Մեր վերջին թիւը՝ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2024

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

«Այնպէ՛ս թաղենք, որ հազար տարի էլ ծի՛լ չտայ»

Զօրայր Խալափեան

Սինթադէն Միջնաշէնում մոռացուած չէր, նրա մասին խօսում էին անգամ նրանք, որ չէին տեսել, բայց լսել էին մեծերից: Այնքան յաճախ էր նրա անունը ջրի երես գալիս խօսակցութիւններում, որ ակամայ ստեղծուել էր նրա առասպելը Միջնաշէնում: Նրան չտեսած մարդիկ վիճում էին ըստ լսածների: — Այո՛, ես նրան չեմ տեսել, բայց աչքս բացած օրից լսել եմ ընկեր Սինթադէի անունը, թէ նա ինչե՜ր արեց խորհրդային իշխանութիւնը հաստատելու ու յատկապէս երեսնական թուականներին գիւղի սոցիալիստական վերափոխման գործում: Մէկ Continue reading “«Այնպէ՛ս թաղենք, որ հազար տարի էլ ծի՛լ չտայ»”

Կեցցէ՛ Զէյթուն

ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ

Դպրոցէն վերադարձին անմիջապէս պէտք է լծուինք տնային պարտականութիւններ կատարելու աշխատանքին, որ ընդհանրապէս կը սկսի նոյն յանկերգով.
— Հայերէն ի՞նչ ունիք այսօր :
Այդ օրը տղաս, որ հինգերորդ դասարանի աշակերտ էր, թուղթ մը ձեռքին մօտեցաւ ինծի .
— Մա՛մ, հայերէնի ուսուցչուհիս խնդրեց, որ այս թուղթին վրայ Continue reading “Կեցցէ՛ Զէյթուն”

ԱՏՄԱՅԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ (Բ.)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Շարունակուած նախորդ թիւէն

Համազգայինի Ա. պատգամաւորական ժողովի վայր ընտրուած էր Աթենքի մօտ ամառանոցային ծովահայեաց պանդոկ մը, 1990-ին, ուր մեզի առիթ կ’ընծայուէր առաւօտեան նախաճաշէն առաջ եւ կէսօրուան ճաշի դադարին՝ ծով իջնելու: Բ. պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստան, Գրողներու միութեան Ծաղկաձորի տան մէջ, 1994-ին: Հոն ալ մեր հայրենիքի լեռներուն վրայ քալելու ու անոր հողի աւիշը ծծելու երջանկութիւնը պարգեւուեցաւ մեզի: Այս անգամ բնութեան տարբեր մէկ գեղատեսիլ անկիւնն ենք, բարձունքի վրայ ու Continue reading “ԱՏՄԱՅԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ (Բ.)”

Բանաստեղծութիւններ

Փանոս Ճերանեան

Ծառ անապատական

Ծա՛ռ անապատական,
Դառնութեան աւազներէն բարձրացած
Զրոյցդ ո՞վ ունկնդրեց:
Ո՞ր մէկ երկինքն
Իր սուրբին աղերսաբիբ հայեացքին մէջ թաթաւուն
Չոր տերեւիդ գոյնը դեռ կանաչ պահեց:
Միթէ ընդհատուած մտերմութի՞ւն մը շշնջալու, Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”

ՄԱՐԴ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՍԽՐԱՆՔԸ

(Նիգոս Գազանծագիսի «Ճգնութիւն. Աստուծոյ փրկարարները» գրքի հայերէն թարգմանութեան լոյս ընծայման 50-ամեակի առիթով)
Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան

«Էլիզ Հասըրճեանին՝ թարգմանիչին կողմէ։
24 սեպտեմբեր 1973
Թորոնթօ»

Ճիշտ յիսուն տարի առաջ Նիգոս Գազանծագիսի (1883-1957) «Ճգնութիւն. Աստուծոյ փրկարարները» գիրքը այս մակագրութեամբ դարձել է թարգմանական երկար ու դժուար ճանապարհի վերջակէտ. հեռաւոր Կանադայում լոյս է տեսել «ՔԱՐ» հրատարակչատան «Թարգմանական գրականութիւն» մատենաշարի առաջին հատորը։ Թարգմանիչը Մարգար Շարապխանեանն է (1937-2023), ում բացառիկ գործունէութեան, գրական, թարգմանական ժառանգութիւնը պիտի Continue reading “ՄԱՐԴ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՍԽՐԱՆՔԸ”

Կարպիս Հարպոյեանէն չորս նոր գործ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Անցեալ տարի բժ. Կարպիս Հարպոյեան ընթերցողին սեղանին դրաւ չորս նոր հատորներ, որոնք իր «Բժիշկին խօսքը» շարքին մաս չեն կազմեր, որքան ալ որ այս կամ այն ձեւով առնչուած են կամ իր՝ բժիշկի մը կեանքին կամ ընդհանրապէս հայ բժշկութեան։ Անոնցմէ երեքին մեկենասը կը հանդիսանան Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան եւ զաւակները՝ Բիւրակ եւ Յակոբ՝ ի յիշատակ Կարօ Մոմճեանի, իսկ մէկուն մեկենասը՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը՝ Continue reading “Կարպիս Հարպոյեանէն չորս նոր գործ”

Մեր ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՃԻՉ

Կոմիտաս Դանիէլեան

1

Տղան վերադարձաւ ադամամութին: Մայրը, որ ամբողջ գիշեր սրտատրոփ սպասում էր նրան, թեթեւացած շունչ քաշեց:
— Ինչո՞ւ այսքան ուշացար, — հարցրեց նա:— Հօ բան-ման չի՞ պատահել:
— Չէ, — տղան ոտքերն ազատեց կօշիկներից ու գլխարկը հանելով, զգուշօրէն մեկնուեց մօր կողքին: Սաստիկ յոգնել էր:— Ինչպէ՞ս ես:
— Անտէր ոտքերս գնալով աւելի են ծանրանում, — նա ափերի մէջ առաւ որդու մրսած մատները, մօտեցրեց շուրթերին` փորձելով տաքացնել: Continue reading “ՃԻՉ”