ՀԷՔԵԱԹ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՏԻԿՆԻԿԻ ՄԱՍԻՆ

ԼԻԼԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Կար-չկար խաղալիք սարքող մի վարպետ կար: Նա ոսկէ ձեռքեր ունէր եւ կարող էր ամենատարբեր խաղալիքներ սարքել, բայց գերադասում էր տիկնիկները, մանաւանդ, որ դրանք աւելի լաւ էին վաճառւում: Continue reading “ՀԷՔԵԱԹ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՏԻԿՆԻԿԻ ՄԱՍԻՆ”

Ուսուցիչը՝ պարոն Փիլիպոս Դերձակեան

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի։ «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ, Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» – Բ. տարի դասագիրքս, յանկարծ աչքիս զարկաւ։ Continue reading “Ուսուցիչը՝ պարոն Փիլիպոս Դերձակեան”

ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Բնութեան երկու երեւոյթներ, իրարու հակադիր՝ միաժամանակ մտերիմ ու անբաժան եղբայրներ։
Ժամանակին Աստուած զայրացաւ մարդկանց վրայ, ու երկինքը պատռելով՝ ծովերը իրար խառնեց ու շուռ տուաւ դէպի երկիր՝ որոտը գոռաց, ու կայծակը փայլատակեց, ու հեղեղանման տարափներ Continue reading “ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ”

«Ո՞ւր էիր, երբ …»

ՎԻԳԷՆ Ա.

«30 տարի անց մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք,
իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է»։
Ժաննա Գալստեան
Ստեփանակերտ, 13 փետրուար 2018

Ամերիկացիները հետաքրքրական, թէեւ քիչ մը պարզունակ, մօտեցում մը ունին երբ կը փորձեն կարեւոր իրադարձութիւններ ընդգծել. «Ո՞ւր էիր, երբ …» հարցումը։ «Ո՞ւր էիր, երբ նախագահ Քենետին սպանուեցաւ», կը հարցնէին ատենին։ Հիմա, որ Քենետիի սպանութենէն անցած են գրեթէ 55 տարիներ, եւ այն օրուան երիտասարդներն ու պատանիները արդէն թոշակառու են, աւելի կը հարցնեն, թէ «Ո՞ւր էիր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, երբ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները փուլ եկան»։ Continue reading “«Ո՞ւր էիր, երբ …»”

ԼՈՒՍՆԱՄՈՒԹ ՄԻ ՕՐ, ԱՐԵՒՇՈՂ ՄԻ ԳԻՇԵՐ

ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ

(Հատուած Նախիջեւանի մասին վէպից, որը դեռ խորագիր չունի)

Արմինէին տատը պատմել, ո՛չ հաւատացրել էր՝ Նահապետ Նոյը առաւօտ վաղ Արարատի գագաթին զարթնել, տեսել էր, որ արեգակի շողերը Ցղնայի սարաւանդներն են ուղղւում, Ցղնայի հողն են ջերմացնում ու գուրգուրում, իջել, առը բացել, առաջին որթն էր տնկել: Դրա համար էր իրենց խաղողը ամենաքաղցրը: Continue reading “ԼՈՒՍՆԱՄՈՒԹ ՄԻ ՕՐ, ԱՐԵՒՇՈՂ ՄԻ ԳԻՇԵՐ”

Երկու հարիւր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տէր եւ տիկին դարձեալ բժիշկի մօտ ենք։ Իրականութիւն է, թէ որչափ տարիքդ առնես, այդքան ալ բժիշկներդ կը շատնան։ Ամեն օր մարմինդ տեղէ մը քեզի ձայն կու տայ եւ այս ձեւով տարիքդ քեզի իր ներկայութիւնը կը զգացնէ։ Իմ պարագայիս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ հակառակ այս իրականութեան, յատկապէս թոռներուս ներկայութեան, իսկապէս որ տարիքիս հետ ցաւերս ալ կը մոռնամ։ Կարծես կը կորսուին։ Երանելի եմ, չէ՞։ Continue reading “Երկու հարիւր”

Այսօր ուրախ է ինք

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսօր ուրախ է ինք, չափազա՛նց ուրախ: Ինքզինք զարմացնելու աստիճան: Այդպէս ելաւ անկողնէն, երբ ամուսինը դեռ խոր քունի մէջ էր եւ երբ տակաւին օրը նոր էր սկսեր լուսաւորուիլ վարագոյրէն ու սաղարթներէն անդին: Երբ ուրախ գտնէ ինքզինք, աւելի եւս կ՚ուրախանայ, քանի որ չսպասուած նուէր մըն է ան կեանքէն, որուն պատճառը իսկապէս չի գիտեր ինք: Չի գիտեր, թէ ինչպէ՞ս ինք արժանի եղաւ անոր: Նուէր մը՝ առանց յետին մտքի: Ինքնաբու՛խ ու գրեթէ չարդարացուած: Եւ անհասկնալի: Նուէր ըսուած բանը ի վերջոյ կը բխի պարտաւորութենէ մը: «Ասոր-անոր պարտակա՛ն ես միշտ»: Իսկ այս մէկը… Ինչպէ՞ս յանկարծ ինկաւ իր պատուհանէն ներս: Մտաւ խոհանոց աշխոյժ ու երգեցիկ: Continue reading “Այսօր ուրախ է ինք”

ԱՅՍՊԷ՛Ս ՊԱՏՄԵՑ…

ՄԵՐ ՀԱԼԷՊԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այսպէ՛ս պատմեց նախկին դրացիս՝ արաբ ծեր բանաստեղծը.
—Յարգելիս։ Լաւ եմ։ Աստուծոյ կամքով կը յուսամ աւելին։ Կանգնած եմ կեանքիս հին եւ նոր էջերուն միջեւ։ Հոս պատմութիւնը տակաւին թէեւ թարմ եւ ցցուն է, սակայն եւ այնպէս նաեւ անորոշ ալ է։ Պատմեմ. Continue reading “ԱՅՍՊԷ՛Ս ՊԱՏՄԵՑ…”

ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անցեալ տարուան մայիսին, «Գրական թերթ»ին մէջ լոյս տեսաւ Ռուբէն Յովսէփեանի «Խաչատուր Աբովեան» դեռ անաւարտ վէպէն ընդարձակ հատուած մը, որուն առաջին մասը տուինք մեր նախորդ թիւով եւ այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր երկրորդ բաժինը։ Continue reading “ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս”