Մեր ՄԱՅԻՍ 2022-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի մայիս 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՅՍ ԴԷՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Պետական սահմանին միւս դէմէն ակնկալելի որեւէ վտանգի առջեւ ամենէն մտահոգը մենք էինք՝ մեր ընտանիքը։ Սահման կար, սահմանապահ չկար։ 1939-ի սահմանագծումէն առաջ ստեղծուած թշնամութիւն մը հիմա երկու կողմ ունէր. Թուրքիա մնացած Մուրսալաք գիւղի Փելթեք Չաուշի երկու տղաքը եւ սահմանէն այս կողմ մնացած հայրս։
Իսկ մեր տունը 1000-ական մեթրով հեռու էր ձորի վերի եւ վարի Continue reading “ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՅՍ ԴԷՄԸ”

ԱՐԾԱԹԷ ԴԱՐՊԱՍ (Բ.)

ԱՐՄԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Սովորաբար ճաշին նախորդող ազատ ժամին Ալիսան նախընտրում էր մեկուսանալ հիմնական շէնքից քիչ հեռու գտնուող գողտրիկ մի պուրակում, որտեղ կլոր աւազան կար։ Աւազանի կենտրոնում կոկորդիլոս գրկած տղայի բետոնէ արձան կար, որ իւղաներկով գունաւորած էր։ Կոկորդիլոսի բերանից շիթով ջուր էր ցայտում, իսկ նրան գրկած տղան Վերածննդի շրջանի փոքրիկ կուպիդոն էր յիշեցնում, բայց չունէր ոչ նետ ու աղեղ, ոչ էլ հրեշտակի թեւեր, պարզապէս իրենից չափերով մի քիչ մեծ կոկորդիլոսին գրկած տղուկ էր։ Ալիսան նստում էր մօտակայ փայտէ նստարանին՝ ծառի շուաքում, եւ կլանուած ընթերցում այդ ամառ իր կարդացած միակ գիրքը՝ Բուլիչովի «Сто лет тому вперёд»-ը,(«Հարիւր տարի յետոյ») որի հիման վրայ էլ նկարահանուել էր իր Continue reading “ԱՐԾԱԹԷ ԴԱՐՊԱՍ (Բ.)”

Յիսուսի երկրորդ գալուստը

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Բոլորդ ծանօթ էք Լիբանանի վերջին դէպքերուն եւ աշխարհի ղեկավարներուն տարօրինակ կեցուածքին։ Բայց ամենէն տարօրինակը հեռատեսիլային քարոզիչներուն եւ ծայրայեղ քրիստոնեայ առաջնորդներուն յայտարարութիւններն են Քրիստոսի երկրորդ գալուստին մասին եւ այդ դէպքերուն միջեւ կապեր տեսնող։ Հակառակ անոր, որ Քրիստոս ինք յստակօրէն կ՚ըսէ Մատթէոսի աւետարանի 24:36-ի մէջ. «Ոչ ոք գիտէ այդ օրուան կամ ժամուն մասին, ոչ իսկ երկնքի հրեշտակները, ոչ իսկ զաւակը, այլ միայն հայրը», սակայն այս գիտակները տակաւին կը պնդեն եւ Աստուածաշունչէն տարբեր վերլուծումներ ընելով, կը գուշակեն աշխարհի վերջը՝ Յիսուսի երկրորդ Continue reading “Յիսուսի երկրորդ գալուստը”

ՀԱՄԱՍՏԵՂԸ ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆՈՒ ԵՒ «ՄՇԱԿ»Ի ՄԱՍԻՆ

Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Մշակոյթը ինքը հայ ժողովուրդն է։
Համաստեղ

Ազգը կրնայ հզօր բանակներ ունենալ եւ սակայն պարտուիլ
ու անցնիլ, երբ զօրաւոր չէ հոգեպէս։ Մեր գոյութեան գաղտնիքը
այդ հոգեկան մշակոյթին ուժն է, որուն ոչ մէկ թշնամի կրցաւ հասնիլ։
Համաստեղ

Համաստեղի (Համբարձում Կելենեան, 1895-1966) «Շրջանը եւ Րաֆֆի» ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը ներկայացնելու առիթ ունեցել եմ(1)։ Փորձեմ «Համաստեղ. Մոռացուած էջեր» քառահատորի Դ. գրքում (Երեւան, 2007) հրատարակածս ձեռագրերի եւ յօդուածների միջոցով (էջ 131-267) ներկայացնել գրողի կարծիքը մեր մշակույթի նշանաւոր դէմքերից մէկի՝ Գրիգոր Արծրունու (1845-1892) եւ ոչ պակաս նշանաւոր Continue reading “ՀԱՄԱՍՏԵՂԸ ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆՈՒ ԵՒ «ՄՇԱԿ»Ի ՄԱՍԻՆ”

Վահան Իշխանեանի յիշատակին

ՐԱՖՖԻ ԱՃԵՄԵԱՆ

Հինգ տարի առաջ էր, կարծես երէկ ըլլար։ Վահանը զանգեց, «Մոնթրէալ եմ» , — ըսաւ, — «տեսնուինք»։ Երկար ատեն է ծանօթ էինք անշուշտ, քանի մը տարի առաջ Հայաստան ալ տեսնուած ու անձամբ ծանօթացած, սակայն Մոնթրէալի մէջ էր, որ առիթ պիտի ըլլար իրարու հետ աւելի յաճախակի շփուելու ընկերական ու մտերիմ մթնոլորտի մէջ։ Շատ աղուոր բարեկամութիւն մը ստեղծուեցաւ, մտաւորական բարեկամութիւն մը՝ Սփիւռք-Հայաստան մտքերու հանդիպումի Continue reading “Վահան Իշխանեանի յիշատակին”

Նա մինչեւ կեանքի վերջին օրերը կռիւ էր տալիս հայրենիքը ծամող լէշակերների դէմ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԵՒԱՆԵԱՆ
ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր

Մահացել է լրագրող Վահան Իշխանեանը։
Սա իրօք անժամանակ մահ էր։ Համ հեռանալու տարիքը չէր (58), հա՛մ էլ՝ հիմա նա մեզ շատ էր պէտք։ Յատկապես հիմա, երբ Հայաստանի բարձր ամբիոններից պետութեան վախճանը հրամցւում է որպէս փրկօղակ։
Վահանը սուր գրիչ ունէր։ Վահանի հետ մտերիմ էլ ենք եղել, վիճել էլ ենք։ Բայց միշտ միասնաբար կռիւ ենք տվել քաղաքական այլասերման դեմ։
Ինչ էլ գրէր Վահանը մի բանում համոզուած էի՝ չի խաղում, իր Continue reading “Նա մինչեւ կեանքի վերջին օրերը կռիւ էր տալիս հայրենիքը ծամող լէշակերների դէմ”

Մուսալեռցի Պետրոս Աբաջեանի յուշագրութիւնը

Ս.Ա.Յ.

2022ի գարնան, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Հորիզոն գրականի աշխատակից՝ Պետրոս Աբաջեանի յուշերը «Յուշեր իմ մասին կամ մի մուսալեռցի հայի կեանքի պատմութիւնը» խորագրին տակ։ 120 մեծադիր եւ լուսանկարներով յագեցած էջերու մէջ Աբաջեան հաճելի պատումով ընթերցողին կը փոխանցէ իր կեանքէն ապրումներ։ Որպէս նախաբան իր յուշերուն, Աբաջեան համեստօրէն ընթերցողին ներողամտութիւնը կը խնդրէ, թէ այս հրատարակութեան մէջ ինք գրի Continue reading “Մուսալեռցի Պետրոս Աբաջեանի յուշագրութիւնը”

Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գրելու մասին յաճախ գրած եմ, եւ ընդհանրապէս խօսքը ի՛նչ գրելուն մասին է եղած։ Այս անգամ սակայն հարցադրումը տարբեր է, ու անոր անդրադառնալուս պատճառը կամ շարժառիթը Le Devoir օրաթերթի 23-24 ապրիլ 2022 թիւի շաբաթական գրական յաւելուածի իր սիւնակին մէջ Louis Cornellier-ի ստորագրած «Écrire» («Գրել») յօդուածն է։
Ինչո՞ւ կը գրեն, կամ ինչո՞ւ կը գրենք, ընդհանրապէս։ Continue reading “Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)”

Pierre Koulak : Jouer avec les grandes étoiles du cinéma français

Artsvi Bakhchinyan

Pierre Koulak (Koulaksezian) est un acteur, auteur et metteur en scène français d’origine arménienne né à Saint-Chamond, Loire en 1942. Très tôt, son talent est remarqué lorsqu’il animait les marchés de la Loire, aidant sa famille à la vente de tissus. Il sera formé au Centre dramatique de Saint-Étienne (Jean Dasté), où il donnera ses premiers spectacles. Il joue ensuite des sketches avec Fernand Raynaud au Théâtre de l’Étoile puis à l’Alhambra. Il se dit dans les milieux artistiques que Fernand Continue reading “Pierre Koulak : Jouer avec les grandes étoiles du cinéma français”