«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ա.

Կը չակերտեմ խորագիրս ի յարգանս «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»-ի անմահ հեղինակին՝ Շաւարշ Նարդունիի…
Գիրքեր կու գան ու կը դիզուին գրասեղանիս մէկ անկիւնը՝ սպասելով… Ինչի՞ սպասելով, — որ կարդամ, թղթատեմ գէթ, շնորհակալութիւն յայտնեմ զայն գրած կամ ինծի նուիրած հեղինակին, կամ ինծի նուիրած ընկերոջս, բարեկամիս, գէթ երկու տող մը գրեմ թերեւս ու վերջապէս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»”

Կաղանդչէքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Վերնագիրս կրնար ա՛յդ ըլլալ։ Կրնար նաեւ ըլլալ «Աղուոր անակնկալ մը»։
Սակայն զայն «Կաղանդչէք» անուանեցի, որովհետեւ շատ հեռու չէինք ամանորէն, եւ այդ բառը կ՚արտայայտէ որոշ խորհուրդ մը. ունի նուէր մը ըլլալու հանգամանքը ։ Եւ վստահ եմ, որ զայն ինծի ղրկողն ալ ունէր այդ յետին նպատակը ։
Եւ ձեզ աւելի երկար սպասումի մէջ պահելու փոխարէն՝ պատմեմ պատմութիւնս, յետոյ դո՛ւք կրնաք որոշել, թէ ճիշտ վերնագիրը դրե՞ր եմ, թէ՞ ոչ։ Continue reading “Կաղանդչէքը”

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԻՔԸ — ՀՕՐ՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 18 ՀԱՏՈՐՈՎ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆ

Գրիգոր Աճէմեան շուրջ կէս դար իր կեանքը նուիրեց իր հօր՝ մեծանուն հայ գրող Գուրգէն Մահարիի ամբողջ գրական ժառանգութիւնը ընթերցողին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակին։ Մասնագիտական մօտեցումով իր աշխատասիրութեան արդիւնքը եղան 18 հաստափոր հատորներ՝ շուրջ 12 000 էջերով։ Այս գործի խմբագիրները հանդիսացան Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճրզիէն) եւ Արքմենիկ Նիկողոսեան (Երեւանէն) ։ Continue reading “ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԻՔԸ — ՀՕՐ՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 18 ՀԱՏՈՐՈՎ”

Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Բախտաւոր պէտք է զգանք, որ հայրենի մտաւորական մը ստանձնած է մոռացութենէ փրկել մեր ազգի երախտաւոր կարգ մը դէմքերը, որոնք համայնավար բռնապետութեան այդ ամբողջ տասնամեակներուն անտեսուած ու անգոսնուած էին իրենց ազգային-գաղափարական հակումներուն կամ այլ պատճառներով։
Ահա անգամ մը եւս այդ վեհ նպատակին կը ծառայէ «Յակոբ Խաշմանեան ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ նամակներ» 544 էջ բովանդակող Continue reading “Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս”

Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գրելու մասին յաճախ գրած եմ, եւ ընդհանրապէս խօսքը ի՛նչ գրելուն մասին է եղած։ Այս անգամ սակայն հարցադրումը տարբեր է, ու անոր անդրադառնալուս պատճառը կամ շարժառիթը Le Devoir օրաթերթի 23-24 ապրիլ 2022 թիւի շաբաթական գրական յաւելուածի իր սիւնակին մէջ Louis Cornellier-ի ստորագրած «Écrire» («Գրել») յօդուածն է։
Ինչո՞ւ կը գրեն, կամ ինչո՞ւ կը գրենք, ընդհանրապէս։ Continue reading “Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)”

Երկու դրուագ «Ոստայն 16 — Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«ԴՈՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԵՍ»

Արթինեա՞ն եմ, թէ՞ Յարութիւնեան՝ ի՞նչ կապ ունի ճարտարապետութեան հետ, կամ ճարտարապետ ըլլալուս հետ։
Այս դրուագը, սակայն, պէտք է պատմել սկիզբէն։
Անտրէ Մարիէնին քով վեց ամիս գանատական [առաջին] փորձառութիւն[ս] ամբարելէ ետք, ինքնավստահութեամբ կը սկսիմ վերստին հոս-հոն հեռաձայնել, մանաւանդ անոնց, որոնք առաջին որոնմանս ատեն որոշ հետաքրքրութիւն էին ցոյց տուած։ Իրապէս ալ շուտով տեսակցութեան կը հրաւիրուիմ ուրիշ գրասենակ մը՝ Փոէր, Continue reading “Երկու դրուագ «Ոստայն 16 — Ճարտարապետի մը ծոցատետրէն»”

Մեր հին թաղը խայտաբղէտ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նուէր՝ Արամ Հայկազի յիշատակին

Մթերքի մեր գերշուկան էինք, դուրս ելլելու պահուն կինս յիշեցուց, թէ լաւ կ՚ըլլար քիչ մը գումար քաշէինք մեր հաշիւէն, քանի որ եկող շաբաթ տունը մաքրողը պիտի գար, վճարելու դրամ պէտք է ըլլար մեր քով։
Ելքին մօտ զետեղուած դրամաբաշխ յատուկ սարքը չէր գործեր։ Կ՚երեւի պարպուած էր։ Դիմեցի մօտակայ արկղակալուհիին, որ սպիտակ մազերով, մշտաժպիտ ու ազնիւ ֆրանսուհի մըն է, մեզի հինէ՜ն ծանօթ։ Ինքն ալ եկաւ ստուգելու, դրամատան քարտս դարձեալ ներմուծեցի գործիքին մէջ, դարձեալ ի զուր։ «Եկուր, արկղէս տամ», ըսաւ։ Բացաւ, տեսաւ իր քով ալ շատ բան չկար, քանի որ գնորդները ընդհանրապէս քարտերով կը կատարեն իրենց վճարումները։ Դիմեց քիչ անդին Continue reading “Մեր հին թաղը խայտաբղէտ”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 16 – ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԻ ՄԸ ԾՈՑԱՏԵՏՐԷՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ գրողին ճարտարապետական յուշերը՝ աւելի քան 60 տարուան ասպարէզի մը ճամբով։ Հատորը կը բաղկանայ 115 էջերէ, ունի ներածական մը, 32 գլուխներ եւ յաւելուած մը՝ երկու յօդուածներով։ Բազմաթիւ լուսանկարներ կ՚ընկերանան գրութիւններուն։ Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 16 – ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԻ ՄԸ ԾՈՑԱՏԵՏՐԷՆ» ՀԱՏՈՐԸ”

Պատանինե՛ր, ձեր նոր նուէրը՝ «ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ»-Ը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այո, աղուոր նուէր մը ստացաք այս գիրքով, որ Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութեան հայերէն պատանեկան գրքի մրցոյթը շահեցաւ ու հիմա ահա արդէն տպուած-պատրաստ ձեզի կը սպասէ։
Ան չի նմանիր ձեր մինչեւ հիմա տեսած ու կարդացած ուրիշ գիրքերուն՝ հայերէն թէ այլ լեզուներով։ Ան յատուկ գրուած է դպրոցական պատանիներու համար, գրուած է պատանիներու լեզուով ու պատանիներու կողմէ։ Այսինքն, գրողը այս գիրքը գրելու համար ինքն ալ պատանի դարձած է ու յաջողած է խօսիլ իբր պատանի, իր հերոսները Continue reading “Պատանինե՛ր, ձեր նոր նուէրը՝ «ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ»-Ը”

ՈՍՏԱՅՆ — Երբ ընկերներս կը հեռանան մէկ առ մէկ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամեն անգամ, երբ ընկերներէս մէկն ու մէկր հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին, տարօրինակ զգացում մը, թախիծ մը կը պատէ հոգիս, «հերթը քո՞նն է հիմա» կ՚անցնի մտքէս, ու կը վերյիշեմ քանի մը տխուր դրուագ ։
Մէկը՝ հօրս այն ափսոսանքը, որ «շուրջս կը պարպուի, մինակ կը զգամ» այլեւս. այդպէս կը զգար մանաւանդ, յատկապէս երբ կեանքէն իրենց շնորհուած այդ վերջին տարիներուն, հետզհետէ կը մեկնէին անոնք, Continue reading “ՈՍՏԱՅՆ — Երբ ընկերներս կը հեռանան մէկ առ մէկ”