ԿԱՆԱՅՔ ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԻ ԿԵԱՆՔՈՒՄ

ԹԵՀՄԻՆԱ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ

ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ — Այս տարի արեւելահայ արձակի ամենատաղանդաւոր դէմքերէն Ակսել Բակունցի ծննդեան 120-ամեակն է։ Բոլորիս ծանօթ են իր կեանքի դրուագները, ընդհուպ մինչեւ իր եղերական մահը որպէս ստալինեան նախճիրի մեծագոյն զոհերէն։ Սակայն Բակունցի անձնական կեանքը ընդհանրապէս լուսարձակներէ դուրս մնացած է։ Այդ գծով 2017-ին յօդուածագիրը «Սիւնիք» հայագիտական հանդէսին մէջ ուշագրաւ գրութիւն մը տուած էր, որ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ստորեւ։

Շատ պէտք է ջանալ Բակունցի կենսագրութեան մէջ կանանց մասին որեւէ յիշատակում գտնելու համար: Դժուար է ամբողջական պատկերացում կազմել Բակունցի հոգեկան-ներաշխարհային կեանքի մասին: «Խորունկ, հանդարտ ու յստակ» խառնուածքի տէր գրողը անձնական ապրումներ ու զգացմունքներ արտայայտելու մէջ էլ չափազանց զուսպ էր ու հաւասարակշիռ: Նրա կեանքում չեն եղել յախուռն, աղմկոտ սիրային պատմութիւններ, ինչպէս, օրինակ, Չարենցի կեանքում, բայց եղել են նուիրական անուններ, որոնք ուղեկցել են Բակունցին կարճատեւ կեանքի որեւէ շրջանում, կերպարային ու պատկերային իւրօրինակ նրբագծերով հիւսուել ստեղծագործական աշխարհին: Continue reading “ԿԱՆԱՅՔ ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԻ ԿԵԱՆՔՈՒՄ”