ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

(Զեկոյց Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողների 6-րդ խորհրդաժողովին)
ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

Այս խորհրդանշական խորհրդաժողովին, այս խորհրդանշական ամբիոնից ես ուզում եմ հարցնել Հայրենիքի եւ ի սփիւռս աշխարհի տարագրուած իմ յարգոյ գրչակիցներին՝ 101 տարի արծարծուելուց ու վերարծարծուելուց յետոյ արդեօ՞ք ցեղասպանութեան թեման մեր գրականութիւնում սպառուած է: Հարցնում ու ինքս էլ ինձ պատասխանում, աւելի ճիշտ յանդիմանում եմ՝ ինչպէ՞ս կարող է ցեղասպանութեան թեման սպառուել, երբ 101 տարի անց էլ մեր անմեղ նահատակներն անթաղ են մնացել ու որ կարեւորն է՝ շարունակում են գերի մնալ, յոյսով, հաւատով լի հայեացքները մեր ուղղել Արարատն ու Վանայ լիճը, Մուշն ու Սասունը: Continue reading “ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ”

ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Ուրախալի երեւոյթ է տեսնել բառերու աճը մեր լեզուին մէջ։ Վերջապէս՝ բառապաշարի հարստութեամբ կը զարգանայ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան մակարդակը, իրարհասկացողութիւնը, եւ նոյնիսկ մտքերու յստակացումը։
Անշուշտ անհրաժեշտ է օտար բառերու որդեգրումը լեզուն այժմէական պահելու համար։ Բայց ինչպէս ամէն բանի համար՝ հոս ալ չափազանցումը վտանգաւոր է։ Խօսքը ներմուծուած օտար բառերու քանակին մասին չէ, այլ անհրաժեշտ բառերու կողքին՝ աւելորդ ներմուծումներուն մասին։ Շատ մը հայացուած օտար բառեր, որոնք լայն գործածութեան մէջ են արեւելահայ մամուլին մէջ, անհրաժեշտ յաւելումներ չեն, որովհետեւ այդ բառերուն հայերէնը գոյութիւն ունի եւ կը գործածուի արդէն, գոնէ արեւմտահայերէնին մէջ։ Եւ այս կէտը մեզ կը բերէ երկու լեզուներու մերձեցման հարցին։ Continue reading “ՀԱՅԱՑՈՒԱԾ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ”

20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս

Վարդան Գէորգեան 1972-ին հրատարակած իր «Մտածումի եւ հառաչանքի շիթեր» (272 էջ) գիրքին մէջ ամփոփած է 1928-էն մինչեւ 1972 տարիներու իր ապրումները, որովհետեւ՝

«Ամեն յաղթանակ, ամեն պարտութիւն ուղիղ կամ սխալ հաշուի մը արդիւնքն է։ Եւ ամեն հաշիւ մտքի գործողութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Continue reading “20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ”

Կ՚ՈՒԶՈՒԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Վերջին քանի մը տարիներուն Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան գործելադաշտի ընդարձակման ու ծաւալման որպէս արդիւնք, ներկայիս կարիքը կը զգացուի աշխուժ ու փորձառու վճարովի վարիչ-տնօրէն-ի մը նշանակման»:

«Վարիչ-տնօրէնը, համագործակցելով թերթի գլխաւոր խմբագրին եւ թղթակիցներուն հետ, զեկուցելով Արմենիա Մետիա ընկերկացութեան խնամակալ կազմին, պատասխանատու պիտի ըլլայ՝ ստեղծելու եւ վարելու յատուկ ռազմավարական ծրագիր, զորս պիտի ընդգրկէ մամուլէն ներս ամսական յատուկ թեմաներու կիրարկում»: Continue reading “Կ՚ՈՒԶՈՒԻ”

Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 100 տարեկան

Հազուադէպ է, երբ գրողի մը ծննդեան 100-ամեակը կը նշենք իր ողջութեան, աւելի հազուադէպ երբ ան կը մասնակցի իր յոբելեանի նշումին իր կոչումի՛ն վայել ձեւով՝ բանաստեղծութեամբ, որ կու տանք կողքին։ Իսկ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր Ժագ Ս. Յակոբեանի 100-ամեակին առթիւ վերընթերցելով իր կենսագրականը, չենք կրնար զուգահեռ մը չգծել այդ անդաստանական կենսագրականին եւ իրեն տարեկից յետ-եղեռնեան մեր իրականութեան միջեւ, որ լաւագոյնս արտայայտած էր ինքը՝ գրողը, աւելի քան կէս դար առաջ հրատարակուած «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ կենսագրականը, ընթերցողէն խնդրելով որ անոր հետեւի քարտէզի օգնութեամբ։ Continue reading “Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 100 տարեկան”

ՆԱ ԻՐ ԴՐՈՇՄՆ Է ԴՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ

 ԱՐՏԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

(Անահիտ ԹՈՓՉԵԱՆ — Դիմանկարի փորձ 70-ամեակի առթիւ)

Արուեստագետը նա է, ով իր հետքն է թողնում ժամանակի մէջ: Բայց առաւել երջանիկ է նա, ով իր դրոշմն է դնում իր ապրած ժամանակի վրայ:
Տարբերութիւնն այս երկուսի միջեւ էական է. վերջինն էլ առաջինի պէս օժտուած է Աստծուց, բայց աւելի առատօրէն, բազմակողմանի ու անսպառ, եւ եթէ առաջինի թողած հետքը մշտահոս ժամանակի հետ կարող է խամրել կամ նոյնիսկ ջնջուել, ապա երկրորդի ներկայութիւնն իր ժամանակի մէջ մնալու է անջնջելի, քանզի նա եղել է իր ժամանակաշրջանի հոգեւոր կառոյցի շինարարներից մէկը: Continue reading “ՆԱ ԻՐ ԴՐՈՇՄՆ Է ԴՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ”

Յուշանկար

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Ողջ մնայ «Կուկըլ մափ»-ը: Անոր շնորհիւ տասը րոպէ քալելէ ետք հասանք Ինսպրուկի(*) այն պարտիզակը որուն կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին հայկական գեղեցիկ խաչքար մը տեղադրուեցաւ 2016-ին: Քանի մը երկվայրկեան լուռ ու խորունկ հայեացք մը նետեցինք յուշարձանին, տակը գրուած գերմաներէնով յուշագրութիւնը կարդացինք, ետեւը երեւցող հրաշալի Ալպեան լեռնաշղթաներուն գեղեցկութիւնը գովերգեցինք ու նկատեցինք որ անոր շրջակայքը նստարաններ կան: Continue reading “Յուշանկար”

ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

ՏՈՄՍԱԿ – ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Բովանդակ հայ ժողովուրդի միացեալ կազմակերպութիւնը (սղագրուած՝ ԲՀԺՄԿ) 1966 յունուարի 1-ին, ժամը ճիշդ 4-ին պիտի կատարէ հայ ժողովուրդի ծննդեան տասհազարամեակի տօնակատարութիւնը, Իւնեսքոյի բոլոր սրահներուն մէջ։
Կը խնդրուի հայկական կուսակցական, կրօնական, աշխարհական, բարեսիրական, մարզական, դպրոցական, հայրենակցական, իգական, արական, երիտասարդական, ծերական, մանկական բոլոր կազմակերպութիւններէն խաչաձեւել, նո՛յն օրը, նո՛յն ժամուն եւ … նո՛յն սրահներուն մէջ կազմակերպելով իրենց հանդիսութիւնները։ Continue reading “ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ”

Գրողն ու հասարակայնութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ

Ի բնէ եւ իբրեւ կոչում ու պարտականութիւն, գրողը հակադրուած է ուժին ու իշխանութեան: Բիրտ ուժը միշտ էլ մարդկութեան թշնամին է եղել. ամենասարսափելի հիւանդութիւնը, որ երբեւէ վարակել է աշխարհը: Ուժն ու անսանձ իշխանութիւնը քայքայում են ամէն ինչ եւ սնանկացնում հենց նրա՛նց, ովքեր իշխանութեան գլուխ են: Արուեստագէտը այն էակն է, եթէ կ’ուզէք այն սրբազան խենթը, որ պայքարում է ուժի ու իշխանութեան դէմ՝ յանուն հասարակութեան շահերի պաշտպանելով ճշմարտութիւնը: Ահա թէ ինչու նա շարունակ հալածւում է այնտե՛ղ, ուր իշխանութիւնը զերծ է օրինական պատասխանատուութիւնից: Բիրտ ուժի առջեւ չկայ աւելի վտանգաւոր մի արարած՝ քան արուեստագէտը: Եթէ նա չի լռում, ապա լռեցւում է: Փորձ է կատարւում նաեւ շահագործելու արուեսագէտի ձայնը, նրան պարգեւելու իշխանութեան հովանաւորութիւնը: Եւ այս՝ ժողովրդավարական ամենից յառաջադէմ երկրներից սկսած մինչեւ միապետական իշխանութիւնները: Continue reading “Գրողն ու հասարակայնութիւնը”

ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԸ ՄՆԱՑԻՆ ՀԵՌՒՈՒՄ ԿԱՄ՝ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՉՄԱՆԿԱՑԱՒ…

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Պատերազմը կարծես թէ լռել էր կամ էլ՝այդպէս էր թւում…25 տարի առաջ…
Խոնաւ նկուղներից մէկիկ-մէկիկ դուրս էին գալիս մանուկներ, աչքերում՝ արեւի եւ լոյսի փափագ: Նրանք վախուորած դեպի երկինք էին նայում ու մտածում՝ յանկարծ օդում ինչ-որ «թռչող բան» չյայտնուի: Այնտեղ՝ նկուղում, նրանց ամիսներ շարունակ սաստում էին. «Յանկարծ դուրս չգաք, օդում շատ մեծ թռչուններ կան, նրանք մանուկներ են գողանում»: Continue reading “ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԸ ՄՆԱՑԻՆ ՀԵՌՒՈՒՄ ԿԱՄ՝ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՉՄԱՆԿԱՑԱՒ…”