ՈՍՏԱՅՆ — Երբ ընկերներս կը հեռանան մէկ առ մէկ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամեն անգամ, երբ ընկերներէս մէկն ու մէկր հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին, տարօրինակ զգացում մը, թախիծ մը կը պատէ հոգիս, «հերթը քո՞նն է հիմա» կ՚անցնի մտքէս, ու կը վերյիշեմ քանի մը տխուր դրուագ ։
Մէկը՝ հօրս այն ափսոսանքը, որ «շուրջս կը պարպուի, մինակ կը զգամ» այլեւս. այդպէս կը զգար մանաւանդ, յատկապէս երբ կեանքէն իրենց շնորհուած այդ վերջին տարիներուն, հետզհետէ կը մեկնէին անոնք, Continue reading “ՈՍՏԱՅՆ — Երբ ընկերներս կը հեռանան մէկ առ մէկ”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ Պալեաններուն նուիրուած պատկառելի հատոր մը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ներկայ տարուան՝ 2021-ի սկիզբը լոյս տեսաւ նախ թրքերէն, ապա անգլերէն THE BALYANS — Ottoman Architecture and Balyan Archive («Պալեանները — Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեան արխիւը») հատորը, լաթակազմ եւ ընտիր թուղթի վրայ (352 մեծադիր էջեր՝ 26 սմ x 31 սմ, բազմաթիւ ներծալ էջերով), հեղինակութեամբ Պիւքէ Ուրասի։
Հեղինակը օգտուած է բազմաթիւ աղբիւրներէ. թարգմանուած են ԺԹ. եւ Ի. դարերու հայկական վաւերաթուղթեր, պատճէնահանուած Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ Պալեաններուն նուիրուած պատկառելի հատոր մը”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 15 – ԶՐՈՒՑԱՊԱՏՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԸ

Վրէժ-Արմէն առցանց հրապարակեց իր նոր հատորը՝ «Ոստայն 15 — Զրուցապատում», որ կը բաղկանայ աւելի քան կէս դարու ընթացքին իր ունեցած բազմաթիւ հարցազրոյցներէն ընտրուած փունջէ մը, թիւով 72, օրին հրատարակուած «Յուսաբեր»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Բագին»-ի, «Դրօշակ»-ի ու մանաւանդ «Հորիզոն»-ի մէջ։ Հատորը ձօնուած է հարցազրոյցներու մեծ վարպետին՝ Կարօ Փօլատեանի յիշատակին։
Իր ներածականին մէջ հեղինակը կը նշէ, թէ «Ի տարբերութիւն այլ նման հաւաքածոներու, այստեղ չեն տրուած հարցազրոյցները ամբողջութեամբ, ոչ ալ յաջորդաբար զետեղուած են զրուցակիցի մը ընտրուած բոլոր պատասխանները, այլ զանազան անձերու ըսածները համախմբուած են տուեալ հարցադրումի մը շուրջ։ Այսպէս գոյացած են Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 15 – ԶՐՈՒՑԱՊԱՏՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԸ”

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ — Գրողը իրաւունքներ ունի՞

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ կը մտածենք մե՛ր թերացումներուն, ցաւերուն կամ տագնապներուն մասին, այլոց իրավիճակին ծանօթանալը կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։
Այսօր հայ գրողի դիմագրաւած դժուարութիւնները կրնան շատ տարբեր չըլլալ այլ գրողներու դժուարութիւններէն, սակայն զանոնք հարթելու կամ թեթեւցնելու համար ի՞նչ կ՚ընեն ուրիշներ, ի՞նչ կ՚ընենք մենք։
Այս հարցերը անցան մտքէս երբ կարդացի Le Devoir օրաթերթի 30-31 յունուար 2021 շաբաթավերջի մշակութային յաւելուածին մէջ շահեկան յօդուած մը՝ «L’écrivain, espèce à protéger» («Գրողը՝ պաշտպանութեան կարիք ունեցող տեսակ մը») ստորագրուած թերթի մնայուն աշխատակից Odile Tremblay-ի կողմէ։ Continue reading “ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ — Գրողը իրաւունքներ ունի՞”

Ասանկ բաներ — 2 *

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Տիկին Սեդան, որ կնոջս ամենէն մտերիմ ընկերուհիներէն է, անցեալ օր այլայլած հեռաձայնեց։
— Ի՞նչ կայ, խէր ըլլայ, ինչո՞ւ այդպէս նեղուած ես, — հարց տուաւ կինս։
— Չես գիտեր ի՛նչ եղաւ։ Դրամապանակս կորսնցուցի։
— Ո՞ւր գացած էիր, ի՞նչ գնեցիր վերջին անգամ։
— Հայ կեդրոն գացեր էի, եկեղեցւոյ տարեկան տուրքս վճարեմ ըսի, յետոյ ալ մոմ մը վառեմ։ Continue reading “Ասանկ բաներ — 2 *”

Ասանկ բաներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Ծերանում ենք, Պարոյր Սեւակ,
ծերանում ենք, սիրելիս..»

— Կարծեմ իրաւունք ունէիր, երէկ մէկ տոպրակ հոն մոռցանք,— ըսաւ կինս այս առաւօտ, երբ անդրադարձաւ, որ շուկայէն մեր գնած մթերքներէն ոմանք կը պակսէին։
Բայց կ՚արժէ, որ պատմութիւնը սկիզբէն պատմեմ, որպէսզի աւելի յստակ ըլլայ դիպաշարը։ Continue reading “Ասանկ բաներ”

Յակոբ-Կարապենց / Վրէժ-Արմէն նամակագրութեան արխիւէն

Սուտան, (օդին մէջ) 13-12-73
Սիրելի ընկ. Կարապենց,
Վարը անծայրածիր անապատն է. կը վերադառնամ Ափրիկէի սրտէն, Ռուանտայէն, ուր գացեր էի խումբ մը գործակիցներու հետ Ռուանտայի Ազգային Համալսարանի շէնքերու ընդլայնումը ուսումնասիրելու համար։ 9000 մղոն երթ,… նոյնքան մըն ալ դարձ։ Ճամբորդութիւնը, անկասկած, եղաւ շատ հետաքրքրական եւ փաստօրէն ընդլայնեց հորիզոնս։ Continue reading “Յակոբ-Կարապենց / Վրէժ-Արմէն նամակագրութեան արխիւէն”

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՆԱՂԱՇԱՅ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ո՞վ է Նաղաշ՝ Ղարիպը

Մկրտիչ Նաղաշ (1394-1470) հայ յարգուած բարձրաստիճան եկեղեցական ղեկավար մըն էր՝ Տիգրանակերտի (Ամիդի) եպիսկոպոսը, որ ցասում պատճառեց Օսմանեան իշխանութիւններուն, երբ այնտեղ կառուցեց զանգակատուն մը, որ աւելի բարձր էր քան մօտակայ բոլոր մզկիթները։ Այդ պատճառաւ աքսորուեցաւ։ Ան նաեւ բանաստեղծ էր եւ մանրանկարիչ (որմէ՝ իր անունը) ու կը գրէր թափառական Continue reading “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՆԱՂԱՇԱՅ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ 60 յօդուածներէ, 131 էջ՝ ընդգրկելով աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ տարածուած գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Դրօշակ»-ի ու «Հորիզոն»-ի մէջ։
Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին նուիրուած է այս գիրքը, որուն «Ինչու ա՛յս հատորը» ներածականին մէջ կը կարդանք. Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ — Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 14 – ԲԱՐԵ՛Ւ, ԸՆԿԵՐ» հատորը”

«Հայրենիք»-ին հետ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Սրտանց եւ անխառն հպարտութեամբ կ՚ողջունեմ 120-ամեակը «Հայրենիք»-ին եւ նոյն առթիւ՝ 85-ամեակը Armenian Weekly-ին։
Խոստովանիմ, որ «Հայրենիք»-ին հետ առնչութիւնս կը սկսի 1922-ին, այսինքն՝ ծնունդէս 18 տարի առաջ…։ Այդ այն տարին էր, երբ լոյս աշխարհ կու գար «Հայրենիք ամսագիր»-ը, որուն առաջին թիւէն բաժանորդագրուեր էր մօրենական Մեսրոպ մեծ հայրս։ Continue reading “«Հայրենիք»-ին հետ”