«Ո՞ւր էիր, երբ …»

ՎԻԳԷՆ Ա.

«30 տարի անց մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք,
իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է»։
Ժաննա Գալստեան
Ստեփանակերտ, 13 փետրուար 2018

Ամերիկացիները հետաքրքրական, թէեւ քիչ մը պարզունակ, մօտեցում մը ունին երբ կը փորձեն կարեւոր իրադարձութիւններ ընդգծել. «Ո՞ւր էիր, երբ …» հարցումը։ «Ո՞ւր էիր, երբ նախագահ Քենետին սպանուեցաւ», կը հարցնէին ատենին։ Հիմա, որ Քենետիի սպանութենէն անցած են գրեթէ 55 տարիներ, եւ այն օրուան երիտասարդներն ու պատանիները արդէն թոշակառու են, աւելի կը հարցնեն, թէ «Ո՞ւր էիր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, երբ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները փուլ եկան»։Այս տարի մենք ազգովին բազմաթիւ տարեդարձներ կը նշենք. Անկախութեան 100-ամեակ, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ, Համազգայինի 90-ամեակ, Արցախեան շարժման 30-ամեակ։ Առաջին երեքին համար ամերիկեան հարցումը չենք կրնար փորձել, որովհետեւ պատասխանները պէտք է անդենականէն գան։ Բայց վերջին տարեդարձին համար կրնանք այդ հարցը տալ եւ ակնկալել, որ ազգի կէսէն աւելին փորձէ պատասխանել։
Այն օրերուն, 30 տարի առաջ, աշխարհը տակաւին մեծ էր, հեռաւորութիւնները ահռելի, համացանց-մամացանց տակաւին սաղմնային էին եւ իրադարձութիւններու մասին շաբաթներ անց իմանալը մահացու մեղք չէր։ Ուստի հարցումը պէտք է քիչ մը մեղմել. չենք կրնար շատ ճշգրիտ թուական մը դնել հարցման մէջ։ Արցախցին՝ 13 փետրուարին համար պիտի պատասխանէ, երեւանցին՝ մի քանի օր անց իմացաւ, իսկ մենք՝ Սփիւռք աքսորեալներս, հոն չէինք։ Լուր իսկ չունէինք թէ 13 փետրուարին տասնեակ հազարաւորներ դուրս եկած էին հրապարակ, Ստեփանակերտի հրապարակ, եւ պահանջած Արցախի միացումը Հայաստանին։ Առաջին լուրը առինք մէկ շաբաթ ետք, երբ ցոյցը հասաւ Երեւան եւ օտար լրատու գործակալութիւնները կարճ անդրադարձան անոր։ Միայն մէկ պարբերութիւն, որ սակայն բաւարար էր մեր հոգիները ալեկոծելու։ Սպասումը վերջ գտած էր, ազդանշանը՝ տրուած. մեքենան պիտի շարժէր։ Եւ մեքենան շարժեցաւ…
Ուշ գիշեր է. նստած եմ ստեղնաշարիս առջեւ եւ միտքերը իրար կը հրմշտկեն։ Տարբեր ձայներ, տարբեր բարբառներ։ Կը վիճին հետս, կը հակաճառեն։
— Ընկեր ջան, էդ որ ասում ես, ոնց որ Սփիւռքում նստած սպասում էիք թէ ե՞րբ պիտի սկսուի։ Ախր մենք կիզակէտում նստած՝ Երեւանում, էդպէս չէինք տեսնում վիճակը. ուղղակի հայի ու թուրքի դարաւոր կռիւն էր շարունակւում։
— Այդ կռիւը մենք ալ կը մղէինք։ Մի մոռնար, որ համայնավարութեան 70 տարիներուն Հայաստանի հայութիւնը բանտարկուած էր եւ չէր կրնար այդ կռիւը մղել։ Երբեմն-երբեմն «Արարատ-Նեֆթչի» ֆութպոլի խաղերուն հնարաւոր կ՚ըլլար քիչ մը սիրտ հովացնել։ Գլխաւորապէս Սփիւռքն էր որ կը մղէր այդ կռիւը, յայտնի եւ գաղտնի ձեւերով. այդ երկարատեւ կռիւին արդիւնքներն էին տարբեր երկիրներու մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնները, Ուրուկուէյէն՝ 1965-ին մինչեւ Եւրոխորհրդարան՝ 1987-ին։ Բայց սկսեր էինք յոգնիլ. երեք սերունդ կռուեր էինք, ոչինչէն համայնքներ ստեղծեր էինք, Տէր Զօր տեսած խլեակներէն, դիակներու կոյտերուն տակ ողջ մնացած ուրուականներէն մարդ վերստեղծած էինք, դպրոց, եկեղեցի ու ակումբներ շինած, առանց պետութեան՝ պետութիւն ստեղծած, «Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ» կարգախօսով՝ կռիւներ մղած եւ մեր դատը վերստին հրապարակ հանած։ Սակայն վերջը չէր երեւնար։ Յոգնա՜ծ էինք։
— Յոգնածը դո՛ւն ես, մենք յոգնած չէ՛ինք, չե՛նք եւ պիտի չըլլա՛նք, — կը վանկարկէ թրքական դեսպանատան դիմաց ցոյցի առաջին շարքերը խտացնող կարծր կորիզը։

* * *

1987-ի աշնան վերջերուն էր։ Մի քանի ընկերներով, ուշ երեկոյեան, մի քանի շիշ գարեջուրի օգնութեամբ կը փորձէինք աշխարհի եւ մանաւանդ հայութեան խնդիրները լուծել։ Ետեւնիս կար մօտիկ անցեալը, Եւրոխորհրդարանի որոշման առթած գինովութիւնը եւ անոր յաջորդած շշմածութիւնը, երբ ի յայտ եկաւ թէ այդ որոշումը իրողական անմիջական հետեւանքներ պիտի չունենար։ Ետեւնիս կար Սփիւռքի տասնամեակներու պայքարին խոնջանքը. հայապահպանում, ինքնակազմակերպում, զինեալ եւ անզէն պայքարներ։ Ըրած էինք այն, ինչ քիչ ժողովուրդներ կրցած էին ընել։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք արեւմտեան երկիրներու մէջ ձեւաւորուած այլ Սփիւռքներուն հետ համեմատած, կրցած էինք ընել անկարելին, առանց մեր ետին ունենալու պետականութեան մը նեցուկը։ Ընդհակառակը, իրենք իրենց հայ պետականութեան հանգամանք տուած խորհրդային իշխանութիւնները աւելի յաճախ խանգարած էին գործին քան օգնած։
Երիտասարդ էինք, գործի ծարաւ։ Սակայն հեռանկարները աղօտ էին։ Երեք սերունդ հայապահպանում, երեք սերունդ հոսանքն ի վեր թիավարել, երեք սերունդ… դեռ ինչքա՞ն պիտի դիմանայինք։ Դեռ ի՞նչ կրնայինք ընել, որ չէինք փորձած։ Սակայն գրեթէ եօթ տասնամեակէ ի վեր մեր պատմութեան անիւը ամուր խրուած էր ցեխին մէջ ու չէր ուզեր առաջ երթալ։
— Յաջորդ քայլերը ի՞նչ կրնան ըլլալ, — ըսաւ մէկը անհասցէ հարցումով։
— Երեւի այն օրուան առաջարկդ ընենք, — ըսաւ միւսը։
— Ո՞ր առաջարկը։
— ՄԱԿ-ի շէնքը գրաւենք։
Խնդացինք։ Կուշտ ու կուռ խնդացեր էինք նաեւ այն օրը, երբ Հայ Դատի հարցերու քննարկման ժողովի մը ընթացքին մեր ընկերը ձայն առած էր եւ ամենայն լրջութեամբ առաջարկած էր հաւաքաբար երթալ եւ ՄԱԿ-ի շէնքը գրաւել։
— Կը խնդաք կոր, բայց առաջարկս լուրջ էր. ուրիշ ի՞նչ մնացեր է ընելիք, որ չենք փորձած։
Տիրեց լռութիւն։
Ապա, թաւ ձայնով, ծանր-ծանր շարունակեց.
— ՄԱԿ-ի շէնքը գրաւելն ալ չ՚օգներ պատը քանդելու։ Երեւի այս մի քանի տարին ալ քաշքշենք, երեք տարիէն Դաշնակցութեան 100-ամեակը նշենք, յետոյ էջը դարձնենք, դուռ-պատուհան փակենք եւ թող ամեն մարդ տուն երթայ, իր գործին կը նայի։ Հերիք է այս ժողովուրդը չարչարուի, արիւն-քրտինքով շահած հացէն ազգին բաժին հանէ, դպրոց պահէ, ակումբ պահէ, տունը դժոխք դարձնէ, երեխաներուն հետ կռուի որ հայերէն խօսին, որ չձուլուին… Թուրքն ալ վերջապէս թող հանգիստ մարսէ մեր հողերը…
Երեք ամիս ետք, Արցախեան պոռթկումը ամբողջովին յեղաշրջեց իրավիճակը, նոր հեռանկարներ բացաւ մեր առջեւ։ Յոգնութիւն-մոգնութիւն մոռցած, -20 աստիճան ցուրտին ժամերով Խորհրդային հիւպատոսարանին առջեւ ցոյց կ՚ընէինք, աղէտի գօտիին համար օժանդակութիւն կը հասցնէինք…

* * *

— Էդ բոլորը հասկանալի է, բայց դրանից՝ այդ մի փոքր լուրից, թէ Երեւանում ինչ-որ ցոյցեր են եղել ղարաբաղեան հարցով, ինչպէ՞ս էք եզրակացրել, էն երգի նման, թէ «արդէն ժամանակն է, թող գայ»։ Մի քիչ շատ ես չափազանցեցնում։
—Արմէն ջան,— Արմէնն էր թէ Գագիկը, վստահ չեմ. գուցէ երկուքն էին, ինչ փոյթ,— անգլիացիները լաւ խօսք մը ունին. you can’t see the forest for the trees (անտառը չես տեսներ, որովհետեւ ծառերը կը խանգարեն)։ Դուն հոն էիր, կիզակէտին մէջն էիր, կռիւի առաջին գիծերուն վրայ էիք. ռազմաճակատին վրայ զինուորը իր տեսադաշտէն անդին դժուար կը տեսնէ, ոչ ալ ժամանակ ունի։ Մենք այդ ճակատամարտի թիկունքին էինք, եւ աւելի լաւ կը տեսնէինք ամբողջ պատերազմը։
Մեծ հայրս, պապս՝ ինչպէս դուն կ՚ըսես, կեանք ու աշխարհ տեսած մարդ էր, մեծ իղձեր եւ մեծ յուսախաբութիւններ ապրած մարդ էր։ Կեանքի վերջին քսան տարին գրեթէ տունէն դուրս չէր եկած։ Բայց միշտ կը հետեւէր լուրերուն, առաւօտէն իրիկուն ռատիոյի ալիքները կը փոխէր ու աշխարհի բոլոր կայաններէն լուրերը կը ստանար, — երբեմն ալ արաբական ալիքներով էզան կը գտնէր ու կը լսէր, որովհետեւ ըստ իրեն շատ լաւ երաժշտութիւն էր օղի խմելու համար, — թերթերուն ալ կը հետեւէր… 1988-ին արդէն անկողնային էր, երբ արցախեան շարժման լուրերը սկսան գրաւել մեր առօրեան։ Ես հեռու էի, ովկիանոսով բաժնուած, սակայն լսեցի որ շատ խանդավառուեր էր։ Երբ շուրջինները փորձեր են մեղմել խանդավառութիւնը, թէ այս անգամ ալ ի զուր տեղը կը բորբոքինք, միեւնոյնն է, պիտի դարձեալ խաբեն մեզ ու ոչ Ղարաբաղ պիտի տան, ոչ ալ ազատութիւն, հանդարտ պատասխաներ էր. «Չէ՜, այս անգամ պիտի տան, պիտի տա՜ն»։ Շատ չանցած մահացաւ։
Արցախը անշուշտ չտուին, — հողը չեն տար, — այլ մենք առինք։ Ազգովի՛ն առինք։ Մեծով-փոքրով առինք։ Վեց հազար նահատակներու արեա՛մբ առինք։
Բայց միայն Արցախը չառինք։ Մեր արժանապատւութի՛ւնն է, որ ետ բերինք։
Մեր պապերը, տէրզօրներէն մազապուրծ վերապրողները չէին ուզեր խօսիլ Եղեռնին մասին, դժուար կ՚արտայայտուէին, ամչնալով կը պատմէին իրենց չարչարանքներուն մասին։ Կեանքի գուպարէն պարտուած դուրս եկած էին, ամեն բան կորսնցուցած… Միայն Մայիսեան հերոսամարտերու ծնունդ անկախութիւն մը կար որպէս ազգային հպարտութեան առարկայ, ան ալ բոլշեւիկները հարամեցին, չձգեցին որ զայն մարդավարի վայելենք, գոնէ անով մխիթարուինք։ 50 տարի պէտք եղաւ, որ յետ-եղեռնեան առաջին սերունդը հրապարակ իջնէ եւ աշխարհին ազդարարէ թէ հայը տակաւին ողջ է։ Սակայն այդ ալ բաւարար չէր։ Պէտք էր ապացուցել, որ թուրքը չկրցաւ Եղեռնով հայուն ողնայարը փշրել, որ հայը իր մէջ դեռ ունի այնքան կենսանիւթ, որ կը համարձակի իր պատմութեան չորրորդ հազարամեակին նայիլ ինքնավստահութեամբ։ Ա՛յդ էր որ պիտի լուծէր Եղեռնին վրէժը։
1960-ականներու կէսին վերսկսած մեր պայքարը, որ երբեմն նաեւ զինեալ բնոյթ ստացաւ, կարծես թէ նախափորձ մըն էր այն մեծ կռիւին, որ պիտի գար։ Սպասողական վիճակ մը կար, կուտակեալ ներուժ մը, որ դրսեւորուելու առիթ կը փնտռէր։ Արցախեան պայքարը ազդանշանը դարձաւ մեր նոր կենսունակութեան։ Կռիւը միայն Արցախինը չէր, այլ ամբողջ ազգի, մեր արժանապատւութեան խնդիրն է որ կը լուծէինք։ Մեր մարտունակութեան ապացոյցն էր Արցախը, հայ զինուորի բացառիկութեան փաստը, մէկով հազարին յաղթած հերոսներու շառաւիղներուն մեծ քննութիւնը պատմութեան առջեւ։ Հայ ազգի բռնցքուելու կարողութեան ապացոյցն էր։ Եօթ տասնամեակէ ի վեր՝ «Մէկ ազգ – մէկ հայրենիք» կարգախօսի առաջին լուրջ դրսեւորումը, որ իրապէս համահայկական բնոյթ ստացաւ ու փոթորկեց սրտերն հայոց Աւստրալիայէն մինչեւ Գանատա, Արժանթինէն մինչեւ Ճափոն։
Եւ այդ քննութենէն դուրս եկանք փայլուն յաջողութեամբ։

* * *

Արցախեան ազատամարտի 30-ամեակը միայն Արցախեան յաղթանակի տօնը չէ, ոչ ալ Հայաստանի վերանկախացման գործընթացին, որ նոյնպէս սկսաւ երեսուն տարիներ առաջ, այլ եւ մանաւանդ տօնն է հայութեան նոր զարթօնքին, տօնն է ամբողջականութեամբ գօտեպնդուած հայութեան նոր հազարամեակի անշեղ երթին, գալիք փառահեղ յաղթանակներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *