ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
– Է –

Տարիները անցան, եւ հասաւ 1953-ի դպրոցական ամավերջը:
Մայիսի աւարտին քանի մը օր մնացած՝ Ծառուկեան բացակայեցաւ դասերէն: Նախ ըսուեցաւ, թէ Կիպրոս գացած էր՝ այնտեղ դասախօսելու Սարդարապատի հերոսամարտի 35-ամեակի առթիւ: Սակայն յունիսին սկսան տարածուիլ այլ շշուկներ, թէ «պարոն Ծառուկեանը այլեւս դպրոց պիտի չգայ»: Շատ բան չէինք հասկնար այս բոլորէն, բայց մեր մաշկին վրայ կը զգայինք անոնց այրող խարանը. ոչ միայն հայոց լեզուի դասերուն չէր մտներ, այլ իր այնքան սիրելի կերպարը չէր երեւեր դպրոցի շրջափակին մէջ եւս: Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (3)”

ՀԻՐՈՇԻՄԱ / ՊԷՅՐՈՒԹ. — ՊԱՅԹՈՒՄ(ՆԵՐ)Ը ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՀԻՄԱ…

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քորոնաժամանակներու այն միեւնոյնշաբթին պատահեցաւ եւ թուականը արձանագրեցին՝ 4 օգոստոս 2020: Մէկը կը յիշէ՞: Եօթանասունհինգ տարի առաջ էր այն միւս պայթումը որ արձանագրուեցաւ որպէս 6 օգոստոս 1945 եւ կը նշուի պահու ծանրութեամբ ու լռութեամբ, մարդկութեան յիշեցնելու համար իր մահկանացութեան փաստին մասին, աշխարհ մոլորակը քանի մը Continue reading “ՀԻՐՈՇԻՄԱ / ՊԷՅՐՈՒԹ. — ՊԱՅԹՈՒՄ(ՆԵՐ)Ը ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՀԻՄԱ…”

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (2)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
– Դ –

Հայոց լեզուի մեր նոր դասագիրքը Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ն էր, որ այդ նոյն տարին մուտք գործած էր Լիբանան ու յատկապէս Ազգային վարժարանները` փոխարինելով մինչ այդ օգտագործուող «Արագած»-ի հոյակապ շարքը, որուն հեղինակներն էին Օննիկ Սարգիսեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը:
Մեր լաւ օրերն էին, եւ Հայոց լեզուի դասագիրքերը կը վխտային. գրեթէ ամեն համայնք ու գաղութ ունէր իր դասագիրքը: Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (2)”

Յակոբ-Կարապենց / Վրէժ-Արմէն նամակագրութեան արխիւէն

Սուտան, (օդին մէջ) 13-12-73
Սիրելի ընկ. Կարապենց,
Վարը անծայրածիր անապատն է. կը վերադառնամ Ափրիկէի սրտէն, Ռուանտայէն, ուր գացեր էի խումբ մը գործակիցներու հետ Ռուանտայի Ազգային Համալսարանի շէնքերու ընդլայնումը ուսումնասիրելու համար։ 9000 մղոն երթ,… նոյնքան մըն ալ դարձ։ Ճամբորդութիւնը, անկասկած, եղաւ շատ հետաքրքրական եւ փաստօրէն ընդլայնեց հորիզոնս։ Continue reading “Յակոբ-Կարապենց / Վրէժ-Արմէն նամակագրութեան արխիւէն”

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
— Ա —

Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն, անգրաճանաչ գեղջուկներ էին: Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրեւ հինգ զաւակներու վերջինեկ, աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝ արդի աշխարհաբարը եւ բարբառ մը. այս Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)”

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱՐԱԲԵՐԷՆՍ

Արաբերէնը մեծ բացական էր մեր դպրոցներուն մէջ եւս, ուր միայն սկզբունքով գոյութիւն ունէր ան: Այս «սկզբունքով»-ը ըսելու խաբուսիկ ձեւ մըն է, որ որեւէ իմաստ եւ բովանդակութիւն չունէր: Դասացուցակին վրայ նշանակուած էր ան՝ ճիշդ է, դասագիրք մըն ալ ունէինք մեր պայուսակներուն մէջ՝ ա՛յդ ալ ճիշդ է, սակայն այս բոլորին իմաստը չէինք ըմբռներ: Մեզմէ առաջ այդ իմաստը չէին ըմբռներ իրենք՝ արաբերէնի ուսուցիչները, որ կրթական նախարարութիւնը կը տրամադրէր: Continue reading “Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Բ –”

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Ա –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ԴԵԼԼԱԼ ՊԵՏՐՈՍ

Մայիս 6-ի՝ Լիբանանի Նահատակաց տօնին առթիւ մեր թերթերէն մէկը գրած էր. «104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան… արաբական զարթօնքի մունետիկները»:
Քմծիծաղով մը հարց տուի ես ինծի, թէ ո՞վ ինչ հասկցաւ, քանի մունետիկին ի՛նչ ըլլալը գիտցող մնացա՞ծ է, մանաւանդ մունետիկ տեսնող եղա՞ծ է այս սերունդին մէջ, եւ եթէ այո՛, հապա ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, քանի անոնք՝ մարդկային այդ տեսակը շատ երկար ատենէ ի վեր անհետացած է մեր առօրեայէն: Continue reading “Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ – Ա –”

Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

— Չէ՜ մայրիկ,— ըսաւ ամուսինս՝ Յակոբը, դառնալով մօրս,— Թամարը մաքրութիւն ընել չի կրնար։ Հազիւ սկսի, ձեռքը գիրք մը կ՚անցնի, գրութիւն մը կ՚անցնի, մէկ կողմ կը դնէ ընելիքը, կը սկսի կարդալ. ժամեր կ՚անցնին, իմ բաժինս կը վերջացնեմ, ինք տակաւին նո՜ր պիտի սկսի։
— Գիտեմ, պզտիկուց այսպէս էր,— ըսաւ մայրս.— դասերը մէկ կողմ կը ձգէր, ուրիշ գիրքեր կը կարդար…։ Continue reading “Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ…”

Չափի եւ գեղեցիկի զգացումը երբեք չի դաւաճանել իրեն — ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՍՈՒՑՉԻՍ ՄԱՍԻՆ

ՊԵՏՐՈՍ ԱԲԱՋԵԱՆ, ճարտարապետ

Պոլիտեխնիկական ինստիտուտի ճարտարապետական բաժնի առաջին կուրսում մեր լսարան մտաւ բարձրահասակ, համակրելի, գեղեցիկ կեցուածքով մի երիտասարդ եւ փոքր ինչ ռնգային, հաճելի բարիտոնով ասաց. «Ես ձեզ պատմելու եմ իտալական վերածնունդի ճարտարապետութեան մասին»: Ինչպէս հարկն է առաջին կուրսում, մենք պատրաստել էինք տետրակներ եւ մատիտներ դասախօսութիւնը սղագրելու համար, բայց մեզ վիճակուած չէր օգտագործելու դրանք: Առաջին իսկ խօսքերից հմայուած եւ կախարդուած յայտնուեցինք իտալական վերածնունդի հրաշալի իրականութեան մէջ:
Այդ երիտասարդը Ջիմ Թորոսեանն էր: Նա կարողանում էր Continue reading “Չափի եւ գեղեցիկի զգացումը երբեք չի դաւաճանել իրեն — ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՍՈՒՑՉԻՍ ՄԱՍԻՆ”

Որոտանը որոտա՛ց

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

1976-ին երբ Երեւան էի, օր մը Վահագն Դաւթեանը ըսաւ.
— Այսօր Համօ Սահեանին պիտի երթանք։
— Ինչո՞ւ, հո՞ս է։
— Ո՞ւր պիտի ըլլայ, հո՛ս՝ Երեւանի մէջ է։
— Ի՛նչ գիտնամ՝ Որոտա՜ն, Որոտա՜ն. կարծեցի գիւղը կ՚ապրի, Որոտանի ափին։
— Այ աղջիկ,— ժպտեցաւ,— Որոտանը իր մէջ կ՚ապրի։ Continue reading “Որոտանը որոտա՛ց”