ՄԱՅԻՍ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի մայիս 2018-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԱՊՐԻԼ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի 2018 ապրիլի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՄԱՐՏ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի 2018 մարտի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Ոչ եւս է Տայանա Տէր Յովհաննէսեան

Մարտ 1-ին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը: Ծնած Պոսթընի մէջ 21 մայիս 1934-ին, խարբերդցի ծնողներէ, ան աւարտած է Պոսթընի համալսարանի ամերիկեան գրականութեան ճիւղը։ Հարվըրտ համալսարանի քերթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լոուէլի առաջնոդութեամբ՝ մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ։ Continue reading “Ոչ եւս է Տայանա Տէր Յովհաննէսեան”

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի 2018 փետրուարի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

 

«Ո՞ւր էիր, երբ …»

ՎԻԳԷՆ Ա.

«30 տարի անց մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք,
իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է»։
Ժաննա Գալստեան
Ստեփանակերտ, 13 փետրուար 2018

Ամերիկացիները հետաքրքրական, թէեւ քիչ մը պարզունակ, մօտեցում մը ունին երբ կը փորձեն կարեւոր իրադարձութիւններ ընդգծել. «Ո՞ւր էիր, երբ …» հարցումը։ «Ո՞ւր էիր, երբ նախագահ Քենետին սպանուեցաւ», կը հարցնէին ատենին։ Հիմա, որ Քենետիի սպանութենէն անցած են գրեթէ 55 տարիներ, եւ այն օրուան երիտասարդներն ու պատանիները արդէն թոշակառու են, աւելի կը հարցնեն, թէ «Ո՞ւր էիր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, երբ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները փուլ եկան»։ Continue reading “«Ո՞ւր էիր, երբ …»”

ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի յունուար 2018-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի դեկտեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)

Գրականագէտ, փիլիսոփայ, այլախոհ Էդմոն Աւետեան ծնած է 10 նոյեմբեր 1929-ին Ուզբեկստանի Անդիժան քաղաքը, ուր հայրը աքսորուած էր։ 1934-ին ընտանիքը կը վերադառնայ Երեւան, ուր կ՚աւարտէ միջնակարգ դպրոցը 1946-ին։ Այդ թուականներուն նաեւ կը հիւանդանայ թոքախտով եւ, հակառակ բժիշկներու բացասական կարծիքին, կ՚ապաքինի։ Continue reading “ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)”