ՀԱՐԵՒԱՆ ՇԷՆՔԵՐ

ԳԱՅԵԱՆԷ ԶԱՐԵԱՆ

Մեր տան պատշգամբներում անցնում են մեր կեանքի մտորումների պահերը, մեկուսացման վայրկեանները: Ոմանց այնտեղ է տանում ձանձրոյթը, ոմանց յուսահատութիւնը, որոշներին էլ ուղղակի ծխելու պահանջը: Թւում է,ամեն ինչ սովորականից էլ պարզ է… Continue reading “ՀԱՐԵՒԱՆ ՇԷՆՔԵՐ”

ՆՈՅԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ — (Հատուած «Հայի յաւերժութիւնը» վէպից)

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

Ճիշտ որ զինուորն ամեն ինչ վերջում է իմանում:
Կամաւորականները չիմացան ու դեռ երկար պիտի չիմանային, թէ ինչո՛ւ Սպարապետը անսպասելի զօրակացք եկաւ, ինչո՛ւ իրենց ախպերական բանակը աշխարհազօրային դարձաւ, հազարապետ Ակնունին գերարդիական զրահատոկուն ունեցաւ: Մինչդեռ արար-աշխարհն արդէն գիտէր… Continue reading “ՆՈՅԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ — (Հատուած «Հայի յաւերժութիւնը» վէպից)”

Բոլորին նման՝ ես ա՞լ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ գիտեր ինչպէս, յանկարծ, օր մը ես ինծի անդրադարձայ, որ լուռ եմ: Անխօս եւ աշխարհէն կարծես կտրուած ու քաշուած կեանք մը կ՚ապրիմ: Յաճախ ալ անկարծիք: Անաղմուկ նոյնիսկ շատերու համար՝ անտարբեր: Խոտէ բարձի նման, ինչպէս կ՚ըսէ առածը. ուր որ դնես հոն կը մնայ, նոյն տեղը, իր նոյն չափով եւ կազմով: Continue reading “Բոլորին նման՝ ես ա՞լ…”

Առաջին յարկի վարձակալները

ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԹՆԿՐԵԱՆ

Թէեւ ամիսներէ ի վեր փոխադրուած էին մեր թաղը, բայց հակառակ ատոր՝ Սարգիսեաններուն մէկը չէր այցելած գրեթէ, ոչ ալ գնահատութեամբ կը խօսուէր անոնց մասին։ Մարդիկ այդպէս են միշտ. աղքատը կ՚արհամարհեն իրենց անտարբերութեամբ միայն. իսկ տեսակ մը յագեցած վրէժխնդրութենէ մղուած՝ թունոտ անարգանք ունին անոր նկատմամբ, որ իր ամբողջ հարստութիւնն ու համբաւը կորսնցուցեր է ալ։ Continue reading “Առաջին յարկի վարձակալները”

ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՆ ՀԱՅՈՑ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

Պոլսի լաւագոյն՝ «Թոքաթլեան» խրախճարանի ջահերը շողարձակում էին աստղաբոյլերի պէս: Նախասրահում բարապանները ամիրաներին, սեղանաւորներին խոնարհ ընդունում, մատռուակները նոյն խոնարհութեամբ ախորժաբեր էին մատուցում։ Հրաւիրեալները առայժմ ոտքի վրայ էին զրուցում, ուշացողներին էին սպասում։ Continue reading “ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՆ ՀԱՅՈՑ”

Թոռներուս Ամերիկան եւ իմս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի է եւ կրկին դպրոցական արձակուրդ, ու այս անգամ՝ «Նախագահներու օր»-ուան առթիւ։ Բոլոր վարժարանները փակ են։ Սա կը նշանակէ, իբրեւ մեծ ծնողք, ինչպէս միշտ, դարձեալ մեզի պիտի իյնայ կամաւոր եւ պատրաստակամ մեր թոռները «նայելու», յաճախ ծանր եւ սակայն նոյնքան ալ հաճելի պարտականութիւնը։ Continue reading “Թոռներուս Ամերիկան եւ իմս”

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ՏԱՆՋՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Ձեզի՛ կ՚ուղղեմ այս տողերը, ո՜վ դուք որ հայր մը, եղբայր մը, սիրական մը կորսնցուցիք այս անիծապարտ պատերազմներուն մէջ։
Ձեզի՛ կ՚ուղղեմ այս տողերը, քանդուա՜ծ սրտեր, ջախջախուա՜ծ հոգիներ խորտակուա՜ծ կեանքեր։ Continue reading “ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ՏԱՆՋՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ”

ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Եւ ահա՛ այս աւերակներուն մէջ… արիւնով ու արցունքով թրջուած սա ճամբաներուն անկիւնը մինակուկ նստած դառնութեան բաժակէն կը խմեմ…եւ արցունքէն կուրցած աչուըներս, շուրջս ցրուած սա աւերակներուն մէջ, ի զուր անյագօրէն կը փնտռեն շէն քաղաք մը, գիւղ մը, աւան մը… Չէ՛… ալեւս չեմ կրնար գոնէ պատրանքը ունենալ դեռ եւս ապրող Հայրենիքի մը… Ի՜նչ… մեռա՜ծ է Հայրենիքը…։ Continue reading “ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ԽՕՍԻ”