Յետ այսու, յետ այդու, յետ այնու…

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Տեսա՞ծ էք որոմ ըսուածը կամ թէ լսա՞ծ էք անոր մասին…
Թունաւոր բոյս մըն է ան, որ մակաբուծաբար կը բուսնի եւ կ՚աճի մշակուած արտերու մէջ, մասնաւորաբար ցորենի ցօղուններուն կից ու անոնց խառնուած, երբեմն անզանազանելի: Մշակը տարին Continue reading “Յետ այսու, յետ այդու, յետ այնու…”

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — Բ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այս ընդհանուր խորագրին տակ կը սերտենք այնպիսի երեւոյթներ, որոնք թիւրիմացաբար մտած են արեւմտահայերէնի մէջ եւ այս կամ այն չափով արգելք կը հանդիսանան անոր ուսուցման, միօրինակութեան եւ հեզասահ ընթացքին: Ինչու չէ նաեւ կ՚աղաւաղեն անոր դիմագիծը՝ անհաճոյ կացութեան մատնելով ընթերոցողն ալ:
Նախապէս տեսանք Ոեւէ-Որեւէ զոյգը, ապա՝ Սպաննել-ը:
Այսու պիտի տեսնենք Զոր-Զորս բառերը:

Continue reading “ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — Բ.”

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այսու կ՚ուզեմ ընթերցողներուս պարզել քանի մը բառերու կիրարկութեան ծալքերը՝ նկատի առած այն սխալ լուծումները, որ արեւմտահայը տուած է այդ բառերուն:

1. ՈՐԵՒԷ
Ամեն անգամ որ արեւմտահայ լրագրողը պիտի արտատպէ արեւելահայերէն գրութիւն մը, երբ հանդիպի որեւէ դերանունին, որ դրուած է անձի անունի վրայ, — օրինակ՝ որեւէ անցորդ, որեւէ ուսանող եւ այլն, — հետեւողականօրէն զայն կը վերածէ ոեւէ-ի, այսինքն՝ կը գրէ ոեւէ անցորդ, ոեւէ ուսանող եւ ապա միայն կը ներկայացնէ զայն ընթերցողներուն: Continue reading “ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ”