Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 5

ՆԱՆԱՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս

ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՐՈՐԴ

(Բ.)

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԱՐՁԱԿԸ, ՆՐԱ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յակոբ Կարապենցի պատմուածքների երկրորդ՝ «Հին աշխարհի նոր սերմնացանները» ժողովածուն, ինչպէս եւ առաջինը, ունէր ընդհանուր նպատակասլաց ուղղութիւն, ինչը հնարաւորութիւն էր տալիս այնտեղ ամփոփուած ստեղծագործութիւնները դիտել իբրեւ հարցադրումների միասնական ամբողջական շարք։ Եւ դա այն աստիճանի, որ հեղինակին մղում էր նաեւ ժանրային կառուցուածքի նոր հարթութեան՝ վէպի նախապատուութեան ճանաչման։ Այս գրքի առաջաբանում կայ նման շահագրգիռ հարցադրում, մանաւանդ եթէ հաշուի Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 5”

Գրքերու հետ — ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Հեղինակ՝ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, 296 էջ, Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2020

Հեղինակը սոյն հատորին՝ Աստուածաբանութեան եւ Փիլիսոփայութեան դոկտորի իր գիտական աստիճանով (1993) եւ հայագիտական նիւթերու իր հմտութեամբ, ծանօթ անձնաւորութիւն մըն է հայ եւ միջազգային գիտական-ակադեմական շրջանակներուն, իր հրատարակած հայ եւ օտարալեզու (գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն) բազմատասնեակ երկերով եւ ուսումնասիրութիւններով: Աւելի քան երեսնամեայ հոգեւոր ծառայութիւն ունի Հայց. եկեղեցւոյ տարբեր Continue reading “Գրքերու հետ — ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ 60 յօդուածներէ, 131 էջ՝ ընդգրկելով աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ տարածուած գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Դրօշակ»-ի ու «Հորիզոն»-ի մէջ։
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին նուիրուած է այս գիրքը, որուն «Ինչու ա՛յս հատորը» ներածականին մէջ կը կարդանք. Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը”

Փետրուար 2020-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի փետրուար 2020-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

«ՈՐՊԷՍ ԵՒ ՄԵՔ…»

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Եկուր քիչ մը պարապ բաներ խօսինք միասին։ Հոգ մի ըներ, դատելիք չեմ քեզ։ Որպէսզի դուն ալ քու կարգիդ զիս չդատես։
Եկուր պարապ-սարապ խօսինք միասին։ Լեցուն եմ։ Պարապին մէջ պարպել կ՚ուզեմ ինքզինքս եւ դուն պիտի ըլլաս դատարկ անտակ տոպրակ մը, որ չի լեցուիր։ Չի լեցուիր։ Բայց խօսինք։ Ես պէտք ունիմ շեղելու ճաթռտուող ոսկորներուս աղմուկը։ Պէտք չէ լսեմ ձայները, ականջս երկարեմ պարապ խօսքի արհամարհանքին ու հեռանամ, գոնէ պահ մը, ունկնդրելու հարկադրանքէն։ Continue reading “«ՈՐՊԷՍ ԵՒ ՄԵՔ…»”

Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը

Ս.Ա.Յ.

Հրատարակուած Երեւան 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիուտի Գիտական խորհուրդի որոշմամբ (Յիշողութեան ազգագրութիւն շարք — 8), Թաւրիզից Ստալինեան Գուլագ. Ընդհատուած Պատմութիւն հատորը հայերէն հրատարակութիւնն է ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի 2017-ին լոյս ընծայած My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag հատորին, որուն անդրադարձած էինք «Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2017-ի թիւով։ Continue reading “Ռուբինա Փիրումեան Մինասեանի եւ Բաղդիկ Մինասեանի «Թաւրիզից ստալինեան գուլագ. ընդհատուած պատմութիւն» հատորը”

Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 4

ՆԱՆԱՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս

ԳԼՈՒԽ ԵՐԿՐՈՐԴ (Ա.)
ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԱՐՁԱԿԸ, ՆՐԱ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Միացեալ Նահանգներ անցնելուց յետոյ Յակոբ Կարապենցի համար 1950-60-ական թուականները բեղմնաւոր դարձան. երիտասարդ էր, գրական ճանաչողութեան ներուժով: Նրա պատմուածքների առաջին հատորը՝ «Անծանօթ հոգիները», ըստ էութեան ամփոփեց ստեղծագործական առաջին երկու տասնամեակների արդիւնքները: Շփումը քաղաքակրթութեան նոր որակների հետ էր, ուր միջավայրն ու մարդիկ՝ «հոգիները», անհաղորդ էին: Ո՞րն է նրա համար հինը՝ «ազգայի՞նը»… Եւ եթէ այո, ապա ո՞րն է նորը՝ «ամերիկեա՞նը», որը գայթակղում, տանում է իր ետեւից, բայց եւ զգալի չափով հեռացնում է ազգային աւանդոյթի աւազանից: Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 4”

Գրախօսականէ մը անդին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի երեկոյ էր եւ ես հազիւ կրցայ հասնիլ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար յուշ երեկոյ մը, ձօնուած՝ քանի մը ամիսներ առաջ իր խոր ծերութեան մէջ մահացած սփիւռքահայ մեր քերթողութեան նահապետ՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։ Continue reading “Գրախօսականէ մը անդին”

Լեզուական ծուղակներ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Արդի արեւմտահայուն առջեւ լարուած մնայուն ծուղակ կը հանդիսանայ արեւելահայերէնը, մէկ կողմէ՝ նոյնինքն այս բարբառին մէջ յառաջացած լեզուական աղաւաղումներու, միւս կողմէ՝ ռուսերէնէ ներածուած ու իրենց հերթին արտածուած օտարաբանւթիւններու պատճառով: Այսպիսին է արդի արեւմտահայ գրողին կացութիւնը մասնաւորաբար 1900-ական թուականներէն սկսեալ, յորում կը զուգադիպին Հայաստանի անկախութիւնն ու … համացանցի ընդհանրացումը եւ որոնք բազմապատկեցին արեւելահայերէնի հետ մեր առօրեայ շփումի առիթները: Continue reading “Լեզուական ծուղակներ”

Մեր ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի յունուար 2020-իթիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։