ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ — ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՈՐՊԷՍ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԱՅՆԱՑԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ

Վերջերս լոյս տեսաւ Անդրանիկ Պետրոսեանի ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ (թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովը որպէս կառուցուածքայնացած երկխօսութեան փորձ—Քննական մօտեցում) հատորը, հրատարակութիւն Նախիջեւան գիտաուսումնական կենտրոնի, Մոնթրէալ, (Նահապետ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 120 էջ)։ Ստորեւ գրքին ներածականը, որ գաղափար մը կու տայ բովանդակութեան մասին։

 

Թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովը (ԹՀՀՅ), որպէս հայ-թուրք հիմնախնդրի կարգաւորման միտուած արդի մէկ փորձ, ասպարէզ ելաւ 2001-ին եւ ունեցաւ կարճատեւ կեանք: Յանձնաժողովի աշխատանքները ընթացան քաղաքացիական դիւանագիտութեան համար մշակուած մասնագիտական ձեւաչափով, որ ծանօթ է յատկապէս որպէս «Շաւիղ-2» դիւանագիտութիւն: Յաձնաժողովի գործունէութեան մասին ցարդ հրապարակուած ուսումնասիրութիւնները զայն քննարկած են երեք տեսանկիւններէ՝ ա) պատմաբանի, բ) հայ դատի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, գ) թաղաքացիական դիւանագիտութեան(1): Սոյն աշխատասիրութիւնը, որ գրուած է 2002-ին եւ լրամշակուած՝ 2015-ին, քննական վերլուծման կ՚ենթարկէ Յանձնաժողովի միայն առաջին վեցամսեայ գործունէութիւնը եւ զայն նոյնպէս կը տեղադրէ «Շաւիղ-2» դիւանագիտութեան ծիրէն ներս: Ուսումնասիրութեան շրջագծին մէջ ընդգրկուած է պատմական-իրաւական, անվտանգութեան եւ խաղաղ կարգաւորման, ինչպէս նաեւ գաղափարախօսական դիւտանկիւններէն յառաջացած հարցադրումները`որպէս երկխօսութեան այդ ձեւաչափի ուղի հարթող գործօններ:

Աշխատութիւնը հետեւեալ հարցադրումները կ՚առաջադրէ.

—Թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողով ի յայտ կուգա՞ր, եթէ գոյութիւն չունենար հայ-թրքական հիմնախնդիրներու ամբողջութիւնը, որ ունի պատմական հունաւորում եւ որու անլոյծ վիճակի տեւողութիւնը մինչեւ մեր օրերը կը ստեղծէ թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքացիական հասարակութիւններու մակարդակի անվտանգութեան խնդիր:

—Միջազգային ի՞նչ օրինական դրոյթներու որդեգրումով կարելի պիտի ըլլար հասնիլ այդ հարցի կարգաւորման:

—Ո՞րն է յանձնաժողովի տեղն ու դերը այդ դրոյթներուն մէջ:

—Յանձնաժողովի կազմութիւնը ի՞նչ կառուցաձեւի կը հետեւի, ի՞նչ ակնկալուող արդիւնքներով եւ վերջապէս` որո՞նք են այս նախաձեռնութեան հաւանական շահողները:

Հետեւեալ բաժիններով կ՚անդրադառնանք հարցադրումներուն՝

—Հիմնախնդրի պատմական եւ իրաւական ակունքները,

—Հայաստանի եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան արդի հիմնահարցերը,

—Հակամարտութեան ենթակայ հիմնախնդիրներու խաղաղ կարգաւորման եւ կանխարգիլման գործընթացներու արդի տեսական մօտեցումները,

—«Շաւիղ-2» դիւանագիտութեան տիպաբանական գործընթացները,

—Յանձնաժողովի աշխատանքներու քննութիւնը որպէս գործնական օրինակ:

Վերլուծումը հայ-թրքական հիմնախնդիրը կը դիտարկէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան տեսանկիւնէն:

Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը, ընդհանրապէս անբաժան մասը կը համարուի միջազգային անվտանգութեան եւ բանալին՝ ամբողջ Կովկասի անվտանգութեան(2): Այս տարածաշրջանը կ՚ընդգրկէ երեք երկիրներ՝ Վրաստան, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Ատրպէյճան, եւ երեք իրողապէս անկախ պետութիւններ՝ Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) Հանրապետութիւն(3): Սահմանակից է շրջանային երեք գերուժերու՝ Ռուսաստան, Իրան եւ Թուրքիա: Եւրոմիութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որպէս հեռաւոր գերուժեր, նոյնպէս ունին իրենց շահագրգռութիւնները:

Տարածաշրջանը կը պարզէ սառած եւ հաւանական հակամարտութիւններու պատկեր մը, որոնց լուծումը մեծապէս կրնար նպաստել անոր անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման: Հայ-թրքական երկարամեայ հիմնախնդիրը իր հակամարտութեան ռիսկովը, որպէս ամենէն հիմնականն ու բարդը, իր բոլոր բարոյական, իրաւական, քաղաքական, տարածքային, ժողովրդագրական, մշակութային եւ տնտեսական բնորդներով, ցարդ կը մնայ որպէս անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման գլխաւոր խոչընդոտը:

Եւրոպական քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի (ԵՔՀԿ) կողմէ, 2000 թ.-ի Մայիսին առաջադրուած՝ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան ծրագիրը կը յաւակնէր այդ հիմնախնդիրներու լուծման ուղին նախանշել ժամանակակից փորձի օրինակի համաձայն, սակայն կը շրջանցէր հայ-թրքական հիմնախնդիրը, որը նոյն այդ ակնկալուող անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման կեդրոնական խոչընդոտն է(4):

Հիմնախնդրի առնչուած անվտանգութեան հարցերը ըմբռնելու եւ ուղղորդելու, ինչպէս նաեւ անոնց կարգաւորելու շաւիղները յստակօրէն գծապատկերելու համար, առաջին հերթին կը ներկայացնենք անոր պատմական եւ իրաւական ակունքները: Բաժնին մէջ նկարագրուած են անոր վերին ու ստորին տատանումները, քաղաքական ու իրաւական փուլերը, ինչպէս նաեւ հանգրուանային հետեւանքները:

Ապա հիմնախնդիրը կը քննենք անվտանգութեան տեսանկիւնէն, զայն սահմանափակելով պետութեան մը գոյութեան սպառնացող զինուորական վտանգներու շրջագծին մէջ: Քննութեան առարկայ չեն տնտեսական, բնապահպանական եւ հասարակական իրավիճակներէ ծագող սպառնալիքները: Առանձնացնելով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այդ ուղղութեամբ նախաձեռնած ժամանակակից ներքին եւ արտաքին պաշտպանական ձեռնարկումները, կ՚ընդգծենք ձեռքբերումներն ու ուղղորդող սկզբունքները: Որդեգրելով անվտանգութեան իրապաշտական եւ նոր-իրապաշտական տեսական մօտեցումներէն համապատասխան դրոյթներ, կը փորձենք բացատրել զանոնք: Հայկական սփիւռքի անվտանգութեան հիմնահարցերը, որոնք առնչուած են հիմնախնդրին, կը բացատրենք անվտանգութեան համընդհանուր մօտեցման համաձայն:

Անվտանգութեան այս շրջագծուած դիտանկիւնը կ՚առաջնորդէ հակամարտութեան ռիսկ պարունակող հիմնախնդրի կառավարման քննարկման` կանխարգելման եւ կարգաւորման հեռանկարներով: Կանխարգելման դիւանագիտութեան կարգ մը դրոյթներ, ինչպէս կառուցուածքային միջնորդութիւնը, ըստ Զարթմանի մշակած կարգաւորման տիպաբանութեան քննութեան մէջ նկատի առնուած են հայ-թրքական հիմնախնդրի վերլուծման որպէս անհրաժեշտ տարրեր: Կարգաւորման տանող հանգրուանները կը շեշտադրեն բանակցութիւնն ու երկխօսութիւնը, առաջինը՝ դիւանագիտական, երկրորդը՝ քաղաքացիական դերակատարներու մասնակցութեամբ եւ համապատասխան գործընթացներու ուղիով: Կարգաւորման նպաստող նպատակներէն, քննասիրութեան մէջ ընդգրկուած են խաղաղութեան կայունացման ու ամրապնդման դրոյթները, որոնք կ՚որդեգրուին հակամարտական ռիսկ ունեցող հիմնախնդիրներու բնոյթին ու հետապնդուած նպատակներուն համաձայն: Նկատի առած հայ-թրքական ժամանակակից դիւանագիտական բանակցային յարաբերութիւններու անել վիճակը, աշխատութիւնը հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման քննարկման շեշտը կը դնէ երկխօսութեան վրայ:

Երկխօսութիւնը, որպէս քաղաքացիական հասարակութիւններու ներքին եւ արտաքին գործընթաց, կը հետեւի հաստատուած ձեւաչափի մը, որ ծանօթ է որպէս «Շաւիղ-2» դիւանագիտութիւն, որուն կը մասնակցին քաղաքացիական հասարակութեան ոչ-կառավարական շրջանակներու անձնաւորութիւններ: Քննելու եւ արժեւորելու համար թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովի (ԹՀՀՅ) գործունէութիւնը, որպէս տեսական աղբիւր օգտագործուած է Լուիզ Տայմոնտի եւ Ճոն Մըք Տոնալտի` մշակած pազմաշաւիղ դիւանագիտութեան ուղեցոյցը: Ապա «Շաւիղ-2 » դիւանագիտութեան չափորոշիչներուն հետեւողութեամբ քննական վերլուծութեան ենթարկուած է Յանձնաժողովի գործունէութիւնը: Կազմութեան քաղաքական ժամանակը, նախաձեռնողներն ու միջնորդները, որդեգրուած աշխատաձեւերը, անդամակցութիւնն ու նախադրեալները, միջազգային մամուլին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան, սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն դիրքը, վերլուծաբաններու կարծիքները, ինչպէս նաեւ աշխատանքային դրոյթներուն գաղափարախօսական հիմքը, քաղաքացիական դիւանագիտութեան գործընթացի անբաւարութիւնները, այն կարգ մը հիմնատարրերն են որոնք ընտրուած են այդ վերլուծումը յաջողութեամբ իրականացնելու համար:

Եզրակացութիւնը կ՚ամփոփէ վերլուծման արդիւնքները՝ տեսական թէ գործնական առումներով:

 

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1           Կը յիշատակենք այդ ուսումնասիրութիւններէն ոմանք: Անանեան, Արամ, (2003) Հայ-թուրքական երկխօսութեան նոր փորձ, Երեւան, ՀՀ ԳԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան- ինստիտուտ: Mooradian, Moorad, (2004) Reconciliation: A Case Study of the Turkish-Armenian Reconciliation Commission, Institute of Conflict Analysis and Resolution, George Mason University, Working Paper, March, wp—24, mooradian (1).pdf: Ուսումնասիրութիւնը կ՚ընդգրկէ Յանձնաժողովի երկու յաջորդական շրջանները (յուլիս 2001-դեկտեմբեր 2001 եւ յունուար 2002-ապրիլ 2004) որպէս մէկ ամբողջութիւն: Kaligian, Dikran M., (2008) ”The Use and Abuse of Armeno-Turkish Dialogue”, Armenian Review, 50 (1-4), Fall-Winter [Քալիկեան, Տիգրան Մ, «Հայ-թրքական երկխօսութեան գործառութիւնն ու չարաշահումը», Արմինիըն Րըվիու]:

2          ԵՔՀԿ –Կովկասի Կայունութեան ծրագիրը՝ աշխատանքի փաստաթուղթ, թիւ 145/2000. CEPS. A Stability Pact for the Caucasus. Working document no. 145/2000. http://www.ceps.be/Pubs/CaucasusNDC/newdeal.htm. Եւրոպական քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնը հիմնադրուած է Պրիւքսէլի մէջ 1983-ին եւ կը համարուի գերիշխող հոսանքի՝ նոր ազատականութեան միտքի լաւագոյն կեդրոններէն մէկը:

3           26 Օգոստոս 2008-էն սկսեալ, Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա Ռուսաստանի կողմէ ճանչցուած են անկախ պետութիւններ եւ կը գտնուին անոր պաշտպանութեան տակ: Իսկ ԼՂ Հանրապետութեան հարցի տնօրինումը ստանձնած է Մինսքի միջնորդական առաքելութիւնը, որուն մէջ ներկայացուած են Ռուսաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա, (այս վերջինը ԵՄ կողմէ):

4          ԵՔՀԿ- Կովկասի կայունութեան ծրագիր, թիւ 145/2000:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *