Պատանինե՛ր, ձեր նոր նուէրը՝ «ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ»-Ը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այո, աղուոր նուէր մը ստացաք այս գիրքով, որ Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութեան հայերէն պատանեկան գրքի մրցոյթը շահեցաւ ու հիմա ահա արդէն տպուած-պատրաստ ձեզի կը սպասէ։
Ան չի նմանիր ձեր մինչեւ հիմա տեսած ու կարդացած ուրիշ գիրքերուն՝ հայերէն թէ այլ լեզուներով։ Ան յատուկ գրուած է դպրոցական պատանիներու համար, գրուած է պատանիներու լեզուով ու պատանիներու կողմէ։ Այսինքն, գրողը այս գիրքը գրելու համար ինքն ալ պատանի դարձած է ու յաջողած է խօսիլ իբր պատանի, իր հերոսները խօսեցնել կամ անոնց գրել տալ իրենց առօրեայ լեզուով՝ թերիներով ու սխալներով հանդերձ, միաժամանակ շատ պարզ ու հաճելի ձեւով սրբագրելով զանոնք, որպէսզի ընթերցողը, որ նոյն թերիներն ու սխալները կ՚ընէ, սորվի ճիշտը խօսիլ ու գրել։
Հայերէնի ուսուցիչը իններորդ դասարանի իր աշակերտներուն պարտականութիւն է տուած, որ օրագիր պահեն։ Գրողը «ձեռք ձգած» է անոնցմէ երկուքին՝ Սեւանայի ու Տարօնի օրատետրերը, եւ անոնց ու քանի մը ուրիշ դասընկեր-դասընկերուհիներու օրագրութիւններէն մէջտեղ բերած է աղուոր պատմութիւն մը, որ դպրոցական տարուան ընթացքին անոնք ապրած են։ Ի՛նչ պատմութիւն է այդ՝ ձեզի կը ձգեմ, որ այս գիրքը կարդալով յայտնաբերէք։ Հոն պիտի տեսնէք բազմաթիւ գեղեցիկ նկարներ, գծագրութիւններ, գծագրային զարդեր որոնք հաճելի տեսք մը կու տան 122 էջերէ բաղկացած այս գիրքին։ Գիրքը հրատարակուած է «Ինք նա Տիպ» (Ink & Type) հեղինակային հրատարակչականին կողմէ, տպուած՝ Մելան տպարանին կողմէ։
Կ՚ուզեմ նաեւ, որ ծանօթանաք գրողին՝ Շողեր Ալին Մարգարեանին։ Գիրքին վերջին էջին վրայ ան հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ ինքզինք.
Շողերը ծնած է կոմիտասեան երգի մը մէջ: Մեծցած է կարագ-անուշ ուտելով (մանաւանդ՝ մեծմօր պատրաստած չոր թուզի անուշը): Դպրոցական տարիներուն՝ վերամուտի առաջին շաբաթն իսկ դասագիրքերը ծայրէ-ծայր կարդացած կ՚ըլլար, ապա տարեշրջանը կ՚անցընէր միտքը հանգիստ ու երջանիկ: Երբ հայերէնի ուսուցիչը կը պատուիրէր բառագիտութեան ցանկէն իւրաքանչիւր բառով նախադասութիւն մը կազմել, ան արդէն բոլոր բառերը միասնաբար օգտագործելով պատմուածք մը գրած կ՚ըլլար:
Ալինը ծնած է համալսարանի դիմումնագիրի մը մէջ: Ընկերները միշտ կը յիշեն թէ որքա՜ն կ՚ատէր պանանը, մանաւանդ՝ պանանով կարկանդակը: Երբ գիշեր մը լուսցուցած կ՚ըլլար գիտական փորձարկութեան մը արդիւնքները ցուցակի մը մէջ գրանցելով, յաջորդ առտուան դասապահին՝ քիմիագիտութեան հաստափոր մատեանը անկասկած կ՚օգտագործէր իբր բարձ…
Ներկայիս Շողեր Ալին կը վարէ երկու պաշտօն. ցերեկը՝ հիւանդներուն ցաւերը կը մեղմացնէ կախարդական ըմպելիներով, իսկ գիշերը՝ զոյգ մը հրեշտակներու երազներուն վրայ կը հսկէ:
Ես քիչ մը աւելին ալ ըսեմ ձեզի։ Շողեր Ալին Մարգարեան ծնած է Պէյրութ՝ արուեստասէր ու արուեստագէտ գերդաստանի մը մէջ։ Յաճախած է «Համազգային»-ի ճեմարանը մինչեւ 14 տարեկան, ապա եկած է Գանատա, մէկ տարի Սեթ-Իլ, յետոյ Մոնթրէալ, ուր անդամակցած է ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան ապա Երիտասարդական միութիւններուն, Մաս կազմած է Արծիւ պարբերաթերթի խմբագրակազմին, եղած է ատենապետը Մոնթրէալի համալսարանի հայ ուսանողական միութեան, 1996-ին վկայուած է որպէս դեղագործ ու մինչեւ հիմա կը գործէ այդ ասպարէզին մէջ, գնահատանքի ալ արժանանալով ու մասնագիտանալով շաքարախտի դարմանումի ճիւղին մէջ։ Աշխատակցած է «Հորիզոն»-ի գրական յաւելուածին, ու կը շարունակէ աշխատակցիլ մեր մամուլին։ Զաւակները՝ Լորին ու Լէյլան՝ իր «ներշնչումի անսպառ աղբիւրները», կը յաճախեն Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Վ. եւ Ա. Սարաֆեան նախակրթարանը։
Կարդացէ՛ք այս գիրքը ու պիտի ուզէք, որ Շողեր ուրիշ գիրքեր ալ գրէ ձեզի համար։
Ըսէ՛ք ձեր ծնողներուն, որ «Պատանեկան Օրագիր — Իններորդ դասարան» վիպակը կրնան ձեռք ձգել Համազգայինի գրատարածէն, հեռաձայնելով 514-594-3536 կամ 514-531-1520 թիւերուն. միա՛յն 25 տոլարի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *