ՄԱՐԴ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՍԽՐԱՆՔԸ

(Նիգոս Գազանծագիսի «Ճգնութիւն. Աստուծոյ փրկարարները» գրքի հայերէն թարգմանութեան լոյս ընծայման 50-ամեակի առիթով)
Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան

«Էլիզ Հասըրճեանին՝ թարգմանիչին կողմէ։
24 սեպտեմբեր 1973
Թորոնթօ»

Ճիշտ յիսուն տարի առաջ Նիգոս Գազանծագիսի (1883-1957) «Ճգնութիւն. Աստուծոյ փրկարարները» գիրքը այս մակագրութեամբ դարձել է թարգմանական երկար ու դժուար ճանապարհի վերջակէտ. հեռաւոր Կանադայում լոյս է տեսել «ՔԱՐ» հրատարակչատան «Թարգմանական գրականութիւն» մատենաշարի առաջին հատորը։ Թարգմանիչը Մարգար Շարապխանեանն է (1937-2023), ում բացառիկ գործունէութեան, գրական, թարգմանական ժառանգութիւնը պիտի Continue reading “ՄԱՐԴ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՍԽՐԱՆՔԸ”

Կարպիս Հարպոյեանէն չորս նոր գործ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Անցեալ տարի բժ. Կարպիս Հարպոյեան ընթերցողին սեղանին դրաւ չորս նոր հատորներ, որոնք իր «Բժիշկին խօսքը» շարքին մաս չեն կազմեր, որքան ալ որ այս կամ այն ձեւով առնչուած են կամ իր՝ բժիշկի մը կեանքին կամ ընդհանրապէս հայ բժշկութեան։ Անոնցմէ երեքին մեկենասը կը հանդիսանան Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան եւ զաւակները՝ Բիւրակ եւ Յակոբ՝ ի յիշատակ Կարօ Մոմճեանի, իսկ մէկուն մեկենասը՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը՝ Continue reading “Կարպիս Հարպոյեանէն չորս նոր գործ”

Մեր ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՃԻՉ

Կոմիտաս Դանիէլեան

1

Տղան վերադարձաւ ադամամութին: Մայրը, որ ամբողջ գիշեր սրտատրոփ սպասում էր նրան, թեթեւացած շունչ քաշեց:
— Ինչո՞ւ այսքան ուշացար, — հարցրեց նա:— Հօ բան-ման չի՞ պատահել:
— Չէ, — տղան ոտքերն ազատեց կօշիկներից ու գլխարկը հանելով, զգուշօրէն մեկնուեց մօր կողքին: Սաստիկ յոգնել էր:— Ինչպէ՞ս ես:
— Անտէր ոտքերս գնալով աւելի են ծանրանում, — նա ափերի մէջ առաւ որդու մրսած մատները, մօտեցրեց շուրթերին` փորձելով տաքացնել: Continue reading “ՃԻՉ”

Աղօթքի մը պէս

Սագօ Արեան

Ոչ, սովորական երգ մը պիտի չգրեմ այսօր.
Աղօթքի եւ սերմի արքայութեան մասին պիտի չգրեմ,
Ոչ ալ արիւններուն մասին որոնցմէ անցանք
Արցունքներու մասին պիտի չգրեմ այսօր, որ դեռ չեն ցամքած ձեր աչքերուն տակ …
Հողի մասին պիտի չգրեմ, որ մեզի աղօթք էր ատեն մը. Continue reading “Աղօթքի մը պէս”

Երգող արեւին երկիրը…

Կարօ Պօհճալեան

Երկաթուղիի գլխաւոր կայարանի տոմսավաճառի խուցին մէջ տարեց մարդ մը սեղանիկի մը առջեւ նստած, տրցակներով տոմսերը կը համրէր:
— Բարե՛ւ, — ըսի խցիկին կլոր պատուհանին առջեւ, — աշխարհի ամենախաղաղ անկիւնը երթալու տոմսակ ունի՞ք…
Մարդը վայրկեան մը դադրեցաւ տոմսակները համրելէ եւ.
— Ի՞նչ տեսակ խաղաղ երկիր, — հարցուց:
— Տեղ մը, ուր պատերազմ չըլլայ, մարդիկ զիրար յարգեն, համերաշխ ապրին եւ «դրսեցի»ի խտրականութիւններ տեղի չունենան… Continue reading “Երգող արեւին երկիրը…”

ԳԻՒՂՆ ՈՒ ԱՆՁՐԵՒԸ — (Ընթերցողի խօսք Համաստեղ-Բակունց գրական առնչութիւնների մասին)

Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան
Բան. գիտ. դոկտոր

Փորձեմ համադրել գրական երկու սէրերիս՝ Ակսել Բակունցի եւ Համաստեղի «Անձրեւ» պատմուածքները՝ որպէս պարզ ընթերցող, ով տասներորդ դասարանում հրապուրուեց Ակսել Բակունցի գրականութեամբ, անգիր սովորեց մի քանի պատմուածք (բարի յիշատակ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհուս՝ Թամար Ալեքսանեանին), կտրուկ փոխեց մասնագիտական կողմնորոշումը եւ յայտնուեց բանասիրական ֆակուլտետում, որտեղ նրան սպասում էին Դերենիկ Դեմիրճեանի, Համաստեղի, Արամ Հայկազի, Յակոբ Continue reading “ԳԻՒՂՆ ՈՒ ԱՆՁՐԵՒԸ — (Ընթերցողի խօսք Համաստեղ-Բակունց գրական առնչութիւնների մասին)”

«Հորիզոն գրական»-ի 2023 տարուան բովանդակութիւնը

ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Վիկտորիա Մարկոսեան, HEY BROTHER — էջ 1
Վահէ Թղլեան, ԵՐԳԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՉԷՐ ՍԽԱԼԱԾ… — էջ 2
Յակոբ Չոլաքեան, ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ — էջ 4
Պետրոս Աբաջեան, ԻՄ ԸՆԿԵՐ ԳԵՒՈՐԸ — էջ 5
Յակոբ Չոլաքեան, ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ — էջ 7
Աստղիկ Աբրահամեան, ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ — էջ 8 Continue reading “«Հորիզոն գրական»-ի 2023 տարուան բովանդակութիւնը”

ԱՏՄԱՅԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Սոյն գրութիւնը քաղուած է յաջորդ հատորէս՝ «Ոստայն 19 – Էջեր զուգահեռ օրատետրէս», որ տակաւին պատրաստութեան մէջ է։ Հատորը կը բաղկանայ օրագրութիւններէ, որոնցմէ ոմանք գրուած են հարազատի մը ուղղուած նամակի ձեւով։ Հրատարակման համար այդ նամակներէն զեղչած եմ այն մասերը, որոնք շատ անձնական բնոյթ ունէին։ — Վ-Ա.

21 սեպտեմբեր 1998

Սիրելի, շատ սիրելի Սիրարփի մօրաք,

Մոնթրէալի Տորվալ միջազգային օդակայանն եմ — մօտաւորապէս մէկ ժամէն Air Canada-ի թիւ 866 թռիչքը ճամբայ կ’ելլէ դէպի Լոնտոն, Continue reading “ԱՏՄԱՅԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ”

Մեր ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։