ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ — ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Ան ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը 1750 թուականին: Սկզբնական իր կեանքին մասին սակաւ են մեր ծանօթութիւնները: Թէեւ ան ճանչցուած է ու կը կրէ Շմաւոնեան մականունը, սակայն իր տպարանէն լոյս տեսած 1789-90-ի «Նահատակաբանութիւնը կոյս Մարիանէի» վերահրատարակուած հատորին մէջ, յիշուած է որպէս «Շիրազցի Յարութիւն քահանայ, որդի Շմաւոնի»:

Continue reading “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ — ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ”

125-ամեակ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) ծննդեան

ՍԻՐՈՅ, ԹԱԽԻԾԻ ԵՒ ՔՆՔՇԱՆՔԻ ԱՆՄԱՀ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

16 յունուարի ծնունդ է հայ գրականութեան անմահներէն Մատթէոս Զարիֆեան, որ իր գողտրիկ եւ քնքուշ քնարերգութեամբ կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը բոլոր ժամանակներու ընթերցողին:

Continue reading “125-ամեակ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) ծննդեան”

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀԱԳՆԻԼ-ՀԱԳՈՒԻԼ
Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ ասոնց տարբերութիւնը:
Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Continue reading “ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ – Զ –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Մաւրը կատարեց իր գործը,
Մաւրը կրնայ հեռանալ

Այս դարձուածքին ծնունդ տուողը գերմանացի թատերագիր Շիլլերի (1759—1805) մէկ թատերախաղն է, որ կը կոչուի «Ֆիեսկի դաւադրութիւնը»: Այստեղ կը գտնենք գլխաւոր հերոսը՝ ճենովացի Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ – Զ –”

ՉԱՐԵՆՑԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ «ԱՌԱՍՊԵԼԻ» ՀԵՏ

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ

Չարենցի ստեղծագործութիւններում` տարբեր փուլերում եւ ժանրից անկախ, առաջին հայեացքից ցաքուցրիւ թուացող յղումներ կան ինչպէս հայ եւ համաշխարհային առասպելներին եւ առասպելական հերոսներին, այնպէս էլ առասպելին շատ ընդհանուր իմաստով` իբրեւ յօրինուած կամ կեղծ պատմութեան: Վերջինս նրա մօտ հանդէս է գալիս կամ բացասական իմաստով` իբրեւ մի սուտ, որն այլափոխել է ճշմարտութիւնը եւ գրաւել նրա տեղը, կամ դրական իմաստով` իբրեւ մի բան, որի բնոյթը յօրինուածքն է: Continue reading “ՉԱՐԵՆՑԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ «ԱՌԱՍՊԵԼԻ» ՀԵՏ”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Ե.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

Լուկուլլոսեան խնջոյք
Լուկուլլոսը հռոմէացի զինուորական մըն էր, որ ապրած է Ա. դարուն Քա.: Սա նոյն այն Լուկուլլոսն է, որ արշաւեց Հայաստան ու ճակատեցաւ Տիգրան Մեծի ու անոր աներոջ՝ Միհրդատի միացեալ բանակներուն դէմ՝ առանց տանելու համոզիչ յաղթանակ մը, որուն տիրացաւ Պոմպէոս իրմէ ետք: Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Ե.”

ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԸ եւ «ԾԻՐԱՆԻ ՓՈՂ»-Ը

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս

Ժողովուրդների եւ ազգերի պատմութեան մէջ լինում են այնպիսի ծնունդներ, որոնք յետոյ դառնում են նրա մեծագոյն երջանկութեան եւ միաժամանակ մեծագոյն ողբերգութեան անմոռանալի երգը: Բակունցի նման գրողի եւ մարդու բացառիկ ծնունդը մի այդպիսի երջանկութիւն, եւ նրա եղերական վերջալոյսը մեծագոյն ողբերգութիւն էր ոչ միայն մեր գրականութեան, այլեւ մեր իսկ ժողովրդի համար: Continue reading “ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑԸ եւ «ԾԻՐԱՆԻ ՓՈՂ»-Ը”

«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեր անցեալ թիւով տուինք Հայերէն blog կայքէջի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանի հետ զրոյցին առաջին մասը։ Այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր շարունակութիւնը։
Continue reading “«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Դ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Լափալիսեան ճշմարտութիւն
Ներկայիս այս դարձուածքը աշխարհի լեզուներուն մէջ հոմանիշ է «տափակ, ճապաղ, փաստի անկարօտ ճշմարտութեան, որ հանրօրէն ծանօթ է ամենքին, այնպիսի ճշմարտութեան, որ հեգնանք ու ծիծաղ կը պատճառէ: Մինչդեռ պատմականօրէն՝ իր ծագումվ ան բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ: Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Դ.”

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սոյն համառօտ անդրադարձը Նիկոլ Աղբալեանի վաստակին՝ իբրեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար, պարզապէս ուրուագիծ մըն է՝ տրամադրելի տպագիր փաստաթուղթերու եւ լրագրական հաղորդումներու հիմամբ, այդ ժառանգութեան քանի մը էջը թարմացնելու նպատակով։ Continue reading “ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ — ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ (1)”