Կ՚ՈՒԶՈՒԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Վերջին քանի մը տարիներուն Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան գործելադաշտի ընդարձակման ու ծաւալման որպէս արդիւնք, ներկայիս կարիքը կը զգացուի աշխուժ ու փորձառու վճարովի վարիչ-տնօրէն-ի մը նշանակման»:

«Վարիչ-տնօրէնը, համագործակցելով թերթի գլխաւոր խմբագրին եւ թղթակիցներուն հետ, զեկուցելով Արմենիա Մետիա ընկերկացութեան խնամակալ կազմին, պատասխանատու պիտի ըլլայ՝ ստեղծելու եւ վարելու յատուկ ռազմավարական ծրագիր, զորս պիտի ընդգրկէ մամուլէն ներս ամսական յատուկ թեմաներու կիրարկում»:

* * *

Աւստրալահայ այս ծանօթ կայքը ամիսներէ ի վեր դրած է բաւական երկար ծանուցում մը, որմէ քաղած եմ վերի երկու պարբերութիւնները:

Այս ծանուցումով՝ ան կը փնտռէ վարիչ-տնօրէն մը, որուն պաշտօնի բնորոշումին մէջ (job-description) նախապայմանը հայերէնի բաւարար իմացումն է: Վճարումը յայտնապէս գոհացուցիչ ըլլալ կը թուի, քանի կայքէջը բարգաւաճումի շրջան մը կ՚ապրի, պաշտօնը հաճելի ու պատուաբեր է, ըստ այնմ ալ պէտք է գրաւիչ ըլլար ան: Բայց ահա փնտռուած անձը չի ներկայանար, չներկայացաւ մինչեւ հիմա: Չներկայացաւ, որովհետեւ իր հայերէնին վստահող չկայ, չէ մնացած:

Շուրջ երկու տարի առաջ էր, երբ նոյն գաղութէն այս անգամ հայոց լեզուի ուսուցիչի պահանջ մը ներկայացաւ մամուլի մէջ: Նման կարիքներ մամուլով կ’արտայայտուին, երբ շահագրգիռ կողմերը իրենց բոլոր միջոցները կը սպառեն ու կը ստիպուին դիմել հանրութեան:

Քիչ անց ուսուցիչ ուզուեցաւ Եգիպտոսէն, ապա Քուէյթէն, եւ վերջապէս…Մարսեյէն: Երբ Մարսեյի ճեմարանը պաշտօնավարելու համար հրապարակաւ ուսուցիչ կը փնտռուի, այս կը նշանակէ, որ սփիւռքի ծանր հրետանին՝ Համազգայինը, սպառած է իր բոլոր միջոցները եւ վերջին յոյսով մը կը դիմէ…անծանօթին: Տեղ մը, անկիւն մը ծուարած ինչ որ քողածածուկ մնացած մէկը, որ բախտով կրնայ յայտնուիլ թերեւս ու կրնայ փրկել կացութիւնը:

Անշուշտ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ վախճան ու լուծում գտան այս բոլոր փնտռտուքները, սակայն մէկ բան բոլորս ալ յստակ կրնանք գիտնալ. վաղը նոյնը պիտի ըլլայ այլ գաղութներու մէջ եւս: Օր մը խմբագիրը պիտի պակսի ու մնայ անփոխարինելի կամ դժուար փոխարինելի, ուրիշ օր մը ուսուցիչը, եւ վերջապէս ազգային գրասենեակի մէկ քարտուղարը: Լոս Անճելըսի ազգային առաջնորդարանի քարտուղարի պաշտօնը վարելու համար պէտք եղաւ զոհել Կիլիկեան աթոռի ժառանգաւորաց վարժարանի հայոց լեզուի՝ աշխարհաբարի ու գրաբարի ուսուցիչը:

Այս վերջինին թափուր ձգած տեղը լեցնելու համար հարկ եղաւ դիմելու Հայաստանէն հրաւիրուած դասախօսի:

Հայկազեան համալսարանը իր գրաբարի դասերը պարտկելու համար ստիպուեցաւ դիմելու նմանապէս արեւելահայու մը, որ կը պաշտօնավարէ Հայաստանի դեսպանատան մէջ:

Եւ վերջապէս Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ժառանգաւորաց վարժարանը իր հայոց լեզուի ուսուցման,– եւ Սիոն պաշտօնաթերթի խմբագրման,– համար ներածեց Միացեալ Նահանգներ ապրող՝ հանգստեան կոչուած ուսուցիչ մը:

Այս բոլորը ցոյց կու տան… նոյն բանը,— ինչպէս ըսաւ Յովսէփ Գեղեցիկ իր բանտակիցներուն,— սփիւռքը սկսած է կորսնցնել իր կրթական ինքնաբաւութիւնը, իսկ աւելի լայն առումով մը՝ սփիւռքը այլեւս ի վիճակի չէ գոհացնելու իր հայերէնագիտական կարիքները:

Ինչո՞ւ այսպէս եղաւ:

Այսպէս եղաւ, որովհետեւ չգիտցանք ճիշդ դասաւորել ու արժեւորել մեր առաջնահերթութիւնները եւ մեր ուժերը վատնեցինք ու կը շարունակենք վատնել երկրորդական, երբեմն ալ բոլորովին անիմաստ արժէքներու վրայ, արժէքներ, որոնք շատ աւելի եսեր ու փառամոլութիւններ կը սնուցեն, քան լուծում կը բերեն մեր հարցերուն:

Նորագոյն վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ներկայիս գործող հայոց լեզուի ուսուցիչներուն միջին տարիքը 60-էն վեր է. կան մինչեւ 70, 75 տարեկան ուսուցիչներ, որոնք պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլային, եւ որոնք կը դասաւանդեն, սակայն, որովհետեւ փոխարինող չունին:

Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի 10-15-20 տարի անց:

Մեզմէ ետք ջրհեղե՞ղ:

Ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ գոյութիւն չունի ոչ մէկ ուսուցչանոց: Մեր մոլորակին վրայ այսօր չկայ որեւէ հաստատութիւն, որ արեւմտահայերէնի ուսուցիչ կը պատրաստէ: Այստեղ-այնտեղ գործող հայագիտական կոչուած ամպիոնները՝ Քոլումպիա, UCLA, Օքսֆորտ, Ժընեւ, INALCO եւ այլք միլիոններ կ’արժեն ազգին՝ մինչեւ այսօր առանց մէկ հատիկ ուսուցիչ տուած ըլլալու անոր:

Իսկ նման ուսուցչանոցի մը բացը գոցելու ուղղութեամբ ոչ մէկ քայլ կ’առնուի, ոչ ալ կը ծրագրուի նման հաւանականութիւն մը:

Իսկ ո՞վ պէտք է ստանձնէ այս ծանր հոգը:

Ճիշդ ա՛յդ է հարցը,—պիտի ըսէր Դանիոյ հիւանդ արքայազնը…

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *