Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:

Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար: Continue reading “Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ”

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆՔ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ)

ՅԱԿՈԲ ՔԻՒՖԷՃԵԱՆ (ՕՇԱԿԱՆ)

Ա

Պատերազմը վերջ էր գտած:

Սատանան իր սեւ կրակներով ու կանանչ բոցերովը պահ մը երկինքը վառելէն ետքը, գերի էր ինկած հրեշտակապետներուն ձեռքը, որոնք զայն մուխէ շղթաներով կապկպած բերին ձգեցին Ամենակալին ոտքը: Լոյսէ աթոռին վրան էր Ան: Այնքան բարի էր, որ մեղքցաւ իր առջեւ կըտոցւող հրէշին տառապած մարմնին վրայ։

Ձողիկ ձողիկ էր եղած միսը։ Արիւնը, կանանչ արիւն մը, կը փէրւրզտըկար վէրքերուն ճեղքերն ի վար ու խափշիկի պէս սեւ Continue reading “ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆՔ (ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԷՔԵԱԹ)”

ԿԱՂԱՆԴ ԳԻՇԵՐՈՎ

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Ու ձիւնափառ լեռան կատարին, ուր այնքան լուսնկաներ մագլցեցան եւ ուրկէ այնքան արեւներ մութին ծոցը թափեցան, այս իրիկուն, երբ գիշերը կը կիսուի ճիշդ մէջտեղէն, Աստուածութիւն մը կ՚իյնայ մէկէն։ Աւանդութիւնը մոռցած է անոր անունը եւ զգուշացած ճշդելէ անոր դաւանանքը:

Բայց ինծի կու գայ թէ անիկա փախստական ու տառապող Աստուած մըն է, Արեւմուտքէն հոն նետուած հէքեաթին միւս զմայլելի շղթայուողին նման, որուն լեարդին անգղ մը իր սատափէ կտուցը կը փորձէ, չորս դին պատնող ձիւնին վրայ պուտ պուտ Continue reading “ԿԱՂԱՆԴ ԳԻՇԵՐՈՎ”

ԱՆԿԵՂԾ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Արդէն քառորդ ժամէ ի վեր թոռնիկիս յաճախած մանկապարտէզի դրան մուտքին, շատ մը ծնողներու հետ, Քալիֆորնիոյ տաք արեւէն պատսպարուելու համար, նիհար ծառի մը շուքին տակ կեցած, ես ալ անհամբեր կը սպասէի արձակուելու զանգին:

Այսօր կանուխէն եկած էի, որ մեր հինգ տարեկան թոռնիկը՝ Continue reading “ԱՆԿԵՂԾ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ”

ՊԱՐՈՅՐԸ ԵՒ ՊԱՂՈՅՂԸ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չի հալածեր, չի պահանջեր, չ՚ստիպեր. կը տխրեցնէ՛։ Իր մասին տխրիլը սակայն անյարիր է որովհետեւ կը ղրկէ անհատնում ճառագայթներ ծիծաղի եւ հանդարտ կապոյտ աչքերէն ցայտող նշանակալից ժպիտով, ժպիտներով, կը ցոլացնէ իրականութեան իսկական պատկերը։

Ամառը Պէյրութի մէջ հազիւ թեւակոխած՝ մօտակայ արաբական երկիրներէն, քիչ մըն ալ Եւրոպայէն, հայ գրականութեան մշակներ, հնձողներ ու համտեսողներ ոտք կը դնէին «Սիմոնեանին տպարանը»։ Պաշտօնապէս կը կոչուէր Սեւան Continue reading “ՊԱՐՈՅՐԸ ԵՒ ՊԱՂՈՅՂԸ”

ՆՄՈՅՇՆԵՐ ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ԱՐԳԱՍԻՔԷՆ

ԱԹՈՌ ՄԸ… ՍՈՒՐ ՄԸ… ԵՒ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Երկտող մը միայն։

Չ՚արժեր երկար գրել։

Մեղք է ժամանակին ու գրիչին ու սա հայերէն գիրերուն.

Բաց նամակ մըն է այս Փարիզի հայերուն, մէկու(*) մը համար։ Continue reading “ՆՄՈՅՇՆԵՐ ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ԱՐԳԱՍԻՔԷՆ”

ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հալէպ կեցութեանս մօտ քսան տարիներուն ընթացքին, մեր ընտանիքը հաւատաւոր կերպով միշտ նոյն մատակարողները ունեցած է. նոյն կաթնավաճառը, նոյն մածնավաճառը, նոյն դերձակը, նոյն կօշկակարը, ու նոյն սափրիչը։

Հալէպի մեր սափրիչը Նշան Վարդանեան անունով մօտ 45 տարեկան անձ մըն էր, որուն աշխատատեղը Թիլէլէն դէպի Ճիտէյտէ թեքուող թաղին անկիւնը կը գտնուէր։ Փոքր ու չափազանց պարզ սափրիչատուն մը, հսկայ հայելիի մը առջեւ Continue reading “ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ”

Այստեղ հայեր են ապրել

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

Երբ շարժակառքը իմ բնօրրանը՝ Ակն մտաւ, տեսայ Եփրատը, Խնկաձորը, Սիամանթոյենց Վերի թաղը, Զոհրապենց Վարի թաղը, Մեծարենցենց Բինկեանը. չէի ուզում, բայց արցունքներն իրենք իրենց հոսում էին այտերովս:

Ջահել կառավարը սրտաշարժուեց.

Ինչի՞ ես լալիս, էֆենդի,— ասաց,— արի տանեմ մեր տուն, ինչքան ուզում ես ապրի, էս դրախտը վայելի:

Ես մե՛ր տոհմատունն եմ ուզում,— ասացի:

Շշմած՝ հետ շրջուեց.

Ինչի, էստեղ հայե՞ր են ապրել:

* * *

Արեւմարին լեռնաքաղաքի փողոցները խնոցու կարագ ու ծաղկած փշատենի էին բուրում, ներքին բակերն իրենց ստուերներն էին որոնում ու չէին գտնում։ Միայն Խնկաձորն էր անդադրում գահավիժում, լուսափոշի շաղ տալով՝ ամպի ծուէնները տանում, Եփրատն էր լցնում։ Continue reading “Այստեղ հայեր են ապրել”

ՎՐԻԺԱԿ

Գրիգոր Ջանիկեան

1.

«Բնօրրան» ջոկատի տղաները Գէորգին առաջին օրուանից չսիրեցին։ Մէկ-մէկ սեռական հակումների մասին կծու ակնարկներ էլ էին անում։ Տնաշէնն ինքն էր մեղաւոր. կարծես Մայամի էր եկել, Մոսկուայից Արցախ՝ մարտադաշտ, հետը ինքնաշխատ ածելի, առանձին-առանձին երեսի ու ոտքի սրբիչ, հոտազերծիչ, խոնաւ անձեռոցիկ, ինչ ասես չէր բերել։ Մերձմոսկովեան գիտկենտրոնի վարիչը՝ անցեալ դարի ընկերվար-ժողովրդավարի մօրուքով Վարդան Սերոբի Քափանակեանն էր պատճառը։ Նա էր սովորեցրել, որ մի ամբողջ քաղաքի տարածք զբաղեցնող գերգաղտնի կայանում, որտեղ վաթսունչորս ազգութեան, ընդհուպ ճապոնացի, չինացի ռազմափորձագէտներ էին աշխատում, հայերը պիտի առանձնանան ոչ միայն իմացութեամբ, այլեւ մաքրակենցաղութեամբ, պահուածքով, քայլուածքով, ամեն ինչով։ Հէնց նրա շնորհիւ Խորհրդային Միութեան տարբեր գիտկենտրոններից հաւաքագրուած հայ հիւլէագէտները, որոնցից շատերը Հայաստանում չէին էլ եղել, միմեանց գտան, հայացան։ Սկզբում նրանց հայութիւնը դրսեւորւում էր «Արարատի» յաղթանակների համար միասին ուրախանալով, մէկ էլ իւրաքանչիւրի տարեդարձը Գորկու ճեմափողոցի «Արմենիա» ռեստորանում նշելով։ Չնայած, շատ չանցած, այդ ռեստորանից հրաժարուեցին։ Խոպանից վերադարձող հայաստանցի հայերը, որոնք իրենց վաստակած փողերով նոյն «Արմենիայում» զեխ գինարբուքների էին տրւում, Մոսկուացի հայ գիտնականների կիրթ ռուսերէնը, ռուսերէնի արանքներում սպրդող հատուկենտ բարբառային հայերէնը լսելով՝ հեգնում՝ «շուռ տուածներ» էին ասում։ Continue reading “ՎՐԻԺԱԿ”