ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Է.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հեղինակին կողմէ. — Կը շարունակեմ ամիսներ առաջ ընդհատած ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ շարքս։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Մեր՝ Քեսապի գիւղերուն մէջ ամեն շաբաթ օր կամ ամեն հանգուցեալ մը յիշելուն գերեզմանատուն երթալը մեղք կը համարուի. «Ինչ կ՚ուզէք մեռելներէն, մեռելները հանգիստ ձգեցէք» կ՚ըսէին կիներուն:
Բայց Ս. ծնունդի եւ Մեծ զատկի մեռելոցի կէսօրին, Պատարագէն ետք, սեւ ծով կը դառնային գիւղական գերեզմանատուները:

Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Է.”

«ԿՌՆԱՎԻԼ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հաւերը, երկար ատեն մը «կտրուելէ» ետք, գարնան հետ կը սկսէին օրական ածել: Հաւ կ՚ելլէր պատի բոյնէն, հաւ կը մտնէր կը նստէր բունկալին վրայ: Բոյնէն ելլողը կա-կա-կա, կակ-կղա-կակ-կղա կանչով կը լեցնէր գիւղը:
— Է՜հ, հասկցանք, — կ՚ըսէր իր տասերորդ ծնունդին սպասող Ղազարենց հարսը, — հաւկիթ մըն է բերածդ, ինչ աշխարհը իրար կ՚անցընես… Continue reading “«ԿՌՆԱՎԻԼ»”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Զ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ԻՆՉ ԸՍԻ՜Ր…

Խառն տարիներ էին, ինչպէս նախորդները: Այս անգամ ցնցումները կու գային Անթիլիասէն, կ՚անցնէին Պէյրութի հայկական թաղերէն ու հրդեհի մուլ ու մոծիրի պէս կը թափէին մեր կողմերը: Կաթողիկոսի ընտրութիւն կար, եղա՞ւ թէ չեղաւ, օրինակա՞ն է, թէ ոչ, տուրուտմբոցը շատցած էր գիւղին մէջ:

Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Զ.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Ե.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՁՈՒԿԻՆ ԳԼՈՒԽԸ ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆԸ ՉԷ

Բայց մենք շատ պիտի ոգեւորուէինք, եթէ փլող տունը դպրոցներէն մէկնումէկը ըլլար: Քուներնիս կը փախէր, ու քոյրերս եւ ես կը խօսէինք, թէ հիմա ո՛ր տունը դպրոց պիտի ըլլայ, Լրջենց Գալոցի՞ն տունը, Սիրականի՞ն տունը, չէ, Եարալենց Նաթանին տունը… Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Ե.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Դ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Անոնք թէեւ երկու ոտք ունէին, բայց մէկ ոտքը փոխ առնուածի պէս էր, թեթեւ մը կը քաշէին, որովհետեւ բունը մնացեր էր սահմանին միւս կողմը՝ իրենց հայրական կալուածներուն մէջ, ուր այլեւս չէին կրնար ըլլալ: Իրաւ որ այդպէս չէր կրնար ըլլալ. եղածը տարիներու ծանր վաստակի հետեւանք էր, երբ ամեն օր գիւղէն մինչեւ իրենց հեռաւոր Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Դ.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Գ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մեր գիւղին մէջ բոլոր հարսերը կը վերանուանուէին, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ հայրերը: Աղջկական անունը կը մերժուէր՝ կը տրուէր հայրական մականունը, Մանճիկոնց Ովսաննան կ՚ըլլար Մանճա, Չիւրկենց Սաթենիկը՝ Չիւրկեկ, Գազենք Ծաղկանը՝ Գազլի, Կարմիրկոնց չեմ գիտեր ինչը՝ Կարմրուկ, եթէ դրսեցի էր՝ Սիվտիցի, Ուրֆացի, Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Գ.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Բ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մեր ամենէն շատ սպասած պահը երգեցողութիւնն էր, որ ալ, չէինք գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի գայ եւ մանաւանդ ի՞նչ երգով պիտի սկսի. ատիկա կախեալ էր, թէ ո՞ր դպրոցը կը սկսի նախ. Միացեալը սովորաբար առաջինը կ՚ըլլար, եւ դասարան կը խուժէր անոնց երգը.
— Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան… Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Բ.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղին այդ կեդրոնական թաղը, ուր շատ էին տուները, մեզմէ՝ մեր ընտանիքէն բացի ուրիշ բնակիչ չունէր:
Իմ ծննդեանս տարին այդ տարածքին մէջ գտնուող տուներու շարքերը չորսէն աւելի եղած էին` Կուվճենց, Քորքենց, Մինասկոնց, Լրջենց… Իրարու թեւ մտած կամ մէկը միւսին թեւին տակ ծուարած, մէկը միւսին մէջքին ոտք դրած տուներու շարքեր էին ասոնք, որոնց դուռն ու մէկ-երկու պատուհանը միշտ արեւմուտքին կը նայէին. Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ”