ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Թ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Կեսար-Սեզար (César)

Մեր արդի լեզուին մէջ գոյութիւն ունին կարգ մը պատմական օտար անուններ, որոնք կը գրուին կամ աւելի ճիշդը պէտք է գրուին երկու տարբեր ուղղագրութեամբ՝ զանազանելով տուեալ անունին պատմական արտասանութիւնը եւ արդի արտասանութիւնը: Այսպիսիներուն տիպարն է հռոմայեցի զօրավարին անունը. պատմականօրէն ան Կեսար է, եւ այս ուղղագրութիւնը պէտք է յարգուի այնքան ատեն, որ հայերէն կը գրենք ու կ՚ակնարկենք այդ զօրավարին, կամ նոյն ծիրին մէջ գտնուողներուն, եւ զգալի է անոնց պատմականութիւնը, ինչպէս՝ Օգոստոսն է, Ներոնն է, Կոստանդիանոսն է եւ այլն: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Թ.)”