«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Կը նկատեմ, որ դիմացի կիսաւեր տան տանիքին վրայ, կուրծքը ցուիքի քարին սեղմած, գլուխը վեր տնկած՝ քարադոդոշ մը կը հանգչի։ Երկարօրէն, յուլօրէն։ Մենք քարթոշ կ՚ըսենք. սա սովորական ու փայլուն մորթով մողէզներէն աւելի մեծ է, սեւին տուող ծալք-ծալք մորթով ժանգոտած սողուն մը։
Կը յիշեմ, վա՜հ, մեր մանկութեան օրերու նոյն քարադոդոշն է կարծես։ Continue reading “«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»”

ԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Արտագնայ աշխատանքի մեկնած հայրերուն

Օրերը կ՚անցնէին, բայց հօրս կարօտը չէր հատներ: Առտուն կ՚արթննայինք պապային պէս՝ կանուխ, մամային կ՚օգնէինք պապային թելադրածին պէս, շունին, հաւուն, հորթին, ուլին կը գուրգարայինք պապային ոճով։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն պապան մեզի հետ էր ու մեզի հետ չէր. բայց մութը որ կոխէր՝ պապային կարօտը կ՚ահագնանար;
Դռան ետեւ դրուած կը մնար պապային մոյկը՝ հողագործի կաշիէ ճտաւոր կօշիկը, որ արտ ու հող կը բուրէր։
Պապան ե՞րբ պիտի գայ։
Չէ՞ որ շուտով պիտի դառնար։
Պապան ոչ միայն չէր վերադառնար, այլ ուրիշներն ալ կը տանէր իր Continue reading “ԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ”

Երկու դրուագ «Ոստայն 16 — Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«ԴՈՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԵՍ»

Արթինեա՞ն եմ, թէ՞ Յարութիւնեան՝ ի՞նչ կապ ունի ճարտարապետութեան հետ, կամ ճարտարապետ ըլլալուս հետ։
Այս դրուագը, սակայն, պէտք է պատմել սկիզբէն։
Անտրէ Մարիէնին քով վեց ամիս գանատական [առաջին] փորձառութիւն[ս] ամբարելէ ետք, ինքնավստահութեամբ կը սկսիմ վերստին հոս-հոն հեռաձայնել, մանաւանդ անոնց, որոնք առաջին որոնմանս ատեն որոշ հետաքրքրութիւն էին ցոյց տուած։ Իրապէս ալ շուտով տեսակցութեան կը հրաւիրուիմ ուրիշ գրասենակ մը՝ Փոէր, Continue reading “Երկու դրուագ «Ոստայն 16 — Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն»”

ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ — ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԵԽԵՐԸ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

ԵՐԵՒԱՆ 1978
Թէեւ ամիսը չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ որ մռայլ եւ տհաճ օր մըն էր։ Յանձնարարուած էր ինծի, իբրեւ դաս, գեղանկարչական անհատական ցուցահանդէս մը կազմակերպել, որուն արդիւնքը կրնար ազդեցութիւն ունենալ աւարտաճառիս վրայ։ Տարբեր տեղերէ մերժուելէ ետք, ղեկավարներս՝ գրականագէտ Էդուարդ Ջրբաշեանն ու արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանը կը յանձնարարէին «Մշակութային կապի կոմիտէութիւն» դիմել։ Տեղը շատ յարմար չէր ցուցահանդէսի համար եւ այդ պատճառով ալ անտրամադիր էի ու մտահոգ: Սակայն ստիպուած էի յարմարուելու…: Continue reading “ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ — ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԵԽԵՐԸ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ժ.) — ՀԱՆԱՇԻ ՍԷՐ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղը, ուր աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու փշուրներ կը հանգչէին քարերուն տակ ու հողին մէջ, օձ ալ կար. մէկը իրական էր՝ քու եւ իմ ճանչցած օձը, որ շապիկը կը փոխէ, որ պոչը կոխես՝ կը խայթէ, իսկ միւսը կար մեր հաւատալիքներուն մէջ՝ արվանտը։
Օձն ու արվանտը։
Արվանտը, ըստ ոմանց տեսածին ու պատմածին, օձի կերպարանքով եղջերաւոր ու թեւաւոր արարած էր, ուրիշներու համաձայն՝ Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ժ.) — ՀԱՆԱՇԻ ՍԷՐ”

ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ կինս՝ Մարալը, տան մէկ խուլ անկիւնէն հանած էր գրամեքենաս, որ շուրջ քսան տարիէ հանգիստ կը ննջէր: Բացի անոր կափարիչը՝ մոռցուած հին ծանօթի մը հանդիպողի կարօտով: Անշուշտ ամբողջովին օտարացած էի ստեղնաշարին. իւրաքանչիւր տառ դժուար կը բարձրանար իր հանգստավայրէն եւ հաւանաբար «իւղոտել» կ՚ուզէր, իսկ ժապաւէնը բնականաբար կորսնցուցած էր իր սեւ մելանը եւ տուած «հարուածներս» չէին արձագանգեր էջին վրայ: Կարծես դարձած էր մնացորդ մը անցեալէն, զոր պատմութիւնը ձգած էր ետին, սակայն յիշատակներու ամբողջ աշխարհ մը կը բանար դիմացս: Չեմ գիտեր, թէ այս մէկը գործածած քանիերո՛րդ գրամեքենաս էր, երեքէն չորս տարբեր մեքենաներ գործածած էի, սակայն այս վերջինը ի՛մս էր. մտերիմ բարեկամ մը, իբրեւ անակնկալ նուէր, զայն բերած էր ինծի: Continue reading “ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ”

«Ուղղելու ծուռը…»

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այն ինչ որ այսօր թուղթին պիտի յանձնեմ, ոեւէ մէկուն չեմ պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր… : Սակայն ի նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումն ու նաեւ անոնց անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, կը կարծեմ թէ ճի՛շդ ժամանակն է այն պատմելու, ցոյց տալու համար թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՛ւ իմ սերունդը ջրդեղուած էր ազգային ու մարդկային ոգեղէն արժէքներով ու հետամուտ էր այն պահել ու պաշտպանել ամեն գնով…: Continue reading “«Ուղղելու ծուռը…»”

ԱՀԱԳՆՈՂ ԶԳԱՑՈՒՄ՝ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾՈՂ ՎԵՐՋԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ծայրէն սկսինք…
Գուժկան հեռաձայն մը Փարիզէն: Որուն մղկտող ցաւին ու սարսափելի էութեան քիչ յետոյ պիտի տեղեակ դառնայի…։ Հեռաձայնի միւս ծայրէն Ալեքսանդր Թոփչեան իր եղբօր՝ Ստեփանին մահուան այդ պահուն ինծի անհաւատալի թուացող գոյժը կը յայտնէր ինքնազուսպ շեշտով մը:Ու այդ օրերուն դժբախտաբար, մեր սիրելի գրչեղբօր՝ Ստեփանին մահուան սարսափելի գոյժը միակը պիտի չըլլար մեզ զգետնողն ու գրողի մեր էութիւնը ցնցողը: Ամսուան մը ընթացքին, գուցէ քիչ մը աւելի երկար ժամանակահատուածի երկայնքին, հանրածանօթ բուռ մը գրող-մտաւորականներ զոհ պիտի երթային տիրող աշխարհասփիւռ համաճարակին ու սրտի կաթուածի: Continue reading “ԱՀԱԳՆՈՂ ԶԳԱՑՈՒՄ՝ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾՈՂ ՎԵՐՋԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ…”

ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է (Բ.)

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Յաջորդ առաւօտեան, ժամանակէն շուտ արթնցայ: Մտազբաղ ու անտրամադիր իջայ նախաճաշի: Պարտք կը զգայի հեռաձայնել Սիլիային ու իր ամուսինին, սակայն վստահ չէի որ պիտի յօժարին լսել զիս: Հազիւ նստայ, յանկարծ մատուցողը մօտեցաւ ու տեղեկացուց որ կին մը ինծի կը հարցնէ: Ոտքի ելայ ու ի՜նչ տեսնեմ սիրելի ընթեցող… Սիլիան էր, որ լայն ու համակրելի ժպիտ մը դէմքին մօտեցաւ, բարեւեց ու այս անգամ սրտանց ողջագուրուեցաւ հետս, աւելցնելով.
—Կը ներէք որ երէկ կոպիտ վարուեցայ ձեզի հետ:
—Ի՞նչ կ՚ըսէք, կոպիտ ու անկիրթ վարուողը ես էի: Ես յանցաւոր եմ թէ քու եւ թէ ամուսինիդ առաջ: Ես պէտք է որ ձեր քովը գայի, սակայն վստահ չէի որ կ՚ընդունիք զիս: Ի զուր տեղը այդքան վշտացուցի ձեզ… խնդրեմ, նստէք միասին նախաճաշենք… Continue reading “ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է (Բ.)”

ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չդիմացա՛ւ։ Սի՛րտը չդիմացաւ։ Հոկտեմբերէն ի վեր ամեն օր դիմատետրի էջերուն կը դնէր իր հարցերու շառաչն ու արցունքի խունկը։
Վախճանումէն հինգ օր առաջ կը գրէր ինծի. «Բան մը այն չէ։ Ես ոչնչացած կը զգամ ինքզինքս։ Անոնք որ մեզ այս ահաւոր ճգնաժամին վերածեցին, այնքան անգամ պէտք են սպանուիլ որքան նահատակներ ունեցանք։
Ազգին ամեն ցաւի պահերուն կը մխիթարուէի ըսելով որ մենք Կոմիտաս ունինք, Սարեան ունինք, Սայեաթ Նովա ունինք, Համբարձումեան ունինք, Չարենց ունինք։ Այո, այս ամենը հոգիիս մէջ փոխարինուած են “խլէզներով”, որ իրարու միս կ՚ուտեն, ծունկի կու գան մարդակերպ գազաններու առջեւ, սրբութիւնները պղծող, պապենական գիւղերը քանդող, ես չեմ ընդունիր այս անձերը,— թող կորչին երթան գրողի ծոցը եւ չպղծեն հայոց սուրբ հողը»։ Continue reading “ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ”