ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԷՆ՝ «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ»

Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի «100-ամեակ»ի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյնպէս Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ «Ժամանակ»ի հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ կը հրատարակուին հաւաքածոներէն պեղուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն արեւմտահայ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր։ Continue reading “ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԷՆ՝ «ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ»”

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը

My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag, 257 էջ, ԱՄՆ 2017
 Ս.Ա.Յ.

Նուիրուած իր հօր եւ ընդհանրապէս ստալինեան բռնատիրութեան զոհերու յիշատակին, ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag խորագրեալ այս անգլերէն հատորը իր իննը գլուխներու ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայացնէ իր ինքնակենսագրականը, հօր յուշերը, ինչպէս նաեւ այլ յուշեր եւ ուսումնասիրութիւններ Ստալինեան աղէտի մասին։ Continue reading “Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը”

ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Մեր սեղանին վրայ է թորոնթոյաբնակ յայտնի մտաւորական ու գրող Գրիգոր Հոթոյեանի նոր մէկ գիրքը, որ կու գայ աւելնալ վաստակաշատ գրագէտին կողմէ աւելի առաջ հրատարակուած հաստափոր գիրքերուն վրայ: Այս նոր գիրքը կոչուած է «Հայաշունչ պատմուածքներ»: Եթէ սկսիք գիրքը թղթատել, անմիջապէս պիտի հասկնաք որ հոս խնդրոյ առարկայ են ո՛չ միայն հայաշունչ, այլ նաեւ բարոյախօսական պատմուածքներ: Հոթոյեան իր այս նոր գիրքին մէջ ճամբայ կ՚ելլէ իր ընթերցողները հաղորդելու համար մարդուս բարոյական ու մարդասիրական աշխարհը հարստացնող ապրումներու ու թելադրութիւններու հետ: Continue reading “ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԸ”

Վրէժ-Արմէնի ՈՍՏԱՅՆ — 6 ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ նոր հատորը

Այս հատորը, ինչպէս նախորդը՝ «Ոստայն 5 — Նամակապատում»,
լոյս կը տեսնէ միայն առցանց

Հեղինակին այս երկը կ՚ամփոփէ հայրենիք կատարած իր վերջին չորս այցելութիւններու ուղեգրութիւնները՝ Ժամադրավայրը մեր երջանկութեան (2005), Հայաստանեան հանդիպումներ (2007), Դարձեալ եւ միշտ Հայաստան (2008) եւ Հայաստանեան խճանկար (2009)։ Գալով իր առաջին երկու այցելութիւններուն, 1991-ին եւ 1994-ին, ատենին անոնց ուղեգրութիւնները լոյս տեսած են իր Ոստայն 3 — Հաղորդութիւն հատորին մէջ (1999)։ Continue reading “Վրէժ-Արմէնի ՈՍՏԱՅՆ — 6 ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ նոր հատորը”

Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը

Marian Mesrobian MacCurdy with a forward by Gerard Libaridian, Sacred Justice. The voices of the Armenian Operation Nemesis. Transaction Publishers, New Brunswick, New Jersey, 2016.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին լայն հետաքրքրութիւն կար հայ արդարահատոյց ահաբեկութեանց շուրջ ինչպէս օրինակ Կէտիկեանի շարժանկարը («Une histoire de fou»), Էրիք Պօղոսեանի Operation Nemesis հատորը, Ժաք Տերոժիի նոյնանուն գիրքի վերահրատարակումը՝ առաջին հրատարակութենէն գրեթէ 30 տարի անց։ Continue reading “Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը”

Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»

Բ. ՀՐԱՏ. ԽՄԲ. ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ. ԱՐԱՍ ՀՐԱՏ., ՊՈԼԻՍ 2017. 224 ԷՋ

Զաւէն Պիպեռեանի «Անկուտի սիրահարներ»-ը՝ 55 տարի վերջ, դարձեա՛լ մեզի հետ… Առանց կորսնցուցած ըլլալու իր թարմութիւնն ու այժէականութիւնը։ Continue reading “Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»”

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ — ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՈՐՊԷՍ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԱՅՆԱՑԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ

Վերջերս լոյս տեսաւ Անդրանիկ Պետրոսեանի ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ (թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովը որպէս կառուցուածքայնացած երկխօսութեան փորձ—Քննական մօտեցում) հատորը, հրատարակութիւն Նախիջեւան գիտաուսումնական կենտրոնի, Մոնթրէալ, (Նահապետ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 120 էջ)։ Ստորեւ գրքին ներածականը, որ գաղափար մը կու տայ բովանդակութեան մասին։

 

Թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովը (ԹՀՀՅ), որպէս հայ-թուրք հիմնախնդրի կարգաւորման միտուած արդի մէկ փորձ, Continue reading “ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ — ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՈՐՊԷՍ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԱՅՆԱՑԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ”