ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Գէորգ Պետիկեան

Հաստատապէս, կը պատճառաբանէ միտքս, մեր ժամանակի վազքը մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր անմիջական կամ հեռու շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ հետեւանք, այսպէս կոչուած՝ արժանաւոր մարդոց նաեւ մեր մտերիմներէն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը բարեւենք եւ նոյնպէս ալ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը ու նաեւ մեր վիշտն ու վշտակցութիւնը:
Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ իրադարձութիւններ մենք ակամայ Continue reading “ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ”

Գրողն ու հաւաքը

Գէորգ Պետիկեան

Հազիւ կէսօրէ ետքն էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք՝ արագ պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց հետը տանելիք իր լոյս ընծայած բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՚ուզէր երթալ: Ամեն մարդ լաւատեղեակ էր, թէ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա՜ն խճողուած կ՚ըլլային: Բայց, այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ, իրեն բոլորովին անծանօթ հայ կին մը, տեղւոյն հայկական «Գիրքի ակումբ» մշակութասէր խմբակին Continue reading “Գրողն ու հաւաքը”

Անիծեալ պահը

Գէորգ Պետիկեան

Այդ առաւօտ, պ. Սուրէնն ու տիկ. Լուսինը ճիշդ որոշուած ժամուն արդէն բժիշկի շէնքի մուտքին էին: Շուտով մտան գրասենեակ ու մօտեցան սպասման սենեակին անկիւնը գտնուող փոքր պատուհանին, ուրկէ պաշտօնեայ աղջիկ մը իր սեղանին ետեւէն նախ լայն ժպիտով մը զիրենք դիմաւորեց: Ապա, «բարեւ-բարի լոյս»-ի սովորական փոխանակումներէն ետք, տիկ. Լուսին իր ամուսնոյն անունը հիւանդներու ներկայութեան էջին վրայ արձանագրեց, ու դառնալով պ. Սուրէնին, ցոյց տուաւ սենեակի պատին տակ շարուած աթոռներու Continue reading “Անիծեալ պահը”

Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասը եւ աւելի տարիներ անցած են՝ քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամենօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի մեր միասին անցուցած օրերը:
Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են երազին ալիքներուն մէջ ման գալ, Continue reading “Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ”

ԻՆՔԸ ԵՒ ԵՍ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, մենք երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս: Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ անձրեւ-ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր, թէ ցուրտերը հասած էին:
Քայլերս սառեցան: Ինքնաբերաբար ես ալ կեցայ: Continue reading “ԻՆՔԸ ԵՒ ԵՍ”

ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Գորոնա» կամ «Օմիքրոն»՝ մահացու համաճարակ: Այդպէս է եղեր:
Միտքս պարզեմ: Այսպէս, օր մը, երբ առաւօտուն աչքերդ հազիւ կը փորձես բանալ, կը զգաս, որ դո՛ւն՝ ինքդ չես: Տարբեր մէկն ես: Մկաններդ ուժ չունին, որ քեզ ոտքի հանեն: Զօրաւոր հազ մը կը ցնցէ ամբողջ մարմինդ: Կը կարծես, որ հիմա սիրտդ, թոքերէդ դուրս պիտի իյնայ: Քիթդ անընդհատ «կը վազէ»: Ձայնդ «քաշուած է»: Չես գիտեր ի՞նչ պէտք, որ ընես: Ահա քեզի անակնկալ նորութիւն մը: Հազին ստեղծած աղմուկէն արդէն կողակիցդ մօտդ կը հասնի, անմիջապէս գաւաթ մը ջուր եռացուցած, եւ մտահոգ կը հրամայէ, որ կամաց-կամաց խմես: Կը հնազանդիս, որովհետեւ ուժ-կարողութիւն ըսուածը չունիս: Չկայ: Կ՚ուզես քնանալ, ուստի տեղդ գամուած կը մնաս: Continue reading “ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ”

Առաջին դասապահը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ զրոյցը փոխեց իր սովորական հունը, չես գիտեր ինչպէս:
— Ուրեմն, այդպէ՛ս… պարոն… համաձայնեցանք, — վերջապէս ըսաւ տարիքոտ եւ քիչ մըն ալ նիհարակազմ մարդը, — երկուշաբթի առաւօտ, Աստուած ուզէ, նախ կը մտնէ՛ք տնօրէնի գրասենեակ, եւ ապա ձեր դասացուցակը վերցնելէ ետք, կ՚անցնի՛ք ձեր դասարանը…, ձեր գործին…, հ՞ը…եղա՞ւ…: Continue reading “Առաջին դասապահը”

Խօսք` ընդ Ամենակալին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթներէ ի վեր ուզած էի Քեզի հետ խօսիլ: Քեզի դիմել: Մտահոգութիւնս յայտնել: Պարզել: Բայց սանկ տեսակ մը վախ, ակնածանք եւ անհամարձակութիւն պատճառ դարձած էին, որ չկարենամ ինծի համար շատ մտերմիկ եւ նոյնքան ալ հարազատ այդ զրոյցս իրականացնել: Continue reading “Խօսք` ընդ Ամենակալին”

Գրախօսականէ մը անդին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի երեկոյ էր եւ ես հազիւ կրցայ հասնիլ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար յուշ երեկոյ մը, ձօնուած՝ քանի մը ամիսներ առաջ իր խոր ծերութեան մէջ մահացած սփիւռքահայ մեր քերթողութեան նահապետ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։ Continue reading “Գրախօսականէ մը անդին”

Կը փնտռեմ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պարզ փնտռտուք մը չէ ըրածս, ինչպէս նաեւ պարզ բան մը չէ փնտռածս:
ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունի, սակայն առարկայ մը չէ:
Փնտռտուքս չի նմաներ մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն: Continue reading “Կը փնտռեմ”