիս։
— Ինչպէ՞ս են զաւակներդ։ Լաւ կ՚աշխատի՞ն դպրոցը։ Բրինձի՞ թէ ձաւարի փիլաւ կը սիրես։ Խճողումի մէջ մնացի երէկ գիշեր։ Վերելակնիս չ՚աշխատիր։ Մարզանքը շատ կարեւոր է։
Փարումէս մէկէն կարեւորութիւն կը ստանաս աչքիդ. մի խաբուիր։ Ճնշած են զիս միտքերս ու խօսքերս ճնշեփին արձակող շոգին են։ Հոտը կը հասնի քիթիդ, բայց ճաշը պիտի չուտես։ Կ’ուզեմ այրել, ածխացնել արիւնլուայ միսերս, բայց անոնք են որ զիս կ՚եփեն։
Անուշիկ բարեկամ, հրէշ չեմ ես, կը գործածեմ քեզ միայն, քանի անկարող եմ մեծնալու։ Գիտե՞ս որքան պզտիկ եմ. ընկոյզի կեղեւն անգամ լայն կու գայ ինծի, որ նման է պարապ խօսքերուս։
Կը ձանձրանաս… ասեղ- դերձա՞ն… պիտի չկարուին իմ պատռտած խօսքերս, ցնցոտին շնորհք պիտի չունենայ։ Բզիկ- բզիկ անոնք վրաս, պիտի իջնեմ փլատակին տակերը, ուր որ նեղլիկ տեղ գտնեմ շրթունքս հեղ մը շարժելու. «ու թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք…» ո՛հ։
Դուն մի փորձեր հասկնալ, այլ միմիայն լեցուր տարածութեան պարապութիւնը ժամացոյցի թիքթաքով, որ հասկնամ թէ ամեն բան պիտի անցնի։ Ամեն բան։ Ես ալ։

Փարիզ

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ —Նորա Պարութճեան ծնած է Լիբանան, աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ 30 տարիէ ի վեր կ՚ապրի Ֆրանսա, փարիզեան շրջան՝ Ալֆորվիլ, ուր Դպրոցասէր վարժարանի միջնակարգ դասարաններուն հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *