ՄՈՎՍԷՍԻՆ ժԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ — ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Առաջին յիշողութիւններս շատ կանուխէն են։ Հալէպի ճեմարանի գրասեղաններուն առջեւ դեռ պարմանուհիներ՝ «Արեւելք» օրաթերթին մէջ, Ապրիլ 24-ի առթիւ լոյս տեսած իր յօդուածին առաջին փիլիսոփայական տողը գրաւած էր մեր ժպիտը եւ ուշադրութիւնը։ «Ապրիլ 24։ Կեանքի թէ մահուան օր։ Թերեւս կեանքի, թերեւս մահուան»։ Յետոյ իր զանազան գրքերու հրատարակութեան առիթով, այցելութիւններ Թորոնթօ, շնորհանդէսներ եւ քննարկումներ։ Հանդիպում Վենետիկի մէջ, ապա քանի մը անգամ Փարիզի մէջ եւ վերջապէս յաճախակի հանդիպումներ Երեւանի եւ Ուշիի մէջ, իր «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ի հրատակութեան առիթով Հայաստան զանազան այցելութիւններուն ընթացքին։ Հակառակ որ առողջական խնդիրները ակնյայտ էին, մահը եղաւ անակնկալ։ Կրկին Հայաստան այցելելու ծրագիրներ կը մշակէր, նոյն «Ժողովածու»-ի վերջին հատորի հրատարակութեան առիթով, երբ նախախնամութեան այլ ծրագիրները խափանեցին իր մտադրութիւնը։ Continue reading “ՄՈՎՍԷՍԻՆ ժԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ — ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ”

Բարեւ, Հայաստան

ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

(Հատուածներ Մովսէս Պչաքճեանի «Բարեւ Հայաստան» վէպէն, 1975)

—Գիտե՞ս ինչու եկայ քովդ…
—Ինչո՞ւ։
—Որովհետեւ ցուցատախտակին վրայ հայերէն գրած ես…
Հայու թրթռացող զգացումներ սնուցանող մէկու մը հետ է գործս։ Կամ ինծի այդպէս կը թուի։ Continue reading “Բարեւ, Հայաստան”