ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՂԱԳԻՐՔԵՐ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Գրասեղանիս վրայ ընթերցումի իրենց հերթը սպասող բանաստեղծական երկու գիրքեր կան. երկուքին ալ հեղինակները ամերիկահայեր են եւ երկու գիրքերուն ալ լեզուն անգլերէնն է:
Alec Ekmekdji — THE UNAUTHORIZED BIOGRAPHY OF TANGO WOMAN
Shahe Mankerian — HISTORY OF FORGETFULNESS
Երկու հեղինակներն ալ իրենց կեանքին երկրորդ քառորդը գրեթէ աւարտած կամ արդէն աւարտած բանաստեղծներ են, երկուքին ալ առաջին հատորներն են ասոնք, թէեւ երկուքն ալ վաղուց մաս կազմած են «Ծննդանիշ» (Birthmark) բանաստեղծական երկլեզու հաւաքածոյին:
Այս երկու գիրքերը անգամ մը եւս զիս կը դնեն լեզուին՝ Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՂԱԳԻՐՔԵՐ”

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ», բանաստեղծութիւններ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ԱՅՑԵՔԱՐՏ.

— Խորագիր՝ Առաձգական:
— Հեղինակ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան:
— Լոյս տեսած՝ Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն, 2021, 272 էջ:
— Հեղինակին բացատրութեամբ՝ հրատարակութիւնը կատարուած է Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օժանդակութեամբ:
— Նմանապէս հեղինակին բացատրութեամբ՝ կը բովանդակէ վերջին 12 տարիներու իր ստեղծագործութիւններէն, նաեւ՝ նախորդ հատորներով լոյս տեսած բանաստեղծութիւններէն փունջեր:
— Նիւթեր՝ նմանապէս հեղինակին բացատրութեամբ (հատորի վերջին էջերուն տրուած)՝ սէր, սփիւռքահայ գրողի վիճակ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, բնապահպանում, համամարդկային տագնապներ…
— Ներքին բաժանումներ՝ ընդամենը 19 գլուխ, որոնցմէ մէկ քանին կ՚ընդգրկեն քանի մը բանաստեղծութիւն, ուրիշներ՝ աւելի մեծ թիւով:
— Կողքի գծանկար՝ Արթօ Չագմագճեանի: Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ», բանաստեղծութիւններ”

ՀԱՅ ՆՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԹՌՉՈՒՆ-ՀՈԳԻՆ` ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

ԱԲԳԱՐ ԱՓԻՆԵԱՆ(*)
Սուսաննա Ղազարեան, «Սէր իմ, Հայրենիք», Երեւան 2021:
Գիրքը հրատարակուած է Վահէ Թղլեանի (Գանատա) հովանաւորութեամբ:

Ժամանակակից հայ գրականութեան հանդէպ գնալով մեծանում է հետաքրքրութիւնը՝ եւ դա հայրենի գրական կեանքի լաւ լուրն է: Պատճառն այն է, որ մեր արդի գրողները մշակութային ճգնաժամը յաղթահարեցին գործնական քայլերով՝ վերականգնուել է երբեմնի լաւ համբաւ ունեցող գեղարուեստական գրականութեան պրոպագանդայի բիւրոն, ինչով ժամանակին հպարտանում էր գրողների միութիւնը: Յաճախակի կազմակերպւում են գրական հաւաքներ, քննարկումներ՝ Continue reading “ՀԱՅ ՆՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԹՌՉՈՒՆ-ՀՈԳԻՆ` ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Անցեալ տարի, 2019 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն, գրական բեղուն վաստակ ունեցող ու ազգային գործիչ, նախկին հալէպահայ Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը, մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լօլա Գարապիպերճեաններուն, ձօնուած՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակին: Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը”

Գրքերու հետ — ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Հեղինակ՝ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, 296 էջ, Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2020

Հեղինակը սոյն հատորին՝ Աստուածաբանութեան եւ Փիլիսոփայութեան դոկտորի իր գիտական աստիճանով (1993) եւ հայագիտական նիւթերու իր հմտութեամբ, ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է հայ եւ միջազգային գիտական-ակադեմական շրջանակներուն, իր հրատարակած հայ եւ օտարալեզու (գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն) բազմատասնեակ երկերով եւ ուսումնասիրութիւններով: Աւելի քան երեսնամեայ հոգեւոր ծառայութիւն ունի Հայց. եկեղեցւոյ տարբեր Continue reading “Գրքերու հետ — ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ”

Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը

Ս.Ա.Յ.

Հրատարակուած Երեւան 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհուրդի որոշմամբ (Յիշողութեան ազգագրութիւն շարք — 8), Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ. Ընդհատուած Պատմութիւն հատորը հայերէն հրատարակութիւնն է ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի 2017-ին լոյս ընծայած My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag հատորին, որուն անդրադարձած էինք «Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2017-ի թիւով։ Continue reading “Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը”

Գրախօսականէ մը անդին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի երեկոյ էր եւ ես հազիւ կրցայ հասնիլ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար յուշ երեկոյ մը, ձօնուած՝ քանի մը ամիսներ առաջ իր խոր ծերութեան մէջ մահացած սփիւռքահայ մեր քերթողութեան նահապետ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։ Continue reading “Գրախօսականէ մը անդին”

Bibérian ou un Arménien de Turquie qui n’entendait «ni se dérober ni mentir»(1)

HERVÉ GEORGELIN

Ծանօթ խմբագրութեան — Մեր օգոստոսի թիւով անդրադարձած էինք ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ Հերվէ Ժորժըլէնի խմբագրութեամբ լոյս տեսած Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն գրքին։ Այս թիւով ընթերցողին կը ներկայացնենք գրքին ուշագրաւ ներածականը, որ խմբագիրը սիրով տրամադրեց «Հորիզոն գրական»ին։

Le texte que voici est un document exceptionnel portant sur l’histoire de la Turquie kemaliste de la fondation de la République à l’immédiat après-Seconde-Guerre mondiale. Il est écrit par un des plus stimulants écrivains arméniens de l’Istanbul républicaine dont la notoriété fut soigneusement étouffée par les notables arméniens de cette communauté qui désiraient continuer leur vie discrète dans les conditions politiques qui leur étaient faites. Continue reading “Bibérian ou un Arménien de Turquie qui n’entendait «ni se dérober ni mentir»(1)”

Վաչէ Սարգսեանի վերադարձը

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ

Օրեր առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ խորհրդահայ աքսորական գրականութեան հայ ընթերցողին առայժմ անյայտ կոթողային գործ մը` Վաչէ Սարգսեանի Ակեղդամա եռահատոր վէպի առաջին` Անկրկնելի պատմութիւն հատորը: Վէպը գրուած է 1960-1980-ական թուականներուն` հեղինակի` աքսորէն վերադառնալէն շատ չանցած: Continue reading “Վաչէ Սարգսեանի վերադարձը”

Ներկայացում բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքին

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Անցեալ տարի՝ 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» հատորը, զոր հեղինակը ձօնած էր Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդ, իր բառերով՝ «բազմերախտ ու անբասիր եկեղեցական Բարձրաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի»: Գիրքը կը բաղկանայ 348 էջերէ, կողքին վրայ տեղադրուած է Հալէպի հնամեայ բերդին նկարը, իսկ ետեւի կողքին վրայ հեղինակին նկարը, կցուած՝ կարճ կենսագրականով: Կողքին ձեւաւորումը կատարած է Եղիա Պաքմազճեան: Continue reading “Ներկայացում բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքին”