ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է (Բ.)

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Յաջորդ առաւօտեան, ժամանակէն շուտ արթնցայ: Մտազբաղ ու անտրամադիր իջայ նախաճաշի: Պարտք կը զգայի հեռաձայնել Սիլիային ու իր ամուսինին, սակայն վստահ չէի որ պիտի յօժարին լսել զիս: Հազիւ նստայ, յանկարծ մատուցողը մօտեցաւ ու տեղեկացուց որ կին մը ինծի կը հարցնէ: Ոտքի ելայ ու ի՜նչ տեսնեմ սիրելի ընթեցող… Սիլիան էր, որ լայն ու համակրելի ժպիտ մը դէմքին մօտեցաւ, բարեւեց ու այս անգամ սրտանց ողջագուրուեցաւ հետս, աւելցնելով.
—Կը ներէք որ երէկ կոպիտ վարուեցայ ձեզի հետ:
—Ի՞նչ կ՚ըսէք, կոպիտ ու անկիրթ վարուողը ես էի: Ես յանցաւոր եմ թէ քու եւ թէ ամուսինիդ առաջ: Ես պէտք է որ ձեր քովը գայի, սակայն վստահ չէի որ կ՚ընդունիք զիս: Ի զուր տեղը այդքան վշտացուցի ձեզ… խնդրեմ, նստէք միասին նախաճաշենք… Continue reading “ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է (Բ.)”

ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չդիմացա՛ւ։ Սի՛րտը չդիմացաւ։ Հոկտեմբերէն ի վեր ամեն օր դիմատետրի էջերուն կը դնէր իր հարցերու շառաչն ու արցունքի խունկը։
Վախճանումէն հինգ օր առաջ կը գրէր ինծի. «Բան մը այն չէ։ Ես ոչնչացած կը զգամ ինքզինքս։ Անոնք որ մեզ այս ահաւոր ճգնաժամին վերածեցին, այնքան անգամ պէտք են սպանուիլ որքան նահատակներ ունեցանք։
Ազգին ամեն ցաւի պահերուն կը մխիթարուէի ըսելով որ մենք Կոմիտաս ունինք, Սարեան ունինք, Սայեաթ Նովա ունինք, Համբարձումեան ունինք, Չարենց ունինք։ Այո, այս ամենը հոգիիս մէջ փոխարինուած են “խլէզներով”, որ իրարու միս կ՚ուտեն, ծունկի կու գան մարդակերպ գազաններու առջեւ, սրբութիւնները պղծող, պապենական գիւղերը քանդող, ես չեմ ընդունիր այս անձերը,— թող կորչին երթան գրողի ծոցը եւ չպղծեն հայոց սուրբ հողը»։ Continue reading “ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Թ.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՄԻԱՆԱ՜Լ… ՄՈՌՑԷ՛Ք

Մեր դասացոյցին մէջ գրեթէ ամեն օր կը նշուէր արաբերէնը, որ իրողապէս մեծ բացակայ մըն էր, ազատ պահ: Ոմանք կը պնդէին, թէ արաբերէնը երկրին լեզուն է, ամեն տեղ արաբերէն պէտք է, սերունդը պէտք է արաբերէն սորվի, արաբերէնին տիրապետէ, որպէսզի տեղ հասնի, մարդ ըլլայ…: Զաւեշտական պատմութիւններ կը պատմէին մեր գիւղէն՝ Գարատուրանէն, բանակի ծառայութեան կանչուած երիտասարդներու մասին, որոնք զինավարժութիւններու ատեն արաբերէնը լաւ չհասկնալով՝ կ՚իյնային ծիծաղելի կացութեան մէջ: Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Թ.)”

ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

A work of art is above all an adventure of the mind
Eugene Ionesco

Մայիս 2000. Ֆլորանս:
Առաւօտուն, երբ կը պատրաստուէի դուրս գալ Brunelleschi-ի անուան հիւրանոցի նախասրահէն, յանկարծ ներկայանալի կին մը կեցուց զիս ու ըսաւ.
—Մոյսէյը դո՞ւք էք:
—Այո, ես եմ, իսկ դո՞ւք …:
—Ես Սիլիան եմ, Ռոպերթոյի կինը: Անգլերէն չիմանալու հետեւանքով իր փոխարէն ես եկայ որպէս զի ուղեկցիմ ձեզի…:
—Օ՜…, շատ շնորհակալ եմ, սակայն ինծի համար քիչ մը շատ չէ՞ ձեզի պէս բացառիկ գեղեցկուհի մը իբրեւ առաջնորդ ունենալը եւ այն ալ Ֆլորանսի մէջ:
Շրջանցելէ ետք իմ հաճոյախօսութիւնը, աւելի լրջանալով ըսաւ. Continue reading “ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ը.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. գրեթէ երկու տարուան ընդմիջումէ մը ետք, կը վերսկսինք Յակոբ Չոլաքեանի «Փլող դպրոցները» շարքի հրատարակութեան.

ՄԵՆՔ ԱՅՍՊԷՍ՝ ԻՐԱՐՄԷ ԶՐԿՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆՔ…

Պատմեր եմ անգամ մը. կը վերապատմեմ, որովհետեւ այսօր այդ տխուր պատկերը կրկին կը տիրէ մեր կեանքին մէջ, այսօրը կը շարունակուի հին ախտերով: Ասիկա հեքիաթ չէ, այլ ճշմարտութիւն՝ ինչպէս այսօրը:
Մեր այդ հեռաւոր գիւղին դատարկ տուներու ամայութեան մէջ մնացած էր բուռ մը ժողովուրդ: Հայրենադարձութիւն եղած էր, ուրիշներ ձգեր հեռացեր էին՝ յաճախ իրարմէ փախչելով: Թաղերուն անունները կը յիշուէին, բայց թաղեցիք չկային: Մենք մեր թաղին մէջ միակ ընտանիքն էինք, թէեւ դպրոցական օրերուն մեր թաղը ամենէն շէնն էր: Հոն երեք Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ը.)”

ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր՝ Հայաստան կեցութեան 45 օրերուն մեծ մասը Պոյաճեան երեկոն անցուց Պարոյր Սեւակի տան մէջ, ուր կը հանդիպէր զանազան գրողներու. հիմա անոնցմէ կը յիշեմ միայն Անահիտ Չարենցի անունը՝ հետեւեալ միջադէպի բերումով: Continue reading “ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Բ)”

ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1964-65 դպրոցական տարեշրջանին, — որ է ուսուցչական եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը, — միաժամանակ կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, երբ յունիսի սկիզբները հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս:
Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին:
Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի:
Որքան ալ այս այցելութիւնները բաւական սովորական դարձած ըլլային Հրաչեայ Քոչարի՝ 1961-ին Լիբանան գալուստով, — եւ ահա չորրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենային անոնք կանոնաւոր Continue reading “ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)”

Փոքրիկ Հայաստան (Բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
4 — Վահան Փափազեան

Իր մէջ Հայաստանէն պատառիկ մը կրէր նաեւ Վահան Փափազեանը՝ «Կոմս» վերանուանեալ, որ թէեւ ծնած էր արեւմտահայ ընտանիքի մէջ՝ ի Թաւրիզ, սակայն կեանքի առաջին տասնամեակները անցուցած ու գործած էր արեւելահայ միջավայրի մէջ, ուր պիտի վերադառնար աւելի ուշ եւս:
Ան կը բնակէր Ճեմարանի գլխաւոր դարպասին ճի՛շդ դիմացը, հազիւ տասը մեթր անդին, ծառերով շրջապատուած փոքրիկ ու հանդարտ Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան (Բ)”

Փոքրիկ Հայաստան

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
(Ա)

— Իսկական փոքրիկ Հայաստան մըն է, — ըսաւ խօսակիցս, երբ յայտնեցի, թէ Ճեմարան պիտի ուսանիմ, այդպէս աւելի սրելով հետաքրքրութիւնս եւ օր առաջ սկսելու փափաքս:
Ու երբ հասաւ այդ օրը, նկատեցի, որ Ճեմարան կը յատկանշուէր նախ եւ առաջ Հայաստանի հողով ու ջուրով հաղորդ մարդոց կենդանի փաղանգով մը՝ դպրոցին մէջ թէ անոր անմիջական շուրջը:

1
Սիմոն Վրացեան

Ասոնց ամենատիրականը եւ ուշագրաւը ինքն էր՝ տնօրէնը՝ Սիմոն Վրացեանը՝ Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը, ըլլալով հանդերձ միւս ճանչցածներուս մէջ ամենէն անհաղորդը:
Ան Ճեմարան եկած էր շուրջ տարի մը առաջ՝ յաջորդելու համար Լեւոն Շանթին, որ մեռած էր 1951-ի նոյեմբերին: Արդէն բաւական տարիքոտ էր, գոնէ 70-նոց մը, որուն հասնողը բնական պայմաններու մէջ պէտք է վաղուց հանգստեան կոչուած ըլլար, սակայն մարդկային այդ իրաւունքը կանոնագրողը վստահաբար նկատի չունէր հայու այն տեսակը, որ ինքզինք պարտաւոր կը զգայ մինչեւ վերջին շունչն ալ վազվզելու, մէկ կողմէ՝ պահելու համար իր գլուխը, միւս կողմէ՝ պահելու համար իր ինքնութիւնը: Այս իմաստով ալ՝ Շանթի տարողութեամբ ու Continue reading “Փոքրիկ Հայաստան”

«ԷԴ ՎԵՐՋԻՆ ՏՈՂԸ ԼԻՆԵԼՈՒ Է, Ա՛Յ ԿԸ ՏԵՍՆԵՍ»

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ի յիշատակ Մոնթէ Մելքոնեանի (Աւօ)

Երբ նա ներս մտաւ, ես այդ ժամանակ նրա ոտքերի չափ հասակ անգամ չունէի եւ երկար ջանք էր պէտք, որպէսզի փոքրիկ աչքերս զննէին նրան՝ կօշիկների ցեխոտ ծայրերից հասնելով մինչեւ լայն ճակատը: Մազերին չհասան աչքերս, մազերը հետաքրքիր չէին կամ էլ՝ մի քիչ ճաղատ էր, չեմ յիշում: Նա այդքան էլ բոյով չէր, ոչ էլ հսկայ էր, բայց նրան տեսնելով՝ ես ակամայից հսկայի եւ թզուկի հէքեաթը յիշեցի, որ երեկ չէ առաջին օրը մայրս էր պատմել… Continue reading “«ԷԴ ՎԵՐՋԻՆ ՏՈՂԸ ԼԻՆԵԼՈՒ Է, Ա՛Յ ԿԸ ՏԵՍՆԵՍ»”