Որոտանը որոտա՛ց

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

1976-ին երբ Երեւան էի, օր մը Վահագն Դաւթեանը ըսաւ.
— Այսօր Համօ Սահեանին պիտի երթանք։
— Ինչո՞ւ, հո՞ս է։
— Ո՞ւր պիտի ըլլայ, հո՛ս՝ Երեւանի մէջ է։
— Ի՛նչ գիտնամ՝ Որոտա՜ն, Որոտա՜ն. կարծեցի գիւղը կ՚ապրի, Որոտանի ափին։
— Այ աղջիկ,— ժպտեցաւ,— Որոտանը իր մէջ կ՚ապրի։ Continue reading “Որոտանը որոտա՛ց”

Խօսք` ընդ Ամենակալին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթներէ ի վեր ուզած էի Քեզի հետ խօսիլ: Քեզի դիմել: Մտահոգութիւնս յայտնել: Պարզել: Բայց սանկ տեսակ մը վախ, ակնածանք եւ անհամարձակութիւն պատճառ դարձած էին, որ չկարենամ ինծի համար շատ մտերմիկ եւ նոյնքան ալ հարազատ այդ զրոյցս իրականացնել: Continue reading “Խօսք` ընդ Ամենակալին”

ՄԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՍԻՐԵԼ ՉՀԱՍՑՐԵՑ

ՎԱՐԴԻՆԷ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Երկրաշարժին յաջորդեց պատերազմը, մութը, ցուրտը, սովը… Նաւթէ պատրոյգով լամպի թանձր լոյսը միշտ թեւածում է մեր յիշողութեան մէջ… Պատերազմ էր, մեր հայրերը, առաւօտ կանուխ արտասովոր համազգեստը հագած, համբուրեցին մեր ճակատները ու մեկնեցին ռազմաճակատ: Մենք քնած էինք ձեւանում, բայց մինչեւ հիմա պարզորոշ յիշում ենք այդ համազգեստի կոշտ հպումը, նրանց ուսից կախուած ինքնաձիգի մետաղէ հոտը եւ զինուորական սապոգներից կոշտացած նրանց հեռացող քայլքի ձայնը… Continue reading “ՄԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՍԻՐԵԼ ՉՀԱՍՑՐԵՑ”

Կարմիր պղպեղ ծեծող կինը

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Հազար իննհարիւր վաթսունական թուականներու Հալէպի Նոր Գիւղ աւանի կարմիր պղպեղի փոշին տարբեր համ մը ունէր։ Բարկ, սակայն հրապուրիչ կծութիւն մը՝ զինք առաջին անգամ համտեսողը նախ՝ սաստիկ երկրաշարժի կ՚ենթարկէր, ապա՝ կը թովէր եւ իր համին ու հոտին հլու ու յօժարակամ ստրուկը կը դարձնէր: Continue reading “Կարմիր պղպեղ ծեծող կինը”

ԲԱՐԻՆ, ԳԵՂԵՑԻԿԸ ԵՒ… ՃՇՄԱՐԻՏԸ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այս բառերը ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Ռէթէոս Պէրպէրեանի տապանաքարին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմաննոցը։ Պատանի էի։ Ճեմարանի առաջին լսարանի աշակե՛րտ։ Եւ այդ ամառ, մեծ յափշտակութեամբ կը պեղէի Պոլիսը։ Մայրս, փոքր եղբայրս եւ ես միասին կատարեցինք մեր ընտանիքի այդ պատմական ճամբորդութիւնը։ Տասնութ տարիներ ետք իր ամուսնութեան օրերէն, մայրս վերջապէս պատեհութիւն կ՚ունենար քանի մը թանկագին ամիսներով վերադառնալու իր հարազատներուն գիրկը եւ ես գիւտը կ՚ընէի այս աներեւակայելի աշխարհին։ Continue reading “ԲԱՐԻՆ, ԳԵՂԵՑԻԿԸ ԵՒ… ՃՇՄԱՐԻՏԸ”

«ՈՐՊԷՍ ԵՒ ՄԵՔ…»

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Եկուր քիչ մը պարապ բաներ խօսինք միասին։ Հոգ մի ըներ, դատելիք չեմ քեզ։ Որպէսզի դուն ալ քու կարգիդ զիս չդատես։
Եկուր պարապ-սարապ խօսինք միասին։ Լեցուն եմ։ Պարապին մէջ պարպել կ՚ուզեմ ինքզինքս եւ դուն պիտի ըլլաս դատարկ անտակ տոպրակ մը, որ չի լեցուիր։ Չի լեցուիր։ Բայց խօսինք։ Ես պէտք ունիմ շեղելու ճաթռտուող ոսկորներուս աղմուկը։ Պէտք չէ լսեմ ձայները, ականջս երկարեմ պարապ խօսքի արհամարհանքին ու հեռանամ, գոնէ պահ մը, ունկնդրելու հարկադրանքէն։ Continue reading “«ՈՐՊԷՍ ԵՒ ՄԵՔ…»”

Շան արժանապատուութիւն

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Այն օրուանից, երբ Ջաւախքի N գիւղում ապրող տէրերը լքեցին տունը եւ տեղափոխուեցին Ռուսաստան, շան աչքերին թախիծ իջաւ: Բաժանուելուց զգացել էր ամեն ինչ, եւ երկար, շատ երկար փաթաթուեց տիրոջ ընտանիքի անդամների ոտքերին, բոլորին՝ մեծից փոքր, սեփական թաթերով ամուր-ամուր սեղմեց ոտքերը՝ դունչը երկարելով մէկ աջ, մէկ ձախ, մէկ վերեւ՝ առ Աստուած, որն այդ պահին սեփական տիրոջ տեսքով հեռանում էր իրենից: Continue reading “Շան արժանապատուութիւն”

Կը փնտռեմ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պարզ փնտռտուք մը չէ ըրածս, ինչպէս նաեւ պարզ բան մը չէ փնտռածս:
ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունի, սակայն առարկայ մը չէ:
Փնտռտուքս չի նմաներ մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն: Continue reading “Կը փնտռեմ”

Երեք ամիս յետոյ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՐԱՆԵԱՆ

Գիշերը մտադրուել էր հանգստեան կիրակին քնել մինչեւ կէսօր: Առաջին խանգարողն աղբի մեքենան էր, որի զնգզնգոցն արձագանքեց ուղեղում, գանգի պատերին զարկուելով ելք որոնեց, բայց չգտաւ ու մագնիսի պէս կպաւ արկի բեկորին: Շանթուած ցատկեց տեղից, փակեց պատուհանի բաց փեղկն ու թրմփալով կրկին անկողնու վրայ ընկաւ: Մեքենան վաղուց հեռացել էր, բայց ձայնն ականջների մէջ դեռ տժժում էր, ցաւն ասես դանակ էր, որ գլուխը փորձում էր երկու մասի կիսել: Հանեց շապիկն ու շատ պինդ ճակատին կապեց՝ ականջներն էլ թողնելով գործուածքի տակ: Յետոյ սկսեց մեդիտացիայի պէս մտքում կրկնել. «Կ՚անցնի, հիմա կամաց-կամաց կ՚անցնի, ու դու կը քնես, կը քնես, կը քնես…»: Continue reading “Երեք ամիս յետոյ”

Նամակի մը ոդիսականը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեկոյ էր, մեր գթասիրտ Հալէպ քաղաքի աշնանային անուշ երեկոներէն մէկը։ Ու ես յոգնած, եւ օրուան խոնջանքէն անձնատուր եղած, տուն կը դառնայի։ Հազիւ մեր թաղի ծայրամասին հասած էի, նկատեցի, որ մէկը «պարոն-պարոն» կը պոռար։ Continue reading “Նամակի մը ոդիսականը”