Հասկցողաց համար Քեսապը պատառ մը հայրենիք է

Յակոբ Չոլաքեան
ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԺԱՅՌԸ ՍՐԲԱՎԱՅՐԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ

Գարատուրանի Ծովու թաղէն շուրջ մէկ քիլոմեթր վեր, գիւղի նախկին հողէ ճամբուն տակ կը գտնուէր Պաղ աղբիւրը, պատին դրուած ջրդոնէն հոսող ճկոյթ մը ջուրով: Որսորդներ ու ճամբորդներ հոս անպայման կանգ կ՚առնէին, ափ մը երկու ափ ջուր կը խմէին, օ՜խ, ափ մըն ալ կու տային երեսին, ճակատին, կը շփէին ծոծրակը, ապա հանգստանալու համար կը նստէին ճամբուն վրայ թեք ինկած հսկայ ժայռին տակ, ուր ո՛չ արեւ կը դպչէր, ո՛չ անձրեւ։
Այդպէս էր, երբ տակաւին հետիոտն էր ճամբորդութիւնը շրջանին մէջ եւ Continue reading “Հասկցողաց համար Քեսապը պատառ մը հայրենիք է”

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Յակոբ Չոլաքեան

Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած հերթական գիտաժողովն է, Արեւմտեան Պէյրութ, Մեքսիք փողոց, Հայկազեան համալսարան։ Փողոցի պատերուն կռթնած կամ մայթերուն ու բակի նստարաններուն վրայ նստած, կարծես ծանօթ ու հարազատ տղաք ու աղջիկներ են ասոնք, հայ եւ ոչ հայ համալսարանականներ, ու սիրտս բնական հպարտութեամբ մը կը լեցուի ի տես Սփիւռքի մեր միակ համալսարանին, ուրկէ անցած եմ նաեւ ես, եւ զոր աւարտած են Continue reading “ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ”

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ

Յակոբ Չոլաքեան

Ժողովրդային ծէսերը, խաղերն ու բարքերը որքան արագ կը փոխուին. յիշողութիւնն անգամ պատրանք կը թուի ու անհաւանական։
Պատկերացուցէ՛ք, Նոր տարուան գիշերը չարաճճի տղաք կը բարձրանային թաղի տանիքները, կը հանէին բուխերիկի սալքարը ու թիթեղեայ տուփը պարանով կ՚իջեցնէին կրակին վրայ։ Տան տարեց կինը «Հա՜յ շնորհաւոր ըլլայ Ձեր Կաղանդը» կ՚ըսէր անծանօթ տղոց ու Continue reading “ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ”

«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Կը նկատեմ, որ դիմացի կիսաւեր տան տանիքին վրայ, կուրծքը ցուիքի քարին սեղմած, գլուխը վեր տնկած՝ քարադոդոշ մը կը հանգչի։ Երկարօրէն, յուլօրէն։ Մենք քարթոշ կ՚ըսենք. սա սովորական ու փայլուն մորթով մողէզներէն աւելի մեծ է, սեւին տուող ծալք-ծալք մորթով ժանգոտած սողուն մը։
Կը յիշեմ, վա՜հ, մեր մանկութեան օրերու նոյն քարադոդոշն է կարծես։ Continue reading “«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»”

ԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Արտագնայ աշխատանքի մեկնած հայրերուն

Օրերը կ՚անցնէին, բայց հօրս կարօտը չէր հատներ: Առտուն կ՚արթննայինք պապային պէս՝ կանուխ, մամային կ՚օգնէինք պապային թելադրածին պէս, շունին, հաւուն, հորթին, ուլին կը գուրգարայինք պապային ոճով։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն պապան մեզի հետ էր ու մեզի հետ չէր. բայց մութը որ կոխէր՝ պապային կարօտը կ՚ահագնանար;
Դռան ետեւ դրուած կը մնար պապային մոյկը՝ հողագործի կաշիէ ճտաւոր կօշիկը, որ արտ ու հող կը բուրէր։
Պապան ե՞րբ պիտի գայ։
Չէ՞ որ շուտով պիտի դառնար։
Պապան ոչ միայն չէր վերադառնար, այլ ուրիշներն ալ կը տանէր իր Continue reading “ԵՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ”

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՅՍ ԴԷՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Պետական սահմանին միւս դէմէն ակնկալելի որեւէ վտանգի առջեւ ամենէն մտահոգը մենք էինք՝ մեր ընտանիքը։ Սահման կար, սահմանապահ չկար։ 1939-ի սահմանագծումէն առաջ ստեղծուած թշնամութիւն մը հիմա երկու կողմ ունէր. Թուրքիա մնացած Մուրսալաք գիւղի Փելթեք Չաուշի երկու տղաքը եւ սահմանէն այս կողմ մնացած հայրս։
Իսկ մեր տունը 1000-ական մեթրով հեռու էր ձորի վերի եւ վարի Continue reading “ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՅՍ ԴԷՄԸ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ժ.) — ՀԱՆԱՇԻ ՍԷՐ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղը, ուր աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու փշուրներ կը հանգչէին քարերուն տակ ու հողին մէջ, օձ ալ կար. մէկը իրական էր՝ քու եւ իմ ճանչցած օձը, որ շապիկը կը փոխէ, որ պոչը կոխես՝ կը խայթէ, իսկ միւսը կար մեր հաւատալիքներուն մէջ՝ արվանտը։
Օձն ու արվանտը։
Արվանտը, ըստ ոմանց տեսածին ու պատմածին, օձի կերպարանքով եղջերաւոր ու թեւաւոր արարած էր, ուրիշներու համաձայն՝ Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ժ.) — ՀԱՆԱՇԻ ՍԷՐ”

ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ո՞Վ ԿՈՒՐՑՈՒՑ, Ո՞Վ ԲԺՇԿԵՑ

Սամասը Քեսապի մուտքին գտնուող բլուր մըն է։ Հոն կը գտնուի Ս. Մարուքէի ուխտատեղին։ Հին ժամանակներէն մնացած բնակութեան հետքեր կան։ Մօտիկ արտին մէջ կար նաեւ ձիթհանք մը (պաթոս)` խոշոր ճմլիչով: Ատկէ` այդ վայրը կը կոչուի Պաթուսէն Ուօրտը (Պաթոսին Արտը): Անհատ ուխտաւորներ Ս. Մարուքէ կ՚ելլեն մոմ կը վառեն, աղօթք մը կ՚ընեն, մանրադրամ մը կը դնեն պնակին մէջ, ադդուօր (ճերմակ ներքնազգեստէն կտրուած երիզ մը) մը կը կապեն խորանի վանդակաձողին, կ՚անցնին։ Ժողովուրդը կը հաւատայ, որ Սամասի Continue reading “ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄ ԶՐՈՅՑՆԵՐ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Թ.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՄԻԱՆԱ՜Լ… ՄՈՌՑԷ՛Ք

Մեր դասացոյցին մէջ գրեթէ ամեն օր կը նշուէր արաբերէնը, որ իրողապէս մեծ բացակայ մըն էր, ազատ պահ: Ոմանք կը պնդէին, թէ արաբերէնը երկրին լեզուն է, ամեն տեղ արաբերէն պէտք է, սերունդը պէտք է արաբերէն սորվի, արաբերէնին տիրապետէ, որպէսզի տեղ հասնի, մարդ ըլլայ…: Զաւեշտական պատմութիւններ կը պատմէին մեր գիւղէն՝ Գարատուրանէն, բանակի ծառայութեան կանչուած երիտասարդներու մասին, որոնք զինավարժութիւններու ատեն արաբերէնը լաւ չհասկնալով՝ կ՚իյնային ծիծաղելի կացութեան մէջ: Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Թ.)”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ը.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. գրեթէ երկու տարուան ընդմիջումէ մը ետք, կը վերսկսինք Յակոբ Չոլաքեանի «Փլող դպրոցները» շարքի հրատարակութեան.

ՄԵՆՔ ԱՅՍՊԷՍ՝ ԻՐԱՐՄԷ ԶՐԿՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆՔ…

Պատմեր եմ անգամ մը. կը վերապատմեմ, որովհետեւ այսօր այդ տխուր պատկերը կրկին կը տիրէ մեր կեանքին մէջ, այսօրը կը շարունակուի հին ախտերով: Ասիկա հեքիաթ չէ, այլ ճշմարտութիւն՝ ինչպէս այսօրը:
Մեր այդ հեռաւոր գիւղին դատարկ տուներու ամայութեան մէջ մնացած էր բուռ մը ժողովուրդ: Հայրենադարձութիւն եղած էր, ուրիշներ ձգեր հեռացեր էին՝ յաճախ իրարմէ փախչելով: Թաղերուն անունները կը յիշուէին, բայց թաղեցիք չկային: Մենք մեր թաղին մէջ միակ ընտանիքն էինք, թէեւ դպրոցական օրերուն մեր թաղը ամենէն շէնն էր: Հոն երեք Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ը.)”