ԶՐՈՅՑ — «ՍՏԵՂԾԵԼ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԸՆԹԵՐՑՈ՛Ղ ՍՏԵՂԾԵԼ»

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019-ն հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»։ Զանազան առիթներ եղան, որ արտայայտուինք մեր մամուլի վիճակին մասին։ Փափաքեցայ տարին չաւարտած նաեւ այդ մասին զրուցել Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայ գիր ու գրականութիւն կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանին մէջ (Գերմանիա) եւ, իր այլազան մտաւորական աշխատանքներուն կողքին, ահա երեքուկէս տարիէն աւելի է խմբագիրն ու վարիչն է Հայերէն blog գրական բեղուն կայքէջին (https://hayerenblog.wordpress.com)։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ հեռուէ-հեռու, մի քանի փուլերով՝ օգտուելով հաղորդակցութեան առկայ դիւրութիւններէն։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Վ-Ա. — Կրնա՞նք ըսել, թէ անկում մը եղած է սփիւռքահայ մամուլի անցեալի մակարդակներէն։
Ի.Չ. — Երբ անդունդին մէջ նստած ես, դեռ ո՞ւր պիտի իյնաս։ Իյնալիք տեղ չէ մնացած։ Ելլելու մասին պէտք է մտածենք, որովհետեւ անկումը շատոնց տեղի ունեցած է արդէն։ Հարկ է փորձել, որ անկումը մնայուն կացութեան չվերածուի։ Չուրախանանք, որ տակաւի՛ն հայատառ մամուլ կայ։ Այդ «տեղեկութիւնը» զիս չ՚ուրախացներ։ Նման կացութեան մէջ ծոյլ մարդիկ դիմացդ կ՚ելլեն եւ կ՚ըսեն. «Վաղը այս ալ պիտի չգտնես»։ Այո, եթէ իրենց պէս մտածողներուն եւ չգործողներուն թիւը շատնայ, այդ իրենց ըսածը պիտի ըլլայ։ Իմ ճամբաս հոսանքն ի վար չէ, պէտք է գիտնաս։
Վ-Ա. — Միջազգային մամուլի չափորոշիչները նկատի առնելով, հայ մամուլը ընդհանրապէս ու սփիւռքահայ մամուլը մասնաւորապէս ո՞ւր կը գտնուին ներկայիս բաղդատմամբ մեզի ծանօթ օտար թերթերուն։ Վիճակագրական տեղեկութիւններ չէ, որ կ՚որոնեմ, ի հարկէ, այլ ընդհանուր գնահատում մը։ Կրնա՞ս նշել այդ չափորոշիչներէն կամ սկզբունքներէն մի քանին։
Ի.Չ. — «Հայ մամուլը ընդհանրապէս ու սփիւռքահայ մամուլը մասնաւորապէս» շատ ընդարձակ կալուածներ են։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ ըսէի, որ շատ աւելի կը հետեւիմ սփիւռքահայ քան Հայաստանի մամուլին։ Անշուշտ այստեղ համացանցային մամուլն ալ նկատի ունիմ։ Մամուլի մասնագէտ՝ մամլագէտ ըլլալու ես, որ միջազգային մամուլի «չափորոշիչներուն» տեղեակ ըլլաս։ Ես պարզապէս հետեւող-ընթերցող մըն եմ, որ կրնայ քանի մը յատկութիւններ ընդգծել միայն, ըսենք, ընթերցողի փորձառութենէն մեկնած։ Արհեստավարժութիւն ընդդէմ պատահականութեան. ձեռներէցութիւն եւ համարձակութիւն, ընթերցողի կարծիք, քննարկումի միջավայր, գաղութային հարցերու արծարծում. ահաւասիկ քեզի փունջ մը նիւթ եւ մօտեցման ձեւ, որ ես կը փնտռեմ մեր մամուլին մէջ, յաճախ՝ ի զուր։ (Յաճախ չոր ու ցամաք տեղեկատուութիւն մը նոյնիսկ կիսկատար կը ներկայացուի. կամ ձեռնարկին վայրը չի յիշուիր, կամ՝ թուականը)։ Մամուլի ներկայ ամլութեան յստակ պատճառը այն է, որ մեր մամուլը ընդհանրապէս լուրջի չէ առնուած զանոնք հրատարակող հաստատութիւններուն կամ անհատներուն կողմէ։ Այլապէս ինքզինք եւ մամուլը լուրջի առնող որեւէ հաստատութիւն ինչպէ՞ս կրնայ լեզուական, քերականական բազմաթիւ ու բազմազան սխալներով լեցուն մամուլ հրատարակել։ Բովանդակութեան մասին չենք խօսիր։ Սխալներ կը սպրդին հարկաւ ամեն տեղ, միջազգային մամուլին մէջ ալ, սակայն չի նշանակեր, որ անոնց մեծ մասին սրբագրութիւնը անկարելի բան մըն է։ Ո՞վ կ՚արգիլէ, որ, օրինակ, այս կամ այն դասարանի աշակերտները խմբագրատուն ժամանեն եւ իբրեւ դասանիւթ կամ թերեւս արտադասարանային աշխատանք, այս կամ այն յօդուածին վերստուգում-սրբագրումը կատարեն, հարկաւ փորձի համար։ Իսկ եթէ այդ ալցելութիւն-դասերը աւանդութեան վերածուին, աշակերտը խմբագրատան ճամբան սորվի՝ գէ՞շ կ՚ըլլայ։ Ձեռներէցութիւն ըսելով ասանկ ձեռնարկութիւններ կը հասկնամ, որոնք տեղի չեն ունենար դժբախտաբար։ Ո՞վ պիտի ծրագրէ եւ ո՞վ պիտի կատարէ նման բան. խմբագիր եւ ուսուցիչ, հարկաւ, որոնք յաճախ գոյութիւն չունին. երբեմն գոյութիւն ունին, սակայն հեռու են իրենց կոչումէն, պաշտօնէն, երբեմն նոյնիսկ՝ սեփական ուղեղէն։ Զարմանալի թող չթուին ըսածներս, ոչ ալ՝ չափազանցութիւն։ Ես այս կացութեան հետ հաշտուած եմ։ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր աշխարհագրական հեռաւորութիւնները մեծ հարցեր չեն, կարելի է մամուլ-դպրոց կապը սերտացնել, որ այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի։ Մանկապատանեկան էջերն ալ մէկ-երկու հոգիի վիզէն կախուած բաներ են, հաւաքական աշխատանք չեն ձեւաւորեր դժբախտաբար։ Աս ըսածներուս փաստը այն արդիւնքն է, որ հետաքրքրութիւն եւ մթնոլորտ չի յառաջանար այդ էջերուն եւ մամուլին շուրջ։ Իրենք իրենց՝ առկախ գոյութիւն մը կը ներկայացնեն անոնք։ Ճամբայ չեն ելլեր, որ տեղ հասնին։
Արհեստավարժութեան համար դրամ պիտի յատկացուի, որպէսզի որակի փոփոխութիւն տեղի ունենայ։ Բայց ոչ մէկ կազմակերպութիւն պատրաստ է այսօր իր թերթին դրամ յատկացնելու։ (Խօսքը չի վերաբերիր աշխատակիցին պատուագին վճարելու տակաւին չընդհանրացած, հոս ու հոն կիրարկուող նորամուտ, օտարամուտ, ոչ-հայկական սովորութեան, որ ինծի կը յիշեցնէ, ներող եղիր, շան երախը ոսկոր նետելու գործողութիւնը։ Շատ աւելի հիմնական հարցեր կան, զարգացման աշխատանքային մնայուն հանդիպումներ, որոնք շան ոսկորի գինէն աւելի կ՚արժեն)։ Ատոր համար ալ մամուլը ընդհանրապէս անորակ է։ Ես կը խորհիմ, որ նաեւ հայերէնը իբրեւ լեզու, որուն միջավայրը կոչուած է ըլլալ մամուլը Սփիւռքի մէջ, կարեւորութիւն չունի մեզի համար։ Ահաբեկելու համար չէ որ կ՚ըսեմ։ Շատ փորձեր կատարած եմ։ Օրինակ մը տամ. բարեկամ մը հայերէնի մասին ծանուցողական յօդուած մը շարադրած էր. «պէտք է սիրել»ներու, «պէտք է սորվիլ»ներու սովորական անպէտք շարք մը։ Իրեն հարցուցի, որ եթէ ինք իր զաւակներուն այս «ճառ»ը կարդար, նկատի պիտի առնէի՞ն իր խրատը։ Պատասխանը դրական չեղաւ։ Երբ մարդուս զաւակներն իսկ պատրաստ չեն ընդառաջելու՝ սորվելու կամ սիրելու սա լեզուն՝ ինչո՞ւ հեռու հասցէներու կ՚ուղղենք մեր խօսքը, ազգի՛ն զաւակներուն, առանց որեւէ նախաձեռնութեան դիմելու։ Քաղաքը մաքրելու մասին ճառելէ առաջ մէյ մը դրա՛նդ առջեւը մաքրէ, եթէ կրնաս։ Հիմնական, արմատական աշխատանքներ կան կատարելիք, լեզուն տանդ դռնէն ներս մտցնելու համար, որոնց հորիզոնն անգամ զգալու պատրաստ չենք այսօր։
Դրամը քաղաքական գործերու համար է։ Մեր մշակոյթը մեր քաղաքականութեան հետ կապ չունի, ասիկա փաստ է, հակառակ բոլոր շան-քարոզներուն, որոնք զիս շատոնց չեն հետաքրքրեր։ Մէկը ոտքի ելլելով հանրութեան մէջ թող չըսէ, որ մենք մշակութասէր ազգ մըն ենք կամ մեր մամուլին կամ մշակոյթին արժէք եւ կարեւորութիւն կու տանք։ Միայն երգիծանքի նիւթ կրնան ըլլալ նման արտայայտութիւններ, ուրիշ ոչինչ։
Քաղաքականութիւն-մշակոյթ կապը կը տեսնես, օրինակ, երբ խօսինք Թէքէեանի, Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի անձերուն մասին, յիշելու համար քանի մը ծանօթ անուններ։ Կ՚անդրադառնանք բնականաբար անոնց քաղաքական-մշակութային-գրական գործունէութեանց համակեցութեան։ Այս կացութիւնը երկու կալուածներուն համար ալ բախտորոշ դեր խաղացած է, ըստ իս։ Մէկը միւսէն սնունդ ստացած է։ Թերեւս քաղաքագէտներ համաձայն չըլլան, նոյնիսկ վնասակար համարեն այդ զուգընթացութիւնը։ Կը հասկնամ։ Իմ շեշտադրումս, սակայն, այդ կացութեան դրական պտուղներուն կ՚երթայ։
Կը վերադառնամ մամոնայի հարցին. կը պատմուի, թէ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի նշանաւոր Վարդան Վարդապետը յաճախ շեշտած է, որ իրեն ոսկի ու միայն ոսկի տան, որպէսզի կաշառքով թէ պետական հարստահարիչ կողմը, թէ ալ քրտական կեղեքիչ ուժերը զսպէ ու կշտացնէ։ Ես կը խորհիմ, որ այսօր այդ չյատկացուող դրամ-ոսկին իսկ չի բաւեր՝ «հայկական ուժերը» կշտացնելու համար։
Վ-Ա. — Քիչ մը աւելի ընդլայնենք վերեւը նշած նիւթերդ, առաջին հերթին գէթ անոնց առաջին երկուքը՝ Արհեստավարժութիւն ընդդէմ պատահականութեան. ձեռներէցութիւն եւ համարձակութիւն։ Արհեստավարժութիւնն ու պատահականութիւնը անպայման խոտոր չեն համեմատիր։ Չեմ գիտեր պատահականութիւն ըսելով ի՛նչ ունիս ի մտի, սակայն մամուլը՝ յատկապէս օրուան անցուդարձերուն արձագանգող մամուլը, մեծ մասամբ պատահակաութենէն կախում ունի, ճիշտ ատենին ճիշտ տեղը գտնուելու ճարտարութենէն ալ։ Քու նշած բառդ ժխտական իմաստ մը կ՚ենթադրէ՝ ծրագրումի պակաս, հեռուն նայելու, մեր յաջորդները ապահովելու թերացում եւ այլն։ Համաձա՛յն ես այս բանաձեւումին։ Ձեռներէցութեան ու համարձակութեան պակասն ալ այդ լոյսին տակ եթէ նայինք, կը հասկնանք, որ մեր թերթերը նոր ուղիներ որոնելու չեն ելած, գիտցուած տարազներով ու մօտեցումներով կը շարժին, վախնալով նորը փորձել, քիչ մը անկոխ արահետներէ ընթանալ։ Կրնա՞ս նշել ձեռներեցութեան ու համարձակութեան ոլորտներ կամ դաշտեր, որոնք իբր մարտահրաւէր նկատի առնուելու են։
Ի.Չ. — Պատահականութիւնը ինքնին ժխտական երեւոյթ չէ, սակայն երբ կանոնի կարգ անցնի, այսինքն հրաժեշտ առնենք կազմակերպ ու ծրագրեալ աշխատանքէն, որ արհեստավարժին գործն է, այն ատեն աւեր կը գործէ պատահականութիւնը։ Եւ ներկայիս մենք կը գտնուինք աւերակներու մէջ ճիշդ ատ պատահականութեան պատճառով։ Փողոցէն եթէ մէկը անցնի, որ պատահմամբ երեք բառ հայերէն գիտէ, ներս կը հրաւիրենք, խմբագրատուն, յաջորդ օրն ալ յօդուածագիր կ՚ընենք զայն։ Տեղւոյն վրայ մեր պէտքերը կը հոգանք, իբրեւ թէ. ծակ մը աւելի կը գոցենք այդ ձեւով, կը խորհինք։ Այսպիսի առժամեայ լուծումներու պատճառով է որ հոս հասած ենք։ Այս երեւոյթը ինծի կը յիշեցնէ Հայաստանի կուպրապատ բայց ծակոտկէն պողոտաներն ու ճամբաները ու զանոնք «կարկտնելու» արարողութիւնը։ Երբ Երեւանէն հեռանաս ինքնաշարժով, կը հասկնաս, թէ ինչի՞ կ՚ակնարկեմ։ Չենք մտածեր յօդուածագիր պատրաստելու գործընթացին մասին։ Որո՞ւ հոգն է ատիկա։ Այդ մէկը մամուլին գործը չէ, կ՚երեւի։ Շատ դրուագներ կան, ուր ասոր կամ անոր ուշադրութիւնը ճակատագրական դեր խաղացած է անձի մը յայտնաբերումին համար։ Ա. Ալիքեան կը պատմէր, թէ Պէյրութ, իր պատանութեան, օրին մէկը, պատահմամբ (ահա՛ քեզի շնորհալի պատահականութիւն) փողոցէն անցնող ուսուցիչ մը, եթէ ճիշդ կը յիշեմ, «Ազդակ»ի իր բարձրաձայն ընթերցումը լսելէ ետք համոզած է իր հայրը, որ փոխանակ զայն սափրիչի աշկերտ կարգելու, Ճեմարանի աշակերտ դարձնէ։ Այսօր ո՞վ կը զբաղի իր ուշադրութեան զգայարանքը զարգացնելով։ Խմբագիրնե՞րը, ուսուցիչնե՞րը։ Լռելը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հոս։ Հարկաւ այդ ուշադրութեամբ թութակներ չէ որ պիտի պատրաստուին ու արտադրուին, որոնք գոց կը սորվին քանի մը նախադասութիւն, սխալ-մխալ, ու սորվածնին կը գրեն։ Այս ալ՝ ուրիշ հարց։ Թութակ-ուսուցիչէն թութակ-աշակերտ կարելի է ակնկալել միայն։
Վ-Ա. — Այո՛, ինչպէս որ նիւթի մը ծանօթ ըլլալը չի՛ բաւեր, զայն դասաւանդել կարենալու համար, — մանկավարժութիւն ալ սորված պիտի ըլլաս, — գրել գիտնալը չի բաւեր՝ լրագրող, հրապարակագիր կամ խմբագիր ըլլալու համար. իսկ դուն տակաւին կ՚ակնարկես գրել չգիտնալուն ալ, որ աւելի՛ տխուր կը դարձնէ պատկերը։
Ի.Չ. — «Գրել գիտնալ»ը սխալ մըն է, սիրելի Վրէժ-Արմէն։ «Գրել չգիտնա՛լ»ն է նախապայմանը լրագրող կամ գրող ըլլալուն այսօր։ «Գրել չգիտնալ»ուդ համար գնահատանքի ու դրամաշնորհի ալ կրնաս արժանանալ։ Չեմ հեգներ։ Այսօր կը քաջալերուի «ինչպէս որ կ՚ուզես կրնաս գրել» ծակ փիլիսոփայութիւնը նոյնքան ծակ փիլիսոփաներու կողմէ։ Այլապէս կը խրտչին եղեր… լրագրողները։ Հայերէնին չտիրապետող լրագրողը եւ գրողը ոչ միայն պէ՛տք է որ խրտչին, այլ պարզապէս գրիչը վար դնեն եւ ուրիշ գործերով զբաղին կամ ալ անյապաղ հայերէնի դասընթացքի հետեւին, իրենց գոյութեամբ մամուլը բռնաբարելու փոխարէն։ Եթէ կ՚ուզենք որ մամուլը որակ փոխէ՝ ճամբաներէն գլխաւորը այս է։ Իսկ անոնք որոնք կը կարծեն, թէ «առանց սորվելու կարելի է… սորվիլ», թող մէյ մը ուրիշ լեզուներու պարագային կիրարկեն այդ յայտնագործութիւնը։ Մեր Հայերէն Blog-ը պատրաստ է օգտակար դառնալու, ամեն պարագայի, սորվիլ ուզողներուն։ Բաց հրաւէր մը թող ըլլայ ասիկա բոլոր հետաքրքրուողներուն համար։
Ձեռներէցութիւնը յանդգնութիւն ու համարձակութիւն կը նշանակէ։ Ես չեմ յիշեր օր մը ինքնաքննադատական տողեր կարդացած ըլլալ մեր «դասական» մամուլին մէջ, օրինակ, ձեռնարկի մը ձախողութեան մասին, ուր կազմակերպիչը իր ամբողջական ձախողութիւնը ընդունի։ Կարելի՞ բան է։ Անկարելի չէ, իրականութեան մէջ, նոյնիսկ օգտակար է՝ ըստ իս։ Անշուշտ ոչ-ցուցադրական ձախողութիւն, ըսելու համար՝ «տեսէ՛ք, մենք ինքնաքննադատ ենք»։ Կարգ մը պաշտօնաթերթերու ինքնագովական ինքնաներկայացումները ինծի կը յիշեցնեն ֆաշիստ Գերմանիոյ փրոփականտի մամուլը։ Ի՞նչ նորութիւն, ի՞նչ փնտռտուք։
Մամուլի մեր ներկայացուցիչները իրենց այս կամ այն տարեդարձը տօնելով իրենց հնութեամբ կը պարծենան ու չեն անդրադառնար, որ այդ պարծանքին երկրորդ ու աւելի կարեւոր երեսը իրենց նորոգումի կարողութիւնը ըլլալու է։ Այս կարողութիւնը արհեստագիտական արդիականացումը չէ հարկաւ, այլ՝ կապը մանաւա՛նդ երիտասարդին ու նոյնիսկ պատանիին հետ։ Մամուլը հսկայական դպրոց ու հաստատութիւն կրնայ ըլլալ, եղած է կարգ մը պարագաներու, ուր բոլոր տարիքի մասնակիցներ դեր կրնան ստանձնել։ Ներկայիս այս իմաստով կատարուած ճիգերը տկարէն մինչեւ անբաւարարի սահմաններուն մէջ են, գործին արդիւնքէն դատելով։ Քանի՞ երիտասարդ կարդալու նիւթ կը գտնէ հոն, որ պատճառ ունենայ զայն ձեռք առնելու։ Հիմա պիտի ըսես՝ չկարդալը համաշխարհային երեւոյթ է։ Շատ աղէկ։ Եթէ այդպէս է, ուրեմն մեր բոլոր հարցումներուն պատասխանները միանգամընդմիշտ տրուած են։ Ինչո՞ւ կը զրուցենք ընդհանրապէս։ Ինչո՞ւ կը յոխորտանք տեղի-անտեղի, որ մենք իբրեւ թէ հոսանքին դէմ կը թիավարենք, որ ելք ու ճար չմնացած տեղը հնար կը գտնեն խենթերը։ Ո՞ւր են այդ խենթերը։ Միայն երգերո՞ւն մէջ։ Թող մէջտեղ ելլեն։ Ինչո՞ւ կը պահուըտին։
Կ՚առաջարկես, որ ձեռներէցութեան ոլորտներ եւ դաշտեր նշեմ։ «Ընթերցողի կարծիք»ի բաժին մը գոյութիւն չունի ընդհանրապէս։ Գիտենք, որ ընթերցող գրեթէ չունի մեր մամուլը, սակայն խմբագրութիւն կոչուածը նաեւ ընթերցողին կարծիքը լսելու է ի վերջոյ, երբեմն հարցնէ, հետապնդէ, հրահրէ՝ կապ ստեղծէ սակաւաթիւ ընթերցողներուն հետ։ Ընթերցողի կարծիք հաւաքելով, օրինակ, կարգ մը նիւթերու մասին, զանոնք դէմ դիմաց դնելով, կարելի է «քննարկումի բեմ» ալ ստեղծել։ Ահա քեզի երկու դաշտ՝ «ընթերցողի կարծիք» եւ «քննարկումի բեմ»։
Վ-Ա. — Ահա արդէն կ՚ակնարկես այն չափորոշիչներուն, որոնք օտար մամուլի ամենէն սովորական երեւոյթներն են։ Անշուշտ կան բազմաթիւ այլ յատկանիշեր, որոնք թերթ մը թերթ կ՚ընեն, իւրայատկութի՛ւն կ՚ընծայեն անոր, ընթերցող կը հրապուրեն։ Քանի որ պատրաստութեամբ ճարտարապետ եմ, բովանդակութեան չափ ինծի համար նոյնքան կարեւոր է թերթի մը տեսքը՝ էջադրութիւնը, տառատեսակը, տառաչափը, վերնագրելու արուեստը, նկարազարդումը, այլեւ նիւթերու տեսականին։ Եթէ այս բաներուն կարեւորութիւն չտրուի, իրաւունք չենք ունենար ընթերցողի պակասին մասին խօսելու եւ այդ պակասը արտաքին ազդակներու վերագրելու։
Ի.Չ. — Համաձայն եմ արտաքին տեսքին կարեւորութեան, սակայն հարցերը շատ աւելի հեռու կ՚երթան։ Քսան տարի առաջ գունաւոր, փայլփլուն ու արդիաճաշակ հանդէսներ սկսան լոյս տեսնել Պէյրութի մէջ, ուր ծանուցումներ յատուկ առաքելութիւն ունէին. կանացի կիսաբաց սրունք ու կուրծք յատուկ դեր ունէին հոն։ Մօտեցումը տեղ մը հասկնալի է ու թերեւս ալ՝ օգտակար, բայց ոչ՝ բաւարար։ Անոր միանալու է բովանդակութիւնը։ Բովանդակութեան հոգ տանիլը հասունութիւն եւ աշխատանք կ՚ենթադրէ, ինքնաբերաբար տեղի չ՚ունենար բովանդակութեան որակափոխումը։
Վ-Ա. — Այդ մասին չեմ կրնար 100% համաձայն չըլլալ քեզի։
Ի.Չ. — Ուրեմն, բովանդակութեան մասին ալ աս մէկ օրինակը տամ. մէկս դուն կրնաս բազմապատկել՝ քանի մը ձեւերով. առիթով մը նշմարեցի, որ հայ մամուլի ու ազգային կեանքի մէջ «նուիրականացած» անուններ հայոց հողի իրականութենէն գինովցած, նոր իմն թուաբանութեամբ մը, 900 տարուան անկախութեան բացակայութենէ ետք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման վրայ շեշտ կը դնէին. աս բոլորին մէջ սխալ բան մը չկայ. հոգ չէ թէ մենք մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ գիտենք, որ առաջին հանրապետութեամբ «Հինգ դարերի սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացաւ»։ Կարծեմ հասկնալի է, որ կիլիկեան ամբողջ ժամանակաշրջանը հաշուի չէին առներ այդ իմաստունները, որովհետեւ Կիլիկիան «հայրենի հող» չէ, հայկականացած օտար հող է։ Այդ իմաստուն տգէտները չեն գիտեր, որ Կիլիկիան ամբողջ շրջանի քրիստոնեաներուն հովանաւորութիւնը իր վրայ առնելէ անկախ, բերած էր հայութեան քաղաքական, մշակութային ու աստուածաբանական նոր դիմագիծ, իր բոլոր անպատեհութիւններով ու առաւելութիւններով։ Հետեւաբար կիլիկեան անկախ թագաւորութիւնը հայրենի հողի վրայ չըլլալուն համար չյիշատակելը, հայ քաղաքական կեանքի բացակայութիւնը 600-էն 900-ի բարձրացնելը պատմութեան հանդէպ ոճիր մըն է։
Վ-Ա. — Եւ ամօ՛թ մը. կարծես հպարտութիւն մը, բարենիշ մը ըլլար 300 յաւելեալ տարիներ առանց անկախ պետականութեան մնացած ըլլալը։
Ի.Չ. — Քանի որ հայ մամուլին մէջ կ՚արտայայտուին այս եւ նման տգիտութիւններ, հարկ է որ հոն իրենց վիճարկումը տեղի ունենայ, ինչ որ սակայն անկարելի է, որովհետեւ ոչ վիճարկումի գետին կայ, ոչ ալ մենք ազգովի միջնադարեան մտածողութենէն դուրս եկած ենք։
Հեքիաթի պէս պատմեմ նաեւ հետեւեալը, որ անշուշտ իրականութիւն է։ Թերթ մը կը կատարէ ծանուցումը երկու հատորներու լոյս ընծայման, առաջինը կը պատկանի Վարդգէս Ահարոնեանի գրչին, իսկ երկրորդը՝ ոչ։ Սակայն քանի որ երկու հատորներուն լոյս ընծայումը միաժամանակ տեղի ունեցած է, լուրը ընդօրինակող այլ մամուլ մը, «առանց խելքը աշխատցնելու», ինչպէս կ՚ըսենք, երկու հատորներն ալ Ահարոնեանին կը վերագրէ, ինքն իրեն որոշում կ՚առնէ եւ Ահարոնեանը կը դարձնէ մէկի տեղ, երկու հատորի հեղինակ…։
Այս ալ պատահական է, պիտի ըսես, հարկաւ, ինչպէս մեր գոյութիւնը, եթէ ուզես, սակայն այս երեւոյթները ցոյց կու տան, որ մենք մեզ ամեն օր լրջութենէ կը հեռացնենք։
Արտաշէս Չիլինկիրեան եւ Պօղոս Սնապեան երկարաշունչ խմբագիրներ եղած են, եւ մասամբ նաեւ իրենց հետապնդող շունչին արդիւնքն են իրենց հրատարակած հանդէսները։ «Հայրենիք»ի եւ «Բագին»ի ծանօթ ընթերցողները գիտեն, թէ ինչի՞ մասին կը խօսիմ։ Ռուբէն Դարբինեանի նամակները զիս ապշեցուցած են, թէ մարդը ինչպիսի հետեւողականութեամբ աշխատակից հրաւիրած է։ Ինծի ծանօթ են անձնական նամականիէդ նաեւ քո՛ւ խմբագիրի նախանձախնդրութիւնդ, հետեւողականութիւնդ, աշխատակիցներուդ հետ անձնական կապերդ։ Ես կը խորհիմ, որ մամուլ-ընթերցող կապ մը ներկայիս կը բացակայի, այսինքն՝ հիմնական հարց մը։ «Անկոխ արահետ»ի դեռ չմօտեցանք, առաջարկս է պարզապէս ստեղծել ընթերցողի կարծիք եւ անկէ առաջ ալ՝ ընթերցող։ Թութակի ու փրոփականտիստի մասին չէ խօսքս հարկաւ։
… Բայց ես քեզի հարցում մը ունիմ. ասքան լրջութիւն շատ չէ՞ մեր մամուլին համար, ուր յաճախ ձաբռտուք կը կարդամ իբրեւ յօդուած։ «Ձախ» ձեռքով, հապճեպ գրուած յօդուած մը «եղածին պէս» լոյս կը տեսնէ աս կամ ան թերթին մէջ։ Ստացողը յաճախ չէ իսկ կարդացած յօդուածը։ Ասիկա համատարած անփութութիւն մըն է, որ շատ բնական դարձած է եւ ասոր մասին խօսող ոչ թէ չկայ, — համաժողովները ազգային, արժեհամակարգային եւ չեմ-գիտեր-ինչային հարցերով զբաղած են, — այլ ըսուածը տգէտ արհամարհանքի իսկ չ՚արժանանար։ Մենք կ՚ապրինք տարբեր կղզիներու վրայ եւ կապ չունինք իրարու հետ։ Դեռ քանի մը օր առաջ կը կարդայի յօդուած մը, ուր քանի մը նախադասութեան մէջ նոյն բառը կը կրկնուէր չորս անգամ, չորս անգամ ալ՝ սխալ ուղղագրութեամբ։ Յօդուածագիրը հայերէնի ուսուցիչ է։ Պատահական է, պիտի ըսես։ Համաձայն կ՚ըլլայի այդ տեսակ պատահականութեան, եթէ ոչ թէ չորս, այլ նման քառասուն օրինակներ մեր աչքին առջեւ չտողանցէին ամեն օր, ամեն տեղ, ամեն ժամ։ Ես անձամբ ոչ այդ պատահականութեան լուռ վկան, ոչ ալ այդ «կղզի»ին բնակիչը կը դառնամ։
Մեր ազգային գործիչները, քառասուն տարի առաջ, միաժամանակ մտաւորականներ էին։ Մեր քաղաքական կեանքի հիմքը դնողները յատկապէս ուսանողական շարժումները եղած են անցեալ դարերուն։ Այսօրուան ազգային գործիչներէն ոչ թէ մտաւորական, այլ հայերէնիմաց ակնկալելը շռայլութիւն է։ Պիտի գոհանա՞նք ափ մը մարդոց ներկայութեամբ։ Պիտի գոհանա՞նք հայ մամուլի ներկայ վիճակով։
Յ. Օշական առիթով մը, իսլամացած հայու մը պարագան պատմուածքով ներկայացնելէ ետք, եզրափակիչ եւ հռետորական հարցում մը կ՚ընէ. «Բայց ինչպէ՞ս թաղել, ո՞ր հողքին ներքեւ տաճկութիւնը մեր հոգիներուն, Մեր, այսօրուան հոգիներուն, որոնք աւելի սեւ եղան քան հաւատք փոխողներունը»։ Հոգիներու տաճկացումը Օշականէն ասդին թափով կը շարունակուի մեր մէջ, գրեթէ ամեն ճակատի վրայ (մամուլը անոնցմէ մէկն է), եւ անոր թաղման աշխատանքը արագացնելու առաքելութիւնը սրբազան է ինծի համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *