ԲԱՐԻՆ, ԳԵՂԵՑԻԿԸ ԵՒ… ՃՇՄԱՐԻՏԸ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այս բառերը ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Ռէթէոս Պէրպէրեանի տապանաքարին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմաննոցը։ Պատանի էի։ Ճեմարանի առաջին լսարանի աշակե՛րտ։ Եւ այդ ամառ, մեծ յափշտակութեամբ կը պեղէի Պոլիսը։ Մայրս, փոքր եղբայրս եւ ես միասին կատարեցինք մեր ընտանիքի այդ պատմական ճամբորդութիւնը։ Տասնութ տարիներ ետք իր ամուսնութեան օրերէն, մայրս վերջապէս պատեհութիւն կ՚ունենար քանի մը թանկագին ամիսներով վերադառնալու իր հարազատներուն գիրկը եւ ես գիւտը կ՚ընէի այս աներեւակայելի աշխարհին։
Ասիկա հին աշխարհին մէկ կտորն էր, որ հակառակ մեծ նախճիրին դեռ մնացեր էր անփոփոխ իր երգերով, իր համերով, իր գոյներով։ Անիկա դեռ Պարոնեան էր իր անկրկնելի բարբառով ու սրամտութեամբ. դեռ Տիւսափ էր եւ Եսայեան՝ իր յուզաշխարհով. դեռ Զապէլ Ասատուր ու Անայիս՝ իր տիկիններուն կիրթ ու կոկիկ ու նրբագեղ հայերէնով. դեռ Զօհրապ էր ու Երուխան, դեռ Հրանդ էր ու Օտեան. տեղ մը՝ Ինտրա ու Դուրեան, Մեծարենց էր ու Զարիֆեան. ուրիշ տեղ մը՝ Քէչեան էր ան ու ամիրա ու դեռ ձկնորս ու ջրհանկիր. Պանք Օթոման. Եըլտըզի ռո՛ւմբ…Այս բոլորին սրսփագին հետքերով ես կը քալէի ամեն առտու եւ իրիկուն եւ կը զգայի այն, որ եղեր էր եւ այն, որ դեռ կար։ Հոն էր, որ ես առաջին անգամ տեսայ թուրքը որպէս հաւաքական իրողութիւն։ Տեսայ յոյնը եւ քալեցի Բիւզանդիոնի մանուածապատ ներքնուղիներով եւ հասայ հոս։
Այս բ-ոլորը յիշեցի յանկարծ, երբ «Հայրենիք»-ի սիւնակներուն մէջ կարդացի Գրիգոր Շահինեանի ջերմ տողերը Ճեմարանի մեր երկու ուսուցչուհիներուն՝ տիկ. Գոհար Յովհաննէսեանի եւ տիկ. Եոլանտ Աճեմեանի մասին։ Մեզի՝ ճեմարանականներուս ծանօթ՝ երկու պարզ եւ քաղցրահունչ կոչականներով՝ «տիկին» եւ «մատամ»։ Գրիգորը զանոնք կոչած էր «Բարին եւ Գեղեցիկը» եւ հեռուէ-հեռու ինքն է այս պահուն զիս մղողը, որ յիշատակի այս գիրը ես սկսիմ 1952-ի ամրան իմ արձակուրդէս հասնելու համար Ճեմարանի մեր ուսուցիչներուն։
Եւ անշուշտ կապ մը կար այս բոլորին միջեւ, որ ինքնիրեն քակուեցաւ իմ ենթագիտակցութեանս խորերէն ու մէկիկ-մէկիկ դուրս հանեց ձայները հին քաղաքին, ուրկէ մեր պատանութիւնը պիտի անցնէր հեզասահ ու անմիջական։ Պիտի անցնէր. եւ փոքր ու մոլորած երկրագունդի մը երեսին պիտի կազմէր այս տարօրինակ, այս անբացատրելի կղզեխումբը, որ կապեր է ահաւասիկ մեզ իրարու։
Պոլսէն վերադարձիս, հոկտեմբերի աղուոր օր մը, երբ վերամուտի դասերը նոր էին սկսեր, Ճեմարանի երկրորդ յարկի պատշգամին վրայ պահ մը առանձին գտեր էի գրականութեան մեր յայտնի ուսուցիչը՝ պր. Սասունին եւ առիթէն օգտուելով հարցուցեր իրեն.
— Պարոն, ի՞նչ կապ ունին Բարին, Գեղեցիկը եւ Ճշմարիտը Ռէթէոս Պէրպէրեանին հետ…
Սասունին դարձաւ իր հեգնախառն ժպիտը դէմքին եւ հեռաւոր Միջերկրականին զուարթ արեւը կար իր ձայնին մէջ, երբ ըսաւ.
— Բարի եկար, ջորեպան Հայր Սո՛ւրբ…
Յետոյ յանկարծ զանգը տուին եւ մենք գացինք դասարան։ Աւանդութիւն էր։ Երբ ուսուցիչը կը մտնէր ներս, մենք բոլորս կը կանգնէինք ոտքի ու կը սպասէինք, մինչեւ որ ան արտօնութիւն տար նստելու։ Պր. Սասունին ներս կը մտնէր իր կաղ ոտքին պատկառելի կշռոյթովը եւ մենք երկիւղածութեամբ կը սպասէինք, որ ան ի վերջոյ հասնէր ամպիոն։ Բայց ի՜նչ երկիւղածութիւն… «մի՛ շիներ» կը պոռան այս պահուն դասարանի ընկերներս եւ ընկերուհիներս երկրագունդին չորս ծագերէն։ Յարգանքի այդ պահուն, մանաւանդ ձմրան ցուրտին, մխտող-մխտողի կ՚ըլլար տղոց կազմէն. երբեմն աթոռներ կը տապալէին. արտառոց փռնգտուքներ կը յաջորդէին իրարու եւ ծիծաղը կը փռթկար յանկարծ։
Այդ օր, Սասունին քալեց դէպի գրատախտակը եւ գրեց.
— Բարին, Գեղեցիկը, Ճշմարիտը…
Յետոյ նշան ըրաւ, որ նստինք։ Յետոյ խօսեցաւ Պէրպէրեանին մասին։ Պատմեց մանրավէպեր։ «Ան կը սիրէր իմաստասիրել, — ըսաւ, — իր ատենաբանութիւնը ան միշտ կը սկսէր այդ երեք բառերով եւ իր ունկնդիրները կը հետեւէին իր պերճաբան խօսքին մեծ ակնածանքով. մեծ լրջութեամբ։ Սրահին մէջ շշունչ չէր լսուեր, քանի որ այդ օրերու երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած էր փիլիսոփայութեամբ, մշակոյթով… ձեզի պէս ջորեպանները, որոնք չեն գիտեր պահ մը լուռ մնալ, մինչեւ որ ուսուցիչը մտնէ ներս…»
Ասիկա կշտամբելու իր անուշ ձեւն էր, որ երբեք չէր վիրաւորեր. չէր վերածուեր յանդիմանութեան, բայց աւելի հզօր էր ան, քան խրատի բոլոր խօսքերը մեր անխրատ գլուխներուն վրայ։
Գրիգոր Շահինեանի տողերը կարդալէ ետք, անդրադարձայ, որ ես ալ իմ բաժինս ունէի այդ երկու նուիրեալ կանանց կեանքին մէջ եւ ուզեցի այս քանի մը յիշատակները յանձնել թուղթին։
* * *
Տիկ. Գոհար իմ յիշողութեանս մէջ մնացած է որպէս մեր արժէքային համակարգի բացարձա՛կը՝ իր հազարումէկ ձեւերով մեզ խաղի բերող այս յարաբերական ու յեղյեղուկ ու անկերպարան աշխարհին մէջ։ Անուշ հոգի մըն էր ան խստադէմ արտաքինի մը տակ։ Զաւարեաններու Կովկասէն մեզի հասած անսակարկելի ու խստակենցաղ հայութեա՛մբ՝ որ դիմագիծ տուաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական մէկ ամբողջ սերունդին։ Ան կեանքի ընկերուհին էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական վաստակաւոր գործիչներէն՝ Արշակ Յովհաննէսեանի։ Անոնք միասին անցեր էին հայ անկախ պետականութեան փշոտ ճանապարհը։ Հզօր կիներ էին Դաշնակցութեան մարտիկներուն կողքին համարձակօրէն դիրք գրաւած այս հայուհիները։
— Այ տղա՛յ…
Տիկ. Գոհարին այդ զգաստացուցիչ ձայնը ամեն ճեմարանական իրեն հետ պիտի տանի երկրէ երկիր։ Ան այլեւս դասարանային անկարգութիւն մը սրբագրող սաստը չէ իր այս հեռաւոր արձագանգով, այլ տիկ. Գոհարին անզիջող հրահանգը, որ չ՚ուզեր պատրուակներ լսել եւ կշտացած է բոլոր սոփեստութիւններէն եւ այն ինչ, որ անկարելի կը նկատուի ձեր փափկաճաշակ ուղեղներուն մէջ, ան կ՚ուզէ լսել ձեր իսկ բերնէն… եւ ձեր չափը տալ։
Շատ չարչարեր ենք զինք եւ ան մօր մը համբերութեամբ տարեր է մեր վայրենութիւնը։ Տարեր է, բայց չէ լռեր։ Տուեր է մեր գլխուն այն լաւատես համոզումով, որ տեղ մը բան մը ճիշտ դուրս պիտի գայ։ Քանի որ կայ հայը։ Քանի որ կ՚ապրի Դաշնակցութիւնը։ Քանի որ կ՚ուսուցանուի մեր գիրը եւ հին երգը կ՚անցնի տունէ տուն։ Մնացեալը ինք կրնայ շտկել։ Անկարգապահը դարձնել գիտակից, եթէ ոչ՝ բոլորովին կարգապահ… Ինք Ընդհանուր Դաստիարակն է այս դպրոցին։ Շանթի եւ Աղբալեանի յղացքով շունչ ստացած այս Ճեմարանի՛ն։ Ինք լաւ գիտէ, թէ ի՞նչ մեծ առաքելութիւն վստահուած է իրեն։ Եւ իր խղճին ու խնամքին յանձնուած այս բալիկները, որոնք պիտի մեծնան ու ծնունդ տան նոր բալիկներու, հայուն նոր բազուկն են ըլլալու, որ նորէն պիտի բարձրանայ, նորէն պիտի մտնէ պայքարի ասպարէզ եւ հին ու սրբազան արկածախնդրութիւնը անպայման նոր սահմաններ պիտի նուաճէ։
Կը յիշեմ նախապատրաստականի առաջին տարին։ Տիկինը թուաբանութեան մեր ուսուցիչն էր։ Միա՛կ տարին՝ երբ զինք ունեցած եմ որպէս ուսուցիչ։ Միա՛կ տարին՝ երբ թուաբանութեան մէջ կրցած եմ լաւ գնահատական ստանալ… Այնուհետեւ մինչեւ Ճեմարանի աւարտական տարիս ողբալի կացութեան մէջ էի, ինչպէս հայոց մեծ երգիծաբանը… (որ փոքր տարիքին գրեր էր Ադրիանուպոլսոյ իրենց դասարանի գրատախտակին վրայ՝ «Հրաժարիմ ի դիւաբանութենէ եւ ամենայն չար կոտորակաց նորա…»)։ Թիւերու լեզուն կը մերժէի ընդունիլ։ Երեւի ան ալ կը մերժէր զիս։ Բաւական հոգի մաշեցուցեր եմ այդ տարիներուն։ Ոչ միայն իմս, այլեւ հոգիները պր. Թոփալեանին, պր. Հայթոսթեանին, պր. Աթթարեանին…
Պատմողը կարծեմ պր. Մուշեղն է կամ Սըրը։ Թուականը՝ 1954։ Ճեմարանի մանկավարժական ժողովի վճռական նիստն է, ուր պիտի որոշուի, թէ ովքե՞ր աւարտական վկայական պիտի ստանան այդ տարի… Նիստին նախագահողը պր. Վրացեանն է։ Պր. Աթթարեան չ՚ուզեր տեղի տալ։ Այս աշակերտը, կ՚ըսէ ան, պատրաստ չէ աւարտելու. ան չէ կրցած բաւարար միջին բերել մաթեմատիկի մէջ։ Այդ աշակերտը ես եմ եւ բանս բուրդ է։ Բայց այդ նեղ պահուն օգնութեան կը հասնի իմ մօրս աղօթքներով երկիր կանչուած իմ պահապան հրեշտակս.
— Թոյլ տուէք, ես էլ իմ խօսքն ասեմ, — կը հնչէ իր հեղինակաւոր ձայնը։ — Ես էլ եմ թուաբանութեան ուսուցիչ եղել։ Կարոն իմ աշակերտն էլ է եղել։ Ես յիշում եմ իր աշխատանքը։ Ես ապացոյց էլ ունեմ. պահել եմ իմ ուսուցչական նոթերի տետրը… Նա իմ դասարանում յաջողակ աշակերտ էր։ Ո՞նց պատահեց, որ յանկարծ նա չի կարողանում պահել իր մակարդակը։ Մի՞թէ քննուել է սա…
Տիկի՛նն է։ Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ե՞րբ է ինք իմ ուսուցիչս եղած։ Բայց իր խօսքը իւրայատուկ այն շեշտը ունի, որ նոր ու անտեսանելի ծալքեր կը բանայ պր. Վրացեանի խորազննող եւ անթարթ աչքերուն առջեւ… Ի վերջոյ իմաստութիւնն է, — ու բա՛խտը, — որ իր վերջին խօսքը պիտի ըսէ։ Տեղ մը մէկը կայ, որ քու երկնատուր դայեակդ է եւ ազատարարդ միաժամանակ եւ որ քեզ դուրս պիտի բերէ նեղ տեղերէն դէպի լոյս աշխարհ… Կը քննեն իւրաքանչիւր աշակերտի ուսումնական ամբողջական կարգավիճակը մանրամասնօրէն պր. Վրացեանի խստահայեաց հսկողութեան տակ…
Ես աւարտեցի այդ նոյն տարին։ Բայց իմ մէջս եղող անուղղելին, որ քանի մը տարիներ ետք պիտի բռնէր տնտեսագիտութեան ուղին «որպէս ուղիղ ճանապարհ», «ծեծ ուտելով» պիտի ստիպուէր ծայրէ ծայր վերստին սերտել ու իւրացնել մաթեմատիկի դժուարահաճ լեզուն, որպէսզի կարենար ճամբայ հարթել դէպի աննուաճ տարածութիւնները գիտութեան։
Ես բախտը չունեցայ տիկ. Գոհարը վերստին տեսնելու։ Տարերկրի մեր ուսանողական հաւաքոյթներու սեղանին վրայ, յաճախ յիշեցինք զինք։ Ան կայծեր ցանած էր մեզմէ ամեն մէկուն կեանքին մէջ եւ այդ կայծերը այն իսկ կայծերն էին, որոնք հին օրերուն փառահեղ վէպ մը ձեւաւորեցին Րաֆֆիի անմահ գրչով եւ որոնց հնոցին մէջ պիտի թրծուէր տիկ. Գոհարի յեղափոխական սերունդը եւ սերունդներու մտատեսիլը դարբնէր։ Յարգա՜նք իր յիշատակին։
* * *
Ուսուցիչ մը միայն իր մտաւորական պաշարով չէ, որ կ՚ուսուցանէ, այլ իր խառնուածքին բոլոր յայտնի ու գաղտնի երակներով։ Մատամը ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան մեր ուսուցչուհին էր Ճեմարանի վերի կարգերուն մէջ։ Ան Մատթէոս Զարիֆեանի եւ գրագիտուհի Սեզայի քրոջ դուստրն էր, իսկ իր հօր կողմէ՝ Կիւլպէնկեան ազգատոհմի վերջին շառաւիղը։ Տոհմական ընտիր մշակոյթով դաստիարակուած մանկամարդուհի՝ ան իր անձով կը մարմնաւորէր միաժամանակ արեւմտահայ քերթողական մտքի նրբազգացութիւնը եւ ֆրանսական մտքի առհաւական չափազգացութիւնը։ Ֆրանսերէնն ու արեւմտահայերէնը հաւասարապէս կը պսպղային իր շրթներուն վրայ, եւ իր ամբողջ անձնաւորութենէն մեզի կ՚անցնէր ֆրանսական մշակոյթի գաղտնի լոյսը։ Հեշտ չէր քայլ պահել իր դասերուն հետ։ Ան ծանր պարտականութիւններ կը դնէր մեր վրայ, բայց իր դասապահերը գրական խօսքի իսկական խրախճանութիւններ էին։
Ո՞վ չի յիշեր Ռասինի «Անտրոմաք»ը կամ Քոռնէյի «Սիտ»ը։ Խօսքը մէջերնիս՝ խերերնիս անիծուած է «թիրատ»ները «գոց» ընելով… Բայց տարիներ ետք կու գաս եւ նեղ պահուն կը յիշես ուղեղիդ յետին խուցերուն մէջ մոռցուած հին կտորը.
,Songe, songe, Cռphise, Ո cette nuit cruelle
Qui fut pour tout un peuple une nuit ռternelle…ե
կամ ՝
,Ը quatre pas d’ici je te le fais savoir…ե
եւ աչքերդ կը լեցուին։
Տարիներ ետք, մեր տան խճողուած գրադարանին մէջ, Վրէժուհին եւ ես յանկարծ կը սկսինք փնտռել Ճեմարանի սեղաններէն վերապրած Մոլիէռի «Avare»-ը ու կը սկսինք կարդալ.
,Au voleur, au voleur, Ո l’assassin, au meurtrier. Justice, juste Ciel. Je suis perdu, je suis assassinռ, on m’a coupռ la gorge, on m’a dռrobռ mon argent.ե
Ու խնդալէն կը մարինք, երբ կը յիշենք Մատամին կասկածամիտ Je doute-ը, որուն ի պատասխան վերի դասարանցի Յակոբ Կիւրինեանը ըսած էր՝ «Տութէ, պապամ, տութէ…» ու կուշտ ու կուռ խնդացուցած՝ այլապէս «խստակրօն» մեր ուսուցչուհին։
Անարդար պիտի ըլլար եւ պիտի չազատէինք մեր դասընկերուհիներուն ձեռքէն, եթէ նաեւ չորդեգրէինք ընդունուած իրողութիւնը։ Տիրող համոզում մը կար, որ Մատամը աւելի խստապահանջ էր աղջկանց հանդէպ, քան տղոց։ Այս մէկը, ըստ իս, սխալ տպաւորութիւն մըն էր, որ վերածուած էր արմատացած համոզումի։ Աղջիկները շարունակաբար կը զարնէին մեր գլխուն.
— Ան ձեզի աչք կը գոցէ…
Այսինքն՝ աւելի ներողամիտ է մեր՝ տղոցս սխալներուն եւ թերացումներուն հանդէպ։ Մինչդեռ Մատամը խիստ էր բոլորին հանդէպ հաւասարապէս եւ եթէ ան աւելի պատճառ կը գտնէր խստանալու, երբ աղջիկներն էին խնդրոյ առարկան, այդ բանին համար սխալ պիտի ըլլար զրպարտել զինք։ Երեւի փաստը այն էր, որ տղաքը աւելի լուրջ էին եւ պարտաճանաչ քան աղջիկները… Պու՜՜… լսեցի աշխարհի չորս ծագերէն… Իմ ընկերուհիներուս բուռն բողո՛քը։ Չեղա՛ւ. աղէկ, ետ կ՚առնեմ խօսքս։ Երեւի Մատամը համոզուած էր, որ տղոցմէ կարելի էր պահանջել միայն խեղճուկրակ կարելին, մինչդեռ աղջիկներէն պէտք էր ակնկալել կատարելութիւնը… Իսկական մարքսի՛ստ։
Անհամար են այն հրաշալի վայրկեանները, որոնցմով ան հարստացուցած է մեր յիշողութիւնը։ Իսկական վէ՛պ մը՝ անմոռանալի դրուագներով։ Ան խիստ էր դասարանին մէջ, բայց նաեւ կրնար ըլլալ մեր մեծ ընկերուհին, երբ բակին մէջ վոլիպոլի գնդակը կը պայթեցնէինք ցանցէն անդին։ Յաճախ կը միանար մեզի ու կը նոյնանար մեր հաճոյքին անբռնազբօս պարզութեամբ։
Վերջին յիշատա՛կ մը։ Մատամը ունէր իր սիրած հայ եւ ֆրանսացի հեղինակները։ Անոնցմէ մէկը քնքուշ բանաստեղծուհի մըն էր, որուն անունը տարիներէ ի վեր կը փորձէի յիշել եւ չէի կրնար։ Վերջապէս ան դէմս ելաւ Վիրճինիայի մէջ, հին գրքերու վաճառախանութի մը դարակներէն։ Մարսըլին Տեպորտ-Վալմոր, Marceline DesBordes-Valmore։ Մատամը իր գրադարանին մէջ գուրգուրանքով կը պահէր ընտիր օրինակ մը անոր քերթուածներու ժողովածուէն։ Սրսփուն տողեր էին, զորս ինք կը սիրէր կարդալ բացառիկ առիթներով։ Բացառիկ առիթ մըն էր երեւի եւ ինք ուզեց այդ օր կարդալ այդ տողերը մեզի։ Կարդաց յուզումով։ Բանաստեղծուհիին հոգեշունչ բառերը կեանք առին իր շրթներուն վրայ։ Մեր ուսուցչուհին տաղանդաւոր ասմունքող մըն էր եւ մենք մեր պատանիի յայտնատեսութեամբ զգացինք, թէ մեր դասարանային առօրեայէն դուրս բան մըն էր, որ տեղի կ՚ունենար։ Բա՛ն մը՝ որ իր սրտին մէջն էր, ինչպէս՝ իր քնքուշ ձայնին։ Վաչէն հակեցաւ իմ կողմս ու ըսաւ.
— Սիրտը վեր ելած է… բան մը կա՛յ։
Ձայն չհանեցինք։ Դասէն ետք, աղջիկներէն մէկը փոխ վերցուցեր էր գիրքը եւ ան տասը վայրկեանի մէջ քանի մը ձեռք փոխեց, մինչեւ որ հասաւ մեր ձեռքը։
Անունը պիտի չտամ։ Մեր հերոսներէն մէկն էր, որ յանկարծ ըրաւ այդ գիւտը։ Երկտող մըն էր, որ դրուած էր գրքին մէջ որպէս էջադիր շատ սիրելի բանաստեղծութեան մը տեղը յայտնի պահելու ակնյայտ փոյթով։ Դաւադիրներ էինք բոլորս ալ, երբ գործը կը վերաբերէր մեր ուսուցիչներուն։ Բացինք ծալուած երկտողը։
Խանդաղատանքի, սիրոյ, փառահեղ օրեր ու տարիներ միատեղ ապրած ըլլալու եւ դեռ շատ աղուոր ու երջանիկ տարիներու մաղթանքով լեցուն տաս-տասնըհինգ տողեր էին՝ մտերիմ սրամտութեամբ համեմուած եւ ուղղուած մեր շնորհալի ուսուցչուհիին… Տողե՛ր՝ որոնք կը շնորհաւորէին իր տարեդարձը եւ իրենց տաք մտերմութեամբ ճակատագրուած էին միայն իր աչքերուն…
Աշխարհ տեսած ու իր ունեցածին համար անհունօրէն երախտագէտ կողակից մըն էր գրողը շողշողուն իր հայերէնով։ Յայտնի արուեստագէ՛տ մը՝ որուն անունը ծանօթ էր բոլորիս եւ որուն տաղանդը փայլ տուաւ տակաւ ծաղկող մեր մշակութային ոստանին։ Երկտողին տակ գրուած էր՝ Տիրան…
Կարդացինք սադայէլական ժպիտներով ու յետոյ մեղաւոր զգացինք մեր աներեսութեան համար։ Թերեւս պարզապէս վախցանք Աստուծոյ կողմէ շանթահարուելէ։ Պզտիկ աւազակներ էինք եւ մեր ձեռքերուն մէջ էր այսպէս գրեթէ ակամայ գողցուած սրբանկարը…
Երկտողը նոյն ձեւով ծալլեցինք ու վերստին զետեղեցինք նոյն էջին վրայ։ Գիրքը գոցեցինք եւ ուղիղ դիմեցինք ուսուցչարան։ Մատամը հոն չէր։ Իր թուղթերու դէզը միայն կար կանաչապատ սեղանին վրայ։ Գիրքը դրինք զգոյշ ու դուրս եկանք զգոյշ։ Սրբանկարը վերադարձած էր իր խորանին եւ բեռ մը յանկարծ իջած՝ մեր ուսերէն։
Այժմ որքա՜ն ուրախ է այս տողերը ստորագրող անուղղայ աշակերտը, որ իր երախտաւոր ուսուցչուհին անկայուն ու վշտոտ քաղաքի մը առթած բոլոր հոգեկան ցնցումները յաղթահարելով վերադարձած է իր ամպիոնին եւ հին ու անուշ եւ անկորնչելի երգը նորէն կը հնչէ Արեւմտեան Պէյրութի մեր նօսրացած դպրոցի պատերուն միջեւ։ Արեւշատութիւն եւ կորո՛վ՝ իրեն եւ բոլոր իր պաշտօնակիցներուն։

Ուաշինկթըն, 1986

Յետ գրութիւն

Վերջերս պատահմամբ նկատեցի, որ 1986-ին գրուած այս յօդուածը մնացեր էր անտիպ։ Զայն կը հրապարակեմ Ճեմարանի 90-ամեակի յոբելենական նշումներու առիթով։
Պէտք է յիշել այստեղ, որ տարիներ առաջ, ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի տնօրէնութեան շրջանին, Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը որոշում ընդունեց Արեւելեան Պէյրութի հայահոծ շրջանին մէջ հիմը դնելու նոր ճեմարանի մը։ Եւ շնորհիւ պելճիքահայ ազնիւ բարերարներ՝ պարոնայք Մելանքթոն եւ Հայկ Ասլանեան եղբայրներուն, Մըզհէրի կանաչագեղ մէկ բլուրին վրայ բարձրացաւ այդ նոր եւ գեղեցիկ կրթարանը։ Եւ որոշ ժամանակ, երկու ճեմարանները գործեցին իրարու զուգահեռ՝ ծառայելով Պէյրութի երկու շրջաններու հայութեան կրթական կարիքներուն։ Դժբախտաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը աստիճանաբար պիտի ամայացնէր Արեւմտեան Պէյրութը իր հայութենէն։ Այնուամենայնիւ Արեւմտեան Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը յամառօրէն բաց պահեց իր դռները շնորհիւ իր ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան հաստատակամութեան՝ մինչեւ որ լայնօրէն նօսրացաւ հայութեան թիւը շրջանին մէջ։
Նշան Փալանճեան ճեմարանը այլեւս գոյութիւն չունի որպէս դպրոց, բայց իր շքեղ համալիրը կը պահպանուի էապէս անփոփոխ։ Իսկ Արեւելեան Պէյրութի մէջ նոյն թափով կը գործէ Մելանքթոն եւ Հայկ Ասլանեան ճեմարանը՝ հայասնունդ կրթութեան մեր հարազատ օճախը այսօր։
Նշան Փալանճեան ճեմարանի վերջին տարիներուն, իր ուսուցչական առաքելութեան ճամբուն վրայ շիջեցաւ մեր ուսուցիչը՝ Մուշեղ Իշխան։ Իսկ տիկ. Եոլանտ նահանջող առողջութեան պայմաններու մէջ հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն։ Հանգի՜ստ իր տագնապած հոգիին։
ԿԱ
Մարտ 2020

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *